ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՈՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԿԱՐԳ ԵՒ ԱՂՕԹՔ ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Հարցում. Պատարագը քանի՞ մասի կը բաժնուի ընդհանրապէս:

Պատասխան. Երկու գլխաւոր մասերու, որոնք կը կոչուին՝ Երախայից Պատարագ եւ Հաւատացելոց Պատարագ:

Հ. Երախայից Պատարագ կոչուածը ի՞նչ է:

Պ. Պատարագին այն մասն է, որ երախաները, այսինքն՝ չմկրտուած անձերը, ինչպէս նաեւ ապաշխարողներն ու թերահաւատները կրնային տեսնել, որպէսզի այդ միջոցին կարգուած ու սահմանուած խրատները լսեն: Այս մասը Պատարագի սկիզբէն մինչեւ՝ «իսկ մեք փառաւորեսցուք» աղօթքն է, կամ մինչեւ վերաբերութիւնը:

Հ. Հաւատցելոց Պատարագ կոչուածը ի՞նչ է:

Պ. Պատարագին երկրորդ մասը, որ վերաբերութենէն կը սկսի, որովհետեւ անցեալին սովորութիւն էր այդ միջոցին եկեղեցիէն դուրս հանել երախաները (չկնքուածները), բանդրուածները, անհաւատներն ու ապաշխարողները, ու միայն հաւատացեալները ներսը ձգել՝ Սուրբ Խորհուրդը տեսնելու ու հաղորդուելու:

Հ. Պատարագին կարգը քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նո՞յնն է:

Պ. Այո, նոյնն է ըստ էական մասերուն, բայց գրեթէ բոլոր եկեղեցիները եւս իրենց համար զատ-զատ արարողութիւններով գեղեցկացուցած են Պատարագի Խորհուրդին կատարումը: Մեր Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Պատարագի կարգադրութեան վսեմութիւնն ու գեղեցկութիւնը վկայուած է նաեւ օտարազգի գիտնականներու կողմէ1:

Հ. Պատարագին աղօթքները հի՞ն են, թէ՞ նոր:

Պ. Բոլորն ալ շատ հին են:

Հ. Ո՞վ շարադրած է այդ աղօթքները:

Պ. Նախ մի քանի հատը Յակոբոս Առաքեալը, թերեւս ալ ուրիշ առաքեալներ՝ իւրաքանչիւր եկեղեցիներու հիմնադիրները. սակայն, ետքէն, առաքելաշնորհ սուրբ հայրերը, եւ յանուանէ՝ Սուրբ Բարսեղ Կեսարացին եւ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանը գլխաւոր աղօթքները շարադրեցին: Քիչ ժամանակ ետք գամ գրեթէ նոյն ժամանակները իւրաքանչիւր գլխաւոր եկեղեցիներ զանազան աղօթքներով ճոխացուցած էին իրենց Պատարագի հանդէսը. մեր Սուրբ Եկեղեցին եւս ճոխացուցած է իր Պատարագը մինչեւ Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացիին2 օրերը, սակայն այդ ժամանակներէն ասդին մեր Պատարագի աղօթքներն ու արարողութիւնները գրեթէ բոլորովին անփոփոխ ու անխախտ մնացած են:  

Հ. Պատարագի ընթացքին ժողովուրդը ի՞նչ պէտք է աղօթէ:

Պ. Անպատճառ պէտք է, որ ժողովուրդն ալ Պատարագին ընթացքին ըսուած աղօթքները ընէ, կամ անոնց իմաստով շարադրուած ուրիշ աղօթքներ՝ սկիզբէն մինչեւ վերջը, ու ոչ թէ փայտի նման կանգնած մտիկ ընէ, կամ թէ սիրտին ուզած ժամանակը՝ Պատարագին վերջանալուն չսպասելով ձգէ ու դուրս ելլէ, որ շատ պարսաւելի պակասութիւն է:

ՔԱՀԱՆԱՅԻ ԶԳԵՍՏԱՒՈՐՈՒԵԼՈՒՆ ԱՂՕԹՔԸ

Հ. Քահանան զգեստաւորուելէն առաջ ի՞նչ աղօթք կ՚ընէ:

Պ. Նախ՝ «Յիշեա՛ Տէր զԴաւիթ» սաղմոսը կ՚ըսէ, որու մէջ իմաստալից ու գեղեցիկ բազմաթիւ իմաստներ կան.

- Քահանայք Քո զգեցցին զարդարութիւն եւ սուրբք Քո ցնծալով ցնծասցեն:

Տէր, Քու քահանաներուդ վայելած հագուստը արդարութիւնն է, եւ Քու սուրբերուդ վայելածը՝ ուրախութիւն եւ ցնծութիւն3:

- Յիշեա՛ Տէր զԴաւիթ եւ զամենայն նեղութիւն նորա:

Մի՛ մոռնար, Տէր, Քու Դաւիթ ծառան ու անոր հեզահոգի բնութիւնը:

- Որպէս երդուաւ Տեառն, եւ ուխտս եդ Աստուծոյ Յակոբայ:

Թէ նա ինչպէս երդում ըրաւ Քեզի, եւ ուխտեց Յակոբի Աստուծոյն:

- Թէ ոչ մտից ի յարկս տան իմոյ, թէ ելից յանկողինս մահճաց իմոց:

Ոչ երբեք տանս դռնէն ներս ոտք կոխեմ, ո՛չ երբեք անկողնիս մահիճը ելլեմ հան-գըստանալու:

- Թէ տաց քուն աչաց իմոց, կամ նինջ արտեւանաց իմոց, կամ հանգիստ իրանաց իմոց, մինչեւ գտից զտեղի յարկի Տեառն Աստուծոյ Յակոբայ:

Ոչ երբեք քուն տամ աչքերուս, եւ ոչ արտեւանունքս (թարթիչներս) փակեմ, եւ ոչ մարմինիս անդամները հանգստացնեմ, - մինչեւ որ գտնեմ թէ Յակոբայ Տիրոջն ու Աստուծոյն բնակութեան տեղը ուր է:

- Ահա լուաք զնմանէ յԵփրաթա, եւ գտաք զնա ի դաշտս մայրեաց:

Ահա յանկարծ լսեցինք, որ Եփրաթա ըսուած տեղն է, եւ մայրիներու դաշտին մէջ գտանք զԻնք:

- Մտցուք ի յարկս Նորա, երկրպագցուք ի տեղւոջ՝ ուր կացեալ են ոտք Նորա:

Եկէք մտնենք Անոր բնակարանը, երկրպագութիւն ընենք այն տեղին, ուր Անոր ոտքերը կոխեր են:

- Արի Տէր ի հանգիստ Քո, Դու եւ տապանակ կտակի սրբութեան Քո:

Արի՛, ե՛կ, Տէր Քու հանգստանալու տեղդ, հոն թող գայ նաեւ Քու Սուրբ Ուխտիդ Տապանակը:

- Երիցունք Քո զգեցցին զարդարութիւն, եւ սուրբք Քո ցնծալով ցնծասցեն:

Թող Քու քահանաներդ արդարութիւնը հագնին, եւ Քու սուրբերդ ուրախանան ու ցնծան:

- Վասն Դաւթի սիրելւոյ Քո մի՛ դարձուցաներ զերեսս Քո յօծելոյ Քումմէ:

Քու Դաւիթ ծառայիդ սիրոյն համար մի՛ դարձներ երեսդ Քու օծած թագաւորէդ (կամ քահանայէդ):

- Երդուաւ տէր Դաւթի ճշմարտութեամբ եւ ոչ ստեաց նմա, ի պտղոյ որովայնի նորա նստուցանել յաթոռ նորա։

Աստուած երդում ըրած է Դաւիթին ճշմարիտ երդումով, եւ խօսքը պահեց, որպէսզի անոր զաւակը անոր աթոռին վրայ նստեցնէ:

- Թէ պահեսցեն որդիք քո զօրէնս իմ եւ զվկայութիւնս իմ զոր ուսուցից նոցա։

Եթէ որդիներդ օրէնքներս պահեն, ու Իմ անոնց սորվեցնելու հաւատքը չկորսնցնեն:

- Որդիք նոցա նստցին յաւիտեանս յաւիտենից յաթոռ քո։

Անոնց որդիները եւս յաւիտեանս յաւիտենից  քու աթոռիդ պիտի նստին:

- Հաճեցաւ Տէր ընդ Սիոն եւ ընտրեաց բնակիլ ի նմա. ասէ, ա՛յս է հանգիստ իմ յաւիտեանս յաւիտենից, ի սմա բնակեցայց զի հաճեցայ ընդ սա։

Աստուած հաճեցաւ Սիոնին եւ հաճեցաւ, որ այնտեղ բնակի. ըսաւ, ա՛յս է իմ հանգստանալու վայրս յաւիտեանս յաւիտենից, այստեղ պիտի բնակիմ, որովհետեւ ասոր հաճեցայ:

- Զայրիս սորա օրհնելով օրհնեցից եւ զաղքատս սորա լցուցից հացիւ։

Ասոր այրիները օրհնելով պիտի օրհնեմ, ու ասոր աղքատները հացով պիտի լիացնեմ [կշտացնեմ]:

- Երիցանց սորա զգեցուցից զփրկութիւն եւ սուրբք սորա ցնծալով ցնծասցեն։

Ասոր քահանաներուն փրկութեան հագուստը պիտի հագցնեմ ու ասոր սուրբերը ցնծալով պիտի ցնծան:

- Անդ ծագեցից եղջիւր ի Դաւիթ. պատրաստ արարից զճրագ օծելոյ իմոյ։

Այնտեղ, Դաւիթին զօրաւոր եղջիւր մը պիտի բխեցնեմ, եւ Իմ օծեալիս ճրագը պիտի վառեմ:

- Թշնամեաց սորա զգեցուցից զամօթ եւ ի վերայ նորա ծաղկեսցի սրբութիւն իմ։

Ասոր թշնամիներուն երեսը ամօթով պիտի ծածկեմ, իսկ Իմ սրբութիւնս անոր վրայ պիտի ծլի ու ծաղկի:

Փառք Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ: Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։

Ապա, այդ վսեմ ու գեղեցիկ աղօթքը կ՚ըսէ, որու սկիզբն է. «Որ լոյսը որպէս հանդերձ հագուած ես՝ Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս». ու իմաստն է խնդրել Քրիստոսէն, որ Իր մարդեղութեան խորհուրդին անճառելի շնորհքովը արժանի ընէ քահանային՝ մերկանալ մեղքի հագուստը եւ զարդարուիլ Քրիստոսի լուսափայլ շնորհքովը՝ այստեղ ու հանդերձեալին մէջ՝ Քրիստոսի պատուիրանները անմեղութեամբ պահող քահանաներուն նման:

Եւ ապա կը սկսի զգեստաւորուիլ՝ զգեստի իւրաքանչիւր մասին համար պատշաճ աղօթք մը ըսելով:

​ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վեածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2

Վաղարշապատ


1 Գաղղիայի քաջահմուտ աստուածաբաններէն մէկը կ՚ըսէ. «Պատարագի արարողութիւնը հայերուն մօտ գեղեցկագոյն արարողութիւններէն մէկն է ո՛չ միայն Արեւելքի, այլեւ ամբողջ Տիեզերական Եկեղեցւոյ մէջ». իսկ ուրիշ տեղ մը. «Սքանչելի արարողութիւն» կ՚անուանէ զայն:

2 Ներսէս Լամբրոնացիի սուրբ հռչակուելու մասին կան բազմաթիւ կարծիքներ: Ոմանք զինք սուրբ կը համրեն, իսկ ոմանք ոչ: Սակայն եկեղեցական կանոնական որոշում չկայ անոր սուրբ ըլլալու հանգամանքին մասին: Այստեղ յարգելով Հեղինակին կարծիքը պարունակութիւնը՝ կը ձգենք նոյնութեամբ:

3 Չնայած, որ ներկայիս կան արեւմտահայերէնի այլեւայլ թարգմանութիւններ Պատարագի արարողութեան, սակայն կը պահպանենք Հեղինակին կատարած թարգմանութիւնը եւ զայն պարզացնելով միայն կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն:

Շաբաթ, Փետրուար 22, 2020