ԱՐՑԱԽՑԻՆ ԱՆԿՈՏՐՈՒՆ
Արցախն ու արցախցին անկոտրուն են: Ձեր բոլոր ջանքերը ապարդիւն են: Արցախցին պատերազմի թոհ ու բոհի մէջէն անցած՝ լաւ մը թրծուած է:
Պատճառը սէրն է: Եւ այդ սիրոյ կաթիլները օրէ օր փոխանակ պակսելու, առաւել կը շատնան: Պարզապէս այս պահուն՝ ներքին ու արտաքին հակառակորդները կը ստուգեն արցախցիներու, հայերու զարկերակը: Ինչպէ՞ս:
Սոյն թուականի դեկտեմբերի 12-ին, Հայաստանի ժամով՝ 10:45-ին, ատրպէյճանցի խումբ մը իբրեւ բնապահպաններ գոցեցին Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը՝ Շուշի-Քարին Տակ գիւղի հատուածը: Այդ կենսական ճանապարհը ժամեր շարունակ մնաց փակ:
Այլեւս ինքզինքս համոզած էի, որ երեխաները պիտի տանինք տօնական Երեւանը վայելելու: Այո, երեխաները: Այդ տասնեակ հազարաւոր լոյսերուն ու զարդարանքներուն ամէն մէկը դաշոյնի կը նմանի, որ կարծես կը խրուին իմ սրտի մէջ: Այդ զարդարանքները ինծի միայն ցաւ կը պատճառեն: Որոշած էի նաեւ, պատերազմէն վերջ, առաջին անգամ ամանորեան տրամադրութիւն ստեղծել մեր յարկին տակ, թէպէտ այդ մէկուն համար ալ սիրտ չունիմ: Իմ բոլոր մտադրութիւնները ի չիք դարձան:
Իմ հայրենակիցներներէն հարիւրքսան հազար արցախցի ժամեր շարունակ կը գտնուին շրջափակումի մէջ: Այլեւս Ատրպէյճանը երբ որ կ՚ուզէ կը գոցէ, կը խաղայ Արցախի կենսական երակներով։ Անցեալ տարի կազատարը երկարաժամկէտ խափանուեցաւ, այս տարի ալ ճանապարհը՝ երբ ուզեն կը բանան ու կը փակեն:
-Մամա, գիտե՞ս, այլեւս ես, Հայաստանը, Արցախն ու Շուշին զիրար կը նմանինք,- տեսակ մը գորովանքով օրերս արտայայտուեցաւ հինգամեայ Զաւէնիկ:
-Ինչպէ՞ս:
-Այլեւս ես ալ՝ Հայաստանի, Արցախի ու Շուշիի պէս հիւանդացայ: Մենք բոլորս հիւանդ ենք:
Այսօր իմ մտքի մէջ կը շշնջամ, այնքան կամացուկ, որպէսզի յանկարծ Զաւէնս չիմանայ. «Որդիս, Արցախը շնչահեղձ կ՚ըլլայ: Նորէն փակած են շնչուղիները: Որդի՛ս, Արցախը շատ հիւանդ է: Իսկ երբ կը հիւանդանայ Արցախը, երբ Արցախի գլուխին կը կուտակուին սեւ ամպեր, ես նոյնպէս կը հիւանդանամ»:
Յիրաւի կը հիւանդանամ՝ Բերձորը, Աղաւնոն, Սուս գիւղը վկայ, սեպտեմբերեան վերջին պատերազմը վկայ: Այժմ ալ հիւանդացայ՝ ջերմութիւն, դող, ախորժակի կտրուկ բացակայութիւն, ուժեղ գլխացաւ: Այս բոլորին աւելացան գլխապտոյտները: Իսկ իմ հոգին ցաւէն, անճարակութենէն կը ոռնայ: Խիղճս հանգիստ չի ձգեր զիս: Ախր, իմ տեղը Արցախի մէջ է: Ախր, ես ի՞նչ գործ ունիմ Երեւանի մէջ: Ինքզինքս չեմ կրնար ներել Արցախէն դուրս ապրելու համար: Անդադար կը զգամ իմ փոքրութիւնը, ոչնչութիւնը: Ինքզինքս ապիկար ու անառակ զաւակի մը պէս կը զգամ: Վստահաբար, եթէ ըլլայի Արցախի մէջ, պիտի չվախնայի, շատ աւելի հանգիստ պիտի ըլլայի: Կեանքը Արցախէն դուրս ինծի համար չէ:
Երբ ես ու ինծի պէս բազում հայեր կը խելագարէին ցաւէն, Հայաստանն ու Արցախը միտումնաւոր դէպի կործանում տանող վարչապետի տիկինը որոշեց չափել հայու զգօնութիւնը: Որոշեց բազմապատկել մեր ցաւը, որոշեց ցաւցնել, որոշեց այդ օրհասական պահուն ցոյց տալ իւր անտարբերութիւնը թէ՛ Արցախի, թէ՛ արցախցիի, առհասարակ հայու վրայ թքած ունենալու նուրբ արուեստը: Աննա Յակոբեանը երբ այլեւս երկրի մէջ անհանգիստ ալիք մը բարձրացած էր, Արցախն ու արցախցին ժամեր շարունակ կը գտնուէին շրջափակումի մէջ, ձմրան օրով ճանապարհին մնացած ծեր ու մանուկ կը մսէին, որոշեց իր դիմատետրի պատին, իրենց տաքուկ ապարանքէն լուսանկար մը տեղադրել: Ես, մենք այստեղ ցաւէն կը մեռնինք, ան, իրենց կողմէ զաւթուած ապարանքին մէջ, կատուի հետ միասին, հանգիստ գիրք կը կարդայ, մեկնաբանելով այսպէս. «Օսքարի հետ գիրք կարդալու համար՝ ամուր նեարդներ եւ հաստատակամութիւն է անհրաժեշտ»:
Ակնյայտ է, որ այս անհարկի քայլը կատարուած էր միտումնաւոր: Այստեղ տողատակեր ալ կան: Թերեւս յետագային պիտի կարդանք: Ասոնց իւրաքանչիւր քայլը ծանրութեթեւ ըրած է:
Սակայն, ինչպէ՞ս կարելի է այդքան փոքրոգի, ճղճիմ ու սառնասիրտ գտնուիլ սեփական ժողովուրդի նկատմամբ: Ինչպէ՞ս կարելի է միտումնաւոր ա՛լ աւելի ցաւցնել ցաւէն ոռնացող, տառապեալ ազգը...
Հայաստանի մէջ քաոս է, ողբերգութիւն, բազմաբեւեռ իրականութիւն, մասնատուածութիւն: Մինչեւ այսօր ազգադաւներ իրենց առջեւ դրուած առաջադրանքները կը կատարեն գերազանց: Այդ մենք ենք, որ կը յապաղինք: Այդ մենք ենք, որ ամէն անգամ մեր ձեռքէն բաց կը թողենք ասոնցմէ ազատուելու հնարաւորութիւնը: Ընդդիմութիւնն ալ կարծես ձմրան քունի մտած ըլլայ՝ ձայն-ձոյն չկայ: Բոլորը լուռ են, երկիրը կը տնքայ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան