ԲԺԻՇԿԻՆ ԱՊՐԵՑՆՈՂ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ինչպէս յայտնի է՝ Ռուբէն Սեւակ (Ռուբէն Չիլինկիրեան) 1905-ին կը մեկնի Զուիցերիա, ուր համալսարանական ուսում կը ստանայ Լոզանի համալսարանին մէջ՝ վկայուելով իբրեւ բժիշկ։ Վկայուելէ ետք, 1911-1914 թուականներուն Լոզանի հիւանդանոցներէն մէկուն եւ դարմանատան մը մէջ իբրեւ օգնական բժիշկ աշխատած ու մասնագիտական հմտութիւն ձեռք բերած է։ 1910-ին արդէն ամուսնացած էր եւ 1912-ին, Լոզանի մէջ ծնած է որդին՝ Լեւոնը, իսկ 1914-ին, Պոլսոյ մէջ, դուստրը՝ Շամիրամը: Ան, միեւնոյն ժամանակ, բանաստեղծ էր: 1908-1914 թուականները եղած են բանաստեղծին ստեղծագործական բեղուն տարիները, բայց Սեւակ գրած է արձակ էջեր, որոնք նոյնքան արժէքաւոր են՝ որքան քերթուածները:

Ռուբէն Սեւակի արձակն ալ ապրեցնող է՝ որքան բժիշկի իր մասնագիտութիւնը: Ան բժիշկ-մարդասէրի, հոգեբանի ոգիով շարադրած է ատոնք եւ զանազան տարիներու տպագրած մամուլին մէջ: Յետոյ արդէն ամփոփուած են իր գիրքերուն մէջ, կան նաեւ անտիպներ: Սեւակի «Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր» արձակ գործը անոր տաղանդին ապացոյցն է, ուրկէ կը ներկայացնենք գրութիւններ, որոնք այնքան անհրաժեշտ են ժամանակակից մարդուն։

ԱՊՐԻԼԸ ՅԱՂԹԵԼ Է
(Մահուան դէմ պայքարը)

Ո՜վ մարդ, մտածա՞ծ ես երբեք այն հրաշալի բանին վրայ որ կեանքն է։

Կ՚ըսեն թէ համբոյրներ կան որ վա՜րդ կը ծլցնեն։ Վարդն ի՜նչ է որ. համբոյրներ կան որ մարդ կը ծնցնեն։

Ծնողնե՜ր, ուսուցէք ձեր տղաներուն թէ իրենց մէջ Աստուած մը կը քնանայ։

Ու վա՜յ անոր որ մութ անկիւններու մէջ կը խաթարէ, կ՚աղտոտէ, կը թունաւորէ կեանքի գործիքը։ Այդպիսին դժբա՜խտ հայր մը պիտի ըլլայ, եթէ երբե՛ք հայր ըլլայ…։

Ապաժառանգ, պակասաւոր, ցաւագար, մելամաղձոտ, այսահար, ախտագին զաւակներուն հաշիւը գինեմոլ եւ ցոփակեաց հայրերո՛ւն հարցուր…։

Այնքա՜ն փափուկ է սիրոյ պտուղը։

Խաւարի մէջ բանտուած այդ փոքրիկ մարմինը ո՛չ կը տեսնէ, ո՛չ կը լսէ, ո՛չ կը խօսի, ո՛չ կը շնչէ։ Բայց այդ մսի կտորը բոլո՛ր սրտերէն աւելի զգայուն է։

Այդ ապագայ կեանքը՝ մայրական տխրութենէ մը իր ամբո՛ղջ ճակատագրով կ՚ազդուի։ Մօրը սրտին մէ՛ն մի կոչը իր փոքր սրտին մէջ կ՚արձագանգէ։ Ան ցաւէ՛ մը, խոցէ՛ մը, ոչինչէ՛ մը կրնայ մեռնիլ մօր կենդանի արգանդին մէջ…։

Բայց պիտի ապրի՛։ Ու ահա՛ վճռական ժամը. տառապանքի ու յոյսի այն փոթորկալի՜ ժամը՝ ուր զաւկի մը ծնունդը ու մօր մը՝ մահը նժարին երկու աչերուն մէջ զիրա՛ր կը կշռեն, վարանոտ տատանումներով…։

