Արհեստագիտական Նորանոր Նուաճումներ
ՖԷՅՍՊՈՒՔ ԼՐԱՀՈՍԻՆ ՄԷՋ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ «ԱՐԺԱԾ» Է 3 ՄԻԼԻԱՌ ՏՈԼԱՐ
Ֆէյսպուք ընկերային ցանցի լրահոսին մէջ փոփոխութիւններու մասին յայտարարութիւնը ընկերային ցանցի հիմնադիր Մարք Զուքերպերկի «արժած» է մօտ 3 միլիառ տոլար:
Անցեալ Ուրբաթ, Մարք Զուքերպերկ, երբ յայտարարեց ընկերային ցանցի լրահոսին մէջ առեւտրական գործարքներու, մակնիշներու եւ տեղեկատուական միջոցներու հրապարակումները քիչ երեւցող դարձնելու մասին, ընկերութեան արժեթուղթերուն արժէքը ինկաւ 3.9 առ հարիւր: Այդպէսով, Զուքերպերկի 77 միլիառ տոլար գնահատուող հարստութիւնը նուազեցաւ 74.4 միլիառի:
Եթէ այս միտումը շարունակուի, Զուքերպերկ կը կորսնցնէ աշխարհի ամենէն հարուստ մարդոց ցուցակին մէջ չորրորդ դիրքը՝ ատիկա զիջելով «Զարա»ի սեփականատէր Ամանսիօ Օրտեկային:
Անցեալ շաբաթ հաղորդուած էր, որ Ֆէյսպուք պիտի փոխէ իր լրահոսի աշխատելու կառուցակազմը՝ քիչ երեւցող դարձնելով առեւտրական գործարքներու, մակնիշներու եւ տեղեկատուական միջոցներու հրապարակումները: Ընկերային ցանցի հիմնադիր Մարք Զուքերպերկ իր էջին մէջ յայտնած էր, որ փոխարէնը՝ կ՚ընդգծուի բովանդակութիւնը, որ անհատներու միջեւ հաղորդակցելու առիթ կը դառնայ ընկերային ցանցը օգտագործելով:
Փոփոխութիւնները տեղի կ՚ունենան յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին:
«Նման փոփոխութիւններ ներմուծելով՝ ես կ՚ակնկալեմ, որ մարդիկ աւելի քիչ ժամանակ կը սկսին անցընել «Ֆէյսպուք»ի մէջ, կը նուազի կայքի այցելութիւններու համար առիթներու քանակը: Սակայն ես կ՚ակնկալեմ, որ ժամանակը, որ դուք կ՚անցընէք «Ֆէյսպուք»ի մէջ, աւելի արժէքաւոր եւ օգտակար կը դառնայ», գրած էր Մարք Զուքերպերկ իր էջին մէջ:
ՓԱՅԼԱԹԻԹԵՂԷՆ (FOIL)
ԵՐԵԽԱՅ-ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՅԻՆ ՍՏԻՊԱԾ ԵՆ ՍՈՂԱԼ ԳՈՐԳԻ ՎՐԱՅ ԵՒ ՓՈՇԻ ՇՆՉԵԼ
Գորգի վրայ սողացող երեխայի շնչառական գօտիին մէջ գտնուող կենսաբանական ծագման վտանգաւոր մանր մասնիկներու խտութիւնը մօտաւորապէս չորս անգամ աւելի շատ է, քան՝ չափահասի շնչառական գօտիինը: Այս եզրակացութեան եկած են սողացող երեխայ-մարդամեքենային վրայ փորձեր կատարած գիտնականները:
Պրենտոն Պուրի գլխաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներէն եւ Ֆինլանտիայէն գիտնականներ չափած են, թէ որքա՛ն կենսաբանական ծագման վտանգաւոր փոշի ստիպուած կ՚ըլլան շնչել գորգի մակերեսին վրայ շարժող երեխան եւ չափահասը:
Մետաղական փայլաթիթեղով ծածկուած մարդամեքենան սողացած է գորգին վրայ եւ ձեռքերով հարուածած է ատոր՝ օդ բարձրացնելով փոշիի մասնիկները: Պար-զըւած է, որ թէ՛ սողալու եւ թէ քալելու պարագային, գորգէն հաւասար քանակութեամբ փոշի կը բարձրանայ:
ԿԱՃԵԹՆԵՐԸ ՄԱՐԴՈՑ ՄԱՍԻՆ ԱՒԵԼԻՆ ՊԻՏԻ ԳԻՏՆԱՆ, ՔԱՆ՝ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ
Չորս տարիէն անհատական փոքր սարքերը (gadget) պիտի կարդան մարդկային զգացումները եւ որոշեն ենթակային հոգեբանական վիճակը: Աստիճանաբար սարքերը կը կատարելագործուին այնքան, որ անոնք մարդկային զգացումները կրնան աւելի լաւ ճանչնալ, քան՝ ընկերներն ու ընտանիքի անդամները, կը նախատեսեն «Կարթնըր»ի վերլուծաբանները:
Սարքերը ոչ միայն տրամադրութիւնը պիտի ուսումնասիրեն, այլեւ պիտի յարմարին ատոր՝ իւրաքանչիւր մարդու համար անհատական մօտեցում ընտրելով:
Այս պայմաններուն մէջ արհեստական բանականութեան արհեսագիտութիւնները անհրաժեշտութիւն կը դառնան:
«Արտադրողները պէտք է իրենց բոլոր սարքերուն մէջ արհեստական բանականութիւն ներդնեն», ըսած է «Կարթնըր»ի ուսումնասիրութիւններու ղեկավար Ռոպերթ Քոցը:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ «ՍԻԼԻՔՈՆԵԱՆ ՀՈՎԻՏ»
«Հայկական պլոքչէյն համաժողով» (Armenian Blockchain Forum, ABF) ընկերութիւնը կը նախատեսէ Հայաստանի մէջ ըս-տեղծել ճարտարագիտական համալիր-համախմբում, որ կը դառնայ հայկական «Սիլիքոնեան Հովիտ»ը: Ընկերութիւնը տեղեկացուց, որ 20 Դեկտեմբեր 2017-ին իր ներկայացուցիչները Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ կառավարութեան աշխատանքային խումբի անդամներուն ներկայացուցած են նախաձեռնութեան ծրագիրը:
Հայաստանի կառավարութեան եւ «Հայկական պլոքչէյն համաժողով»ի միջեւ տեսակցութեան ընթացքին հաստատուած է Հայաստանի մէջ ազատ տնտեսական գօտիի ստեղծման գաղափարը:
Նոր համալիրին հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ աշխարհի զանազան երկիրներէ բարձր ճարտարագիտական նախագիծերու զարգացման համար Հայաստանի մէջ իւրայատուկ ենթակառոյցի կազմակերպումն ու կարգաւորումը:
Ստեղծման առաջին փուլով (նախատես-ւած՝ 2018 թուականի առաջին կիսամեակին) կը ծրագրուի միջազգային երագիչի (accelerator) բացումը, որ հարթակ կը դառնայ ամբողջ աշխարհէն նորարարական նախագիծներու գործարկման եւ զարգացման համար, նոյնպէս՝ Հայաստանի մէջ Ազատ տնտեսական գօտիի մէջ ճարտարագիտական տարածքներու եւ տուեալներու աղբիւրի ստեղծումը:
«Այս նախաձեռնութեան իրականացումը կը նպաստէ Հայաստանի մէջ բարձր արհեստագիտութեան զարգացման, երկիրը կը վերածէ միջազգային ասպարէզի մէջ արհեստագիտական առաջնորդներէն մեկուն, կը ներգրաւէ ներդրումներ եւ կը ստեղծէ նոր աշխատատեղեր: Անշուշտ ասիկա լրացուցիչ խթան կը դառնայ երկրի տնտեսութեան զարգացման համար», նշեց Հայաստանի Տնտեսական բարգաւաճման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան:
Շրջակայ միջավայրի պահպանման համակարգի ծիրին մէջ, նոյնպէս կը գործէ նոյնականացման կեդրոն, որուն նպատակը կ՚ըլլայ ազատ տնտեսական գօտիի մասնակիցներու՝ միջազգային կազմակերպութիւններու պահանջներուն համապատասխանութեան ապահովումը:
Բացի ատկէ, ծրագիրի ծիրին մէջ Հայաստանի յառաջատար համալսարաններու հետ կ՚իրականացուին կրթական եւ գիտահետազօտական միացեալ նախագիծներ:
Ըստ «Հայկական պլոքչէյն համաժողով»ին, շրջակայ միջավայրի պահպանման համակարգի առաջին տարուան գործունէութեան ընթացքին կը նախատեսուի ստեղծել 250-300 նոր բարձր վարձատրը-ւող աշխատատեղեր, նոյնպէս՝ ներգրաւել առնուազն 120 միլիոն տոլարի ներդրում:
«Հայաստան ներկայիս ունի մարդկային, ուժանիւթային եւ արհեստագիտական բոլոր անհրաժեշտ աղբիւրները, որոնց պէտք է տալ զարգացման նոր կարելիութիւններ: Մենք կը հաւատանք, որ այսօր Հայաստանի մէջ կարելի է ստեղծել միջազգային փորձի եւ տեղական մտաւոր աղբիւրներու համագործակցութեան եւ համարկման հարթակ, որ կրնայ հիմք հանդիսանալ արհեստագիտական ասպարէզին մէջ նոր հետաքրքրական լուծումներ գտնելու եւ ներդնելու տնտեսութեան զանազան ասպարէզներ», ընդգծած է «Հայկական պլոքչէյն համաժողով» նախաձեռնութեան հեղինակ Իլիա Կոլտպերկ:
Համալիրի ստեղծման նախաձեռնութեան իրականացման համապարփակ հաշուապահական եւ խորհրդատուական աջակցութիւն կը տրամադրուէ KPMG միջազգային ընկերութիւնը: Կը նախատեսուի «Հայկական պլոքչէյն համաժողով»ի ընկերութիւնները ազատ կացուցել յաւելեալ արժէքի հարկէն եւ շահատուրքէն՝ «Հայկական պլոքչէյն համաժողով» տարածք ապրանքներու մատակարարման եւ ծառայութիւններու մատուցման ժամանակ:
Ներկայիս աշխոյժ աշխատանք կը տար-ւի ECOS աշխատանքային անունով ենթակառուցային հիմքի ստեղծման ուղղութեամբ: Ատոր ծիրին մէջ կը ստեղծուին անհրաժեշտ ծառայութիւններն ու շրջակայ միջավայրի պահպանման համակարգը:
«ՄԱՅՔՐՈՍՈՖԹ» ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ «ՍՔԱՅՓ» ԳՈՐԾԱԾՈՂՆԵՐՈՒ ՆԱՄԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
«Մայքրոսոֆթ» «Սքայփ» յաւելուածին մէջ նոր գործառոյթ կը փորձէ: Մշակողները «Սքայփ»ը պաշտպանած են թափանցիկ ծածկագրման արհեստագիտութեամբ՝ օգտագործելով «Open Whisper Systems»ի «Սայնըլ փրոթոքոլ» արձանագրութիւնը:
«Յատուկ զրոյցներ» անունով իր նորարարութեան մասին տեղեկատուութիւնը ընկերութիւնը հրապարակած է իր պլոկին մէջ:
Գործառոյթը արդէն հասանելի է այն գործածողներուն համար, որոնք տեղադրած են «Սքայփ ինսայտըր»ի (8.13.76.8) տարբերակը «Ուինտոուզ», «Մեք», «Լինիւքս», «Անտրոյտ», կամ «իՕՍ» ծրագիրներ ունեցող սարքերուն մէջ:
Յաւելուածին մէջ ծածկագրուած կ՚ըլլան հաղորդագրութիւնները, պատկերները եւ ձայնային ֆայլերը, սակայն զանգերու բովանդակութիւնը բաց կ՚ըլլայ:
ԾԱԼՈՒՈՂ ՊԱՍՏԱՌՈՎ «ԿԱԼԱՔՍԻ ԷՔՍ» ՍՄԱՐԹՖՈՆ
Հարաւային Քորէայի «Սամսունկ» արհեստագիտական ընկերութիւնը Լաս Վեկասի մէջ ընթացող ցուցահանդէսին կայացուց փակ հանդիպում մը՝ ներկայացնելով ծալուող պաստառով սմարթֆոնի նախնական օրինակը:
«Կալաքսի Էքս» հեռաձայնը կ՚ունենայ 7.3 տրիւմնոց անկիւնագիծով ծալուող պաստառ:
Արտադրութիւնը պիտի սկսի այս տար-ւան Նոյեմբերին, իսկ 2019 թուականին անիկա պաշտօնապէս պիտի ներկայացուի հանրութեան:
Իսկ մինչ այդ մասնագէտները «թեքնիկ» շարք մը հարցեր պէտք է լուծեն: Օրինակ՝ ինչպէ՞ս ապահովել պաստառի ամրութիւնն ու միեւնոյն ատեն տարբեր կողմերով ծալուելու կարելիութիւնը:
«ՃԵՆԸՐԸԼ ՄՈԹՈՐԶ»Ի ԱՌԱՆՑ ՂԵԿԻ ԵՒ ՈՏՆԱԿՆԵՐՈՒ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԸ
Ինքնաշարժներու «Ճենըրըլ մոթորզ» ամերիկեան ընկերութիւնը կը ծրագրէ մինչեւ 2019 թուական առանց ղեկի եւ ոտնակներու ինքնաշարժ արտադրել: Այս մասին ըսուած է ընկերութեան պաշտօնական կայքին մէջ: Նոյնպէս կը նշուի, որ մտադիր են «Շեւրոլէ պոլտ ելեկտրամոպիլ»ի հիման վրայ սկսիլ «Քրուզ» ինքնաշարժներու շարքի արտադրութիւնը:
«Ճենըրըլ մոթորզ»ի նախագահ Տեն Ամման ըսաւ, որ ինքնաշարժին վրայ աշխատանքը տեւած է մէկուկէս տարի: Ըստ անոր, ասիկա առաջին ինքնաշարժն է, որ սկիզբէն մշակուած է առանց վարելու տարրերու՝ ղեկի եւ ոտնակներու:
Ինքնաշարժին նախատիպը արդէն կը փորձուի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիա նահանգի Սան Ֆրանսիսքօ եւ Արիզոնա նահանգի Ֆինիքս քաղաքներու փողոցներուն մէջ:
ՆՈՐ ԺԱՀՐԸ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՊՈՌՆԿԱԳՐԱԿԱՆ ԾԱՆՈՒՑՈՒՄ ԿԸ ՑՈՒՑԱԴՐԷ
«Կուկըլ փլէյ»ի վիրչուըլ խանութին մէջ յայտնաբերուած է շուրջ 60 բջիջային յաւելուածները եւ բացայայտ պոռնկագրութիւն ցուցադրող ծանուցումները վարակած վնասակար ծածկագիրը:
Վարակուած ծրագիրներէն շատերը երեխաներու համար նախատեսուած են, եւ այդ ծրագիրներէն ոմանք ներբեռնուած եւ տեղադրուած են քանի մը հարիւր հազար անգամ:
«Կուկըլ» յայտարարած է, որ յաւելուածներու խանութէն արդէն հեռացուցած է բոլոր վնասուած ծրագիրները:
AdultSwine ժահրը յայտանբերած է վերլուծական ընկերութիւնը՝ որ յայտարարած է, թէ ծրագիրները վարակած ժահրը օգտատէրեր կրցած են ներբեռնել առնուազն 3 միլիոն անգամ:
ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԴԱԼԸ ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ ՄԷՋ ԳԵՐԱԶԱՆՑԱԾ Է ՄԱՐԴԸ
Չինական «Ալիպապա կրուփ»ը մշակած է արհեստական բանականութեան տեսակ մը, որ մարդոցմէ աւելի լաւ հասկցած է կարդացած նիւթը:
Միացեալ Նահանգներու «Սթենֆորտ» համալսարանին կողմէ մշակուած ստուգումը մեքենային՝ կարդացածը հասկնալու ունակութեան գնահատման ամենահեղինակաւոր ձեւերէն մէկն է: Անիկա կը ներառէ աւելի քան 100 հազար հարցումներ, որոնք հիմնուած են «Ուիքիփետիա» առցանց հանրագիտարանի 500 յօդուածի վրայ: Ստուգումը կ՚օգնէ պարզելու՝ արդեօք մեքենաները կրնա՞ն մեծաքանակ տեղեկատուութիւն մշակել եւ ճշգրիտ պատասխաններ տալ տրուած հարցումներուն:
Ըստ հետազօտութեան արդիւնքներուն, արհեստական բանականութեան նիշը եղած է 82.4 կէտ, իսկ անոր հետ մրցող մարդոցը՝ 82.3:
«Ալիպապա կրուփ»ը նշած է, որ ասիկա առաջին դէպքն է, երբ մեքենան կրցած է գերազանցել մարդը նման փորձի մը մէջ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«Էն+1», Պի. Պի. Սի», «Հայթեք», «Պլումպըրկ»