ԵՂԻԱԶԱՐ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ (1841-1891)

Շաբաթ օրուան նախորդ մեր երկու գրութիւնները նուիրած էին Եղիազար Մուրատեանին: Առաջինին մէջ ներկայացուցած էինք անոր կենսագրութիւնն ու գործունէութիւնը: Երկրորդին մէջ ընթերցողներուն ներկայացուցած էինք անոր բանաստեղծութիւններէն փունջ մը: Այսօրուան գրութեան մէջ պիտի ներկայացնենք անոր այլ գրութիւններէն:

Այսպէս, 1872-ին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած է Մուրատեանի «Առ ձեռն գրագիտութիւն կամ համառօտ ընթացք տրամաբանութեան ճարտասանութեան եւ բանաստեղծութեան ըստ Լը Ֆրանի» աշխատասիրութիւնը, որ իր բովանդակութեամբ այնքան այժմէկան է նաեւ մեր օրերուն: Սկսելու համար ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Մուրատեանի գրած յառաջաբանը, որ ամբողջական արտացոլումն է մեր ներկային:

Կը կարդանք.

* Տասներկու տարիէ ի վեր ազգային երիտասարդութեան մէջ եռանդ մը կը տեսնուի գրելու, գովելի՛ եռանդ. եւ սակայն մեր լեզուն օր ըստ օրէ փոխանակ զարգանալու կընկնի, մեր բացատրութիւնները փոխանակ դիւրանալու կը դժուարանան, մեր ոճը փոխանակ սահուն, յարդարեալ եւ վայելուչ ըլլալու՝ խել մը նորածին, քմածին բառերու կուտակութեան վրայ կը կայանայ, կամ բառերու ծայրատութեանց եւ բարդութեանց առաւել կը հակամիտի: Ի՞նչ է ասոր պատճառը.- պատանեկութեան ճաշակին կրթութենէ զուրկ ըլլալը, հմտութեան պակասութիւնը, վարժարանի գրասեղանէն դեռ նոր ելած՝ խումբ մը պատանեկաց զրիչ առնելու, բանաստեղծութիւն գրելու, սէր երգելու, ճառ խօսելու լրագրի մէջ երեւելու մանկական տհաս փափաքը: Սակայն պէ՞տք է բոլոր յանցանքը պատանեկութեան, երիտասարդութեան վրայ ձգել.- ոչ երբեք. սիրտը՝ նման երկրի արտադրելու միտում ունի, եթէ վարդ տնկես՝ վարդ կը քաղես, եթէ շուշան՝ անոր ծաղկին կը զմայլիս, իսկ եթէ խոպան թողուս՝ սէզ եւ տատասկներ կը բուսցնէ: Ի՞նչ է այս ամլութեան պատճառը: -Մեր երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս անառաջնորդ ձգուած է. դասագիրք եւ դասատու միանգամայն կը պակսին մեզ: Սակաւաթիւ անձինք՝ զորս յականէ յանաուանէ կրնամք համրել՝ չեն բաւեր այսչափ վարժարանաց, այսչափ պիտոյից՝ զորս դարը կը պահանջէ. աւելցուր ասոնց վրայ նաեւ վերջին ատեններս ազգին մէջ երեւցած ամէն տեսակ նիւթերու վրայ գրողներ՝ որոնք իրենց ճառած նիւթին վրայ ոչ գիտակցութիւն ունին եւ ոչ գաղափար, եւ ահաւասիկ այն ատեն կիմանաս, ընթերցող բարեկամ, մեր ճաշակին խանգարման, իմաստակութեան յառաջադիմութեան պատճառը:

Այս տողերը կը գրեմք՝ ոչ թէ գրքոյկիս յառաջաբանը վիճաբանութեան ասպարէզ մ՚ընելու, այլ ազգային դպրութեան իր սկսած օրէն ի վատթարն դիմելուն վրայ ունեցած կսկիծս բացատրելու համար:

Ի՞նչ է ասոր դարմանը. -խիստ պարզ եւ դիւրին. պատանեկաց ուսուցանել հաստատուն ուսումն, պիտանի ծանօթութիւններ, տնտեսական, քաղաքական, ուսումնական եւ գրադիտական. ով որ այս ճիւղերուն մէկը, կամ միւսը ազգին մէջ զարգացնելու կ՚աշխատի, ով որ մեր արդի մոլար դրութիւնը տեսնելով լաւագոյնը եւ դիւրինը կ՚առաջարկէ ազգին, նա իրաւամբ իր պարտքը կատարած ըլլալով, հայրենեաց արժանի զաւակ կը սեպուի: Գործը նուիրական է եւ ստիպող. ով որ կարողութիւն ունի եւ կամք չունի՝ այն վատ է, ով որ տաղանդ ունի եւ զայն շահասիրութեան միայն եւ երիտասարդութեան կիրքերը ու հարուստին մոլորութիւնները գրգռելու կը գործածէ՝ դաւաճան է:

Իսկ ես՝ որ դասատուաց խմբէն համարուելու պատիւն ունիմ տասն տարիներէ ի վեր՝ որ իմ դոյզն ծանօթութիւններս պարտիմք տքնութեանցս եւ ոչ ումեք, ահաւասիկ վարժապետացս Լըֆրանի, Քօնտիյաքի, Մարմօնթէլի խրատները կ՚ընծայեմ իմս բարեկամ երիտասարդութեան: Իբրեւ հեղինակ չեմ հրամայեր իրեն, վասն զի այս գործոյս մէջ իբրեւ հեղինակ երեւելու սնապարծութիւնը չունիմ. եթէ այս փոքրիկ աշխատութիւնս ցուցնէ իմս բարեկամ երիտասարդութեան իմաստակութեան տգեղութիւնը, ճշմարիտ տաղանդին արժէքը. եթէ անոր ցուցնէ ճշմարտին, բարւոյն եւ գեղեցիկին յարգը եւ զանոնք մեծարել տայ՝ այն ատեն ես իմ վարձս առած կ՚ըլլամ, այն ատեն իմ պզտիկ փառասիրութիւնս (եթէ ունիմ) գոհ եղած կ՚ըլլայ, փոյթ չէ թէ համարին qիս այս գրքոյկիս հեղինակ կամ թարգման (Էջ Գ-Ե):

Աշխատասիրութիւնը կը բացուի այսպէս.

* Ւ՞նչ է տրամաբանութիւնը:

1.- Տրամաբանութիւնն է արհեստ խորհելոյ:

2.- Խորհելու արհեստը մտաց կարողութեանց միջոցաւ իր գործողութիւնը կ՚ընէ գաղափարաց վրայ:

3.- Մտաց գլխաւոր կարողութիւններն են Զգայունութիւն եւ Իմացողութիւն:

4.- Տրամաբանութիւնը կը բովանդակի. Ա. Գաղափարք. Բ. Մտաց կարողութիւնք. Գ. Մտաց կարողութեանց կիրառութիւնը կամ մեթոտ (էջ 7):

Խօսելով Իմացողութեան մասին կը գրէ.

1.- Իմացողութիւնը՝ ճանչելու ընդհանուր կարողութիւնն է, ասիկա ամէն բանի վրայ կը տարածի. այսինքն՝ առանց իմացողութեան թէ՛ մտաւոր, թէ՛ նիւթական, թէ բարոյական գործողութիւն չ՚ըլլար. ասիկա բան եւ խելք ալ կ՚ըսուի:

2.- Իմացողութիւնը ութը գլխաւոր կարողութիւններ կը բովանդակէ իր մէջ՝ որք են, խիղճ, ուշադրութիւն, դատում, իմաստասիրութիւն կամ տրամախոհութիւն, վերացումն, թանձրացումն, յիշողութիւն եւ լծորդութիւն գաղափարաց:

3.- Խիղճը կամ գիտակցութիւն այն կարողութիւնն է՝ որ հոգին կ՚արթնցնէ իր գործողութեանց մէջ:

4.- Ուշադրութիւնը այն կարողութիւնն է՝ որով միտքը կը դիմէ առարկայի մը եւ անոր վրայ կը կեդրոնանայ զայն աղէկ ճանչելու համար: Զգացողութեամբ կը տեսնենք՝ կը լսենք, եւ այլն, ուշադրութեամբ կը նայինք, մտիկ կ՚ընենք, եւ այլն:

5.- Դատումը այն կարողութիւնն է, որով միտքը երկու ծանուցեալ առարկայից վրայ հաստատական կամ մերժողական յարաբերութիւն մը կը հաստատէ: Այս հաստատութիւնը դատում ալ կ՚ըսուի:

- Որեւիցէ դատում՝ բաղդատութիւն յառաջ կը բերէ:

- Եթէ խօսքով յայտնենք՝ դատումը կ՚ըսուի նախադասութիւն:

Երկու տեսակ նախադասութիւն կայ՝ հաստատական եւ մերժողական. երկիրը կլոր է, ասիկա հաստատական նախադասութիւն մ՚է. երկիրը կայուն չէ. աս մերժողական նախադասութիւն մ՚է:

6.- Իմաստասիրութիւնը կամ տրամախոհութիւնը կարողութիւն մ՚է, որով միտքը մէկ դատումէ ուրիշ դատում կը հանէ. այս գործողութեան արդիւնքն ալ տրամախոհութիւն կ՚ըսուի:

- Տրամախոհելու կարողութիւնը երկու կերպով կը գործէ. 1. ընդհանուրէ մասնաւոր իջնալով, 2. մասնաւորէ ընդհանուր ելնելով, ինչպէս. մոլութիւնը ատելի է. ատելի ստորոգելին կը պատշաճի այն ամէն մասնաւոր տարրերուն՝ որոնցմով մոլութեան ամբողջ գաղափարը բաղկացած է, ինչպէս են բարկութիւն, հպարտութիւն, ստախօսութիւն եւ այլն. ուրեմն կրնանք ըսել. մոլութիւնը ատելի է, ուրեմն բարկութիւնը ատելի է, հպարտութիւնը ատելի է, ստութիւնը ատելի է եւ այլն: Հոս ընդհանուրէ ի մասնաւոր տրամախոհութիւն ըրինք: Կամ, ստութիւնը ատելի է. հոս ատելի ստորոգելին՝ որ մասնաւորապէս ստութեան կը պատշաճի՝ պէտք է նաեւ պատշաճի այն ընդհանուր գաղափարին, որուն տարրն է ստութիւնը. այսպէս կրնանք ըսել. ստութիւնը ատելի է, ուրեմն մոլութիւնը ատելի է: Հոս մասնաւորէն ընդհանուր տրամախոհութիւն ըրինք:

7.- Վերացումը այն կարողութիւնն է՝ որով միտքը թանձրացեալ առարկայից յատկութիւնները իրարմէ կը զատէ: Ինչպէս շատ անգամ մասնաւոր մարմիններ թուելէ ետքը կը հասնինք թուոց վերացեալ գաղափարին, երբ կը տեսնենք, որ շատ մարդիկ կը մեռնին, ասկէ մահու վերացեալ գաղափարին կը դիմէ մեր միտքը. եւ ուրիշ ասանկ շատ օրինակներ: Այս գործողութեան արդիւնքն ալ վերացում կ՚ըսուի:

- Ամէն լուծում հարկաւ վերացման պէտք ունի. ասիկա մարդկային մտաց առաջին պէտքն է, վերջապէս գաղափարներու եւ զանոնք ներկայացնող բառերուն սկիզբն:

8.- Թանձրացումը այն կարողութիւնն է՝ որով միտքը վերացեալ ծանօթութիւն մը կը պատշաճեցնէ ամբողջ կարդ մը իրաց կամ՝ էակաց: Ինչպէս երբ վարդ մը կը տեսնենք եւ վարդի գաղափար կ՚ունենանք՝ ալ այնուհետեւ զայն ուրիշ մէկ առարկայի մը հետ չենք շփոթեր՝ այսինքն այս կամ այն մարմնոյ. կը ճանչնանք որ վարդը ծաղկի կարգ մ՚է, այս կարգին մէջ յետոյ սեռեր կ՚որոշենք, ապա տեսակներ. վերջապէս զանազանութիւններ այս գործողութեան արդիւնքն ալ թանձրացում կ՚ըսուի:

Ամէն դիտութիւն ընդհանուր գաղափարաց վրայ կը հաստատուի:

9.- Յիշողութիւն կարողութիւն մ՚է, որով միտքը կանխաւ ստացած ծանօթութիւնները կը պահէ կամ կը յիշէ:

10.- Գաղափարաց լծորդութիւնը ծանօթութիւն մ՚է, որով միտքը կարգաւ կը պահէ կամ կը յիշէ այն գաղափարները, զորս առաջ կարգաւ ըմբռնած է:

- Մեր դատողութեանց իրաւ կամ սուտ ըլլալը շատ անգամ գաղափարաց լծորդութենէն կախում ունի: Անկանոն կերպով ստացած ծանօթութիւնները մեզ կը մոլորեցնեն. զգայական կարգին մէջ՝ անոնք մեզ կը խաբեն իրաց վրայ, իմացական կարգին մէջ՝ գաղափարաց վրայ, բարոյական կարգին մէջ՝ մարդոց եւ նոյնիսկ մեր վրայ. ասկէ յառաջ կու գան վրիպակք, թերի ծանօթութիւնք, իմաստակութիւնք, նախապաշարմունք եւ այլն: Ուրեմն հարկ է գաղափարները իրարու հետ ունեցած սերտ կապակցութեամբ ընդունիլ եւ լծորդել (էջ 15-19):

Խօսելով նամակի ինչութեան մասին Մուրատեան կը գրէ.

* 1.- Նամակը բացակայ անձանց մէջ խօսակցութիւն մ՚է:

2.- Արդ խօսակցութիւնը պէտք է որ ըլլայ՝ պարզ, բնական, դիւրին, ընտանի. սակայն վայելուչ՝ բարեկամաց մէջ, կիրթ ստորիններու եւ օտարականաց, յարգական՝ աւագաց հետ:

3.- Նամակը պէտք է անզարդ ըլլայ այլ ոչ անխնամ: Մէկը որչափ սերտ բարեկամի գրէ՝ պարտի ուշադիր ըլլալ նիւթին եւ ոճին:

4. Իրաւ է որ նամակը խօսակցութեան ոճով գրուելու է, սակայն լաւ խօսակցութեան: Բացի ասէկ խօսակցութիւնը որչափ կիրթ եւ բարւոք ըլլայ՝ նամակին մէջ աւելի մաքրելու է զայն՝ ուրիշին մեր վրայ յոռի կարծիք չտալու համար:

5.- Բայց կիրթ ըլլալու ջանքով արուեստակութեան պէտք չէ դիմել. հերիք է որ լեզուն յստակ, ուղիղ եւ մաքուր ըլլայ՝ ասկէ աւելի պէտք չէ զարդ փնտռել:

6.- Նամակները իմաստալից ընելու համար նոր բաղդատութիւններ եւ նուրբ ակնարկութիւններ բաւական են:

Օրինակ.

Ակնարկութիւն. Տիկին տը Սէվինյէ իւր ծերութեանը վրայ խօսելով կ՚ըսէ.

Ի զուր ոտքս գետինը կը զարնեմ, ուրիշ բան դուրս չելներ, այլ միայն տկար եւ միակերպ կեանք մը:

Ասով կ՚ակնարկէ Պոմպէոսի այն խօսքը, թէ Լէգէոններ հանելու համար բաւական է ինձ ոտքս գետինը զարնել:

7.- Ամենէն վսեմ ճարտասանութիւնն ալ կրնայ մուտ գտնել նամակաց մէջ:

8.- Հոս հարկ չեմք համարիր պատասխաններուն վրայ խօսել՝ որոնք նամակաց նման ըլլալու են, ոչ ալ այն կարգ մը սովորութեանց եւ ձեւով վրայ՝ զորս գործածութեամբ կ՚ուսանի մարդս: Դարձեալ ոչինչ է, շնորհաւորի, ցաւակցութեան, նոր տարւոյ, յանդիմանութեան եւ այլն տեսակ նամակաց ուրոյն կանոն տալ՝ քանզի դէպքէն կախում ունին ասոնք եւ դէպքն ան ալ պատեհ առթիւ գրողը միայն կրնայ կատարեալ զգալ. այս մասին տրուած բոլոր կանոններն անկատար եւ անթերի են (Էջ 174-175):

Ճարտասանութեան մասին հետեւեալը կը գրէ.

