ԱՅԼԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Այլաբանութիւնը միշտ ներկայ է մեր կեանքին մէջ: Շատ անգամ, բանաւոր խօսքի մէջ, գեղարուեստական կամ հրապարակային գրութիւններու միջոցով կը փորձենք միտք մը, գաղափար մը կամ զգացում մը արտայայտել անուղղակի ձեւով, առարկայի կամ երեւոյթի մասին պատկերացում տալ ուրիշ առարկայի մը կամ երեւոյթի մը միջոցով:

Ինչո՞ւ կը գործածուի այլաբանութիւն, եթէ կարելի է պարզ խօսիլ եւ հակիրճ արտայայտուիլ: Բազմաթիւ հասկացութիւններ, որոնք տեսանելի ձեւ չունին, այլաբանութեան օգտագործման շնորհիւ կը դառնան մատչելի, ճանաչելի: Յաճախ կ՚ըլլայ նաեւ հակառակը՝ երեւոյթը շատ տեսանելի եւ ակնյայտ կ՚ըլլայ, բայց մարդոց հասու կամ հասկնալի չ՚ըլլար կամ ալ անուշադիր կ՚ըլլան եւ հեղինակը ստիպուած կ՚ըլլայ այլ միջոցներով բացատրել: Երբեմն ալ այլաբանութիւն կը գործածուի պարզապէս խօսքը ճոխ, արժէքաւոր, գեղարուեստական եւ հետաքրքրական դարձնելու համար: Հինէն ի վեր միշտ գործածուած է այս գեղարուեստական հնարքը: Այլաբանութիւնը լայնօրէն կը գործածուի մանաւանդ առակներու եւ հեքիաթներու մէջ: Կենդանիներու, բոյսերու, անշունչ առարկաներու եւ այլ բնական երեւոյթներու անձնաւորման միջոցով կը պատկերացուին մարդիկ, անոնց բնաւորութեան դրական կամ բացասական գիծերը՝ դաստիարակելու, թերութիւնները քննադատելու եւ ուղղելու նպատակով: Օրինակ՝ առակներու մէջ աղուէսի միջոցով կ՚ակնարկուի խորամանկ եւ հնարամիտ մարդոց, գայլի միջոցով կը ծաղրուի մարդոց ագահութիւնը եւ դաժանութիւնը, ճպուռի միջոցով՝ ծուլութիւնը, կրիայի միջոցով՝ դանդաղկոտութիւնը… Օձը երկիմաստ սողուն է այլաբանութեան մէջ՝ մէկ կը համեմատուի խելացի մարդու հետ, մէկ՝ խայթող եւ թունաւոր արարած կը պատկերուի օձի միջոցով: Առակներու մէջ բնաւորութեան դրական գիծեր կը ներկայացնեն գառնուկը, մեղուն, մրջիւնը, աղաւնին, ձին եւ այլն: Արուեստի զանազան ճիւղերու մէջ կը տեսնենք այլաբանական կայուն պատկերներ։ Օրինակ՝ հայ մանրանկարչութեան եւ ճարտարապետութեան մէջ խաղողի ու նռան պատկերները արտայայտած են հայ մարդու ստեղծագործ աշխատանքը, իսկ գեղարուեստական գրականութեան մեջ վարդի եւ սոխակի պատկերներով արտայայտուած է սիրոյ այլաբանութիւնը:

Այլաբանութիւն կը գործածուի նաեւ երգիծական իմաստով, երբ ընթերցողը կամ ունկնդիրը պէտք չէ մէկ անգամէն զգայ խայթոցը եւ երգիծանքը տեղ կը հասցուի քօղարկուած: Այլաբանութիւնը լայն կիրառում ունի նաեւ քաղաքականութեան մէջ: Քաղաքական առաջնորդներ իրենց ծրագրերուն մասին միշտ չէ, որ բացայայտ կ՚արտայայտուին, եւ այլաբանութեան դիմելով, կը խուսափին քննադատութիւններէ եւ յարձակումներէ, կը մնայ դիմացինը կռահելու ունակութիւն ունենայ եւ ըսուածը հասկնայ կռահելով: Այլաբանութիւնը կը զարգացնէ մարդուն զգայնութիւնը գեղարուեստական ​​խօսքի նկատմամբ, կ՚արթնցնէ անոր գեղագիտական ընկալումը, յոյզերը, զգացմունքներն ու բնազդը, նաեւ՝ երեւակայութիւնը:

1883 թուականին Պոլսոյ մէջ, «Ա. Յակոբ Պօյաճեան» տպարանէն լոյս կը տեսնէ «Կամուրջ» խորագրով բարակ գիրք մը: Այլաբանական պատմութիւն մըն է, որ չունի հեղինակ, սակայն այնքան մօտ է իրականութեան, որ կը թուի, թէ ժողովուրդն է այս պատմութեան հեղինակը: Կը ներկայացնենք այդ եւ 1929 թուականին «Անահիտ» հանդէսին մէջ տպուած լեհական այլաբանական պատմութիւն մը:

ԿԱՄՈՒՐՋ
ԱՅԼԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Ճանապարհորդ մը իր ճամբորդութեան մէջ շատ այգիներու եւ պարտէզներու մէջ տեղաւորուած գեղեցկաշէն քաղաք մը եկաւ: Տերեւախիտ ծառեր անոր լայն եւ ընդարձակ փողոցները կը հովանաւորէին: Հարուստներուն տուները մեծ էին եւ հեշտ, աղքատներունն ալ փոքր, բայց մաքուր եւ անդորր: Հարիւրաւոր խանութներ լեցուն էին մեծագին վաճառօք, եւ գործարաններու մէջ արհեստաւորներ միշտ զբաղած էին գործով: Վերջապէս ժողովուրդը երջանիկ եւ բարենշան կ՚երեւէր: Ճանապարհորդը մեծ հաճութիւն կը զգար բոլոր տեսածներէն, եւ քաղաքացիներէն մէկուն հետ խօսակցութեան մտնելով ըսաւ անոր.

«Ձեր քաղաքը շատ գեղեցիկ է, եւ ժողովուրդը երջանիկ եւ բարենշան կը գտնեմ»:

«Այո՛, պատասխանեց միւսը: Մեր քաղաքը գեղեցիկ է, եւ շատ երջանիկ պիտի ըլլայինք, եթէ գետը չըլլար»:

«Ի՞նչ գետ: Ես հոս գետ չտեսայ», հարցուց օտարականը:

«Կայ գետ մը, որ քաղաքին մօտ դաշտին մէջէն կը վազէ ահռելի երեւոյթով, ուստի եւ անոր եզերքը կարգաւ խիտ առ խիտ ծառեր տնկած ենք գետը ծածկելու համար, քանզի չենք ուզեր անոր նայիլ, ոչ ալ անոր վրայ մտածել», պատասխանեց:

«Ի՞նչ վնաս կ՚ընէ ձեզի գետը», հարցուց ճանապարհորդը զարմանօք եւ հետաքրքրութեամբ:

Քաղաքացին անոր այս հարցման սա պատասխանը տուաւ. «Մեր երկրին թագաւորը յիշեալ գետին միւս կողմը կը բնակի, եւ կը պահանջէ որ մենէ ամէն մէկը, կանուխ կամ անագան, այն խոր եւ սրընթաց գետէն անցնելով երթայ անոր քով: Մենք առաջուց չենք գիտեր թէ ե՞րբ կը կոչէ զմեզ, բայց թագաւորին պատգամաբերը երբ որ գայ, կը ստիպուինք երթալ: Երբեմն գիշերը կը կոչէ զմեզ, եւ պէտք է որ երթանք: Երբեմն ալ այնպիսի ատեն մը կը կոչէ որ շատ զբաղեալ ենք գործերով, սակայն կը ստիպուինք անմիջապէս մեր գործերը թողուլ ու գետէն անցնելով երթալ»:

«Ինչպէ՞ս կ՚անցնուի գետէն, նաւակա՞ւ, թէ՞ ուրիշ կերպով», հարցուց օտարականը:

«Ոմանք կ՚ըսեն թէ անցնելու համար նաւակ կայ, ոմանք ալ կ՚ըսեն թէ չկայ. ասոր վրայով ձեզի ստոյգ բան մը չեմ կրնար ըսել. սա միայն իբրեւ ստոյգ կ՚ըսեմ թէ այն գետը մեզ կը դողացնէ, անոր վրայ խորհիլն անգամ մեզի մեծ անձկութիւն է, ուստի միշտ կը ջանանք որչափ հնար է, անոր գաղափարը մեր մտքէն հանել: Անոր վրայ շատ քիչ կը խօսինք: Մենէ ամէն մէկը գիտէ, թէ գետէն պիտի անցնի, երբ որ կը կանչուի: Ուստի չենք ուզեր ժամանակէն առաջ մեր խաղաղութիւնը վրդովել անոր յիշատակութեամբ», պատասխանեց քաղաքացին:

«Թագաւորին գտնուած երկիրը ինչպիսի՞ տեղ է», ըսաւ օտարականը: «Ամէն մարդ կ՚ըսէ, թէ շատ գեղեցիկ երկիր է, բայց այս մասին ալ քիչ բան գիտենք, անկէ հոս վերստին եկող մը չկայ, որ մեզի այն տեղւոյն վրայով լուր տայ: Թագաւորին մեզի ղրկած խօսքէն գիտենք, թէ շատ սքանչելի տեղ է, եւ թէ հոն մեզ ամենուս համար պատրաստուած բնակարաններ կան, բայց եւ այնպէս, շատ քիչեր կը փափաքին հոն երթալ: Ընդհակառակն, գրեթէ ամէն մարդ աւելի կ՚ընտրէ հոս մնալ: Ամէնքս ալ այն գետէն կը վախնանք»:

«Ինչո՞ւ համար նաւակներ չէք շիներ կամ ուրիշ պատրաստութիւններ ըներ անցքը դիւրացնելու եւ զձեզ վտանգէն ապահով ընելու համար», կրկնեց օտարականը: Այս հարցման վրայ քաղաքացին տհաճութեամբ պատասխան տուաւ ըսելով. «Կ՚աղաչեմ, տէր, այս նիւթին վրայ այլեւս չխօսինք, ժամավաճառ ըլլալ չեմ ուզեր, քանզի գործ ունիմ, մանաւանդ որ ձեզի ըսի արդէն, թէ այս նիւթին վրայ խօսելէ չենք ախորժիր, քաղաքավարութեան ալ դէմ համարուած է ասիկա խօսակցութեան նիւթ ընել: Եթէ այս նկատմամբ աւելի տեղեկութիւն ունենալ կ՚ուզէք, գացէք սա մարդուն՝ ինչպէս կը տեսնէք, տղոց հետ կը խօսի: Ան ձեր ամէն հարցման պատասխան կու տայ, քանզի թագաւորին պաշտօնատարներէն է»:

Այն ատեն օտարականը թագաւորին պաշտօնեային մօտենալով կը հարցնէ անոր, թէ կը հաճի՞արդեօք քանի մը տեղեկութիւն տալ այն գետին վրայ, որու համար կ՚ըսուի, թէ քաղաքին մօտ է, եւ թէ ամէն քաղաքացի պէտք է որ օր մը անկէ անցնելով երթայ թագաւորին երկիրը, որ գետին միւս կողմն է: «Ամենայն յօժարութեամբ, պատասխանեց պաշտօնեան, եթէ կը հաճիք ինծի հետ գալ քաղաքէն դուրս քիչ մը հեռու, գետը ձեզի կը ցուցնեմ»: Օտարականը գնաց թագաւորին պաշտօնատարին հետ, եւ դաշտին մէջէն անցնելով եկան լայնատարած եւ խորաջուր գետի մը քով:

Օտարականը այն գետը տեսնելով զարհուրհեցաւ եւ ըսաւ թագաւորին պաշտօնատարին. «Ստո՞յգ է, որ այս քաղաքին բնակիչներուն ամէն մէկը պիտի ստիպուի օր մը անցնիլ այս գետէն»:

«Այո՛, ըսաւ պաշտօնատարը: Թագաւորին հրամանն է այս»:

«Բայց հա՞րկ է, որ անոնք ջուրին մէջէն անցնին, քանզի ինչպէս կը տեսնեմ, գետին հոսանքը այնպէս ուժգին եւ արագ է, որ զանոնք կրնայ առնել տանիլ: Ուրիշ ճամբայ մը չկա՞յ անդին անցնելու՝ առանց ջուրին մէջէն երթալու»:

«Անտարակոյս կայ: Թագաւորը արդէն հոգ տարած է շինել տալ հաստատուն կամուրջ մը, որմէ գետէն անցնող ամէն մարդ կրնայ միւս կողմը երթալ, եթէ կամենայ», ըսաւ միւսը:

«Կամո՜ւրջ մը: Բայց ես այդպիսի բան մը չեմ տեսներ: Քաղաքացիներէն մէկն ալ որուն հետ քիչ մը առաջ կը խօսէի գետին մասին՝ ամենեւին կամուրջի խօսք չըրաւ, թերեւս անոր վրայ տեղեկութիւն չունէր», գոչեց օտարականը:

«Թերեւս: Բայց, ինչպէս ըսի, գետին վրայէն անցնելու համար կայ կամուրջ մը, զոր թագաւորին որդին շինած է, եւ ամէն մարդու հրաւէր կ՚ընէ անկէ անցնելու: Ստոյգ է որ քաղաքացիներէն շատեր զբաղեալ ըլլալով իրենց առուտուրով եւ ուրիշ հոգերով, գիտնալով եւս թէ իրենց կանչուելու ժամանակը անորոշ է, կամուրջին նկատմամբ խնդիր կամ հարցուփորձ չեն ըներ, եւ եթէ երբեք անոր մասին բան մը լսեն, շուտով կը մոռնան: Արդարեւ կամուրջը քիչ մը հեռու է, եւ բաւական աշխատութիւն պէտք է զայն գտնելու, բայց այն է միմիայն ապահով ճամբան գետին միւս կողմը անցնելու: Շատ շատ մարդիկ չեն հաւատար ասոր, կը կարծեն, թէ կարող են անցնիլ գետին մէջէն քալելով կամ լողալով, այս պատճառաւ, երբ կը կանչուին թագաւորին եղած տեղը երթալու համար, կը ստիպուին այս վերջին ճամբան բռնել, այսինքն, քալել կամ լողալով անցնիլ: Այս տեսակ մարդիկ անտեղեակ են կամուրջին, եւ եթէ իրենց կանչուած ատենը կամուրջը գտնել կամենան, անօգուտ է, քանզի անցած է ժամանակը, ուստի կամայ ակամայ կը նետուին այն խոր եւ սրընթաց ջուրերուն մէջ եւ հոսանքին բռնութենէն մղուեալ՝ հարկաւ կը տարուին: Այս կողմը մնացողները անգէտ ըլլալով գետին մէջէն անցնողներուն պատահած արկածէն՝ իրենք ալ նոյն բանը կ՚ընեն, երբ անցնելու կարգը իրենց կու գայ: Այսպէս կը կորսուին իրարու ետեւէ՝ առանց տեսնելու երբեք թագաւորին երեսը եւ անոր գեղեցիկ փառաւոր արքունիքը», ըսաւ պաշտօնատարը:

«Շատ ցաւալի է ասիկա», ըսաւ օտարականը:

«Այո՛, պատասխանեց թագաւորին պաշտօնատարը, արդարեւ ցաւալի է, մանաւանդ եթէ խորհինք, թէ ի՜նչ մեծ ծախսերով շինուեցաւ կամուրջը, եւ թէ քանի քանի անգամ թագաւորը կը ղրկէ իր ծառաները քաղաքին բնակիչներուն լուր տալու կամուրջին կապակցութեամբ, զգուշացնելու եւ խրատելու զանոնք, որպէսզի ամէն մարդ փութով սորվի կամուրջին տեղն ու ճամբան, այնպէս որ եթէ յանկարծ կամ գիշերուան մէջ իսկ կանչուի, կարող ըլլայ գտնել զայն, եւ ապահով անցնի գետին միւս կողմը:

Նամանաւանդ թագաւորը գիրք մըն ալ հրատարակել տուած է, որուն մէջ լի ու լի տեղեկութիւն կը տրուի կամուրջին մասին, թէ ինչպէ՛ս կը գտնուի անիկա: Այս գիրքը քաղաքին գրատուներուն մէջ կը վաճառուի, բայց ցաւով կ՚ըսեմ, թէ շատեր անփոյթ են անկէ օրինակ մը գնելու կամ եթէ ունին կարդալու ուշադրութեամբ»: «Քաղաքացիներու այս անհոգութեան եւ ապերախտութեան համար թագաւորը ինչպէ՞ս չի բարկանար», ըսաւ օտարականը:

«Թագաւորը շատ վշտացած է, կը ցաւի նաեւ այս ժողովուրդին վրայ, քանզի կը սիրէ իր բոլոր հպատակները եւ կը փափաքի որ անոնք անվտանգ հասնին իր արքայութեան մէջ անոնց համար պատրաստած շքեղ բնակարանները: Այս պատճառաւ անոնց միշտ պատգամաւորներ կը ղրկէ, որոնք կը խօսին ժողովուրդին կամուրջին վրայով եւ կը յորդորեն զանոնք անոր օգուտը վայելելու», պատասխանեց պաշտօնատարը:

Եթէ մէկը հարցնէ, թէ ո՛ւր է այդ քաղաքը, եւ որո՛նք են անոր անհոգ բնակիչները, կը պատասխանենք այդ հարցնողին, թէ բուն իր բնակած քաղաքն է այն, եւ հաւանաբար ինքն ալ այն անհոգ եւ ապերախտ բնակիչներէն մին է:

ԼԵՀԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ-ԱՅԼԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Հեղինակ՝ ԱՏԱՄ ՄԻՑՔԻԵՒԻՉ

Մտիկ ըրէ, աղջի՛կ:

Ան մտիկ չ՚ըներ… Օրը ցորեկ է, քաղաքին մէջ ենք, քովդ մարդ չկայ, ի՛նչ ուրուական է որ բռնել կ՚ուզես: Կը կանչես զայն, կը թուիս զայն ճանչնալ…

Ան մտիկ չ՚ըներ… Քարի մը պէս անշարժ, աչքերը մերթ սեւեռուն, մերթ մոլորուն, յանկարծ լալ կը սկսի, պարապը կը գրկէ, կը շարժակի, յետոյ կ՚արտասուէ ու կը ժպտի:

«Դո՛ւն ես, սիրելի Ժանս, գիշե՜րը, նոյնիսկ մահուընէ՞ յետոյ, ով սիրականս: Եկո՛ւր, օհ եկո՛ւր, յուշիկ քայլերով, որովհետեւ խորթ մայր մը կրնայ մեզ իմանալ…

