ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՀԱՐՑԵՐ
Իւրաքանչիւր արեւմտահայերէնով հետաքրքրուող մարդու ծանօթ է Տքթ. Արմենակ Եղիայեանի անունը: Անոր գիրքերը, դասագիրքերը, աշխատութիւնները տարիներ շարունակ սփռուած են հայ գաղութներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ծանօթ են Լիբանան բնակող լեզուագէտին տարածած տեսութիւնները, միտքերը, խորհրդածութիւնները եւ մշակումները մեր լեզուին վերաբերեալ եւ անոր շուրջ:
Արեւմտահայերէնի անսահման նուիրեալ գործիչ Արմենակ Եղիայեանը, վերջին շրջանին սկսած է դիտարկել հայաստանեան եւ սփիւռքեան մամուլը՝ նամակներու եւ նկատողութիւններու տեսքով խմբագրութիւններուն եւ աշխատողներուն ղրկելով իր նկատառումները: Անկախ այն բանէն, թէ ի՞նչ արձագանգներ կ՚ունենան օրական դրութեամբ յղուող իր նամակները, Եղիայեան կը շարունակէ նոյն նախանձախնդրութեամբ եւ հետեւողականութեամբ կարդալ մամուլն ու այս կամ այն լուրին, յօդուածին կամ վերլուծութեան մէջ մատնանշել սխալներ, անհարթութիւններ եւ օտարաբանութիւններ, զանոնք յղել ոչ միայն հեղինակներուն, այլ հայ մամուլի շատ մը մշակներու:
Տքթ. Արմենակ Եղիայեանին հանդիպեցանք Երեւանի մէջ, ան հայերէնի պահպանութեան իր մտածումները կիսեց նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ՝ իր զրոյցին ընթացքին, պատմելով այն մասին, թէ ինչպէ՞ս մաքուր եւ ճիշդ հայերէն աւանդելը դարձած է իր կեանքի նպատակներէն մէկը:
*
-Պարոն Եղիայեան, Դուք մասնագիտութեամբ ատամնաբոյժ էք: Հայերէնագիտութիւնը, որով կը զբաղիք, փաստօրէն հիմնական մասնագիտութիւն չէ Ձեզի համար: Ուրկէ՞ եկած է հայերէնի հանդէպ Ձեր այս նուիրումն ու սէրը:
-Հայերէնը իմ նախասիրութիւնս է, նախընտրած մարզս, իսկ բժշկութիւնը՝ ապրուստի աղբիւրս: Մեր տան մէջ միշտ հայերէն խօսուած է, բնաւ թրքերէն չէ խօսուած: Յետոյ դպրոցին կից եկեղեցի կար, կը յաճախէի, ականջս կը լեցուէր նաեւ գրաբարով, կը ջանայի մեկնաբանել եւ հասկնալ, թէ ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ, եւ կամաց-կամաց կը յաջողէի, ինչպէս նաեւ նպաստաւոր էր միջավայրը՝ Ճեմարանի մէջ, ուր շատ սիրելի եւ յարգելի դասախօսներ ունեցած եմ:
-Հայերէնի հարցերուն կարծես ամբողջ Ձեր կեանքը նուիրած էք. այդ մէկը չդարձա՞ւ ապրուստի միջոց:
-Ոչ ոք մինչեւ հիմա ինծի մէկ սենթ վճարած է իմ հայագիտութեանս համար: Քսան հատոր դասագիրք գրած եմ, քսան սենթ գրպանէս դրած եմ, բայց մէկ սենթ չեմ ստացած: Գիրքերս քսան տարի հրատարակուեցան, ծախուեցան, գործածուեցան ամբողջ աշխարհի հայկական դպրոցներուն մէջ (Լիբանանի մէջ միայն Հռիփսիմեանց դպրոցը չէր առներ, որովհետեւ հայերէնին այդքան կարեւորութիւն չէր տար): Փարիզի, Մարսէյլի, Գանատայի, Յունաստանի, Աւստրալիայի, Իրաքի, Եգիպտոսի եւ այլ երկիրներու հայկական դպրոցները կը գործածէին իմ հայերէնի գիրքերս:
-Այսինքն կրնանք ըսել, որ հայագիտութիւնը եկամտաբեր չէ՞ այսօր:
-Ատիկա գաղտնիք մը չէ: Հիմա պայմաններու բերումով ոմանք արդար վաստակ մը ունին թերեւս, օրինակ, Սուրիայէն Լիբանան աղջիկներ եկած են, բաւական լաւ հայերէն գիտեն, «Ազդակ»ը կ՚օգտագործէ, կը վճարէ, կուսակցութիւնը, առաջնորդարանը, պատրիարքարանը կը գնահատեն, կը վարձատրեն, հակառակ անոր որ համեստ ամսական մըն է տրուածը, եթէ այդ մարդիկը ուրիշ գործ մը ընէին, թերեւս աւելի վաստկէին:
-Դուք կը յիշէ՞ք այնպիսի ժամանակ մը, երբ մարդիկ կը ձգտէին հայագէտ դառնալու: Օրինակ, Հայաստանի մէջ եղած են նման ժամանակներ, երբ հայագիտութիւնը գրաւիչ էր:
-Հաւանաբար հայերէնագիտութիւնը նկատի ունիք: Աւելի հայերէնի ճակատագիրն է, որ այսօր մտահոգիչ է: Հայագիտութիւնը շատ աւելի ընդարձակ է: Սփիւռքը հայագիտութեան հետ գործ չունի, Հայաստանի մտահոգութիւնները աւելի ընդգրկուն են, աւելին են: Սփիւռքէն ակնկալուածը մատչելի, տանելի հայերէնագիտութիւն մը ապահովելն է, եւ այդ է, որ չենք յաջողիր, եւ հայերէնագիտութեան նահանջին հիմնական պատճառը կու գայ մեր դպրոցներէն, որոնք իրենց կոչումը սկսան ուրանալ: Դպրոցներուն մէջ հետզհետէ հայերէնը կ՚անտեսուի: Պէյրութի Մելանքթոն եւ Հայկ Ճեմարանը, որ, իմ կարծիքով Սփիւռքի լաւագոյն հայկական դպրոցն է, իր օրինակով ապացուցած է, որ կարելի է թէ՛ քիչ մը հայերէն սորվեցնել, թէ՛ պաքալորէայի լաւ մակարդակի հասցնել աշակերտը: Այս է, որ մեր միւս յարանուանութիւնները չեն ուզեր ըմբռնել: Առաքելական համայնքի վարժարանները բաւական յուսալի վիճակի մէջ են, բայց աշակերտութեան մեծագոյն թիւը կեդրոնացած է կաթողիկէներուն եւ աւետարանական համայնքներու դպրոցներուն մէջ, եւ այստեղ է, որ աղէտը կը սկսի: Հայերէնը ձեւականութեան համար կը դասաւանդեն: Եթէ տեղ մը, ուսուցիչ մը խանդավառութեամբ քիչ մը լեզուին աւելի ուշադրութիւն դարձնէ, յանկարծ «օձիքէն կը բռնեն»՝ ի՞նչ կ՚ընես, կ՚ըսեն, մենք պաքալորէայի համար կը պայքարինք» նրբօրէն կը հասկցնեն, որ ժամավաճառութիւն չընէ: Այդ դպրոցները անամօթաբար ամավերջի հանդէսներուն կը յոխորտան, իբրեւ թէ իրենք Մեսրոպի զաւակներն են եւ այլն, միայն այդ օրը կը յիշեն, որ իրենք հայ են: Դպրոցներ կան, ուրկէ աշակերտը դուրս կու գայ՝ առանց մէկ տող շարադրելու: Իրենց առիթ չէ տրուած շարադրելու, ես տակաւին կ՚ակնարկեմ տարրական թեքստերուն:
-Դուք ինչպէ՞ս կը տեսնէք ելքը այս վիճակէն:
-Սփիւռքի մեծագոյն համայնքը առաքելական համայնքն է: Լիբանանահայութեան պարագային առաքելական համայնքին գլուխը Կիլիկեան աթոռն է, իսկ ինչ կը վերաբերի լեզ-ւին, վեհափառը պէտք է օրին հաւաքէր միւս համայնքապետերը, ըսելու համար, որ մենք զանազան տեսակի՝ գաղափարական, դաւանական տարակարծութիւններ կրնանք ունենալ, բայց կայ սրբութիւն սրբոց մը, որ լեզուն է, եւ այս լեզուի պահպանութիւնը բոլորիս համար թէ՛ սիրելի է, թէ՛ պարտականութիւն է: Ուրեմն, պէտք է հաւաքէր եւ ըսէր, որ լեզուին տոկալու, դիմադրելու նուազագոյն միջոցները ստեղծենք, դպրոցներէն սկսեալ, ուր հայոց լեզուին նուիրուած նիւթերու բովանդակութիւնը եւ մանաւանդ՝ քանակը պէտք էր որոշուէր, այսինքն չափանիշներ սահմանուէին եւ յարգուէին: Անկէ զատ, մաղթելի էր, որ նաեւ միացեալ դասագիրքեր ունենայինք, կրօնքի դասագիրքերը կրնան տարբեր ըլլալ, բայց հայերէնի դասագիրքերը միասնական կարող էին ըլլալ: Առաւել (որ իմ մարզս էր եւ ես աշխատեցայ այդ ուղղութեամբ), ուղղագրական միասնականութիւն մը պէտք է ստեղծուէր եւ պէտք է ըսուէր, որ համայնքապետերուն ներկայութեամբ յառաջացնենք հայոց լեզ-ւին՝ արեւմտահայերէնին, քանի մը հոգիէ բաղկացեալ գերագոյն մարմին մը, որուն մէջ անդամներ ըլլային բոլոր յարանուանութիւններէն, եւ ան վերահսկողութիւնը կատարէր այս տարուած աշխատանքին: Տակաւին կարելի է մտածել միասնական քննութիւններու մասին ալ: Թերեւս այսօր քիչ մը ծանր կ՚ըլլայ, բայց ասկէ քսան-քսանհինգ տարի առաջ ազգային վարժարանները իրենց մէջ միացեալ քննութեան դրութիւն ունէին…
-Դուք առաջարկա՞ծ էք Ձեր այդ մօտեցումը:
-Այս բոլորը չեմ առաջարկած, այս ձեւով չեմ առաջարկած, բայց ասոր նման ուրիշ առաջարկ մը, որ ես գրած եմ, իրենց ծանօթ էր: 2010-ականներու սկիզբը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը յղացաւ արեւմտահայերէնի պաշտպան յանձնաժողով մը ստեղծելու գաղափարը, կազմուեցաւ քսանութ-երեսուն հոգիէ բաղկացած, ամբողջ Սփիւռքը ընդրգկող մտաւորականներու յանձնաժողով: Ես ըսի, որ պէտք է միւս ժողովըր-դապետերուն հետ ժողով գումարուի եւ ըսուի, որ այս ժողովին որոշումները պէտք է գործադրուին մեր բոլոր համայնքներուն մէջ: Աննախընթաց յանձնաժողով մըն էր, եզակի՝ արեւմտահայերէնի պատմութեան մէջ, ուսումնականէն վեր ալ մարմին մըն էր… Յանձնաժողով մըն էր, բայց որուն անդամները ոչ մէկ հետաքրքրութիւն, շահագրգռուածութիւն ցուցաբերեցին եւ որուն լիբանանեան կորիզը գրեթէ միայն կը մասնակցէր հաւաքներուն, միւսները իրենք զիրենք առընչուած չէին նկատեր: Մօտաւորապէս երեք, երեքուկէս տարի մասնակցեցայ, ձեւով մը պարտականութիւն ստանձնեցի արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց մը պատրաստելու: Ուղեցոյցը, մաս առ մաս կը ղրկուէր յանձնաժողովի անդամներուն, որ կարդային, կարծիքներ յայտնէին, կը ջղաձգուէին, տրամադրութիւն չունէին այդքան ծաւալով էջեր կարդալու, կարծիք յայտնելու: Ես ալ կը զարմանայի, որ ինչպէս ոեւէ մէկը կարդալու իսկ սիրտ չունի, մինչդեռ ես միտք յոգնեցուցած եմ, ամէն մէկ էջը գրելու համար քանի մը հատոր կարդացած եմ, մեր ամբողջ գրականութիւնը կարդացած եմ, մինչեւ որ այդ աշխատութիւնը պատրաստած եմ: Ծաւալուն նկատեցին, չեմ գիտեր ինչ նկատեցին…Մինչդեռ ամբողջ աշխարհի երկիրներ իրենց լեզուն պաշտպանելու համար հնարքներ ստեղծած է, միայն մենք չունինք:
«Շիքակօ սթայլ կայտ»ի օրինակը կայ, որ կը բերէի: Ամերիկայի մէջ, ուր քարերն ալ անգլերէն կը խօսին, բայց լեզուի նահանջի վախէն Ամերիկայի մէջ ուղեցոյցներ պատրաստած են, եւ Ամերիկայի մէջ չես հանդիպիր գրասենեակի մը, քարտուղարի մը, գրողի մը, որ իր աչքին առջեւ ուղեցոյց չունենայ: Եւ ամենէն շատ տարածուածը այս «Շիքակօ սթայլ կայտ»ն է: Նոյնանման շատ ուղեցոյցներ կան: Իսկ մեր յանձնաժողովականները իմ պատ-րաստածիս մասին ինծի ըսին՝ ըլլալիք բա՞ն է ասիկա: Իմ պատրաստած նիւթերուս ծաւալը ահ տարածեց, մինչդեռ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող օտար ուղեցոյցները հսկայական ծաւալներ ունին, հսկայական էջերով միայն մէկ նիւթին կ՚անդրադառնան: Ըսին՝ պէտք է ամփոփել, առաջարկներ եղան՝ պրակ-պրակ տը-պելու, մինչդեռ ասիկա ուղեցոյց մըն է, սեղանին վրայ պիտի հանգչի, ատենը մէյ մը՝ բացուի, եթէ անհրաժեշտ է: Ամբողջ պատրաստութիւնը գիրքին այս կամ այն էջերուն վրայ յղումներով է, եւ պրակ առ պրակ չէր ըլլար, որ տպագրուէր: Ես չհամաձայնեցայ ո՛չ պրակ առ պրակ, ո՛չ ալ ամփոփ տպուելուն եւ այդ յանձնաժողովի անդամ ալ չեմ արդէն: Ըստ իս, ամուլ նախաձեռնութիւն մըն էր, կը նմանէր այն ամուլ մեքենային, որ երբեմն մեռեալ կէտի մը վրայ կը գործէ…
-Հիմա ո՞ւր է այդ ուղեցոյցը եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր ճակատագիրը:
-Ես, անկախ ամէն ինչէն, շարունակեցի իմ աշխատանքս, վեցհարիւրյիսուներորդ էջին վրան եմ, Ա 4 ձեւաչափով այդքան էջ կազմըւած է, եթէ սովորականով տը-պենք, ինը հարիւր էջ կ՚ըլլայ: Ըստ էութեան աւարտած եմ, պզտիկ յաւելումներ պիտի ըլլան միայն: Հայաստան այս այցիս, օրինակ, պզտիկ բաներ նկատեցի, նօթատետրիս մէջ նշեցի, հոն կ՚աւեցնեմ:
Զանազան առաջարկներ կ՚ըլլան՝ տպենք ըսելով: Ես ալ կ՚ըսեմ՝ չեմ աճապարեր: Ամենէն շատ ընտանիքս է, որ սկսած է ճնշել տպելու առումով: Բայց, ի վերջոյ, արեւմը-տահայերէնի պահպանումը միայն այսպիսի ձեռնարկի մը ստեղծումը չէ, մենք ուսուցիչ պատրաստելու գերագոյն խնդիր մը ունինք, այլ հարցեր ունինք…
