ՅՈՒՍԱԽԱԲ ՁՆԾԱՂԻԿԸ

Օր ըստ օրէ օդի ջերմաստիճանը նուազիլ սկսաւ։ Աշունը, որ մեղմիկ հովի մը պէս զիրար կը կամրջէ ամառն ու ձմեռը, վերջերս տարակուսանքի մէջ էր։ Օր մը արեւ, օր մը անձրեւ…, այսպէս օրեր անմեկնելի։ Առտուն արեգակը կը շողար պարզկայ երկինքէն, իսկ երեկոյեան ժամերուն օդի ջերմաստիճանը կը հատէր զերոյի շեմը։

Արշալոյսին կը նշմարուէին աստղանման՝ սառցային բիւրեղներու ձեւով գետնի, առարկաներու, ծառերու մերկացող ճիւղերու վրայ իջած եղեամները, որոնք կը յիշեցնէին մօտալուտ ձմրան գալուստը։ Սակայն սա ամէնը խաբկանք մըն էր։ Ընդամէնը ժամեր անց արեգակը արդար իր ճառագայթներով ի չիք կը դարձնէր եղեամի հետքերը։

Ինչպէս յայտնի է, բուսական աշխարհը վաղուց խոր քունի մէջ է։ Քաջ գիտակցելով, որ գետինը այժմ կը գտնուի սառցէ թագաւորութեան հայեցողութեան տակ, ան մայր հողի տաքուկ ծոցին մէջ մուշ-մուշ կը քնանար, չհամարձակելով գլուխը բարձրացնել վեր։ Ընդհանրապէս, ոչ մէկ երկրային շունչ ունակ էր ձմեռը խորտակելու։ Միայն կար անհամբեր մը, որ չկրցաւ սպասել գարնան գալուստին։ Աւելի ճիշդ, կը շտապէր ինքը ազդարարելու գարնան գալուստը։ Թէպէտ պզտիկ ու անօգնական, ան կը ձգտէր դէպի լոյս ու արեւ, դէպի ջերմութիւն։

Եւ այսպէս, մինչ բնութիւնը, ծառերն ու ծաղիկները կը հանգչին խոր քունի մէջ, ձիւնածաղիկը կարծես ասեղներու վրայ ըլլար։ Հազիւ դեկտեմբերը գլորելով, ան յունուարի սկիզբին, արեւային պայծառ օր մը, վստահ ըլլալով, թէ ժամն է ահա զարթօնքի՝ յանկարծակի ճեղքելով հողի սառցէ, պաղ շերտը համեստօրէն բարձրացուց իր հեզահամբոյր, ճերմակափայլ գլխիկը ու ժպտաց աշխարհին։

Այնուհետեւ ուշադրութեամբ զննեց շուրջը։ Դաշտ ու անտառ քօղարկուած էին ձիւնի ճերմակ վերմակին տակ։ Ճաճանչափայլ արեգակի շողերը իյնալով ճերմակաթոյր ձիւնին վրայ, տեղ-տեղ կը պսպղային ադամանդի պէս։ Սպիտակ շապիկ մը հագած փխրուն ծաղիկն ալ իր գեղեցկութեամբ կը զարդարէր ցրտաշունչ ձմեռը։ Իւր խիզախութեամբ հիացած ձնծաղիկը տեղւոյն երգեց անյայտ հեղինակի մը տողերը.

Ձիւն ու ծաղի՞կ
Այ քեզ զարմանք,
Ձիւն ու ծաղիկ
Ունեն մի կեանք։
Դա ձմեռուայ
Մի ծաղիկ է,
Ձիւնից ծնուած
Ձնծաղիկ է:
Ե՜ս եմ, ես…։ Միակ խիզախը, որ ամէն տարի կը համարձակի մենամարտիլ ձմրան դէմ եւ ազդարարել գարնան սկիզբը։ Դէ՜ զարթնիր բնութիւն, դէ զարթնէք ծառ ու ծաղիկներ…

Ձնծաղիկի երջանկութեան ալիքները աստիճանաբար խոր քունէ արթնցուցին բոյսերն ու ծաղիկները։ Բարակ ցօղունի մը վրայ ամուր կեցող մանուշակն ալ՝ լի եռանդով բարձրացուց իր փոքրիկ գլխիկը։

Կը թուէր, թէ ձմեռը այլեւս զիջած էր իր դիրքերը, սակայն եկուր ու տես, թէ աս սոսկ յուսախաբութիւն մըն էր։

Տեղ-տեղ եղեամի առկայութիւնը, երբեմն զերոյի սանդղակը հատող օդի ջերմաստիճանն էր, որ կ՚ազդարարէր ձմրան խաբուսիկ գալուստի մասին։ Ու վերջերս, քանի մը անգամ տեղացած ձիւնը։ Իրականութեան մէջ այս տարի ոչ թէ գարունը աճապարեց, այլ պարզապէս ձմեռը ուշ կը մնար։

Ձմեռնային արեգակնային պայծառ օր մը, յանկարծ տեղի ունեցաւ անսպասելին։ Գարնան զարթօնքին, երբ դաշտ ու մարգագետին վերածուեցան կանաչ, զարդանախշ գորգերու, երբ ծաղկեցին ծառ ու ծաղիկ, ժրաջան մեղուները գործի լծուեցան՝ երկնակամարին կուտակուեցան սեւ ամպեր. կայծակ ու որոտ թնդաց։ Ցերեկն ու գիշերը իրար միախառնուեցան։ Կատաղի հողմը գետին կը տապալէր ամէն ծիլ ու ծաղիկ։

Այդ գիշեր սաստիկ սառնամանիք մը ելաւ։ Բուսական աշխարհը եղաւ ցրտահար՝ մնալով ձիւնի փափուկ ծածկին տակ։ Խեղճ մեղուները չդիմանալով պաղին, սատկեցան իրենց փեթակներու դիմաց։ Իսկ ձնծաղիկն ու մանուշակը փայտացան։ Կարծես ձնծաղիկի գլխիկն ի վար արցունքի կաթիլներ գլորուէին։ Ան կը զղջար ժամ առաջ բնութիւնը արթնցնելու եւ բուսական աշխարհի ցրտահարման պատճառը դառնալու համար։ Սակայն այլեւս ուշ էր։

Բերքառատ տարիի մը մասին երազները մնացին լոկ պատրանք։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020