ՏՊԱՒՈՐԻՉ ԵԼՈՅԹՆԵՐ

Դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաքին մէջ ունեցած է տպաւորիչ ելոյթ մը, որուն անդրադարձած է հայ եւ օտար մամուլը: Ան իր ելոյթը ունեցած է «Ապագայի գագաթաժողով» (Future Summit) խորագրով համաժողովին ընթացքին, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը եղած է գլխաւոր բանախօս։ Իր խօսքին մէջ նախագահ Սարգսեան կարեւորած է «Ապագայի գագաթաժողով»ը՝ նշելով, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կառավարութիւնը՝ Շէյխ Մուհամմէտ պին Զայէտի ղեկավարութեամբ, կը նայի դէպի ապագան:

Ապագայի գագաթաժողովը, իրապէս դարձաւ դէպի ապագան միտուած հաւաք մը, որուն ընթացքին նշանաւոր քաղաքական ու տնտեսական գործիչներ քննարկեցին ապագային ու սպասուող մարտահրաւէրներուն առընչուող հարցեր: Այդ հարցերը կը վերաբերէին աշխարհի ապագային՝ ջուրէն, սնունդէն, կլիմայի փոփոխութիւններէն, մինչեւ ելեկտրականութիւն:

Արմէն Սարգսեան հարիւր տարի առաջ գոյութիւն ունեցած աշխարհը պայմանական կերպով անուանած է «սեւ», քանի որ այդ ժամանակ ապրող մարդիկ կը սպառէին ածուխ, քարիւղ եւ կը ստանային ելեկտրականութիւն, որ կը գործածուէր արդիւնաբերութեան մէջ: Աւելի ուշ մարդկութիւնը սորված է գործածել վերականգնուող ելեկտրականութիւնը, ապա կազը եւ այդպէս շարունակ: Այսօր, ինչպէս Արմէն Սարգսեան նշած է իր ելոյթին մէջ, «սեւ» աշխարհը վերածուած է «մոխրագոյնի»:

«Սակայն մենք կ՚ակնկալենք ունենալ աշխարհ մը, որ ոչ թէ մոխրագոյն է, այլեւ՝ կանաչ: Մինչդեռ այսօրուան մոխրագոյն աշխարհէն դէպի վաղուան կանաչ աշխարհը տանող ճանապարհը ըլլալու է ժամանակատար, պահանջելու է տքնաջան աշխատանք ու ջանքեր», իր ելոյթին մէջ ըսած է Արմէն Սարգսեան, զգուշացնելով, որ մոխրագոյնէն կանաչ տանող աշխարհի ստեղծման ժամանակ պէտք է ուշադիր ըլլալ բնութեան հանդէպ եւ յառաջացող թափօնները պէտք է հեռու պահել բնութենէն:

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄ

Հայաստանի նախագահը իր ելոյթին ընթացքին խօսած է համաշխարհայնացման մասին՝ նշելով, որ այն շատ կարեւոր է մեր կեանքին մէջ։ «Համաշխարհայնացման ողջ ազդեցութիւնը սկսած է Պերլինի պատին անկումէն ետք, երբ արեւելքի ու արեւմուտքի եւ առհասարակ, գաղափարախօսութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցած պատնէշները կործանեցան:

«Երկրորդ ազդեցութիւնը եղաւ, երբ աշխարհը հասկցաւ, որ ապագայի համար միայն կարեւոր ճանապարհ մը գոյութիւն ունի: Ատիկա կառավարման դրամատիրական տարբերակն է՝ ազատական շուկաներու առկայութեամբ: Ատիկա դարձաւ միջկառավարական յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ միջազգային այնպիսի կառոյցներու ստեղծման պատճառ, ինչպիսին է Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութիւնը։ Այս բոլորը յանգեցուցին աշխատանքի, կենսուժի եւ դրամի մեծ հոսքի՝ արեւմուտքէն դէպի արեւելք։ Արտադրութիւնը սկսաւ իրականացուիլ ոչ միայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, այլեւ՝ Վիեթնամի, Չինաստանի, Հնդկաստանի... Աշխարհը դարձաւ համաշխարհային շուկայ։

«…Տարիներ առաջ աշխարհի զանազան հատուածները իրարու կապուած էին հեռաձայնային կապի միջոցաւ, սակայն երբ այսօր կը նայիս աշխարհին, կը տեսնես, որ ան նեարդերու հսկայական ցանցով իրարու կապուած փոքր երկիր մըն է։ Այս մոլորակը փոխկապակցուած է։ Այսօր բնական է հեռաձայնել Գալիֆորնիա կամ Աւստրալիա եւ իրական ժամանակի մէջ տեսնել մարդիկը, քննարկում ունենալ, մինչդեռ այս բոլորը քսան-երեսուն տարի առաջ չկար։ Տեղի ունեցածին պատճառը համաշխարհայնացումն է՝ արհեստագիտական համաշխարհայնացումը», իր ելոյթին մէջ ըսած է Արմէն Սարգսեան:

ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Իբրեւ «Ապագայի գագաթաժողով»ի գլխաւոր բանախօս, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձած է նաեւ արհեստական բանականութեան, որ այսօր գիտութիւնը կառավարող ուղղութիւն մըն է:

«Ներկայիս բնական գիտութիւններէն ներս՝ բնագիտութեան, քիմիագիտութեան, ուսողութեան մէջ մեր նուաճումներէն է արագացումը, իսկ ատոր հիմքին մէջն է արհեստական բանականութիւնը։ Որեւէ ուսումնասիրութեան հիմքին մէջ տուեալներն են նաեւ այն, թէ ինչպէս մենք անոնց հետ կ՚աշխատինք։ Այսօր ունինք սարքեր, որոնք կը նկարեն մարդուն մարմինը ամբողջութեամբ եւ հետեւաբար կ՚ունենանք մեծ թիւով տուեալներ։ Չկայ բժիշկ մը, որ կրնայ այդ տուեալներուն ամբողջ ծաւալին հետ աշխատիլ, սակայն, երբ մենք կը գործածենք արհեստական բանականութիւնը՝ համակարգչային համակարգերը, որոնք կարող են ինքնուրոյն վերլուծութիւն ընել եւ սորվիլ, այդ համակարգերը կարող են վայրկեաններու ընթացքին վերլուծել բոլոր տուեալները եւ բժշկական խորհուրդ տալ։

«Արհեստական բանականութիւնը կ՚օգնէ մեզի աւելի խորապէս հասկնալ մեր բջիջներուն ժառանգական կառուցուածքը, ինչպէս նաեւ վերափոխել զանոնք այնպէս, որպէսզի մենք ապրինք աւելի երկար ու առողջ, յաղթահարենք այնպիսի հիւանդութիւններ, ինչպիսին է քաղցկեղը։

«Պատահական չէ, որ մենք արդէն իսկ ունինք նուաճումներ. նախորդ տարի Նոպէլեան մրցանակը բժշկութեան մէջ տրուած է երկու անձերու, որոնք քաղցկեղի որոշ տեսակներու յաղթահարման լուծումներ գտած են։ Սակայն ատիկա քանի մը տարուան դժուար աշխատանքի եւ արհեստական բանականութեան օգտագործման հետեւանք է։

«…Այն երկիրները կամ ընկերութիւնները, որոնք ներդրումներ կը կատարեն արհեստական բանականութեան գործին մէջ, ճիշդ ուղիի վրայ են, քանի որ արհեստական բանականութիւնը մեր ունեցած գիտելիքներուն հետ պիտի փոխէ այս աշխարհը, ինչպէս նաեւ այն, թէ ինչպէս մենք կը փորձենք լուծել մեր խնդիրները, այդ կարգին՝ սնունդի, ջուրի, ելեկտրականութեան հարցերը։ Այս ամէնը կը փոխէ մարդոց կողմէ իրականացուող աշխատանքը։ Օրինակ՝ բժիշկին աշխատանքը շատ տարբեր պիտի ըլլայ, քանի որ արհեստական բանականութիւնը խորհուրդ պիտի տայ բժիշկին։ Տարբեր պիտի ըլլան նաեւ իրաւաբանին եւ միւսներուն աշխատանքը։ Կ՚ըլլան աշխատանքի շատ տեսակներ, որոնք կը վերանան, սակայն կը ստեղծուին նաեւ նորերը, որոնց հիմքին մէջ ըլլալու են նորարարութիւնները։

«Մենք կ՚ապրինք ոչ թէ մեծ արդիւնաբերական ընկերութիւններու ժամանակաշրջանին մէջ, այեւ՝ դարու մը ընթացքին, ուր երիտասարդ նորարարութիւններն ու արհետագիտական միտքերը կը կառավարեն աշխարհը։ Նայեցէք աշխարհի մեծագոյն ընկերութիւններուն։ Արդեօք անոնք մեծ քարիւղային ընկերութիւննե՞ր են: Ո՛չ: Անոնք այն ընկերութիւններն են, որոնք երիտասարդ նորարար մարդոց կողմէ սկիզբ առած են ինքնաշարժներու փոքր տնակներուն մէջ եւ վերածուած՝ միլիառաւոր տոլարներ արժող ընկերութիւններու, որոնք կը ղեկավարեն աշխարհը։ Մեր խնդիրները կը գտնեն լուծումներ, որոնք կապուած պիտի ըլլան արդիւնաբերական յեղափոխութեան նոր ձեւերուն։

«…Երիտասարդ սերունդը պիտի բնակի հրաշալի աշխարհի մը մէջ, ուր ճանաչելի պիտի ըլլան անոնց որակներն ու տաղանդը, անոնց նորարական ուժը։

«Այս յեղափոխութիւնը, համաշխարհայնացումը պիտի ազդեն մեր ամէնօրեայ կեանքին վրայ։ Մենք ամէնուր ատոր ականատեսն ենք: Իրադարձութիւնները, որոնք տեղի կ՚ունենան աշխարհի մէջ, երբեմն անկանխատեսելի, անկազմակերպ կը թուին։ Անոնք սրընթաց բնաշրջումի եւ նոր աշխարհի արդիւնք են։ Օրինակ՝ իրադարձութիւնները, որոնք տեղի ունեցան Ֆրանսայի մէջ՝ նախագահ Մաքրոնի ընտրութիւնը, որ եկաւ երիտասարդներու շարժումին հետեւանքով եւ յաղթեց ընտրութիւններուն։ Իրադարձութիւնները Բրիտանիոյ մէջ, ուր զգացումներն ու հասարակութիւնը, «Ֆէյսպուք»ը ստեղծեցին «Պրեքսիթ»ի շարժումը։ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփը հիանալի օրինակն է անոր, թէ ինչպէս հնարաւոր է 21-րդ դարուն քաղաքականութեամբ զբաղիլ՝ շրջանցելով լրատուամիջոցներն ու ուղղակիօրէն դիմելով ընտրողներուն, բնակչութեան։

«Իմ երկրին մէջ մօտ մէկ տարի առաջ, երբ ես նախագահ ընտրուեցայ, երիտասարդ լրագրողի մը ղեկավարած բողոքի գործողութիւնը, որ սկսած էր երկրի հիւսիսէն, ընդամէնը քանի մը հոգիով, վերածուեցաւ 100, 1000, 5000, 10000 մարդոցմէ կազմուած բողոքի գործողութեան: Ի վերջոյ, հրապարակին վրայ մենք ունէինք 200 հազար մարդ, որ երկու շաբթուան ընթացքին Հայաստանի մէջ յանգեցուց յեղափոխութեան։ Այս ամէնը տեղի ունեցաւ, քանի որ աշխարհը համաշխարհայնացուած է, քանի որ մենք փոխկապակցուած ենք, ամէն մէկը ունի էջ՝ «Ֆէյսպուք»ի վրայ: Ուստի անհրաժեշտ չէ, որ քաղաքական կուսակցութիւնը մեծ փոփոխութեան պատճառ դառնայ իր երկրին մէջ կամ առհասարակ աշխարհի մէջ։ Ուստի, բարի գալուստ նոր, համաշխարհայնացուած աշխարհին, ուր պիտի ապրինք։

«Բարի գալուստ ամբողջական վարքագիծի նոր աշխարհին, ուր գործարարութեան, գաղափարներու զարգացման, նոյնիսկ քաղաքականութիւն վարելու դասական միջոցները այլեւս արդիւնաւէտ պիտի չըլլան: Պէտք է ըլլալ շատ նորարար», նշած է Արմէն Սարգսեան։

ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ

Իր ելոյթի աւարտին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան խորհուրդ տուած է երիտասարդներուն.

«Ինծի համար երիտասարդ ըլլալը կապուած չէ այս մոլորակի վրայ անցուցած տարիներուն հետ, այլ՝ կապուած է անոր հետ, թէ որքա՞ն երիտասարդ ես քու հոգւոյդ մէջ, արդեօք ունի՞ս բաւարար կենսուժ, արդեօք հետաքրքրուա՞ծ ես անով, թէ ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ:

«Եթէ ես խորհուրդ տալու ըլլայի իմ թոռնիկիս, որուն անունը նոյնպէս Արմէն է, կ՚ըսէի՝ սիրելի՛ Արմէն, ես քեզի խորհուրդ պիտի չտամ ըլլալ բժիշկ, իրաւաբան կամ ագարակատէր։ Թերեւս երեսուն տարի անց շատ քիչ ըլլան բժիշկները կամ իրաւաբանները։

«Ես նախ եւ առաջ խորհուրդ կու տամ նայիլ ձեր ներսը, հասկնալ, թէ ո՞վ էք, քանի որ ոեւէ երեխայ ի ծնէ ունի տաղանդ մը: Մէկը տաղանդաւոր է թուաբանութեան, միւսը` երաժշտութեան, արհեստի, պատմելու, քաղաքականութեան մէջ, միւսը՝ լսելու, նաեւ անոնց խորհուրդներ տալու գործին մէջ։ Խնդիրը ոչ թէ այն է, թէ ինչ պէտք է դառնալ, այլեւ՝ հասկնալ, թէ ո՛վ ես դուն։

«Երկրորդը, որ խորհուրդ կու տամ Արմէնին, այս է՝ գտիր քու կեանքիդ առաքելութիւնը։ Եթէ դուն տաղանդաւոր ես երաժշտութեան մէջ, դուն պէտք է ունենաս առաքելութիւն մը դառնալու, օրինակ, լաւագոյն ջութակահարը։ Գտիր քու կեանքիդ առաքելութիւնը, այլ ոչ թէ՝ աշխատանքը։ Այն առաքելութիւնը, որ քու կեանքիդ տարերքն է։ Ատիկա քու մէկ մասդ է, եւ այդ երկուքը պէտք է ներդաշնակութեան մէջ ըլլան մէկը միւսին հետ։

«Երրորդը՝ մտածէ քու կեանքիդ մասին 21-րդ դարուն, մտածէ քու կեանքիդ մասին՝ որպէս նորարարութիւն։ Դուն պէտք է ստեղծես քու սեփական նորարարութիւնդ, որ կը կոչուի «Արմէնի Նորարարութիւն»։ Կերտէ՛ ինքզինքդ որպէս արհեստավարժ մը, որ ունի ստեղծելու կարողութիւն։ Ի հարկէ, մի՛ մոռնար, որ ատիկա դժուար աշխատանք է, պէտք է ջանասիրաբար կատարես: Մի՛ մոռնար, որ կան պատմական արժէքներ քու ժողովուրդիդ ու ընտանիքիդ մասին: Մի՛ մոռնար, որ որեւէ բանի հասնելու համար պէտք է ողջ կեանքի ընթացքին երիտասարդ մնաս։

«Յիշէ՛, որ երիտասարդ ըլլալը կապ չունի այս մոլորակին վրայ անցուցած տարիներուն հետ. անիկա հոգիի երիտասարդութեան հետ կապ ունի: Եթէ ամէն օր որեւէ նոր բան սորվիս, ինչպէս՝ մանուկները, ապա դուն կ՚ըլլաս երիտասարդ։ Եթէ նոյնիսկ ութսուն տարեկան ես, սակայն կը շարունակես սորվիլ, զարմանալ աշխարհի վրայ, կազմել ապագայի ծրագիրներ, ուրեմն՝ երիտասարդ ես։

«Անշուշտ, դուն քու կեանքիդ մէջ կ՚ունենաս դժուարութիւններ, սակայն պէտք է խիզախ ըլլաս։ Քու յաջողութեանդ յաջորդող ամէն եկող օրուան հետ դուն պէտք է ապացուցես, որ արժանի ես անոր, որուն հասած ես։ Ամէն նոր օր ձախողումէն, հիասթափութենէն յետոյ, ընկճուածութեան առիթ պէտք չէ տրուի։ Պարզապէս ոտքի կեցիր ու նորէ՛ն քալէ: Դուն քու առջեւդ ունիս հրաշալի կեանք մը եւ այս նոր աշխարհը, որ ամբողջութիւն է: Մի՛ մտահոգուիր, մի՛ վախնար, ինչպէս չվախցան գիտնականները հարիւր տարի առաջ։ Անոնք լուրջ ողբերգութիւն կ՚ապրէին, չէին հասկնար, թէ ինչպէ՞ս կը գործէ այս տիեզերքը, սակայն անոնք փոխեցին իրենց մօտեցումներն ու տրամաբանութիւնը, անոնք դարձան նորարարներ, սկսան բնագիտութեան աշխարհին մասին մտածել ամբողջական կերպով, եւ ամէն բան դարձաւ ներդաշնակ ու յստակ։

«Նայէ՛ քու կեանքիդ, 21-րդ դարուն, արդիւնաբերութեան ու ձեռնարկատիրութեան, քաղաքականութեան՝ նորարարի տեսանկիւնէ։ Վերաբացայայտէ՛ այս աշխարհը՝ տրամաբանութիւնը տարբեր պիտի ըլլայ…

«Ուստի, յաջողութիւ՛ն քեզի, յաջողութիւ՛ն բոլորիդ։

«Ձեւով մը ես նաեւ կը նախանձիմ: Կը փափաքէի ըլլալ 15-20 տարեկան՝ ձեզի պէս, քանի որ սպասուող կեանքը լեցուն պիտի ըլլայ մարտահրաւէրներով, սակայն լուծումները այստեղ են»։

*

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ու Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ այցելած են Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցի: Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած գոհաբանական աղօթքէն ետք Հայաստանի նախագահը «Արա Խանոյեան» կիրակնօրեայ վարժարանին մէջ հանդիպում ունեցած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Հայ համայնքի առջեւ Արմէն Սարգսեան ունեցած է ուրիշ ելոյթ մը։

«Մէկ տեղ հաւաքուած է ամէն ինչ՝ հայկական պետականութիւնը իր դրօշով եւ զինանշանով, Հայ Առաքելական Եկեղեցին եւ, վստահաբար, մեր ապագան՝ դպրոցը», ըսած է նախագահ Սարգսեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով հայ համայնքին միասնականութեան, նուիրուածութեան, հայրենասիրութեան եւ ազգային արժէքներու պահպանութեան համար: «Կ՚ուզէի ձեզի հետ միասին ապրիլ այն օրը, երբ մենք կը մոռնանք «սփիւռք» բառը ու բոլորս հայաստանցի կ՚ըլլանք: Բոլորիս կիզակէտը ի վերջոյ հայրենիքն է, սակայն կ՚ուզեմ ձեզի հետ կիսուիլ նաեւ այլ մտքով մը:

«Այն փաստը, որ մենք կ՚ապրինք աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ, սփռուած ենք աշխարհի տարբեր մասերով, գուցէ ոչ թէ թերութիւն է, այլ ընդհակառակն՝ առաւելութիւն է, որովհետեւ մենք աշխարհի այն քիչ ժողովուրդներէն ենք, որոնք կրնան շատ յստակ ըսել, որ մենք փոքր պետութիւն ենք կամ նոյնիսկ ունինք երկու փոքր պետութիւն, բայց համաշխարհային ազգ ենք՝ իրարու հետ շատ սերտ կապուած: Մենք ստեղծած ենք 21-րդ դարու փոքրիկ տիպարը, որովհետեւ 21-րդ դարուն ամբողջ աշխարհը, աշխարհի բնակչութիւնը, անկախ անկէ, թէ ո՛ւր կ՚ապրի՝ Աւստրալիայէն մինչեւ Ռուսաստան, Եւրոպայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, պիտի ապրի իբրեւ մէկ ընդհանուր ընտանիք՝ մարդկութեան ընտանիք:

«Ես կը կարծեմ, որ մեր ազգը 21-րդ դարու ազգ է, որովհետեւ 21-րդ դարուն շատ արժէքներ պիտի փոխուին, 21-րդ դարուն հզօր պիտի ըլլայ ոչ թէ այն ազգը կամ պետութիւնը, որ պիտի ունենայ շատ մեծ բնական հարստութիւն, այլ այն ազգը, որ պիտի կարենայ փոքր տարածքի մէջ փոքր ուժերը միաւորել, այն ազգը, որ պիտի կարենայ իր մտաւոր ունակութիւնները ի մի բերել, ծառայեցնել հայրենիքին: Կը կարծեմ՝ այս բոլորը մենք ունինք, աւելի՛ն, ես կը հաւատամ, որ մենք Աստուծոյ ընտրեալ ազգ ենք: Մենք ազգ ենք, որ Աստուծոյ ընտրութեամբ անցած է ամենէն դժուար փորձութիւններով, տեսած է աշխարհի ամենէն վատ դժոխքը՝ Եղեռնը: Բայց այսօր ո՛չ միայն կանք, ո՛չ միայն գոյութիւն ունինք, այլեւ ուժեղ ենք, հզօր: Մենք յաղթող ժողովուրդ ենք: Յաջորդ յաղթանակները տակաւին պիտի ըլլան, եւ այդ յաղթանակները պիտի ըլլան ո՛չ միայն պատերազմի դաշտին, այլեւ՝ մեր ազգային շահերու, պետականութեան բոլոր մարզերուն մէջ:

«Այս երեք-չորս օրուան ընթացքին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ իմ իւրաքանչիւր հանդիպումի ընթացքին ես մէկ գնահատական լսած եմ հայերուն մասին՝ ազնիւ, աշխատասէր, նուիրեալ, բարի, հայրենասէր մարդիկ, որոնք այսօր սփռուած ըլլալով աշխարհի մէջ, աշխարհի բոլոր կէտերէն կրնան հայրենիք բերել իրենց գիտելիքը, կարելիութիւնները, կապերը, ցանկութիւնն ու աշխատանքը:

«Մենք Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդ ենք եւ յաղթելէ ու յաջողելէ բացի այլ ճամբայ չունինք», ըսած է նախագահ Արմէն Սարգսեան:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յունուար 22, 2019