Այրը արդէն հեռացաւ, մեղաւոր անասունի մը պէս։ Սարսափահար կինը միայնակ է այն խոշոր Անծանօթին առջեւ, որ իր արիւնէն սնուց, եւ որ վայրկեանէ մը պիտի մեռցնէ զինք գուցէ…։

Որքա՜ն երանելի է սակայն այսօրուան երեխան. ան այժմ կրնա՛յ հասկցնել իր լեզուն, կրնա՛յ արտաքին աշխարհի հետ յարաբերութեան մտնել…։

Կը տեսնե՞ս սա Գիտութեան մարդը որ գլուխը մօր որովայնին վրայ հակած՝ մանուկին սիրտը կ՚ունկնդրէ։ Մանուկն անոր ականջին կանխա՛ւ կը պատմէ իր տարիքը, իր հասակը, իր առողջութիւնը, իր ի՛նչպէս ծնելու դիտաւորութիւնը, - գլխո՞վ, ձեռքո՞վ թէ ոտքով աշխարհ գալու իր որոշումը…։

Ու ահա ծնաւ։

Բայց որքա՜ն սիրուն է այս Անծանօթը որմէ մայրը կը վախնար…։

Մէ՛կ էին, երկո՛ւք եղան, ու իրարու կը ժպտի՜ն…։

Աստղ մըն էր որ աշխարհ ինկաւ։ Սակայն երկինքէն իջնող այս հրեշտակին համար որքա՜ն դառնութիւններ ունի երկիրը։ Հացի փշուր մը բաւական է զայն խեղդելու։ Պիտի կրնա՞յ ապրիլ, թէ միայն հի՜ւր է…։

Հարսանիթի, կեղծ-մաշկի, կապոյտ հազի, չառատենդի, ուղեղատապի զոհերուն հաշիւը սգաւոր մայրերո՛ւն հարցուր…։

Եթէ ուժեղ է՝ պիտի յաղթէ՛ ու պիտի ապրի։

Բոլոր ախտերուն եւ մահերուն մէջէն այդ կենսունակ մսակոյտը իր ճամբա՛ն պիտի բանայ։ Այդ դողդոջուն էակը, զոր բզէ՜զ մը բաւական է մեռցնելու՝ բոլոր դժուարութիւններուն պիտի յաղթէ, պիտի ուռճանայ, պիտի մեծնայ, թագաւո՜ր պիտի ըլլայ…։

Ու ո՛չ թէ աշխարհագրական կէտի մը թագաւորը. ամբողջ կենդանական ցեղերուն, շնչաւոր եւ անշունչ էակներուն թագաւորը։

Երէկուան գառնուկը այսօր առիւծնե՛րը պիտի դողացնէ ու վանդակներու մէջ պիտի բանտէ զանոնք իր զբօսանքին համար։

Լեռներուն պիտի հրամայէ որ խոնարհի՛ն, եթէ ո՛չ՝ անոնց փորոտիքին մէջէն պիտի անցընէ իր երկաթէ ճամբան։

Երկինքին պիտի հրամայէ որ լռէ՛. եթէ ո՛չ շանթարգելով մը պիտի վիժեցնէ անհնազանդ տարրերուն կատաղութիւնը, թնդանօթով մը պիտի փարատէ ամպի ծոցին մէջէն սպառնացող կարկուտը…։

Երկրին արգանդէն խաւարին ոգիները դո՛ւրս պիտի կանչէ, անկերպարան մետաղներուն պիտի հրամայէ որ ծռին, ձեւ առնեն ու աշխատի՛ն իրեն համար։

Արարչութեան կարգն ու սարքը պիտի փոխէ։ Բնութիւնը զայն հողի՛ն դատապարտած էր, ան ծովերուն եւ օդերուն պիտի իշխէ։

Ովկիաններու մէջտեղը թաւալող անդրջրհեղեղեան լեռնանման վիշա՛պը պիտի հալածէ։ Ամպերէն վեր ճախրող արծի՛ւը պիտի սարսափեցնէ իր սրընթաց սաւառնակին վրայ թառած…։

