ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ, ԲԱՅՑ ՆԱԵՒ՝ ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու կազմակերպչական օղակը, սկսելով իմ պատանեկան-երիտասարդական տարիներէն, կու գար երկրորդ հանրապետութենէն, որ այդ օրերուն կը կոչուէր Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէ: Երրորդ հանրապետութեան հետ ստեղծուեցաւ Սփիւռքի նախարարութիւնը. այս իմաստով բաւական ճամբայ կտրած ենք Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու գործընթացին մէջ մէկ կողմէ կազմակերպչական կառոյցի եւ ցանցի յատակագիծով, բայց նաեւ՝ յայտագիրներու մշակման եւ զարգացումներու առումով: Հայկական սփիւռքը, ինչ խօսք, ունի իւրայատուկ դրուածք՝ մեկնելով պատմական այն իրողական վիճակէն, թէ մեծ համեմատութեամբ հետեւանք էր ցեղասպանութեան եւ տեղահանումի: Ասիկա հայկական սփիւռքին կու տայ իւրայատուկ կարգավիճակ, բայց նաեւ՝ նոյնքան իւրայատուկ մարտահրաւէր:

Երրորդ հանրապետութենէն ետք Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները զգալի եւ շեշտակի կերպով զարգացան ու աճեցան: Հայաստան՝ որպէս անկախ պետականութիւն եւ երկիր,  դարձաւ աշխարհասփիւռ հայութեան կիզակէտը: Անցնող աւելի քան քսանեօթ երկար տարիները եղան ուսանելի, բայց նաեւ՝ հայրենիք եւ սփիւռք զիրար հասկնալու, միասին գործելու, երկիրը շէնցնելու եւ զարգացնելու մեծ պատեհութիւն եւ ներդրում: Այսօր Հայաստան-սփիւռք կը գտնուինք այնպիսի կարգավիճակի մը մէջ, երբ զիրար շատ աւելի լաւ հասկցած եւ իրարու հետ շատ աւելի լաւ մէկտեղուած ենք: Այս զարգացումին մէջ Սփիւռքի նախարարութիւնը եղաւ շատ կարեւոր կառոյց մը եւ աշխատանքային բնագաւառ, որ կամրջեց աշխարհով մէկ տարածուած հայութիւնը իր տարբեր շերտերով՝ Հայաստանի հետ եւ անպայմանօրէն՝ փոխադարձ յարաբերութեամբ: Ու տակաւին, ան հանդիսացաւ սփիւռքը ինք իրեն հետ եւ իրարու հետ միացնող կռուան:

Հոսկէ մեկնելով՝ կան շարունակականութեան գործընթացը եւ հարցադրումները, որոնք կը շրջագային ներկայ օրերուն: Պէ՞տք է շարունակել Սփիւռքի նախարարութիւնը: Եթէ այո՛, ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ տարողութեամբ: Եւ եթէ ոչ, բայց ինչո՞ւ:

Ներկայ օրերը ունին իրենց շատ մը մարտահրաւէր-հիմնահարցերը մէկ կողմէ սփիւռքահայ իրականութեան համար, բայց նաեւ՝ հայաստանեան իրավիճակէն մեկնելով եւ երեւի թաւշեայ յեղափոխութենէ ետք աւելի մեծ ակնկալութիւններո՞վ: Եթէ հայկական սփիւռքը շատ «գունաւոր» է եւ տարբեր շերտերով, որուն վրայ պէտք է աւելցնել Հայաստանէն արտագաղթած հայորդիներ, որոնք սփիւռքեան իրականութեան վրայ աւելցուցին նոր «երանգներ»: Ու հայկական այս մեծ «պարունակին» մէջ կայ այլ երեւոյթ մը, որ մինչեւ այսօր սփիւռքը տակաւին չէ վերածուած,  այսպէս ըսած, կազմակերպչական-ընդհանրական կառոյցի մը, որ կրնար ծառայել որպէս համասփիւռքեան համադրողական օղակ: Բայց նաեւ առկայ է, եւ երեւի՝ ներկայ օրերուն մէջ շեշտուած ձեւով, Հայաստան երկրի եւ հայրենի պետականութեան ներշնչած ազգային-քաղաքական ինքնութիւնը՝ սփիւռքահայուն համար եւ ի մասնաւորի՝ երիտասարդ հայուն, որ հասակ կ՚առնէ շատ մը գաղութներու մէջ, եւ ուր ան-անոնք կը գտնեն-վերագտնեն իրենց հայկական աւանդը եւ ինքնութեան գիտակցութիւնը՝ հայրենի հողին մէջ եւ անոր միջոցով: Կարկինը աւելի լայն բանալով՝ այսօր շատ աւելիով օրակարգի վրայ է հայրենադարձութիւնը անցեալի ներգաղթի հիմքով, բայց՝ տարբեր տարողութիւններով, ընտրանքներով եւ միջոցառումներով:

Հայկական ընդհանրական այս իրավիճակներուն մէջէն է, որ պիտի տեսնենք անհրաժեշտութիւնը՝ շարունակելու Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ անոր աշխատանքային գործընթացը՝ գէթ աւելցնելով եւ կամ վերանորոգելով անոր աշխատանքային ռազմավարութիւնը: Եթէ մեր համահայկական եռանկիւնը կը կազմէ Հայաստան-Լեռնային Արցախ-սփիւռք, բայց անհրաժեշտ է, որ նոյն այս եռանկիւնը եւ անոր յարաբերութիւն-աշխատանքային գործընթացը ուժեղացնել: Ասոր մէջ, անկասկած, Սփիւռքի նախարարութիւնը ունեցած է եւ պէտք է շարունակէ պահել իր կարեւոր մասնակցութիւնը եւ ինքնուրոյն դրուածքը՝ հայրենի պետական վարչամեքենային մէջ: 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2018