ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՄԱՐԴԵՂՈՒԹԵԱՄԲ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ

​Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 20.2-21.6:
Պօղոս առաքեալին Գաղատացիներուն ուղղած նամակէն 4.3-18:
Ղուկասի Աւետարանէն 4.14-23:

Գաղատացիներուն ուղղուած նամակին մէջ կը կարդանք.

«Նոյնն է մեր ալ պարագան։ Որքան ատեն որ հոգեւորապէս անչափահաս էինք՝ բնութեան ուժերուն կ՚ենթարկուէինք ու կը ծառայէինք։ Բայց հիմա յարմար ժամանակը հասած համարելով, Աստուած աշխարհ ղրկեց Իր Որդին, որ կնոջմէ մը ծնաւ եւ Օրէնքին տակ ապրեցաւ, որպէսզի մեզ օրէնքին գերութենէն փրկէ եւ Աստուծոյ որդիներ դարձնէ։ Արդ, որովհետեւ Իր որդիներն ենք՝ Աստուած մեր սիրտերուն մէջ ղրկեց Իր Որդիին Հոգին, որով զԱստուած «Աբբա», այսինքն «Հայր» կը կոչենք: Ուստի այլեւս ծառայ չէք, այլ` որդի. եւ քանի որդի էք՝ Աստուծոյ խոստումը պիտի ժառանգէք» (Գղ 4.3-7)։

Պօղոս առաքեալ Գաղատացիներուն կը խօսի որդեգրութեան շնորհի մասին:

4-րդ գլուխին սկիզբը՝ առաջին երկու համարներուն մէջ այսպէս կը կարդանք. «Բայց գիտէ՛ք նաեւ, թէ ժառանգորդ մը թէպէտ ամբողջ ժառանգութեան իսկական տէրն է, բայց որքան ատեն որ անչափահաս է՝ տարբերութիւն չունի ծառայէ մը, քանի խնամակալներու եւ հոգաբարձուներու ենթակայ է, մինչեւ հասնի իր հօրը որոշած ժամանակակէտը»:

Արդարեւ, երեխայ մը իր հօր ժառանգորդն է: Բնութեան օրէնքն է այսպիսին: Սակայն, այնքան ատեն որ երեխան փոքր է, ինք խնամքի կարիք ունի եւ չի՛ կրնար կառավարել իր սեփականութիւնը, կամ իրեն բաժին ինկած ժառանգութիւնը, որով իր ծնողներու խնամակալութեան եւ հոգաբարձութեան տակ կը մնայ ի՛նք եւ իրեն բաժին եղող ժառանգութիւնը, մինչեւ մեծնայ ու չափահասութեան տարիքի հասնի: Առաքեալը, այս օրինակը ծառայի մը կերպով կը ներկայացնէ:

Գալով հոգեւոր ախարհին, մարդ ինչքան ժամանակ որ հոգեւոր, երկնային ճշմարտութիւններէն հեռու է, անհաղորդ է այդ ճշմարտութիւններուն, ապա բնութեան ուժերուն կ՚ենթարկուի ու անոնց կը ծառայէ, ինչպէս ամբողջ մարդկութիւնը կը ծառայէր մինչեւ Տէր Յիսուսի աշխարհ գալուստը, որով մէկ անգամ ընդ միշտ մարդս ազատեց այդ ստրկական ծառայութենէն: Հակառակ այս իրողութեան սակայն, այսօր մեծ է թիւը անոնց, որոնք անտեսելով Տէր Յիսուսի կատարած փրկագործութիւնը, Անոր՝ մարդուն ձրիօրէն պարգեւած որդեգրութեան շնորհը, կը շարունակեն կամովին ծառայել բնութեան ուժերուն, հաճոյացնելով իրենց եսասիրութիւնը, բաւարարելով իրենց մարմիններուն պահանջքը:

Քրիստոսով, մարդուն միշտ առիթ տրուեցաւ վերադարձի, վերականգնումի, որովհետեւ Քրիստոս մարդանալով, Իր վրայ վերցուց մարդուն մեղքերը, ջնջեց մարդուն պարտամուրհակը եւ զինք վերստին արժանացուց որդեգրութեան: Մարդուն կը մնայ կամովին ընտրել այդ ճանապարհը եւ որոշում կայացնել այդ ճանապարհով անցնելու ինչքան ալ տանջալից ու քարքարոտ ըլլայ այն, որովհետեւ որդեգրութեան շնորհը Քրիստոսի իրագործած փրկագործութեամբ մէկ անգամ ընդ միշտ պարգեւուեցաւ մարդուն:

Պօղոս առաքեալի վերոնշեալ հատուածին մէջ նախադասութիւն մը կայ, որ շատ յաճախ կը կարդանք, սակայն պէտք եղած ուշադրութիւնը չենք ընծայեր այդ նախադասութեան: Կը կարդանք.

-Բայց հիմա յարմար ժամանակ հասած համարելով, Աստուած աշխարհ ղրկեց Իր Որդին, որ կնոջմէ մը ծնաւ եւ Օրէնքին տակ ապրեցաւ, որպէսզի մեզ Օրէնքի գերութենէն փրկէ եւ Աստուծոյ որդիներ դարձնէ (Գղ 4.4-5):

Այս նախադասութեան մէջ երկու հիմնական գաղափարներ կան, զորս պէտք է լաւապէս հասկնանք:

ա. Կնոջմէ մը ծնաւ, այսինքն՝ Ս. Կոյս Մարիամէն:

բ. Օրէնքի տակ ապրեցաւ, մեզ Օրէնքէն ազատելու եւ Աստուծոյ որդիներ դարձնելու, այսինքն՝ Տէր Յիսուս ամբողջովին նոր վարդապետութիւն մը, նոր ուսուցում մը չէր, որ աշխարհ բերաւ, այլ՝ երկար դարեր Իր իսկ կողմէ տրուած կրօնքը, այս պարագային՝ Օրէնքը ամբողջացնելու եկաւ, Օրէնքին ամբողջութեամբ նոր հասկացողութիւն եւ նոր ընկալում մը տալով:

ա. Կնոջմէ մը ծնաւ.

Մեր «Հաւատամք»ին մէջ կ՚ըսենք. «Որ յաղագս մեր մարդկան եւ վասն մերոյ փրկութեան իջեալ յերկնից՝ մարմնացաւ, մարդացաւ, ծնաւ կատարելապէս ի Մարիամայ Սրբոյ Կուսէն՝ Հոգւովն Սրբով. որով էառ մարմին, հոգի եւ միտ, եւ զամենայն որ ինչ է ի մարդ, ճշմարտապէս եւ ո՛չ կարծեօք». (Ինքն էր որ մեզի՝ մարդերուս եւ մեր փրկութեան համար երկինքէն իջաւ եւ մարմին առաւ, մարդացաւ, Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ Սուրբ Կոյս Մարիամէն ծնելով որպէս կատարեալ մարդ՝ մարմինով, հոգիով եւ միտքով, եւ ամէն ինչով որ մարդկային է. ո՛չ թէ երեւութապէս, այլ՝ ճշմարտապէս):

Պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ մարդիկ փորձած են ուրանալ Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդը, որով բազմաթիւ աղանդներ ու սխալ ուսուցումներ եւ վարդապետութիւններ յառաջացած են: Քրիստոնեայ հաւատացեալին համար մէկ բան յստակ պէտք է ըլլայ սակայն, որ եթէ Տէր Յիսուս մարդեղացած, մարդացած չըլլար, մարդը փրկութիւն չէր ունենար, աւելին Աստուծոյ որդեգրութեան շնորհին չէր արժանանար: Աւելին, եթէ Տէր Յիսուս մարդացած չըլլար, հրեաները չէին կրնար խաչել զինք, իսկ եթէ Ան խաչուած, թաղուած ու յարութիւն առած չըլլար, ապա մեր հաւատքը զուր կ՚ըլլար ինչպէս կը յայտարարէ Պօղոս առաքեալ ըսելով. «Եթէ մեռելներու յարութիւն չկայ, ուրեմն Քրիստոս ալ յարութիւն չէ առած. եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը: Այդ պարագային մենք Աստուծոյ համար սուտ վկայած կ՚ըլլանք, քանի վկայեցինք՝ թէ Աստուած Քրիստոսը յարուցանեց. մինչդեռ եթէ ընդունինք թէ մեռելները յարութիւն չեն առներ, ըսած կ՚ըլլանք նաեւ՝ թէ Աստուած Քրիստոսը չյարուցանեց: Որովհետեւ երբ կ՚ըսենք՝ «մեռելները յարութիւն չեն առներ», Քրիստոսի յարութիւնն ալ մերժած կ՚ըլլանք: Իսկ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ինքնախաբէութիւն է ձեր հաւատքը. ինչ որ կը նշանակէ՝ թէ տակաւին ձեր մեղքերուն մէջ էք» (Ա. Կր 15.13-17):

Հետեւաբար Քրիստոսի մարդեղացումը, մարդացումը, մարմնացումը բացարձակ ճշմարտութիւն է, որ կարելի չէ ժխտել կամ ուրանալ:

Լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեան իր «Հաւատամքի մեկնութիւն» աշխատութեան մէջ «մարմնանալ» հասկացողութիւնը այսպէս կը բացատրէ.

* «Մարմնանալ»ը կրնանք հասկնալ երեք կերպով.

1) Կրնանք հասկնալ իբրեւ թանձրացում կամ նիւթականացում: Երբ կ՚ըսենք բան մը մարմնացաւ կամ կը մարմնանայ, ըսել կ՚ուզենք, որ որոշակի կերպարանք, որոշակի ճշմարտութիւն մը կը դառնայ:

2) Երկրորդը քիչ մը վտանգաւոր բացատրութիւն մըն է, որովհետեւ նոյն բառը յաճախ գործածուած կը գտնենք այս անգամ պարզապէս մարմինի կերպարանքով, երեւոյթով կամ նմանութեամբ երեւցած: Բայց տարբեր բան է կերպը, նմանութիւնը, տարբեր բան է իրականութիւնը կամ ճշմարտութիւնը:

3) Երրորդ բացատրութիւնը պարզապէս կը նշանակէ մարդ դառնալ: Այստեղ տարբերութիւնը նաեւ «մարմին» եւ «մարդ» բառերուն միջեւ է: Կը կանխեմ ըսել, որ «մարմին» եւ «մարդ» բառերը նոյնիմաստ չեն: Եբրայերէնի եւ արաբերէնի մէջ «պաշար» կը նշանակէ միս ու ոսկոր, մարմին: Նոյն բանը կ՚ըսենք նաեւ մարդ արարածը, մարդը բնորոշելու համար:

«Հաւատամք»ին մէջ պարզապէս երեւոյթով նմանութիւնը դառնալու իմաստ չկայ, այլ՝ «մարմնացաւ» ըսելով կը հասկցուի թանձրանալ, շօշափելի դառնալ, նիւթականանալ, մարդ դառնալ: Առաջին եւ երկրորդ իմաստները անոր մէջ կը դրսեւորուին: Այս հասկացողութիւնը կու գայ Յովհաննէսի Աւետարանէն, ուր կը կարդանք. «Եւ Բանը մարմին եղաւ, եւ մեր մէջ բնակեցաւ» (Յհ 1.14): Երկու ձեւով ալ կրնանք թարգմանել՝ «մարդացաւ» եւ՝ «մեզի հետ միասին բնակեցաւ»:

Գանք Կնոջմէ մը ծնաւ արտայայտութեան, դարձեալ դիմելով լուսահոգի սրբազանին տուած բացատրութիւններուն: Նոյն աշխատութեան մէջ կը կադրանք.

* Ծնաւ կատարելապէս ի Մարիամայ Սրբոյ Կուսէն Հոգւովն Սրբով:

Այս հաստատումը երկու կողմ ունի: Կը վերաբերի Քրիստոսի թէ՛ Աստուածութեան եւ թէ՛ մարդկութեան:

ա) Ան՝ որ աստուածային կատարելութիւնն ունէր եւ կատարեալ Աստուած էր՝ որեւէ փոփոխութիւն կամ նուազութիւն չկրեց, այլ՝ մնաց ինչ որ էր։ Իր Աստուածութիւնը չայլայլեցաւ, մարմնական բնութեան չվերածուեցաւ։