Ահաւասիկ թագաւորը, տիեզերքին թագաւորը…։

Բայց որքա՜ն տկար, ո՜րքան խղճալի է ան…։

Ան որ երէկ օդերուն մէջ կ՚արշաւէր, այսօր սողունի մը պէս անկողին գամուե՜ր է, խղդուկ-խղդուկ կը հազայ…։ Աներեւոյթ թշնամիներ իր կոկորդը լեցուցեր, իր շունչը կղպեր են…։

Թագաւորը պիտի մեռնի՜, ու չի՛ հասկնար թէ ո՞վ է զայն մեռցնողը…։

Սերունդէ սերունդ վայրի գազաններ կոտորեց։ Թունաւոր զեռունները անհետացուց իր բնակութենէն, մարդասպաններու համար օրէնքներ շինեց, ու չուաններու ծայրէն կախեց անհնազանդները…։ Ո՞վ է ուրեմն թշնամին, ո՞ւրկէ մտաւ…։

Բայց կը տեսնե՞ս դուն նորէն սա գիտութեան մարդը, որ հիւանդին վրայ փափկութեամբ կը ծռի, աննշան սրսկում մը կ՚ընէ սրունքին մէջ, վայրկենաբար միլիոնաւոր մանրէները կոկորդին մէջ կը մեռնին, ու, կեցցէ՜ թագաւորը…։

Ան մինչեւ այժմ միա՛յն տեսանելի թշնամիներուն դէմ պայքար մղեր էր. հիմա նոր խաչակրութիւն մը կը սկսի՝ անտեսանելիներուն դէմ…։

Որո՞նք են այդ խաչակրութեան զօրապետներն ու իշխանները։

Անոնք ոսկեճամուկ զարդեր չունին։ Սուսերու տեղ սուր դանակ մը, ատրճանակի տեղ մանրադիտակ մը կայ ձեռքերնին։

Մոլիէրին հեգնած բժիշկները որ դեռ երէկ արքաներուն աղիքները լուալո՜վ միայն կ՚ապրէին, այսօր ամբողջ երկրագունտի վրայ ձեռք ձեռքի տուեր են, համամարդկային Կեանքին պաշտօնեաները, վերջնական Յաղթութեան յուսատուները եղեր են։

Կը տեսնե՞ս սա ծերունին, որ կատղած շունին երախէն ումպ մը լորձունք կը հաւաքէ քննելո՛ւ համար։

Կը տեսնե՞ս սա երիտասարդը, որ չա՜ր աշխարհներու մէջ կը մեռնի՝ հնդկախտին գաղտնիքը յափշտակելու համար։

Կը տեսնե՞ս սա նոր Փրոմեթէոսը, որ խաւարին ծոցէն ռատիումը գողնալով՝ իր ձեռքերը կ՚այրէ այդ մոգական հուրէն։

Կը տեսնե՞ս սա հայ գիտունն ալ, որ Ռէօնթկենեան ճառագայթներուն գիտակից զոհը կ՚ըլլայ Նոր-Աշխարհին մէջ։

Բայց դեռ ի՜նչ անանուն բժիշկներ կան որ ուրիշներո՛ւ կեանքին համար կը մեռնին, անգիտացուա՜ծ…։

Արդի՞ւնքը…։

Մոռցա՞ր ուրեմն այն օրերը ուր ամբողջ ժողովուրդ մը, իր արքաներով ու ասպետներով վէրքերու մէջ կը փտէր։ Այդ քսան հազար բորոտնոցներէն, որոնք Եւրոպայի մակերեսը կը ծածկէին՝ այսօր հա՛տ մը իսկ չէ մնացեր…։

Ժանտախտը, Ծաղկախտը, Հնդկախտը՝ դժոխքէն փախած այդ երեք աստուածները, որոնք մէկ տարուան մէջ անթիւ բանակ մը սրէ կ՚անցընեն՝ ա՜լ չեն զօրեր ոտք կոխելու այս անծայրածիր Եւրոպան զոր բժիշկնե՜ր կը պաշարեն։