«Եւ եթէ իմանայ, ա՛լ չկաս դուն: Գերեզմա՜նն ես, մեռած: Ա՜հ, կը վախնամ, կը վախնամ, իմ քունէս, ան է, ինքն իսկ: Իր դէմքն է, իր աչքերը, իր ճերմակ պատմուճանը:

«Ինքն է, տեսէք, տժգոյն, ինչպէս իր պատանքը… պաղ, ինչքան սառուցիկ են իր ձեռքերը: Հոս, հոս, տաքցուր զանոնք սրտիս վրայ, թեւերուս մէջ, օ՛ն եկո՛ւր, շրթներդ շրթներուս:

«Ա՜հ, ինչ ցուրտ կ՚ընէ գերեզմանին մէջ: Ահա մեռած ես դուն, մեռած երկու տարիէ ի վեր: Ա՛ռ տար զիս, ես ալ կ՚ուզեմ մեռնիլ, չեմ սիրեր այս աշխարհը:

«Կը տառապիմ չար ամբոխին մէջ, կու լամ ու արցունքներուս վրայ կը խնդան, կը խօսիմ ու ոչ ոք կ՚ուզէ զիս հասկնալ, կը տեսնեմ ու անոնք չեն տեսներ:

«Աւելի կանուխ եկուր.. Աստուա՜ծ իմ, երա՞զ մըն է արդեօք: Օ՛հ ոչ, քեզ գիրկս ունիմ.. բայց ահա կը փախչիս ինձմէ, սիրելի Ժանս, կեցի՛ր, կեցի՛ր դեռ, դեռ շուտ է, շատ շուտ:

«Աստուա՜ծ իմ, աքաղաղը խօսեցաւ, արշալոյսը պատուհաններուն մէջ փայլեցաւ, Ժա՛ն, կեցիր դեռ… Ախ, անհետացաւ, վա՜յ ինծի»:

Այսպէս աղջիկը կ՚ողբայ իր նշանածը: Կը վազէ անոր ետեւէն, կ՚ուզէ զայն բռնել, կը կանչէ զայն, ու կ՚իյնայ նուաղած, այդ անկումէն, այդ աղաղակէն ամբոխը կը հաւաքուի:

«Աղօթք ըրէք, կ՚ըսէ պարզամիտ ժողովուրդը, անոր հոգին հոս ներկայ ըլլալու է, Ժան իր սիրելի Մարիին քովը ըլլալու է, ան որ երկրիս վրայ անքան կը սիրէր զանիկա»:

Եւ ես կը հնազանդիմ, կը հաւատամ, կ՚արտասուեմ եւ կ՚աղօթեմ:

«Մտիկ ըրէ, աղջի՛կ, կը գոչէ ամբոխին մէջէն ծերունի մը, եւ դուք բոլորդ, հաւատացէք իմ ակնոցներուս եւ իմ աչքերուս, ոչինչ, ոչինչ կը տեսնեմ այդ աղջկան շուրջը:

«Ոգիները գինով մարդոց մէկ հնարքն են, տգիտութեան աշխատանոցներուն մէջ դարբնուած: Այս աղջիկը յիմար մըն է եւ այս ժողովուրդին հաւատքը ողջմտութեան հակառակ է»:

-Այդ աղջիկը ԶԳԱՑՈՒՄՆ է, եւ այդ ժողովուրդը ՀԱՒԱՏՔՆ է, երկուքն ալ աւելի լաւ կը տեսնեն, քան գիտունին ակնոցներն ու աչքերը:

«Դուն գիտես մեռած ճշմարտութիւններ, ռամիկին անմատչելի, դուն աշխարհը հիւլէի մը մէջ կը տեսնես եւ հիւլէ մը աշխարհի մէջ, բայց չես լսեր բանը, կենդանի ճշմարտութիւնը, քեզի համար հրաշք չկայ:

Պէտք է սիրտ մը ունենալ եւ ուրիշներու սրտին մէջ տեսնել»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2023