ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ «ԱՌԱԿՆԵՐ»
Պաքըրգիւղի ընտանիքը երէկ ողջունեց Տատեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ վերջերս ձեռնարկուած հերթական ընկերամշակութային ծրագրին փայլուն արդիւնքը։ Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ երէկ ներկայացուեցան «Առակներ»ը։ Հայ դասականներու ստեղծագործութիւններուն ներշնչանքով՝ Արամ Կոստանեանի գլխաւորութեամբ պատրաստուած էր յայտագիրը։ Դպրոցի սաները յաջող ձեւով մէջբերեցին այդ առակներէն նմոյշներ։ Հայերէնի ուսուցչուհիներ՝ Ժպտուն Զուռնաճը, Թաթիանա Պոստան, Ռենա Ճիրօղլու, Պայծառ Եիւճէճան, ինչպէս նաեւ պարուսոյց Նարօտ Կիւլէչ եւս պատասխանատուութիւն ստանձնած էին այս ծրագրին մէջ, որ ձօնուեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Թարգմանիչ վարդապետներու յիշատակին։
Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ երէկուան ներկայացումներուն ժամանակ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ աշխատանքի արդիւնքին շուրջ։
Հարկ է նշել, որ ձեռնարկը երէկ առաջին առթիւ ներկայացուեցաւ համայնքային վարժարաններու սաներուն եւ կրթական մշակներուն համար, իսկ երեկոյեան ժամերուն ալ՝ մշակութասէր հասարակութեան։