Անոնք պահակներու պէս կը հսկեն քաղաքակրթութեան սահմանագլուխին վրայ։ Ու որպէսզի ժողովուրդներ կարենան հանգի՜ստ քնանալ՝ իրենք անքո՜ւն կը սպասեն խրամատին վրայ, նենգ թշնամիին դէմ ճակատ ճակատի…։

Այս անհաւասար կռուին մէջ՝ որ անզէ՛ն մարդը կատղած աստուածներուն դէմ կը մղէ, յաղթութիւնը մե՛րը պիտի ըլլայ…։

Առջի օր Ծաղկախտն ու Կեղծմաշկը անձնատուր եղան։ Երէկ Կատաղութիւնը խելօքցաւ։ Այսօր Ժանտատենդն ու Ֆրանկախտը յաղթուելու վրայ են։ Վաղը Թոքախտին է կարգը…։

Յիշէ՛ Սպարթացի մօր խօսքը.

-«Վահանո՛վդ կամ վահանի՛դ վրայ»։ Պիտի յաղթես կամ պիտի յաղթուիս, ուրիշ ճար չկայ…

Բժիշկնե՛ր, սորվեցուցէք ձեր հիւանդներուն, որ քաջ ըլլան, ապրիլը յաղթել է։ Յուսահատներուն համար այս կեանքին մէջ տեղ չկայ…։

Վա՜յ հոգեւոր ու մարմնաւոր տկարներուն, վա՜յ երկչոտներուն, վա՜յ յոռետեսներուն, վա՜յ թերահաւատներուն։ Վատերուն համար այս աշխարհին մէջ տեղ չկայ…։

Յոգնա՞ծ ես՝ տո՛ւր ինծի քու ձեռքդ։ Որովհետեւ եթէ կեանքի պայքարը տիեզերական օրէնք է, իրերօգնութիւնն ալ կենդանական բնա՛զդ է։

Մենք երգելո՜վ երթանք Վաղուան։ «Մահուան» չե՛մ ըսեր, որովհետեւ հիւանդութենէ մը մեռնիլը այնքա՜ն անբնական ու անիրաւ է, որքան արկածէ մը մեռնիլը։

Բոլո՛ր երկիրներու ախտաւորներ, իրարո՛ւ միացէք, ձեռք ձեռքի տուէք, կազմակերպուեցէք մե՛ծ յաղթութեան, Կեանքի՛ն յաղթութեան համար…։

Յառա՛ջ. ապրիլը յաղթե՜լ է…։

Լոզան, 1913

ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԶԳԱՅԱՐԱՆՔ

Հանդիպած առաջին աշակերտին հարցուր, թէ որո՞նք են մարդկային զգայարանքները։ Առանց տարիքի խտրութեան նո՛յն պատասխանը պիտի ընդունիս։

-Տեսանելիք, հոտոտելիք, ճաշակելիք, լսելիք, շօշափելիք…։

Եւ սակայն ամէն մարդ գիտէ թէ ուրիշ զգայարանք մ՚ալ կայ, վեցերորդը, այն որուն մասին չի խօսուիր եւ որ աշխարհ կը կենսաւորէ։

Դպրոցները կը լռեն. իր անունը անպատշաճ է։ Ազատօրէն կարենալ խօսելու համար՝ իր պաշտօնին յարմար անուն մը տանք, ու համարձակօրէն կոչենք զայն սիրելիք։

Բոլոր ճաշակելիքներէն ու հոտոտելիքներէն աւելի կարեւոր է ան։ Իրմէ՛ կախում ունի որ երջանիկ կամ թշուառ, առողջ կամ տխեղծ մարդկութիւն մը ծնի։

Կեանքի բոլոր հարցերուն մէջ ամենէն առաջինն է սեռական հարցը։ Բնագէտներն ու ընկերաբանները կը համաձայնին կրկնելու թէ է՛ն դժուար խնդիրն է ան։