բ) Մարդկութեան վերաբերմամբ այս բացատրութիւնը կը հաստատէ մարդկային բնութեան ամբողջականութիւնը։ Այս հաստատումը չափազանց կարեւոր է մեր փրկագործութեան համար։ Քրիստոսի մարմինը ճշմարտապէս մարդկային էր, երկինքէն բերուած չէր, երկնային չէր։

Ս. Կոյս Մարիամէն ծնունդը կ՚ընդգրկէր Աստուածորդիին խոնարհ ծնունդը, ցոյց տալով թէ Աստուծմէ ծնած կատարեալ Աստուածը անարգութիւն չհամարեց ծնիլ Ս. Կոյսէն, եւ Իր ծնունդով գերազանցօրէն պատուեց, օրհնեց ու սրբեց մարդկային ծնունդները։ Իսկ այդ գերահրաշ ծնունդին համար Ս. Կոյսը «Աստուածածին» կը կոչուի, որովհետեւ սոսկ մարդ մը չէր իր ծնածը, այլ՝ նոյնինքն փառաց Տէրը (Ա. Կր 2.8), եւ բոլորէն վեր եղող յաւէտ օրհնեալ Աստուածը (Հռ 9.5)։

Քրիստոսի յղութիւնն ու ծնունդը տեղի ունեցան Ս. Հոգիին ներգործութեամբ։ Ասիկա երկու ճշմարտութիւն կը բերէ մեզի.

ա) Քրիստոս ծնաւ առանց մարդկային սերմի, առանց հօր։

բ) Ս. Հոգին Ս. Կոյսին արգանդը սրբեց եւ զայն յարդարեց իբրեւ տաղաւար Աստուծոյ բնակութեան՝ Հօր զօրութեամբ եւ հովանաւորութեամբ ծնունդ տալու համար Բանին՝ Աստուածորդիին մարմինին։

3) Քրիստոսի կատարեալ մարդկութիւնը - մարմին, հոգի եւ միտք։

Ըստ Արիոս եւ Ապողինար աղանդաւորներուն, «Բանը» Իր մարդկութեան մէջ կատարեալ չէր։ Մարմնացաւ ու մարդացաւ, բայց մարդկային հոգի չունէր։ Բանը Ինք մարդկային հոգիին տեղը կը բռնէր։ Ապողինար կ՚ըսէր նաեւ, թէ Քրիստոս մարդկային միտք ալ չունէր։ Ահա թէ ինչո՛ւ մեր ներկայ «Հաւատամք»ին մէջ «մարմին»ին կողքին աւելցուած է «հոգի եւ միտք», որպէս ամբողջական ճշդում եւ պատասխան նման մտածողներուն։

Քրիստոսի մէջ մարդկային բանական հոգիին ժխտումը ամբողջ փրկագործութեան մերժումը կրնար ըլլալ, որովհետեւ եթէ Քրիստոս կատարեալ Աստուած չէր՝ չէր կրնար մարդոց փրկութիւնը իրագործել, իսկ եթէ կատարեալ մարդ չէր՝ Իր յաղթանակը չէր կրնար մարդ արարածին յաղթանակը ըլլալ չարին՝ սատանային վրայ տարուած։

4) Ամէն ինչ որ մարդկային է, բացի մեղքէն։

Թէպէտ «բացի մեղքէն» բառերը այժմու մեր «Հաւատամք»ին մէջ չկան, բայց անհրաժեշտ է յատկապէս անդրադառնալ անոր։ Եթէ Քրիստոս մարդացաւ՝ առնելով մարմին, հոգի եւ միտք, արդեօք մե՞ղքն ալ առաւ։ Այլ խօսքով, Քրիստոսի մէջ մեղք կա՞ր, թէ՞ ոչ։

Պատասխանը «ոչ» է։ Աստուածորդին առաւ ամէն ինչ որ մարդկային է, բացի մեղքէն, որովհետեւ մեղքը մեղանչական մարդուն յատուկ է, բայց յատուկ չէ՛ր սկզբնաստեղծ մարդուն։ Իսկ Քրիստոս առաւ մեղքէն զերծ եղող մարդկային բնութիւնը եւ աշխարհ եկաւ ջնջելու համար մեղքը (Ա.Յհ 3.5)։

