ԱՌԱՋԻՆ ՆՈՒԷՐԸ

Ծնողական սէրը անսահման է: Մենք մեր զաւակները կը սիրենք մաքրամաքուր ու անսահման սիրով մը: Կը ջանանք ամէն բան տալ անոնց, փոխարէնը պահանջելով ոչինչ: Մեր գլխաւոր առաքելութիւնը ամէն օր անոնց երեսին անհոգ եւ ուրախ ժպիտ պատկերելն է: Իսկ ո՞ր երեխան ունակ է անհոգ եւ ուրախ ժպտալու՝ անշուշտ, առողջ, ինքնաբաւ, խաղաղ ու սիրով լի միջավայրի մէջ հասակ առնողը: Աստուծոյ ողորմածութեամբ ու օրհնութեամբ մենք մինչեւ այսօր յաջողած ենք Զաւէնիկին պարգեւելու անհոգ մանկութիւն, խինդ ու ժպիտ եւ այն ամէն ինչ, զոր կը կամենայ իմ փոքրիկ հրեշտակը: Փառք քեզ Տէր Աստուած:

Ինչպէս իւրաքանչիւր ծնող, մենք նոյնպէս կը ցանկանք ամենալաւը մեր զաւկի համար: Սակայն ես քաջ կը գիտակցիմ, որ ըլլալով թոյլ ու մեղսագործ արարած մը, շատ քիչ բան կրնամ տալ իմ երեխային: Ծնողական նուիրուածութիւնը, մաքրամաքուր  ու անհատոյց սէրը, նիւթական ամէն բան, շրջապատող միջավայրը, առողջ ապրելակերպն ու սնունդը՝ հայրենասիրութեան, մարդասիրութեան եւ առհասարակ մարդկային լաւագոյն որակներու ձեռքբերման մէջ հազիւ կը կազմեն գործի մէկ քառորդը: Այդ իսկ պատճառով մենք մեր սահմանափակ կարելիութիւններուն կը գումարենք փոքր տարիքէն հաւատքի սերմանումը մեր առաջնեկի մէջ: Օրական կաթիլ-կաթիլ սէր ու ճանաչողութիւն կը փորձենք սերմանել Զաւէնիկի մէջ ի հանդէպ Տիրոջ:

Պէտք է խոստովանիմ, որ մեր չորսամեայ փոքրիկը տակաւին չ՚արձագանգեր մեր ջանքերուն: Շուտով կը լրանայ տարին, իսկ Զաւէնիկի ու մեր կիրակիները կը սկսին սուրբ պատարագներուն մասնակցելով ու հաղորդութիւն ստանալով: Պատարագի ընթացքին Զաւէնը հանգիստ, լուռ ու մունջ չի նստիր. ան կը խաղայ իր խաղալիկներով, նստարանին կ՚երկննայ, կը հանգչի կամ կը զբաղի ուրիշ բանով մը: Երեխայ է՝ անոր կարելի է: Ի ուրախութիւն մեզ ան այլեւս գիտէ, որ Աստուծոյ տան մէջ կարելի չէ բարձրաձայն խօսիլ, ցատկել, վազել... Իսկ գիշերներն ալ քնանալէ առաջ միասին կ՚աղօթենք: Անշուշտ ես կ՚աղօթեմ, իսկ Զաւէնիկը մտիկ կ՚ընէ: Իսկ եթէ օր մը մոռնամ, ան ինծի անպայման կը յիշեցնէ. «Մամա, աղօթք ըսէ»:

Այլեւս կը ճանչնայ Հայաստանի ու Արցախի դրօշակը, քարտէսի վրայ ալ դիւրութեամբ կը գտնէ մեր սրբազան հայրենիքը: Իսկ երբ մօտենայ իր հանդերձարանին հագուստը զատելու, անպայման կ՚ընտրէ իր քեռիի նուիրած զինուորական համազգեստը: Զինուորական մը տեսած ատեն ալ անպայման ուրախութեամբ կը պոռայ. «Մամա, զինուոր, զինուոր»:

Ես գլխաւոր շեշտը չեմ դներ իմ զաւակի լաւ կրթութեան, հագուելու, լաւ մարդ ըլլալու համար: Ճիշդ հակառակը. ես գլխաւոր շեշտը կը ջանամ դնել այդ ամէնի եւ աւելիին ակունքներու վրայ՝ Աստուած, հայրենիք եւ ընտանիք:

Երեխան ծիլ մըն է, զայն պէտք է ջրել, սիրել եւ համբերատար սպասել: Հոգատարութեամբ, խնամքով, սիրով լաւ մշակուած բոյսը անպայման կ՚արդարացնէ ինքզինք: Իսկ իմ փոքրիկ շիւղը այլեւս սկսած է հաճելիօրէն զարմացնել զիս: Զաւէնը ոչ մէկ ծաղիկի մօտէն կ՚անցնի անտարբեր: Անպայման պիտի պոկէ եւ նուիրէ ինծի: Ան գիտէ, թէ ես շա՜տ կը սիրեմ ծաղիկները: Ամէն անգամ կը փորձէ ուրախացնել զիս: Երբեմն կու գայ եւ կ՚ըսէ. «Մամա, ես ուզում եմ քեզ ծաղիկ տամ»: Քանի որ դուրսը աշուն է եւ ծաղիկներուն փոխարինած են ոսկեզօծ տերեւները, իմ փոքրիկ հրեշտակը գրեթէ ամէն օր մանկապարտէզէն վերադարձին ինծի կը նուիրէ գեղեցիկ տերեւ մը: Ես ալ ուրախութեամբ կ՚ընդունիմ այդ անգին նուէրները եւ կը հաւաքեմ:

Անցեալ շաբաթ երեքով ուխտագնացութեան գացինք՝ ես, Զաւէնը եւ անոր մեծ հայրը: Գոշավանքի մէջ կ՚աղօթէի, մէկ ալ եկաւ Զաւէնը՝ ձեռքին նուէր մը.

-Երկու ոտքը մէկ կօշիկի մէջ դրաւ եւ ըսաւ, ես ասիկա մայրիկիս նուէր պիտի առնեմ: Տետի, ա՛ռ, - շուարած Զաւէնի խօսքերը մէջբերեց իմ կեսրայրը եւ շարունակեց.- ոչ մէկ կերպ կրցայ համոզել:

Իմ ուրախութիւնը անսահման էր: Չորսամեայ իմ որդին, առաջին անգամ, իր փոքրիկ կեանքի մէջ նուէր կ՚ընէ իր մայրիկին. գեղեցիկ ճաշակաւոր զարդ մը՝ համահունչ տարուայ եղանակին: Ուրախութենէն աչքերս տամկացան: Ամուր-ամուր գրկեցի ու շնորհակալութիւն յայտնեցի իմ պզտիկ կնամեծարին: Այդ պահուն զգացի, որ մեր ջանքերը անտեղի չեն անցներ: Յաջորդ օրը արթննալուն պէս հարցուց.

-Մամա, ո՞ւր է քու նուէրդ:

-Նայէ, չեմ հանած եւ պիտի չհանեմ: Այն իմ պարանոցին է:

Գոհունակութեամբ ժպտաց եւ անցաւ իր մանկական գործերուն:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2021