Բայց ի՞նչ կ՚ընենք մենք՝ ընտանիքի հայրերս։

Կը թողունք որ տղան ինքնիրենը լուծէ այդ կնճռոտ հանգոյցը։ Ու մեր կողմէ կը բաւականանանք միայն իր մէջ ներմուծելով զզուանքի ու ամօթխածութեան գաղափարը։ Սեռային տգիտութիւնը իբրեւ անհրաժեշտութիւն եւ իբրեւ սրբութիւն կը նկատենք։

Սակայն օր մը պիտի գայ-անխուսափելի՜ օրը - երբ մեր չըսածը փողոցին տղաքները պիտի ըսեն, ու որքա՜ն յոռի կերպով…։

Վա՜յ այն ատեն այդ տղուն։

Ծնողքին դաւադիր լռութիւնը, ընկերներուն ոճրապարտ մեղսակցութիւնը, արգիլուած բան մը ընելու գիտակցութիւնը իրար միանալով՝ երէկուան հրեշտակը այսօրուան իժին պիտի վերածեն։

Չեմ համարձակիր նկարագրելու թէ այնպիսի տարիքի մը մէջ երբ պատանիին ջղային դրութիւնը դեռ հազիւ կազմակերպուելու վրայ եղող նուրբ - ամենանո՛ւրբ - դրութիւն մըն է, ի՜նչ ահաւոր աւերներ կը գործեն այդ անվերջ ու անանուն ցնցումները։

Սակայն վտանգը միայն մարմնական չէ, այլ հոգեկան։ Ո՛չ թէ միայն իրենց ֆիզիքական առողջութիւնը կը խաթարեն անոնք, այլ նաեւ իրենց բարոյական առողջութիւնը, իրենց նկարագիրը, իրենց զուարթութիւնը, իրենց սրբութիւնը։

Այսպէս, երիտասարդ մը որ դպրոցէն կ՚ելլէ, վարդ մըն է որ իր բոյրը կորսնցուցած է, եւ որուն բոլոր թերթերը փրթած են։ Եթէ դեռ միակ թերթ մը ունի, ան ալ առաջին ցնծուհին պիտի փրցնէ, այնպէս որ փշալից կոթ մը միայն պիտի մնայ իր ապագայ կնոջ ձեռքը…։

Որովհետեւ, - ինչո՞ւ չէ - այդ տգէտ պատանին, որ ո՛չ մէկ առողջապահիկ կանխազգուշութիւնով չզինեցինք, վաղը, սիրելու խաբկանքով, համբոյրի մը փոխարէն պիտի ստանայ ախտերուն է՛ն սարսափելին, եւ դարմանուելու խաբկանքով՝ կրկնօրէն պիտի զոհուի այն տիտղոսաւոր շառլաթաններուն որ բժշկութիւնը պոռնկացուցին…։

Ահա թէ ի՛նչպէս՝ ամօթի եւ մեղքի պատրուակով՝ թոյնի աղբիւր մը կը դարձնենք այն զգայարանքը, որ ամենէն իրական երջանկութեան գործիքն է՝ Բնութեան կողմէ մեզի նուիրուած։

Զգուշութի՜ւն։ Չստորնացնենք, չխաթարենք, չբթացնենք զայն, սեռական զգայարանքը։

Կենդանական աշխարհին մէջ քանի՜ քանիներ կան որ մի՛այն այդ զգայարանքով ու միա՛յն այդ զգայարանքին համար կ՚ապրին։

Ո՜վ չի ճանչնար Էֆէմէր թիթեռնիկը, այն շնորհալի թիթեռնիկը որ ամառ գիշերներ կու գայ ձեր լապտերին շուրջ բացխփելու իր թեթեւ թեւերը։ Ան կ՚ապրի ամենէն կարճատեւ ու ամենէն գեղեցիկ կեանքով որ կարելի ըլլայ երեւակայել։ Ճաշակելիք չունի, չի կրնար ուտել, քանի մը ժամէն պիտի մեռնի. բայց պիտի մեռնի ամենէն բնական, ամենէն իտէալ մահով, առանց ծերանալու, առա՛նց հիւանդանալու, առա՛նց ցաւելու…։ Երջանի՜կ թիթեռնիկ. սնունդի պէտք չունի, որովհետեւ ստամոքս չունի. կեանքի հոգ չունի, որովհետեւ իր օրերը համրուած են։ Իր միակ զբաղումը սէրն է. ան պիտի բարձրանայ եթերին մէջ, իրեն պէս Վաղամեռիկ թիթեռնիկ մ՚ալ պիտի գտնայ։ Ու պիտի սիրէ, ու պիտի մեռնի իրեն նուիրուելով…։ Ան պիտի իրականացնէ բանաստեղծին երազը. «Ծնիլ, սիրել, մեռնիլ…»։

Իրեն համար չէ Շամֆոսին սէրը, այն սէրը որ «երկու մաշկերու հպումն է» եւ որ այլասերած մարդկութիւն մը միայն կրնար հնարել։

Հազար դարերու քաղաքակրթութիւնով մը Բնութենէն հեռացած մարդկային սրտին մէջ անգամ՝ տեսէք թէ ինչպիսի ճոխ ծաղիկներով կը պճնուի ան.

-«Էն թշուառ ուղեղին մէջ թողէք որ սէրը քսանչորս ժամ աշխատի, ու ահա թէ ինչ պիտի գտնէք հոն, -կ՚ըսէ Սթանտալ, - ձմեռնային տերեւաթափ ճիւղ մը կը նետեն Սալցպուրկի աղահանքի մը մէջ, եւ երբ քանի մը ամիս յետոյ զայն դուրս կը քաշեն, այնպիսի պսպղուն բիւրեղներով ծածկուած է, ադամանդներու այնպիսի անհունութիւն մը պճնած է ամենափոքր ոստերն անգամ, որ անկարելի է ճանչնալ նախկին ճիւղը…»։

«Երեւակայութի՜ւն» պիտի ըսէք։ Ազատ թողէք երկու սիրահարները որ Բնութեան ձայնին հետեւին, ու պիտի տեսնէք թէ ի՜նչ գեղեցիկ իրականութիւն է այդ երեւակայութիւն կարծուածը։

Հոգւոյն եւ մարմնին այնքան սեղմ ու փոխադարձ ազդեցութիւնը մարդկային ուրիշ ոչ մէկ գործունէութեան ատեն կարելի է տեսնել։

Միսին մէջ այնպէս մը կը փոթորկի հոգին՝ որ ոսկորներուն ամենէն անշարժ բջիջներն անգամ վայրկեան մը իրենց ապրիլը կը զգան։

Արուն ու էգը, սէրն ու սեռը, մարմինն ու հոգին իրար խառնուելով՝ միանգամայն Տիեզերքին ու Աստուծոյն կը խառնուին։

Մարդկային ո՛չ մէկ զգայարանք, կենդանական ո՛չ մէկ գործողութիւն, բնագիտական ո՛չ մէկ երեւոյթ այնքան խորհրդաւոր է։

Այդ գերագոյն վայրկեանին, է՛ն սեւ մարդը արշալոյսներ հրդեհելու ընդունակ հրաշէկ հոգի մը կ՚ըլլայ։ Է՛ն ստոր մարդը կը հաւաքէ ինչ որ կայ իր մէջ լաւագոյն՝ կուսական կաղապարի մը մէջ նետելու համար զանոնք։

-Վայրկենական ցնցո՜ւմ մը…, - կ՚ըսէ Մարք Օրէլ։

Բայց այդ մէկ ցնցումը անհունները կը դողացնէ ու յաւիտեանները կը բեղմնաւորէ…։

Այսպէս է սէրը. մաքուր, առողջ, բնական սէրը։

Իմաստութի՞ւն թէ յիմարութիւն. չեմ գիտեր։ Կը զգամ միայն որ մարդկային ամենաբարձր արտայայտութիւնն է ան։ Անո՛վ է որ Աստուած մեր մէջ կը յայտնուի. Աստուած սէր է։

Պատրաստենք մեր զաւակները այդ մեծ օրուան համար։ Ու սորվեցնենք իրենց Վերածնունդի առաջին օրէնքը.

Առողջ սէր, առողջ սեռ։

Բանկալթի, 1914

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2024