ԶԱՐԵՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ԵԶԱԿԻ ԵՒ ՍՐԲԱԿԵՆՑԱՂ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԸ
Կիրակի, 15 դեկտեմբեր 2024-ին, «Յառաջ Արեւտմահայերէնի» կեդրոնէն ներս, Երեւան, տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ մը, նուիրուած՝ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանին՝ վախճանման 20-րդ տարելիցին առիթով: Երեկոյի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզիլեան, որ խօսեցաւ Զարեհ Սրբազանի հոգեւորականի կերպարի մասին: Ստորեւ, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Արժանապատիւ քահանայ հօր խօսքը:
*
Ուրախ եմ, որ այսօր ինծի առիթ տրուած է խօսելու մեծ անձնաւորութեան մը, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ վերջին տասնամեակներու ամենէն փայլուն դէմքերէն մէկուն՝ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի մասին, որուն ձգած հետքերը անջնջելի կերպով կը մնան եւ պիտի մնան դարեր շարունակ:
Զարեհ Արք. Ազնաւորեան, հմուտ աստուածաբան, սրբակենցաղ հոգեւորական, բարեկրօն եկեղեցական, ջերմեռանդ քարոզիչ, հաւատքի տարածիչ, Երկինքի Արքայութեան դեսպան, ուղիղ դաւանութեան պաշտպան:
Զարեհ Սրբազանին կեանքը խորհրդանիշ է օրհնաբեր ծառայութեան: Ան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, նուիրուեցաւ Հայ Եկեղեցիին՝ որպէս անոր անդաստանին ամենէն ընտիր մշակներէն մին:
Սրբազանը եզակի դէմք մըն է, որ անսակարկ նուիրումով Աստուածաշունչի գանձերը բաշխեց Քրիստոսի հաւատաւոր հօտին: Որպէս սերմնացան առատօրէն սերմանեց Աստուծոյ խօսքը: Զարեհ Սրբազանի տիպարը միշտ պայծառ է եւ խօսուն:
Ան ունէր բազմակողմանի շնորհներ, տաղանդներ եւ յատկութիւններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մասին կարելի է խօսիլ եւ գրել շա՜տ երկար:
Մենք ընդհանրապէս երբ որ մեծանուն անձերու մասին կը մտածենք, մանրամասն տեղեկութիւններու, կենսագրական գիծեր գտնելու մեծ դժուարութիւններ կ՚ունենանք, եւ երբեմն մեր յիշողութիւնը պղտոր կը մնայ, այլ խօսքով, մեր յիշողութիւնը մեզ կը դաւաճանէ: Միւս կողմէ, սակայն, պէտք է խոստովանինք նաեւ, թէ մեր մեծանուն հոգեւորականներու կենսագրականներու որոշ մանրամասնութիւններուն նոյնիսկ եթէ անտեղեակ մնանք, անպայման կ՚անդրադառնանք անոնց ձգած ազդեցութեան: Անյայտ գրող մը ըսած է, թէ՝ «մարդիկ կը մոռնան կեանքիդ կենսագրական մանրամասնութիւնները, բայց կը յիշեն քու ձգած ազդեցութիւնդ»:
Պօղոս առաքեալ Եբրայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, կ՚ըսէ. «Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները, որոնք Աստուծոյ խօսքը բերին ձեզի: Նայեցէք թէ ի՛նչպէս ապրեցան եւ ի՛նչպէս մեռան անոնք, եւ օրինակ առէք անոնց հաւատքէն» (Եբր 13.7): Այսօր մենք առաքեալին այս հոգեշահ յորդորին անսալով է, որ հաւաքուած ենք այստեղ, յարգելու համար մեծ հոգեւորականին յիշատակը:
Սրբազանին կեանքը կենդանի վկայութիւն էր Սուրբ Հոգիի ներգործութեան: Անոր կեանքը պայծառ եւ պերճախօս պատկերն է ջերմեռանդ ծառայութեան: Հետեւաբար, երբ մենք սրբազանին կեանքին կը նայինք, անպայման կը տեսնենք Աստուծոյ շնորհքին մնայուն եւ տիրական ներկայութիւնը, որովհետեւ առաջին օրէն երբ սրբազանը ուխտեց ծառայել Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար՝ մինչեւ վերջ մնաց ուխտապահ: Ո՛չ միայն Աստուծոյ խօսքով հարստացաւ, այլեւ ուզեց Աստուծոյ խօսքով նաեւ հարստացնել մարդոց կեանքը՝ իր առաքինասէր կեցուածքով, իր առաքինազարդ վարք ու բարքով եւ իր կեանքի վկայութեամբ:
Արդարեւ, Զարեհ Սրբազանը Պօղոս առաքեալին նման աւետարանող, Դաւիթ թագաւորին նման սաղմոս երգող, Եղիա մարգարէին նման նախանձախնդիր, Դանիէլ մարգարէին նման աղօթող, Սամուէլ մարգարէին նման ուխտապահ եւ Պետրոս առաքեալին նման համարձակախօս էր: Լուսաւորիչի կանթեղին լոյսը սփռեց ո՛ւր որ ալ գնաց: Ճի՛շդ է, որ սրբազանը երկրի մէջ ապրեցաւ, բայց եղաւ երկինքի դեսպանը եւ միշտ հնչեցուց Աստուծոյ խօսքը, իր հոգեխօս, տպաւորիչ եւ ազդեցիկ քարոզներով եւ ճառերով, վկայ՝ Անթիլիասի մայրավանքը, վկայ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը:
Զարեհ Սրբազանին հոգեւոր ծառայութիւնը չսահմանափակուեցաւ միայն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տարածքով, Լիբանանով, այլ՝ տարածուեցաւ աշխարհով մէկ: Անցնող օրերուն մի քանի եկեղեցական եղբայրներու հետ կը զրուցէի Զարեհ Սրբազանի մասին, հետաքրքրական էր լսել անոնցմէ վկայութիւններ սրբազանի մասին: Օրինակ, մէկը կ՚ըսէր, թէ սրբազանը Եհովայի վկաներու մասին գիրք գրած է, որու մէջ Սուրբգրային մէջբերումներով կը հերքէր այս աղանդին սխալ եւ մոլորեցնող ուսուցումները: Ուրիշ մը կ՚ըսէր, թէ ան անբասիր հոգեւորական մը եղած է, եւ այլն: Այս հոգեւորականները թէեւ առիթ չեն ունեցած սրբազանը մօտէն ճանչնալ, սակայն անոր գրութիւններուն, ինչպէս նաեւ իր մասին գրուած բազմաթիւ վկայութիւններուն ընդմէջէն դրական կարծիք կազմած են իր մասին եւ յարգանքով ու երախտագիտութեամբ կը յիշատակեն զինք:
Ազնաւորեան Սրբազանը ունէր բարոյական արժանիքներ եւ հոգեւոր օրհնութիւններ: Ան սակայն, այս յակտանիշներով երբե՛ք չհպարտացաւ, այլ իր ունեցած այդ արժանիքներն ու օրհնութիւնները ծառայեցուց հոգեւոր արթնութեան եւ հաւատքի տարածման համար: Հետեւաբար, խօսիլ Զարեհ Սրբազանի մասին, կը նշանակէ խօսիլ իւրայատուկ անձնաւորութեան մը մասին, որովհետեւ իր սրբաշող կեանքով, Աստուածահաճոյ երթով, մնաց միշտ Քրիստոսանման:
Արդարեւ, երբ սրբազանին մասին կը խօսինք, կը յիշենք անոր ունեցած յատկութիւնները եւ նկարագրային բարեմասնութիւնները: Այստեղ, ամփոփ ձեւով կ՚ուզեմ ձեզի ներկայացնել այդ յատկութիւններէն եւ բարեմասնութիւններէն մի քանին.
ա. Հաւատքը. Պօղոս առաքեալ Եբրայեցիներու նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Առանց հաւատքի անկարելի է Աստուծոյ հաճութիւնը շահիլ» (Եբր 11.6): Աստուածահաճոյ կեանքին լուսաւոր ուղին՝ հաւատքն է: Մեր Տէրը Աւետարանին մէջ յաճախակի կերպով խօսած է հաւատքի կարեւորութեան մասին: Զարեհ Սրբազանին ըմբռնողութեամբ, աշխարհահայեացքով, երբ կը խօսի հաւատքի մասին, գլխաւորաբար երեք կէտերու վրայ կը կեդրոնանայ.
