ՓԱԿՈՒԱԾ ԴԱԴԻՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ. ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ

Մերթ ընդ մերթ կապ կը հաստատենք Դադիվանքի մէջ փակուած հոգեւորականներէն Հայր Աթանասին հետ՝ տեղեկանալու հոն ծառայող հայ հոգեւորականներու վիճակին մասին: Կապի միջոցները յուսալի չեն, միշտ չէ, որ հայր սուրբը հասանելի է, կամ կրնայ տեղեկութիւնները ամբողջութեամբ փոխանցել: Խորհրդաւոր լռութիւն կը տիրէ Դադիվանքի մէջ գտնուող հայ հոգեւորականներուն շուրջ…

Հայր Աթանասին հետ վաղեմի ծանօթներ ենք: ԺԱՄԱՆԱԿ-ը առաջիններէն էր, որ 2018 թուականին անդրադարձաւ այն ժամանակ տակաւին Մանուէլ Սարկաւագ Սարգսեան անունը կրող երիտասարդ հոգեւորականին հրատարակած եզակի բառարանին: Հայ հոգեւորականներու պատուանուններու եւ ծածկանուններու բացատրական բառարանը ան ձօնած էր Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն հոգելոյս Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի մահուան 100-րդ տարելիցին։

Բառարանին մասին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ հարցազրոյց մը կատարելով Մանուէլ Սարկաւագ Սարգսեանին հետ, խօսած էինք նաեւ իր յետագայ ընելիքներուն մասին, եւ ան պատրաստակամութիւն յայտնած էր Մայր Աթոռէն ներս ծառայութիւնը շարունակելու:

2018 թուականին ան կը ծառայէր Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդութենէն ներս: 2020 թուականի պատերազմէն ետք, այս տարուան սկիզբը, Հայաստանի զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդութեան մէջ ստանձնած պարտականութիւններէն ազատելով, Մանուէլ Սարկաւագ դարձաւ ատրպէյճանական տիրապետութեան տակ անցած Դադիվանքի մէջ ծառայութեան կոչուած առաջին հոգեւորականներէն մէկը: Անոր ձեռնադրութիւնը նախատեսուած էր այս տարուան ապրիլին, նոյնինքն Դադիվանքի մէջ, վաղօրօք ծրագրուած էր ամէն բան, հոգեւորականներ եւ ուխտաւորներ անհամբեր կը սպասէին Ատրպէյճանին յանձնուած Դադիվանքի մէջ կայանալիք այդ պատմական իրադարձութեան, սակայն ատրպէյճանցի զինուորականները չարտօնեցին: Անոնք նոյն օրը արգիլեցին նաեւ հայ ուխտաւորներուն մուտքը Դադիվանք:

Դադիվանքի մէջ քահանայական ձեռնադրութեան արգելքէն ետք, նոյն օրը երեկոյեան, ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ Գանձասարի վանքէն ներս, Մանուէլ Սարկաւագը ձեռնադրուեցաւ, ստացաւ Հայր Աթանաս անունը եւ քառասնօրեայ ապաշխարութեան շրջանը, այնուամենայնիւ, անցուց Դադիվանքի մէջ։

2020-ի պատերազմի աւարտէն ետք, ատրպէյճանական կողմի համաձայնութեամբ եւ ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ ամէն կիրակի Դադիվանք կ՚այցելէին ուխտաւորներ:

Վեց ամիսէ ի վեր, սակայն, ուխտաւորները մուտք չունին Դադիվանք: Մայիս ամիսէն սկսեալ, ատրպէյճանական կողմը, առանց որեւէ պատճառաբանութեան, չ՚արտօներ հայ ուխտաւորներու մուտքը հայկական հնագոյն վանք, մինչ այդ ալ՝ կամայականօրէն կը կրճատէր ուխտաւորներուն ցուցակը՝ համաձայնեցուած քսան-քսանհինգ հոգիէն անոնց թիւը իջեցնելով մինչեւ տասի, շաբաթ եղած է, որ այդ ալ չէ արտօնած:

Այսօր հայ հաւատացեալ ոտք չի կոխեր Դադիվանք, իսկ հոն ծառայող հոգեւորականները, տեսակ մը բանտարկուած են Դադիվանքի մէջ, վեց ամիսէ ի վեր ելումուտ չունին, հերթափոխ չի կատարուիր, ինչպէս կը կատարուէր տարուան սկզիբը:

Վանքը չորս կողմէն շրջապատուած է ատրպէյճանցիներով, անոր պահպանութիւնը վստահուած է ռուս խաղաղապահներուն, վերջիններս նաեւ Մայր Աթոռի կամ Արցախի թեմի կողմէ տրամադրուած սնունդը կը հասցնեն հայ հոգեւորականներուն: Հոգեւորականները կը սպասեն ելքի մը:

Հայր Աթանաս կը տեղեկացնէ, որ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը անձամբ կը զբաղի այս հարցով. եւ որոշակի լուծումներ սպասելի են: Վանքին մէջ գտնուողները կը նշեն, որ վախ չունին, հոգեւոր եւ ֆիզիքական զոհողութիւններու գնով կը փորձեն պահել հայկական ներկայութիւնը հինաւուրց վանքէն ներս, որպէսզի օր մը ան կրկին վերադառնայ իր նախկին վիճակին, հոն հաւատացեալներու համար պատարագ մատուցուի, ուխտագնացութիւններ կատարուին…

Առանց հաւտացեալի վերջին պատարագը պատերազմի մէկ տարուան առթիւ կատարեցին, մատուցեցին հոգեհանգսեան կարգ, որու ընթացքին ընթերցուեցան բոլոր այն հայորդիներուն անունները, որոնց անունով սրբագործուած են Քարվաճառի լեռները:

Այս ընթացքին ատրպէյճանական կողմէն Դադիվանք քանի մը անգամ ազգութեամբ ուտի հոգեւորականներ այցելած են, հոգեւոր արարողութիւններ կատարած եւ վերադարձած:

Հայր Աթանաս կ՚ըսէ, թէ զօրաւոր հաւատքն է նաեւ, որ կ՚օգնէ հանդուժել ամէն կողմէ լսուող նուաստացուցիչ արտայայտութիւնները:

«Երանի յիշողութիւնն ալ դիմադրողականութիւն ունենար ու ջնջէր այն ամէն ինչ, որ ցաւ կը պատճառէ, որպէսզի չյիշէի զինուորներուն հետ հոս ապրած մեր օրերը՝ երդումն ու պատարագը, մկրտութիւնն ու Սուրբ Ծնունդը, Ամանորն ու պատերազմը, աղօթքն ու ժինգեալով հացով խնջոյքները», կ՚ըսէ Հայր Աթանաս:

Տագնապով կը հետեւինք Դադիվանքէն հասնող լուրերուն: Օր օրի անորոշ կը դառնայ վեց ամիսէ ի վեր վանքին պատերէն ներս գտնուող մարդոց ճակատագիրը: Հակառակ որ վանքին ուղղութեամբ ռուսական դիտակէտ մը կայ, բայց վանքին ճակատագիրը կը վճռեն ատրպէյճանցի զինուորականները:

Քարվաճառի շրջանը 25 նոյեմբեր 2020 թուականէն ի վեր անցած է Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու տիրապետութեան տակ, եւ Դադիվանքը Քարվաճառի ամենէն նշանաւոր հայկական կոթողը՝ Քարվաճառի թագուհին, հոն մնացած է… Երկու կողմերուն միջեւ պայմանաւորուածութիւնը, որ հայերը կրնան այցելել վանք, կարճ շրջան մը միայն պահուած է:

Օրերս Դադիվանքէն ներս փակուած հոգեւորականներուն անդրադարձած է Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպիսկոպոս Գալստանեան՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան թեմի Սուրբ Ղեւոնդեանց մայր տաճարէն ներս քարոզի ընթացքին: Սրբազանը ըսած է. «Ես այսօր առաւօտ խօսած եմ Դադիվանքի մէջ ապրող մեր հոգեւոր եղբայրներուն հետ, որոնք փակուած են: Ուղղակիօրէն արգիլուած է անոնց ելքը: Վեց ամիս դուրս չեն եկած հոնկէ: Փակուած են: Արգիլուած է ելքը եւ մուտքը: Այսպիսի հերոսական ճակատամարտի մէջ են մեր հոգեւոր եղբայրները՝ գտնուելով գերեվարուած Դադիվանքի մէջ: Պատկերացուցէք պահ մը՝ ատրպէյճանցի զինուորներով շրջապատուած, գիշերները կրակոցներով, աղաղակներով, անընդհատ փորձելով վախցնել, որպէսզի լքեն այդ տարածքը, մեր այդ սրբատունը, բայց անոնք յամառօրէն հոն են, դուրս չեն ելլեր Հայոց Հայրապետին օրհնութեամբ: Այս մէկը կը վկայէ մեր այն ցանկութեան եւ ուժականութեան մասին, որուն լաւագոյն կողմերը մենք կրնանք դրսեւորել եւ երբեք չնուազեցնել յաղթանակի տեսիլքը»:

Դադիվանքը այսօր ուխատաւորներու կարիք ունի. հայ հաւատացեալի եւ ուխտաւորի մուտքը այս վանքը երբեք չէ դադ-րած: Վանքին պատերէն ներս տեսակ մը ճգնաւորի կեանքով ապրող հայ հոգեւորականները, ժամերգութիւններ ու պատարագ կը կատարեն, շարականներուն ձայնը կը բախի վանքին դատարկ պատերէն…

Շուտով ուխտաւոր տանող ճանապարհներուն կը նստի ձիւնը: Պատերազմէն ետք այդ ճամբաներուն տեղացող երկրորդ ձիւնը պիտի ըլլայ, որ միայն պիտի աւելցնէ տագնապալի խորհրդաւորութիւնը…

ՀԱՅՐ ԱԹԱՆԱՍ. «ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԿԱՆԳ ԱՌԱԾ Է…»

«Փաստօրէն կը պատահի նաեւ այսպէս՝ անցեալը գոյներով լեցուն, իսկ ներկան՝ անգոյն:

Քարերը կը խօսին ու կը պատմեն անցեալը, ներկան լուռ է, անշուք ու անպատմելի:

Կար ժամանակ մը, երբ հոս կ՚երազէի իմ զինուորներս մկրտելու մասին, իսկ հիմա... Հիմա պարբերաբար կը մաքրեմ մկրտութեան աւազանի փոշին:

Կար ժամանակ մը, երբ կը պատկերացնէի Տիրոջ սեղանին պատարագելս եւ զինուորներուս հաղորդութիւն բաշխելս: Իսկ հիմա...

Կը պատարագեմ, բայց հաղորդուելու եկած ոչ ոք կայ…

Կար ժամանակ մը, երբ քանի մը սար հեռուէն կ՚աճապարեցնէի զինուորներս, որպէսզի չուշանանք պատարագէն, իսկ հիմա...

Հիմա շտապելու կարիք չկայ, քանի որ ժամանակը կանգ առած է:

Յաճախ ինծի կ՚ըսեն՝ երանի քու աչքերուդ, որ կը տեսնես այդ ամէնը. բայց չեն գիտեր, թէ ես ինչ կը տեսնեմ իրականութեան մէջ»:

Հոկտեմբեր 2021, Դադիվանք

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ

Հայ առաքելական միջնադարեան վանական համալիր Դադիվանքը, որ կը գտնուի Դադիվանք գիւղին մէջ, Դադիվան լերան լանջին, Թարթառ գետի ձախ ափին, պատմականօրէն եղած է Մեծ Կվենք գաւառին հոգեւոր առաջնորդարանը։ Կոչուած է նաեւ Խութավանք, որովհետեւ կառուցուած է խութի (բլրակի) վրայ։