Քրիստոս Իր մարդկային բնութեամբ անմեղ էր՝ Իր ստեղծած մարդուն՝ Ադամին պէս։ Կարելիութիւնը ունէր մեղանչելու, բայց բնաւ մեղք չգործեց, ինչպէս ՆԿ-ը զօրեղապէս կը հաստատէ (Ա.Պտ 2.22։ Հմմտ Ես 53.9։ Բ.Կր 5.21)։ Սա կը նշանակէ, թէ Քրիստոս չտիրապետուեցաւ մեղքէն ու մահէն, ուստի կրնար սպաննել կամ բնաջնջել մեղքը եւ մահուան զօրութիւնը, ինչ որ իրագործեց նախ Իր մարդեղութեամբ եւ ապա Իր կամաւոր չարչարանքներով, կամաւոր մահուամբ եւ հրաշափառ Սուրբ Յարութեամբ։

5) Ո՛չ թէ երեւութապէս, այլ՝ ճշմարտապէս։

«Երեւութական» կոչուած աղանդաւորները Քրիստոսի մարմինին համար կ՚ըսէին, թէ մարմինի ձեւ կամ երեւոյթ ունէր, բայց իրական մարմին չէր։ Զայն պարզապէս տեսիլք կը համարէին, տեսակ մը ուրուական։

Այսպիսի աղանդաւորներ կային դեռ առաքելական ժամանակներուն։ Յովհաննէս Աւետարանիչ կատաղիօրէն կը պայքարի անոնց դէմ, որոնք կը փորձեն ուրանալ ճշմարիտ մարդեղութիւնը (Ա.Յհ 4.1-3։ Բ.Յհ 7)։

6) Ճշմարիտ մարդեղութեան կարեւորութիւնը մեր փրկութեան համար։

Մերժել կամ ուրանալ մարդեղութիւնը եւ Քրիստոսի ճշմարիտ մարմինը, կը նշանակէ մերժել կամ ուրանալ մեր փրկութիւնը։ Արդարեւ, Քրիստոս ինչպէ՞ս մեր մեղանչական բնութիւնը պիտի սրբէր սկզբնական մեղքէն, առանց Ինք այդ բնութիւնը առնելու։ Ինչպէ՞ս պիտի կրնար մեր մեղքերը սրբել Իր մկրտութեամբ, եթէ չունէր մարմին մը, որ Յորդանանի մէջ լուացուեցաւ Յովհաննէսին ձեռքով։ Եթէ մարմին չառաւ, ինչպէ՞ս կրնար Իր մարմինին մէջ սպաննել մեղքը։ Ինչպէ՞ս Իր արիւնը փրկանք պիտի տար բոլոր մարդոց փոխարէն, եթէ ճշմարիտ մարմին եւ արիւն չունէր։ Եթէ չունէր մարմին մը, որ մահկանացու ըլլար, ինչպէ՞ս պիտի կարենար խաչուիլ եւ մեր բոլորին փոխարէն մահ ճաշակել՝ մեր մահուան դատապարտութիւնը Ինք կրելու համար։ Տեսիլքը կամ ուրուականը չի՛ կրնար մեռնիլ, ոչ ալ յարութիւն առնել։ Իսկ եթէ ուրանանք Քրիստոսի մահը եւ յարութիւնը, կը նշանակէ, թէ փրկուած չենք եւ ենթակայ կը մնանք մահուան դատապարտութեան (նոյն, անդ էջ 37-39)։

բ. Օրէնքի տակ ապրեցաւ, մեզ Օրէնքէն ազատելու եւ Աստուծոյ որդիներ դարձնելու:

Այս արտայայտութիւնը Քրիստոսի մարդկութիւնը մերժողները կամ ուրացողները մանաւանդ կը դժուարանան հասկնալ, պատճառաբանելով, թէ եթէ Քրիստոս Աստուած էր, ի՞նչ կարիք ունէր Օրէնքի տակ մտնելու եւ Օրէնքով ապրելու: Արդարեւ, Քրիստոս կարիք չունէր Օրէնքի տակ մտնելու, որովհետեւ նախ եւ առաջ Ի՛նքն էր այդ Օրէնքը տուողը, Աստուած էր, Տէր ու Իշխան էր, բայց Օրէնքի տակ մտաւ, որպէսզի ազատէ մեզ Օրէնքի գերութենէն եւ Աստուծոյ որդիներ դարձնէ, որովհետեւ մենք մեզի տրուած Օրէնքը ճիշդ կերպով գործադրելու փոխարէն, տառացիօրէն սկսած էինք գործադրել եւ շատ յաճախ ըստ մեր քմահաճոյքին գործադրել, որով Օրէնքը իր բուն նպատակէն շեղած էր եւ այլեւս չէր կրնար մարդուն օգնել ազատուելու մեղքէն:

Պօղոս առաքեալ խօսելով Օրէնքի նպատակին ու դերակատարութեան մասին, այսպէս կը գրէ Գաղատացիներուն.

«Հապա ինչո՞ւ Օրէնքը տրուեցաւ։ Տրուեցաւ՝ որպէսզի մարդիկ իրենց յանցանքները ճանչնան, մինչեւ Աբրահամին զաւակին՝ այսինքն Քրիստոսի գալը, որուն ուղղուած էր խոստումը։ Եւ Օրէնքը տրուեցաւ հրեշտակներու ձեռքով եւ մարդու մը միջնորդութեամբ։ Մինչդեռ կտակի պարագային միջնորդի պէտք չկար, որովհետեւ կտակը մէկ հոգիի կողմէ կը կատարուի, եւ այդ մէկը Աստուած էր։

Արդեօք ատիկա կը նշանակէ՝ թէ Օրէնքը Աստուծոյ խոստումներուն հակառա՞կ է։ Բնա՛ւ երբեք։ Որովհետեւ, եթէ տրուած ըլլար Օրէնք մը որ ճշմարիտ կեանք տալու կարող ըլլար՝ ապա հաստատապէս կարելի պիտի ըլլար Օրէնքի գործադրութեամբ արդարանալ։ Մինչդեռ Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ, որ ամբողջ աշխարհը ենթակայ է մեղքին, որպէսզի Աստուծոյ օրհնութիւնը ժառանգելու խոստումը հիմնուի Յիսուս Քրիստոսի հաւատքին վրայ եւ տրուի անոնց՝ որոնք կը հաւատան։

Որքան ատեն որ հաւատքի ժամանակը եկած չէր՝ Օրէնքը մեզ բանտարկեալներու պէս իր հսկողութեան տակ կը պահէր, սպասելով գալիք հաւատքին՝ Քրիստոսի, որ պիտի յայտնուէր։ Ուրեմն Օրէնքը մեր խնամակալ դաստիարակը եղաւ, մեզ Քրիստոսի առաջնորդելով, որպէսզի հաւատքով արդարանանք։ Բայց հիմա որ հաւատքը եկաւ, այլեւս դաստիարակի պէտք չունինք, որովհետեւ Յիսուս Քրիստոսի հաւատալով՝ բոլորդ ալ Աստուծոյ որդիներ եղաք։ Անգամ մը որ Քրիստոսի միանալով մկրտուեցաք, այլեւս Քրիստոս է որ կ՚ապրի ձեր մէջ։ Ալ ո՛չ Հրեայի եւ Հեթանոսի խտրութիւն կայ, ո՛չ ստրուկի եւ ազատ մարդու, ո՛չ ալ արուի եւ էգի, որովհետեւ Քրիստոսի միանալով՝ բոլորդ ալ մէկ եղաք: Արդ, ուրեմն, եթէ Քրիստոսի կը պատկանիք՝ կը նշանակէ թէ դուք Աբրահամի զաւակներ էք եւ պիտի ժառանգէք ինչ որ Աստուած անոր խոստացաւ» (Գղ 3.19-29):

Առաքեալին այս խօսքերը կարդալով յստակ կը դառնայ, թէ Քրիստոս ինչո՞ւ Օրէնքին տակ մտաւ, Օրէնքով ապրեցաւ, որպէսզի մեզ Իրմով Աստուծոյ խոստացած բարիքներուն ժառանգակից դարձնէ, Որուն, Հօր եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին փառք յաւիտեանս: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

15 հոկտեմբեր 2023, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2023