1. Հաւատք ըսելով, կը հասկնայ վստահութիւն:
2. Հաւատք ըսելով, կը հասկնայ գործունէութիւն:
3. Հաւատք ըսելով, կը հասկնայ հաւատալիքներու ամբողջական դրսեւորում:
Այս երեք ճշմարտութիւններուն հոգեհարազատ եւ հաւատարիմ թարգմանն էր սրբազանը. հաւատք՝ վստահութիւն. հաւատք՝ գործունէութիւն. հաւատք՝ հաւատալիքներու ամբողջականութիւն: Այս բոլորին խօսուն փաստը իր իսկ ունեցած մէկ արտայայտութիւնն է հաւատքի ճի՛շդ ըմբռնումին մասին, որ յաճախ գործածած է՝ առողջ հաւատք: Սրբազանը կ՚ըսէ, թէ՝ ինչպէս մարմինը առողջ պէտք է ըլլայ, այդպէս ալ մարդուն հաւատքը պէտք է առողջ ըլլայ: Առողջ հաւատք, որու մէջ պէտք չէ ըլլան մոլորեցուցիչ գաղափարներ, կամ սուտ վարդապետութիւններ եւ կեղծ ուսուցումներ: Այս առումով, սրբազան հայրը ո՛չ միայն ջերմեռանդ պաշտպանն էր ուղղափառ դաւանութեան, ո՛չ միայն ջատագովն էր արդարութեան եւ սրբութեան, այլ նաեւ ինք մեկնաբանն էր ճշմարիտ հաւատքի հասկացողութեան, որ իրեն համար ո՛չ թէ միայն բանաւոր խօսք եւ գրաւոր գիր էին, այլ՝ կեա՛նքն իսկ էր, որով կ՚ապրէր սրբազանը:
Տակաւին, հաւատքը ո՛չ միայն սրբազանի կեանքէն անբաժան էր, այլեւ հաւատքը մշտահոս աղբիւր էր անոր հոգեւոր ապրումներուն եւ բարեպաշտական զգացումներուն: Այստեղ կարեւորութեամբ կը շեշտեմ այն փաստը, որ տարբեր հոգեւորականներ Զարեհ Սրբազանը կոչած են Հաւատքի Մարդ: Այսպէս, Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը, 2013-ին, Թեհրանի մէջ լոյս տեսած Զարեհ Սրբազանի «Սերտողութիւն Յայտնութիւն Յովհաննու» գիրքին յառաջաբանին մէջ վկայած է, թէ՝ ան եղած է Հաւատքի Մարդ: Անդին, իր աշակերտներէն եւ յետոյ գործակիցներէն՝ Վաղինակ Ծայրագոյն Վարդապետ Մելոյեանը եւս նոյն կերպով արտայայտուած է հոգելոյս սրբազանին մասին:
Արդարեւ, երբ այս պրիսմակէն կը դիտենք սրբազանին կեանքը, կը նկատենք որ իսկապէս անոր կեանքը հաւատք ներշնչող է, բառին վաւերական առումով:
բ. Աստուծոյ խօսքին տարածիչ. Սրբազանին համար իր կեանքը արժեւորելու եւ իր կոչումին տէր եւ հաւատարիմ մնալու գրաւականը եղած է Աստուծոյ խօսքին տարածումը: Այս առումով, երբ կը լսենք կամ կը կարդանք սրբազանին քարոզներն ու գրութիւնները, այնտեղ պիտի հանդիպինք բազմաթիւ Սուրբգրային մէջբերումներու, որոնց միջոցով աստուածային ճըշ-մարտութիւններու մասին պարզաբանումներ կը կատարէ:
Զարեհ Սրբազանը ո՛չ միայն Աստուծոյ խօսքը սերմանեց, այլեւ՝ Աստուծոյ խօսքին մասին բազմաթիւ եւ սքանչելի բացատրութիւններ եւ մեկնութիւններ տուաւ, որով կրնանք անվարան կերպով ըսել, թէ Զարեհ Սրբազանը Աստուածաբան է, հմո՛ւտ Աստուածաբան է, իր քարոզներով եւ կատարած մեկնութիւններով:
Եկեղեցւոյ հայրերէն մէկը կ՚ըսէ. «Կայ մեծ յոյս մը ամենէն մեծ մեղաւորին, ով Սուրբ Գիրք կը կարդայ, միաժամանակ կայ մե՛ծ վտանգ մը ամենէն մեծ սուրբին, ով Սուրբ Գիրք չի՛ կարդար»: Հետեւաբար, Սուրբ Գիրքը նաեւ յոյսի նամակ է եւ այդ դրդապատճառով ալ Զարեհ Սրբազանը միշտ յոյս կը ներշնչէր իր խրախուսող եւ առինքնող քարոզներով:
գ. Աղօթական կեանք. Սրբազան հայրը Աղօթքի Մարդ էր: Հնարաւոր չէ արդէն պատկերացնել հաւատքի կեանք՝ առանց աղօթական կեանքի, աղօթական ապրելաձեւի: Այս ուղղութեամբ, միտքիս մէջ թարմ են յիշողութիւնները, երբ Հալէպի մէջ լոյս տեսաւ սրբազանին գրաբարէ աշխարհաբարի թարգմանած աղօթագիրքը՝ «Իմ Աղօթագիրքս», փոքրիկ գրքոյիկի ձեւաչափով, որ մի քանի անգամներ վերահրատարկուեցաւ՝ լայն տարածում ունենալուն համար: Այդ տարիներուն կը դժուարանամ հաւատալու, թէ այդ աղօթագիրքը բացակայ ըլլար մեր հաւատաւոր ժողովուրդի տուներէն, որովհետեւ այդ աղօթագիրքը եկեղեցւոյ կողմէ որպէս մաս բաշխուեցաւ ժողովուրդին, հարստացնելով եւ ջերմացնելով անոնց աղօթական կեանքն ու փորձառութիւնը:
դ. Աշխատասիրութիւն. Վախճանեալ երանաշնորհ սրբազան հայրը զարմանալիօրէն ջանասէր էր, ժրաջան էր: Առակաց գիրքը կ՚ըսէ, թէ՝ «պակասմիտին եւ ծոյլին այգիին քովէն անցայ, երկուքին մէջ փուշեր բուսած էին». ամենէն լաւ այգին յանձնէ՛ անտարբեր այգեպանի մը, վստահաբար կարճ ժամանակ ետք այդ այգիին մէջ ո՛չ պտուղ կարելի է գտնել, ո՛չ ալ վայելչական գեղեցկութիւն: Զարեհ Սրբազանը, որ Տիրոջ այգիին ընտիր մշակ մըն էր՝ իր ջանասիրութեամբ, երբեմն նոյնիսկ իր առողջութիւնը վատնելու աստիճան, եղաւ միշտ աշխատասէր, գործունեայ: Միաբանի մը վկայութեամբ, երբ շատ մը միաբաններու գրասենեակները մութը տարածուած կ՚ըլլար, սրբազանը տքնաջան կերպով գործի լծուած կ՚ըլլար…: Թարգմանչական աշխատանք, գրաբարէ աշխարհաբար աղօթքներու եւ այլ քարոզներու եւ ճառերու թարգմանութիւն, եւ որպէս Անթլիլիասի Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն, դասախօսութիւններով եւ Սուրբգրոց սերտողութիւններով մնայուն կերպով հանդէս կու գար:
ե. Խոնարհութիւն. Ճամբան եկած ատենս կը մտածէի, թէ սրբազանը ինչո՞ւ կամ ինչպէ՞ս այսքան շը-նորհաշատ էր: Յիշեցի Աւետարանի մէկ խօսքը, որ Առակաց գիրքէն մէջբերում է, գործածուած թէ՛ Յակոբոս եւ թէ Պետրոս առաքեալներուն կողմէ իրենց ընդհանրական նամակներուն մէջ: Մէջբերումը կ՚ըսէ. «Տէրը հակառակ է ամբարտաւաններուն, մինչդեռ շնորհք կու տայ խոնարհներուն» (Յկ 4.6: Ա. Պտ 5.5): Անդին, եկեղեցական մը ըսած է, թէ՝ «բոլոր շնորհքները դրախտի դրան մօտ կը հասցնեն, խոնարհութիւնն է սակայն, որ այդ դուռը կը թակէ ու կը բանայ»:
Արդարեւ, Զարեհ Սրբազանը ունէր հոգիի գեղեցկութիւն, ունէր նկարագիրի ազնուութիւն, ունէր բարեպաշտական ապրում, ո՛չ թէ անոր համար, որ ինք շնորհքներով օժտուած էր, այլ՝ որովհետեւ ինք խոնարհ էր եւ խոնարհաբար կը ծառայէր: Այդ խոնարհութիւնը իսկապէս դրախտի դուռը բացող բանալին է:
Սողոմոնէն կը սորվինք իմաստութիւն, Մովսէսէն՝ օրինապահութիւն, իսկ Քրիստոսէ՝ խոնարհութիւն: Այս համոզումով եւ վստահութեամբ կրնանք հաստատել, թէ հոգելոյս Զարեհ Սրբազանին կեանքին նշանաբանը եղած է նմանիլ Քրիստոսի եւ ատոր փաստը այն է, որ սրբազանը ինք՝ միշտ խոնարհ մնաց:
Խոնարհ ըլլալու կարեւոր տուեալներէն մէկը խտրականութիւն չդնելն է մարդոց միջեւ: Այս պրիսմակէն դիտած նաեւ, սրբազան հայրը որպէս գուրգուրոտ հայր, որպէս Աւետարանի տարածիչ միշտ մնաց խոնարհ եւ բոլորին նկատմամբ եղաւ նոյնը, թէ՛ աղքատին, թէ՛ հարուստին, թէ՛ սգացողին, թէ՛ ուրախացողին, բոլորը նոյն սիրով եւ ժպիտով ընդունեց, բոլորին լսեց, բոլորին մխիթարեց իր գօտեպնդիչ խօսքերով:
Զարեհ Սրբազանը իր ունեցած շնորհքներն ու ձիրքերը երբե՛ք չգործածեց իր փառքը հիւսելու, այլ իր խոնարհութեամբ եւ պարզութեամբ, Աստուծմէ իրեն պարգեւուած բազմազան շնորհքներով միշտ Աստուծոյ փառքը հիւսեց եւ մարդոց ալ սորվեցուց նո՛յնը ընել:
զ. Սրբակենցաղութիւն. Մենք կ՚ապրինք այնպիսի աշխարհի մը մէջ, ուր մեղքն ու չարիքը աներեւակայելի կերպով տարածուած են: Եւ մենք, մեր խաւարախիտ օրերուն, կը փնտռենք անձնաւորութիւններ, որոնք լո՛յս կը սփռեն՝ իրենց կեանքի վկայութեամբ, իրենց հաւատքի խոստովանութեամբ:
Այդ եզակի անձնաւորութիւններէն մէկն է արդարեւ Զարեհ Սրբազանը, որ եղաւ մի՛շտ եկեղեցական, ե՛ւ եկեղեցւոյ մէջ, ե՛ւ եկեղեցիէն դուրս, երբ առօրեայ ընթացքին մարդոց հետ շփում կ՚ունենար, իր մէջ միշտ նկատելի էր սրբութեան նկատմամբ իր ունեցած ճիգը եւ ձգտումը: Այդ պատճառով ալ, յաճախակի կերպով երբ կը յիշեն երանելի եւ բազմաշնորհ Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանը, կ՚արտայայտուին ըսելով՝ սրբակենցաղ եկեղեցականը:
է. Յոգնութիւն. Ղպտի եկեղեցւոյ նախկին հայրապետը՝ Շնուտա Գ.-ը, կ՚ըսէ. «Երբ մէկը եկեղեցական կը ձեռնադրեմ, հետեւեալ կարեւոր հայրական խրատը կու տամ անոր. կ՚ըսեմ՝ կա՛մ դուն պիտի հանգչիս՝ որ ժողովուրդը յոգնի, կա՛մ դուն պիտի յոգնիս՝ որպէսզի ժողովուրդը հանգչի»: Ձեւով մը Տէր Յիսուսի խօսքին բացայայտումն է, որ կ՚ըսէ. «Ինծի եկէք բոլոր յոգնածներ եւ ծանրաբեռնուածներ, եւ Ես ձեզի պիտի հանգստացնեմ» (տե՛ս Մտ 11.28): Զարեհ Սրբազանը յոգնեցա՛ւ, որպէսզի մարդոց հանգչեցնէ, յոգնեցա՛ւ, որպէսզի մարդիկը Աստուծոյ առաջնորդէ, յոգնեցա՛ւ, որպէսզի օգնէ մարդոց՝ հեռանալ մեղքի կեանքէն, վերադառնալու համար Աստուծոյ եւ Անոր պարգեւած քաղցրութեան: Սրբազանը մոմի նման հալեցաւ՝ լոյս տարածելով իր չորս կողմը, ինչպէս բոլոր սուրբերը, որոնք իրենց կեանքը մոմի նման հալեցնելով, Աստուծոյ լոյսը տարածեցին աշխարհով մէկ: Պէտք չէ՛ մոռնանք նաեւ, որ չկայ սէր առանց յոգնութեան, եւ այս առումով սրբազանը իր ունեցած անվերապահ եւ աստուածային սիրոյ գինը վճարեց՝ յոգնութիւնները սիրով յանձն առնելով…:
Խօսքս աւարտեմ Յովհաննու Յայտնութեան գիրքի հետեւեալ խօսքով. «Երանի՜ այն մեռելներուն, որոնք այժմէն սկսեալ կը ննջեն՝ Տիրոջ հնազանդ ըլլալով: Այո՛,- կ՚ըսէ Հոգին,- որովհետեւ անոնք հանգստացան իրենց աշխատանքէն, եւ իրենց գործերը կը վկայեն իրենց մասին» (Յյտ 14.13): Սրբազանին գործն է, որ կը վկայէ իր մասին: Թող իր յիշատակը միշտ օրհնեալ մնայ եւ վարակիչ դառնայ ողջ հայութեան համար:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