* Ճարտասանութիւնն է՝ ըստ հռետորից՝ արհեստ համոզելոյ: Այս սահմանը բաւական ընդարձակ չէ՝ եթէ փաստաբանութեան եւ բեմախօսութեան շրջանակէն դուրս ելնենք:

Յիրաւի, եթէ ճարտասանութիւնը համոզելու արհեստ մ՚է, որբերգութիւնք եւ եղերերգութիւն ի՞նչ են. թշուառութեան մը նկարագիրը. բայց երբ մենք արդէն տեղեկութիւն ունինք Իփիգինեայ տխուր բաղդին, Անտրոմաքայ սրտակէզ հառաչանացը եւ ապերջանկութեանը: Գոնտէի քաջութեանը եւ Զայիրի ողորմկացութեանը, ալ ի՞նչ հարկ մեզ Ռասինի, Վոլթէրի եւ Պօսիւէի հանճարը, վասն զի իրենց նկարագրած դիւցազանց եւ տիկնանց վիճակին վրայ մենք լաւ համոզում եւ տեղեկութիւն ունինք:

Այս համառօտ բացատրութենէս յայտնի կ՚իմացուի որ այս տեսակ ճարտասանութիւնը ոչ այնչափ համոզման՝ որչափ ներշնչման եւ գորովանաց պէտք ունի:

Ճարտասանութիւնը կը տիրէ այն ամէն գրուածով մէջ՝ որ մեր միտքը, հոգին եւ սիրտը կը յափշտակեն, զմեզ կը սքանչացնեն, միով բանիւ զմեզ վսեմին եւ գեղեցիկին սահմաններուն կը փոխադրեն (էջ 260-261):

Գիրքի աւարտին մի քանի գլուխներով Մուրատեան խօսած եւ ներկայացուցած է ճարտարախօսութիւնը, զայն բաժնելով մի քանի բաժիններու: Այդ բաժիններէն մէկը յատկացուցած է Սրբազան ճարտարախօսութեան:

* 1.- Սրբազան ճարտարախօսութիւնը կրօնից հրամանաց հաւատարիմ մեկնութիւնն է: Ասոր մէջ ճարտարախօսը շատ դժուարութիւններ ունենալու չէր իր դիմաց. սակայն մարդկային կիրք եւ մոլութիւնք շատ անգամ մեծամեծ եւ ահարկու հակառակորդէ մ՚աւելի անոր դէմ կը խիզախեն եւ կը ստիպեն ճարտարախօսը իր վարդապետութանց ուժոյն վրայ աւելցնել նաեւ միւս տեսակ ճարտարախօսութեան հուրը, հրապոյրը մարդկային միտքը համոզելու համար:

2.- Քարոզը սրբազան ճարտարախօսութեան առաջին տեսակն է յորում կրօնից պաշտօնեայն բարոյական նիւթոյ մը վրայ ճառելով կը ջանայ իր ունկնդիրները ի լաւն դարձնել: Այս տեսակ ճառերուն ոճը պարզ, յստակ եւ սահուն պարտի ըլլալ:

3.- Սրբազան ճարտարախօսը պարտաւոր է նկատել՝ որ ինքը Աստուծոյ բերնովը կը խօսի. իշխանք եւ ժողովուրդք խուռն կը դիմեն իր ոտքը ունկն դնելու իրեն: Ուստի ճարտարախօսը ջանալու է իր տաղանդովը, արժանեօքը, վարուքը եւ ծարնաբարոյութեամբն արժանի ըլլալ պատկառանք ազդելու եւ իր խօսքերը ունկնդրաց սրտին մէջ տպաւորելու (էջ 322-323):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 3

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2024