ՄԱՔՐԱԳՈՐԾԵԼ ԵԹԵՐԸ

Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան Լեզուի կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Կիւրճինեան երէկ Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց «Արմէնփրէս»ի սրահի երդիքին տակ։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Հայաստանի կառավարութեան ծրագրին մէջ լեզուաքաղաքականութեան վերաբերեալ դրութիւններու ընդգրկումը կարեւոր ձեռքբերում մըն է։ Այդ շարքին է անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծումը հայերէնի՝ որպէս արդի գիտութեան լեզու գործածութեան ու զարգացման համար։ Նոյն ամբողջին մէջ նախատեսուած է հեռուստաեթերի լեզուն։ Լեզուի կոմիտէի նախագահը նշեց, որ հեռուստատեսութեան եթերը պէտք է մաքրուի հանրային յարաբերութիւններու փոխադարձ արհամարհանքի եւ կոշտութեան բովանդակութենէն, ինչպէս նաեւ լեզուական ցածորակ արտադրանքէն։ Կրթական եւ մշակութային քաղաքականութեան առանցքային նպատակը պէտք է ըլլայ գրական հայերէնի տարածումը, նախադպրոցական եւ դպրոցական փոքր տարիքի լսարանի համար յատուկ ծրագրերու միջոցաւ գրական հայերէնի (ներառեալ՝ արեւմտահայերէնի) իմացութեան ամրապնդումը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ։

«Եթերը պէտք է մաքրուի լեզուական ցածորակ արտադրանքէ։ Այսօր մէկ-երկու հեռուստաալիքի եթերով կը կարողանանք պատշաճ հայերէնով ժապաւէններ դիտել կամ ճանաչողական հաղորդումներու հետեւիլ։ Մենք պէտք է աջակցինք հեռուստաընկերութիւններուն, համագործակցինք անոնց հետ։ Անոնք կը զգան մեր շնչառութիւնը իրենց թիկունքին։ Եթէ նախապէս մեր կառոյցը կը կատարէր պատժիչ ջոկատի դերը, ապա այսօր մենք գործընկեր ենք, աջակից ենք։ Մեր նպատակը հայերէնի տարածումն ու զարգացումն է», ըսաւ Կիւրճինեան եւ աւելցուց, որ հեռուստաընկերութիւնները ընդհանրապէս դրականօրէն կ՚արձագանգեն իրենց կողմէ ուղարկուած ամփոփագիրերուն։

Մանրամասնելով եթերի խնդրայարոյց հարցերը՝ Կիւրճինեան ընդգծեց, որ այդ տեսանկիւնէ առաջին տեղի վրայ կը գտնուին հեռատեսիլներու ֆիլմաշարերը։ Անոնց լեզուն անորակութեան սանդղակով առաջին գծի վրայ է։

Դաւիթ Կիւրճինեան ասուլիսի ընթացքին տեղեկացուց, որ Լեզուի կոմիտէն ուշադրութեան կեդրոնին պիտի պահէ երեսփոխաններու խօսքը։ Բաց աստի, ան յայտնեց, որ Երեւանի խանութներէն մէկուն օտարալեզու ցուցանակի գրութեան վերանայման համար Լեզուի կոմիտէն կը դիմէ դատարան։

Ուրբաթ, Փետրուար 22, 2019