ԲՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐ (Բ.)

Այրած ծառեր, ածուխ դարձած հողեր, փոշիով, ցեխով եւ արիւնով հոսող առուակներ, նաւթով թաթխուած լողափներ, գետեր եւ լիճեր, ուր դիակներ կը քշուին…

Այս բոլորը քանի մը պատկերներ են, որոնք մնացած են մեր մտքին մէջ՝ առայժմ տեղի ունեցած պատերազմներէն: Իրականութեան մէջ պատերազմները կը սպաննեն ո՛չ միայն մարդիկ, այլեւ բոլոր կենդանի էակներն ու բնութիւնը։ Ասացուածքը կ՚ըսէ, թէ «ուրիշի ցաւը զգողը կը կոչուի մարդ»: Ըստ էութեան, այս ասացուածքը պէտք է ուղղել սապէս. «Մարդ կը կոչուին անոնք, որոնք բնութեան ցաւը կը զգան»։

Մենք պէտք է զգանք ո՛չ միայն կենդանի էակներու ցաւը, այլեւ սարի, ժայռի, գետի կործանումն ու աղտոտումը։ Որովհետեւ բնութեան մէջ մարդոց պատճառով անհետացող կամ աղտոտած ամէն ինչ իրականութեան մէջ ինքնասպանութիւն է, նաեւ ինքնաոչնչացում։

Անոնք, որոնք լեռ կը քանդեն, կ՚ոչնչացնեն իրենց մէկ մասը։ Անոնք, որոնք կ՚ապականեն գետը, թոյն կը ներարկեն իրենց երակներուն մէջ։ Անոնք, որոնք կ՚աւերեն անտառները, իրենց թոքերուն կը վնասեն։ Անոնք, որոնք կ՚որսան թռչուն կամ լեռնային անասուններ, կը ռմբակոծեն իրենց ապագան: Որովհետեւ բնութեան մէջ ոչինչ աւելորդ է։ Բնութիւնը կը գտնուի հաւասարակշռութեան մը մէջ, որ ձեւաւորուած է միլիոնաւոր, նոյնիսկ միլիառաւոր տարիներու ընթացքին եւ անընդհատ կը թարմացուի: Այս հաւասարակշռութեան խախտումը կ՚ազդէ աշխարհի բոլոր բնակիչներուն վրայ: Երկար ժամանակ այս հանգամանքը չենք կրցած գիտակցիլ։ Բնութեան մէջ փոփոխութիւնն ու փոխակերպումը կը շարունակուին անընդհատ՝ նոյնիսկ եթէ չնկատենք։

Մարդկութիւնը երկա՜ր ժամանակ առաջ լքած է բնութեան հետ խաղաղ կեանքը: Ան պատերազմ յայտարարած է անոր դէմ՝ յանուն իր բարօրութեան։ Անոր հետ համատեղելի ապագայի փոխարէն ան բնութիւնը կը տեսնէ՝ որպէս իրեն համար ստեղծուած ապրանք մը եւ կ՚անհանգստանայ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է օգտագործէ զայն։ Մարդ ոչնչացուց անտառները եւ դաշտեր բացաւ՝ աւելի շատ սնունդ ստանալու համար։ Ան միջատները սպաննեց թոյնով, քանի որ անոնք կ՚ուտէին բերք ու պտուղներ: Անոնք գործարաններ կառուցեցին ու աղտոտեցին օդը, ջուրն ու հողը։ Կարծես այս բոլորը քիչ էր, անոնք խեղդեցին զիրար եւ դարերու ընթացքին խմեցին իրարու արիւնը, որպէսզի դառնան աւելի գերիշխող, ունենան աւելի հարուստ պետութիւն եւ աւելի սարսափելի իշխանութիւն:

Մենք գիտենք, որ լայն զանգուածներ միշտ կը վճարեն պետութիւններու նախաձեռնած պատերազմներու գինը։ Սա նոյնն է զինուորներու պարագային։ Անոնք մեծ մասամբ աղքատ մարդոց երեխաներն են եւ յաճախ անոնք կը վիրաւորուին, կը սպաննեն ու կը սպաննուին՝ փորձելով թափել նոյնպէս աղքատ ծնողներու երեխաներու եւ իրենց դասակարգէ եղբայրներու արիւնը։ Անոնք կը պատերազմին՝ նոյնիսկ առանց գիտնալու, թե ինչո՛ւ կը կռուին…

Պատերազմի ազդեցութիւնը շրջակայ միջավայրի վրայ անհամեմատելիօրէն կործանիչ է։ Միջավայրը կը քայքայուի՝ նոյնիսկ պատերազմական նախապատրաստական ​​փուլէն սկսեալ. զէնքի փորձարկում, զօրավարժութիւններու հետեւանքով յառաջացած ապականում եւ, ի վերջոյ յառաջ կու գայ պատերազմի սարսափելի դէմքը…

Երբ մարդիկ կը սկսին պատերազմներ, որոնք կը յանգեցնեն նաեւ այլ կենդանի էակներու մահուան եւ ամբողջ բնութիւնը մէկ քայլով կը մօտեցնեն իրենց աւարտին: Այս իրավիճակի լուծումը պատերազմի, աղքատութեան, տնտեսական եւ բնական աղէտներու պատճառ դարձած շահագործման եւ թալանի այս համակարգը փոխելն է։

Մենք պէտք է լսենք բնութեան ցաւը, որովհետեւ մենք անոր տէրը չենք, այլ անոր մասնիկն ենք: Մենք պէտք է օգնենք անոր՝ վերանորոգել ինքզինքը եւ, հետեւաբար մեզ...

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•վերջ

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2024