Ըստ աւանդութեան՝ եկեղեցին հիմնուած է Քրիստոսի առաքեալներէն Թադէոսի հետեւորդ Դադէին կողմէ, Ա. դարուն։ Դադիվանքը վերանորոգուած է 2007-ին: Պեղումներու ընթացքին, վանական համալիրին եկեղեցիներէն մէկուն խորանին տակ գտնուած են Ս. Դադէ առաքեալին մասունքները։ Այլ դամբարան մը եւս գտնուած է, որ հայկական քրիստոնէական աւանդոյթներուն բնորոշ չէ. հոն թաղուած մարդը նստած է աթոռին: Գտածոն այժմ Ստեփանակերտի թանգարանին մէջ է։

Թ. դարուն կառուցուած են վանական համալիրին առաջին կառոյցները՝ Ս. Դադէի միանաւ վանքը։ 1145-ին համալիրը աւերած են սելճուկները, սակայն 1170-ին անիկա վերանորոգուած է: ԺԲ. դարուն Մխիթար Գօշ հոս բնակած եւ աշխատած է իր «Դատաստանագիրք»ի վրայ։

Վանական համալիրին մէջ եղած են տարբեր շինութիւններ՝ 2 ժամատուն, 2 հնագոյն եկեղեցի, միաբանական խուցեր, հիւրատուն, գործատուն, գրատուն եւ այլն, որոնց հիմնական մասը կառուցուած է Զաքարեան իշխանապետութեան տարիներուն։

Հարաւ-արեւմտեան մասին մէջ Հասան-Ջալալի ապարանքը կը գտնուի, առաջին յարկը՝ հնձանն ու մառանը։ Դադիվանքին կեդրոնական կառոյցը Ս. Աստուածածին կաթողիկէն է, զոր 1234-ին կառուցած է Հաթերքի իշխանուհի Արզու-Խաթունը՝ ի յիշատակ իր ամուսինին՝ Վախթանգ Վախթանգեանին եւ երկու որդիներուն՝ Հասանին եւ Գրիգորին:

Կառոյցին համահունչ է երկյարկանի զանգակատունը, որուն արեւմտեան մասին մէջ պահպանուած են երկու խաչքարեր՝ քանդակուած 1283-ին՝ վարպետ Աթանասին կողմէ։ Անոնք եւ պատերուն արձանագրութիւնները կը պատմեն ԺԲ.-ԺԳ. դարերու դէպքերուն մասին։

Ուշ միջնադարուն Դադիվանքը եղած է Արցախի հայկական մելիքութիւններու կազմին մէջ։ ԺԹ. դարուն Ռուս-պարսկական առաջին պատերազմին (1804-1813) հետեւանքով, Արեւելեան Հայաստանի Գուգարք, Ուտիք եւ Արցախ նահանգները, ինչպէս նաեւ Սիւնիքի հարաւային հատուածը՝ Զանգեզուրը, կը մտնեն Ռուսական կայսրութեան կազմին մէջ եւ յետագային կը միաւորուին Թիֆլիզ եւ Ելիզաւետպոլ նահագներուն մէջ։

Դադիվանքը ունեցած է հազարաւոր կալուածներ, սակայն 1920-ին Արցախը Խորհրդային Ատրպէյճանին բռնակցումէն ետք, զրկուած է կալուածներէն եւ գործելէ դադրած։

1960-ական թուականներուն Ատրպէյճանի իշխանութիւնները վանական համալիրի տարածքին հիմնած են գիւղ մը, որուն բնակիչները վնասած են վանական համալիրին շէնքերը եւ որմնանկարները։

31 մարտ 1993-ին Դադիվանքը ազատագրուած է, 1994-ին վերաբացուած, իսկ 1999-ին սկսած են վերանորոգման աշխատանքները։ 2007-ին աւարտած է վերանորոգումը: Այն հայոց սրբազան ուխտավայրերէն մէկն էր…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2021