-Իսկ երիտասարդութեան մէջ ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք լեզուի հանդէպ գրաւչութեան, սիրոյ տարածումը:
-Որեւէ լեզուի հանդէպ սէրը կը յառաջանայ հաղորդակցելով այդ լեզուին հետ, այդ լեզուով գրուած հրապուրիչ ստեղծագործութիւններ ընթերցելով, յետոյ, հաւանաբար ուսուցողին՝ մանկավարժին բնական շնորհքէն շատ բան կախեալ է: Ես նոյնիսկ մանկավարժի այդ բնական շնորհքին աւելի կարեւորութիւն կու տամ, քան այդ մանկավարժին համալսարաններու, դպրոցներու մէջ ամբարած գիտութեան: Բաներ կան, որ որեւէ դըպ-րոց չի սորվեցներ, կացութիւններ կան, որոնց լուծումը տեղւոյն վրայ քու մէջէդ պիտի գայ, սիրտէդ պիտի բխի, թէեւ ամէն ուսուցիչ ալ կը կարծէ, թէ ինք այս կատարելութեան հասած է: Երբ կը խօսիս հետերնին, կը կարծես, թէ մեծագոյն մանկավարժի մը հետ է, որ գործ ունիս: Վերջը ըրածները կը տեսնես, կը զարմանաս, թէ ինչպէս կարելի է նման բաներ ընել:
Ես իմ դասախօսներէս է, որ ստացած եմ այդ սէրը: Մուշեղ Իշխանին, Կարօ Սասունիին, Սիմոն Վրացեանին պէս դասախօսներ ունեցած եմ: Յետոյ ճեմարանը այնքան լեզու չէր սորվեցներ մեր ժամանակը, որքան՝ ոգի կը ներարկէր: Ոգիի ներարկումը, տիրող մթնոլորտը ինքնաբերաբար կը հայացնէր. պայման չէ հայագէտ ըլլալ եւ ընդհանրապէս, ճեմարանէն հայագէտներ դուրս չեն եկած: Որ ճեմարականը, որ տեղ հասած է հայրենէնագիտութեան մէջ, իր ճիգերով հասած է: Մուշեղ Իշխանը, օրինակ, մէկ տարի ինծի հայերէն տուած է, ո՛չ քերականութիւն սորվեցուցած է, ո՛չ ալ միւս բաները: Աշխարհի ամենէն անճարակ հայերէնի ուսուցիչն էր Մուշեղ Իշխանը: Օր մը տարտամօրէն յատկացուցիչի մասին խօսած էր, այդ էր, ուրիշ բան չէ եղած: Բայց Մուշեղ Իշխանը երբ հայերէն խօսէր, կարծես բերնէն մեղր կը կաթէր: Այնպիսի հայերէն մը կը խօսէր՝ անբեկանելի, գեղեցիկ… Կը տեսնէ՞ք հակասութիւնը: Լաւ հայերէն չէր դասաւանդեր, մինչդեռ յետագային շատ լաւ հոգեբանութիւն, մանկավարժութիւն դասաւանդեց, եւ ինչ որ մենք կ՚ակնկալէինք, որ հայերէնի ուսուցման մէջ բացառիկ մէկը ըլլար՝ չեղաւ: Ես այդ օրինակը տուի, ըսելու համար, որ ես իմ միջոցներովս է, որ լեզուի տեսութեան մանրամասնութիւնները ուսումնասիրած եմ: Եւ ինծի պէս շատեր կան, որ ճեմարանին մէջ հայերէն չեն սորված, բայց յետագային իրենց կեանքին մասը դարձուցած են հայերէնը: Պըլտեանը, Շահինեանը… Շահինեան շատ լաւ հայերէն գիտէր, բայց իր օրով հայերէն ուսուցանողը Լեւոն Շանթը եղած է, Լեւոն Շանթի հայերէնը «աղանդաւորական» հայերէն էր կարծես, բայց ոգի ներարկած է:
-Պարոն Եղիայեան, հայ մամուլի աշխատողներուն մէջ չկայ մէկը, որ Ձեզ չի ճանչնար եւ չկայ մէկը, որ Ձեր նշանաւոր նամակները չէ ստացած: Ինչո՞ւ շեշտադրում կ՚ընէք մամուլին վրայ եւ ինչպէ՞ս կ՚ընդունուի Ձեր այդ հետեւողական մօտեցումը:
-Այսօր, փաստօրէն, այլեւս արեւմտահայերէն գրականութիւն չկայ: Ես չեմ պատկերացներ, որ արեւմտահայերէնի տիրապետող մը այսօր, այս ժամուն, մեր մոլորակին մէկ անկիւնը նստած է եւ Սամուէլ կամ Երուխանի «Ամիրային աղջիկը» կը կարդայ: Չեմ պատկերացներ, որ մէկը այս ժամուն բացած է Վարուժանին «Հացին երգը», որ ինծի համար Աստուածաշունչին չափ արժէք ունեցող գործ է…
Ուրեմն միակ կարդացուող գրականութիւնը, այսօր, փաստօրէն մամուլն է, թերթն է: Եւ եթէ լեզուն պիտի սրբագրենք, եթէ աղաւաղուած լեզու մը պիտի չտարածենք, մամուլը պէտք է որոշ չափով չափանիշ մը ըլլայ: Կատարելութիւն մը չէ իմ ուզածս, մենք բոլորս ալ խոցելի ենք հայերէնի մէջ, ես ալ խոցելի եմ, հաւանաբար եթէ շատ-շատ լաւ հայերէն գիտցող մը տեսնէ, իմ սխալներս ալ կը բռնէ: Բայց ես կը կարծեմ, որ այս կամ այն թերթի աշխատողներէն աւելի լաւ գիտեմ հայերէն: Յետոյ իտէալական հայերէն մը չէ իմ փնտռածս, երբեմն նամակ կը գրեն, կը հարց-նեն՝ այսպէ՞ս կ՚ըլլայ, կ՚ըսեմ՝ կ՚ըլլայ, բայց շատ առաջ կ՚երթաս:
Նաեւ՝ խմբագիրէ մը կարելի չէ պահանջել ծայրայեղ բծախնդրութիւն: Այդ խեղճերը եօթը-ութը ժամ կ՚աշխատին, կը յոգնին, եւ յետոյ՝ ի՞նչ է առածնին: Ինծի կը թը-ւի, որ այն խմբագիրները, որոնք օրուան իրենց աշխատանքը կը վերջացնեն, սպառած են արդէն, չեն ալ գիտեր միւս էջերուն մէջ ի՛նչ կը գրուի, ոչ ալ սիրտ ունին ատկէ ետք թերթը բանալու: Ներքին էջին մէջ աշխատողին կացութիւնը նոյնն է, ան ալ քաղաքական էջը բանալու սիրտ չունի, այս պատճառով ալ շատ հետաքրքրական բաներ կը պատահին. այս ինչ բառը օրաթերթին առաջին էջին մէջ սա ձեւով կը գրուի, ներքին, հինգերորդ էջին մէջ սա ձեւով կը գրուի՝ ինչո՞ւ: Որովհետեւ նոյն մարդը չէ գրողը: Համադրող մըն ալ չունին, որ նոյն թերթին մէջ նոյն բանը տարբեր ձեւով չգրուի: Բայց նաեւ կը պատահի, որ նոյն յօդուածին մէջ նոյն գրողը երկու տարբեր ձեւերով գրէ նոյն բանը: Այսպիսի բաներ ալ կը պատահին:
-Ձեր նամակներուն արձագանգները ինչպէ՞ս են:
-Գոհ չեմ արդիւնքէն: Շատեր շնորհակալութիւններ կը յայտնեն նամակներուս համար, բայց չեն հետեւիր:
-Պարոն Եղիայեան, լեզուի մտահոգութիւնը մէկ կողմ, այսօր Սփիւռքի մեր ժողովուրդը ուրիշ տագնապներու մէջ է, պատերազմի վտանգ կայ Միջին Արեւելքի մէջ, երիտասարդութիւնը օրուան հացին ետեւէն է, այդ հարցերը՝ հայութեան ապագան ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք: Երիտասարդութիւնը շուարա՞ծ կը տեսնէք:
-Թերեւս, Լիբանանի մասին խօսինք: Եթէ բացայայտօրէն, բարձրաձայն այդ հարցերուն մասին չեն խօսիր, ապա ենթագիտակցաբար այդ հարցերը կան եւ ատոր հետեւանքները մենք կը կրենք՝ լիբանանահայ գաղութն ալ հետզհետէ կը նուազի, արտագաղթ տեղի կ՚ունենայ: Պէտք չէ տարուիլ այն շռնդալից թիւերով, որ մեր քաղաքական դէմքերը կը յայտարարեն՝ ընտրական նկատառումներով եւ այլն: Տրուած թիւերը իրականութեան հետ կապ չունին, այսօր ես շատ կը կասկածիմ, որ Լիբանանի մէջ քառասուն հազար հայ մնացած է, մինչդեռ ես լաւ կը յիշեմ այն օրերը, երբ մինչեւ 125 հազար, թերեւս քիչ մըն ալ աւելի հաշուած է լիբանանահայ գաղութը: Ինչի՞ հետեւանք է այս նուազումը. այդ «արիւնահոսումը» միշտ կայ, որովհետեւ լիբանանահայը այլեւս Լիբանանը իր վերջնական կայքը չի նկատեր: Ինչպէս այստեղէն գաղթող կայ որեւէ պատճառով, այնտեղէն ալ գաղթող կայ ուրիշ պատճառով, Լիբանանի տնտեսութիւնն ալ փայլուն չէ…
-Ամէն օր այդ մտահոգութիւններով ապրող հայ մարդու, երիտասարդի կեանքին որակը ինչպէ՞ս կը գնահատէք, այդ հարցերը ազդեցութիւն չե՞ն ունենար անոր կեանքին վրայ:
-«Երթա՞մ, թէ՞ մնամ»ը ամէնօրեայ բնոյթ չունի, կաթիլ-կաթիլ յառաջացող մտատանջութիւն մըն է, եւ օր մըն ալ այսինչը կ՚անդրադառնայ, որ ինքը պիտի ձգէ, երթայ, եւ եթէ միջոցներն ալ ունի, անպայման կը ձգէ, կ՚երթայ:
-Բայց Հայաստան չեն գար, որքան տեղեակ եմ, Արեւմուտք կ՚երթան:
-Հայաստան քիչ կու գան, այդ ալ ուրիշ բնաբան մըն է: Լիբանանէն այնքան քիչ կու գան Հայաստան, որքան՝ Ամերիկայէն, քիչ են եկողները: Ընդհանուր առմամբ, Սփիւռքի ընդհանուր պատկերին համապատասխան է լիբանանցիին ալ այստեղ գալ ու հաստատուիլը: Լիբանանցին, երբ կ՚որոշէ գաղթել, Հայաստանը նկատի չունի, այլ վայրեր են իր միտքին մէջ:
-Դուք յաճախ կու գաք Հայաստան, իսկ Ձեզի համար ի՞նչ է Հայաստանը:
-Մեր գոյութեան գերագոյն իմաստն է Հայաստանը: Եթէ Սփիւռքին վրայ պիտի գուրգուրանք, մեր լեզուն պահենք, որպէսզի առաւելագոյնս դիմանանք, ատիկա Հայաստանի համար է, որ կ՚ընենք, սպասելով, որ Հայաստանը հայրենադարձ ընդունելու ի վիճակի ըլլայ: Եւ երբ այդ օրը հասնի, երբ այդ բախտի օրը գայ եւ մեր դուռը զարնէ, մենք բաւարար հայ զգանք մենք զմեզ եւ բախտի կոչին պատասխանենք վերադառնալով: Սփիւռքի մէջ հայապահպանումը ես այս իմաստով կ՚առնեմ, ինքնանպատակ հայապահպանում չեմ առներ, այլ, որ վերջնական նպատակը ըլլայ Հայաստան վերադառնալ: Հայաստանը պատրաստ ըլլայ ընդունելու եւ ինքզինք հայ զգացող զանգուածն ալ կարենայ Հայաստան վերադառնալ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