ՀՌՈԴՈՍԻ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԸ
Հին եգիպտացիները եւ հին յոյները իրենց աստուածներու եւ արքաներու ի պատիւ կը կառուցէին վիթխարի արձաններ՝ մարմնաւորելով անոնց հզօրութիւնն ու ուժը։ Նման կոթողները յունարէնի մէջ կ՚անուանեն «քոլոսուս»։ Հռոդոսցիներ ալ կառուցած էին «Հռոդոսի կոթող»ը, իրենց գնահատանքն ու պատիւը ցուցաբերելու համար արեւու աստուծոյ՝ Հելիոսի։
Հռոդոսցիներ իրենց ապրուստը կ՚ապահովէին ծովային առեւտուրով եւ նաւագնացութեամբ։ Անոնք հռչակուած էին՝ որպէս նաւագնաց ժողովուրդ։ Ք.Ա. 5-րդ դարուն Հռոդոս կղզիի վրայ յարձակեցաւ Տեմեթրիուս Փոլիորսեթէս, սակայն ան պարտութիւն կրեց։ Տեմեթրիուս, հռոդոսցիներու քաջութեան համար անոնց նուիրեց իր ամենամեծ պաշարողական զէնքերը։
Ի յիշատակ յաղթանակի, Հռոդոսի բնակիչները որոշեցին իրականացնել իրենց խոստումը Հելիոս աստուծոյ, որու «դիմած» էին, որպէսզի յաղթանակ պարգեւէ անոնց։ Անոնք խոստացած էին քաղաքի նաւահանգիստին կառուցել Հելիոս աստուծոյ հսկայական, հոյակերտ կոթողը: Հռոդոսցիներ կը հրաւիրեն տեղացի յայտնի քանդակագործ Խարէսը եւ կը պատուիրեն կառուցել մարդու հասակէն բաւական բարձր (այսինքն՝ մօտաւորապէս 18 մեթր բարձրութեամբ) կոթող մը։ Քանդակագործը կը հաշուէ, թէ որքան գումար անհրաժեշտ է եւ կը յայտնէ հռոդոսցիներուն: Վերջինները կը սկսին գումար հաւաքել՝ վաճառելով Տեմեթրիուս Փոլիորսեթէսի նուիրած պաշարողական զէնքերը:
Ք.Ա. 292 թուականին գումարը կը հաւաքուի եւ Խարէս անմիջապէս կը լծուի գործի: Զէնքերու վաճառքէն երկպատիկ գումար ապահովուած է, քան Խարէսի պահանջածը։ Ուստի, հռոդոսցիները անոր կը վճարեն իր պահանջածէն երկու անգամ աւելին եւ կը պատուիրեն, որպէսզի ան կառուցէ ո՛չ թէ 18 մեթր, այլ երկու անգամ աւելին՝ 36 մեթր բարձրութեամբ արձան մը: Խարէս կը համաձայնի, սակայն, երկարութեան բարձրացման զուգահեռ, ծաւալը նոյնպէս բազմապատկուած էր ութ անգամ։ Բայց Խարէս չէր առած այդ աւելորդ գումարը: Ուստի, ան պարտքով գումար ապահոված է իր բարեկամներէն, որպէսզի կարենայ հաւատարիմ մնալ իր խոստումին: Շուրջ տասներկու տարուայ աշխատանքէ յետոյ կը վերջանայ կոթողի շինարարական աշխատանքները: Սակայն, դժբախտաբար, Խարէս չկարենալով վճարել պարտքերը, ճարահատեալ ինքնասպան կ՚ըլլայ։
Այսպէս, տասներկու տարուայ աշխատանքի արդիւնքին Խարէս կը ստեղծագործէ սքանչելի պղինձէ արձան մը: Այդ յուշարձանի կառուցման համար կ՚օգտագործուի 13 թոն պղինձ եւ 8 թոն երկաթ: Քանդակագործը Հելիոսի գլխուն տեղադրած էր արեւապսակ, որմէ ճառագայթներ դուրս կու գային։ Արձանը կանգնած էր ճերմակ մարմարով շրջապատուած պատուանդանի վրայ, քիչ մը հակուած դէպի ետ, հայեացքը ուղղած՝ հեռուները:
Հռոդոսի կոթողը ժամանակակից աշխարհի ամենաբարձր արձանն էր: Կոթողը աննկարագրելի տպաւորութիւն կը թողէր տեսնողներու վրայ: Տեղադրուած ըլլալով նաւահանգիստի մուտքի մօտ, արձանը տեսանելի էր քաղաքէն, նաւերէն, ինչպէս նաեւ մօտակայ կղզիներէն: Յուշակոթողը այնքան տպաւորիչ էր, որ կղզիի տարածքէն ներս շինուեցան տարատեսակ վիթխարի արձաններ: Ի հարկէ, ոչ մէկը գերազանցած էին Հելիոսի կոթողի բարձրութիւնն ու մոգական տեսքը։ Կոթողը կանգուն մնացած է 56 տարի։ Կղզեբնակներ Հելիոսը կը համարէին իրենց հովանաւորը։ Ըստ առասպելի՝ աստուածներ ծովու յատակէն բարձրացած են Հռոդոս կղզին՝ արեւու աստուած Հելիոսի խնդրանքով։ Այնուհետեւ, Հռոդոս կղզին կ՚անուանէին՝ Հելիոսի «սրբազան քաղաքը»։
Կոթողը լրջօրէն վնասուած է 222 թուականին երկրաշարժի հետեւանքով։ Անոր բեկորները երկար տարիներ մնացած են կղզիի վրայ, մինչեւ 654 թուականը, երբ Հռոդոսը գրաւած արաբները ձուլած են պղինձը ու վաճառած: Պղինձի գնորդը եղած է յայտնի վաճառական մը, որ բոլոր պղինձը բեռնած է 900 ուղտի վրայ: Նաւահանգիստի յատակէն յայտնաբերուած արձանի աջ ձեռքի դաստակը ներկայիս կը պահուի Անգլիոյ թանգարանին մէջ:
Հետաքրքրական է, որ կարճատեւ կեանք ունեցած կոթողի մասին նկարագրութիւնները բաւարար չեն պարզելու համար անոր իրական տեսքը: Ժամանակակից նկարներու մէջ կոթողը տեղակայուած է կղզիի նաւահանգիստի մուտքի մօտ, սակայն այնտեղ բաւարար տեղ չկայ նման վիթխարի կոթողի համար:
Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է վերակառուցել Հռոդոսի վիթխարի կոթողը։ Յոյն հնագէտներու խումբ մը ներկայացուցած էր նոր կոթողի նախագիծը։ Ըստ նախագծի գլխաւոր ճարտարապետի, նոր կոթողը պէտք է խորհրդանշէ յունական տնտեսութեան վերականգնումը։ Անոնք կը փափաքին ապացուցանել, թէ Յունաստան ունի դարձեալ ոտքի կանգնելու ներուժը եւ անոր տնտեսութիւնը կրնայ վերականգնուիլ։ Ճարտարապետներու խօսքով՝ նոր կոթողը կրնայ ըլլալ նախորդէն հնգապատիկ մեծ՝ հասնելով 135 մեթր բարձրութեան։ Կոթողը պիտի տեղակայուի այնտեղ, ուր բնօրինակը կը գտնուէր։ Նաւերը, ինչպէս հին կոթողի ժամանակ, նոյնպէս պիտի անցնին հսկայ կոթողի ոտքերու արանքէն։ Արձանի ներքին մասը պիտի պարփակէ թանգարան մը եւ գրադարան մը։ Շինարարական աշխատանքներու դիմագրաւման համար անհրաժեշտ է 250 միլիոն եւրօ, սակայն, ըստ հինգ տարի առաջ կատարուած յայտարարութիւններու, գումարը կարելի կ՚ըլլայ ապահովել եօթ տարուայ ընթացքին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