ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԷԼԻԶ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Մամուլի մէջ հրապարակումներու պակաս չկայ նաեւ մէկ այլ հայազգի նուիրեալի՝ ֆրանսահայ բժշկուհի Էլիզ Պօղոսեանի մասին: Բաւական է որոնել անոր անունը՝ Elise Boghossian, ապա համացանցի մէջ կը հետեւին անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւ այլ լեզուներով անհաշիւ յօդուածներն ու տեսանիւթերը, որոնք կը պատմեն այս զարմանալի հայուհիի մասին: Անոր կեանքը նոյնպէս նուիրումի պատմութիւն մըն է՝ նուիրում գաղթականներուն եւ պատերազմի վիրաւորներուն:
Ֆրանսական թերթերը հայազգի Էլիզ Պօղոսեանը կոչած են հրաշագործուհի, որ կ՚օգնէ բազում կարիքաւորներու եւ ոտքի կը հանէ հաւատը կորսնցուցած անձերը՝ հազարաւոր մարդիկը տանելով ապրելու եւ յոյսի ճանապարհով: Էլիզ Պօղոսեան ըսած է, որ մարդոց օգնելը իր ողջ կեանքի երազանքը եղած է, միշտ օգնած է ատոր կարիքն ունեցողներուն, իսկ այժմ, ներկայ պատերազմող աշխարհին մէջ հնարաւորութիւն ունի օժանդակելու աւելի շատ մարդոց՝ որոնք կորսնցուցած են իրենց առողջութիւնը:
Բժշկական գիտութիւններու թեկնածու Էլիզ Պօղոսեան հայ գաղթականի թոռնուհի է, իր մեծհայերու եւ մեծմայրերու պատմութիւնները զինք մղած են ձեռք բերել օգտակար մասնագիտութիւն, զոր ան ի սպաս կը դնէ Սուրիոյ եւ Իրաքի քաղաքացիական պատերազմի վիրաւորներուն օգնելու համար: Ֆրանսացի հայուհին նոյնպէս իր հարցազրոյցներու մէջ նշած է, թէ իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր այն ժողովուրդներուն, որոնք անցեալ դարասկիզբին հիւրընկալած են գաղթականութեան ճանապարհը բռնած հայերուն, իսկ այսօր իրենք ունին այդ օգնութեան կարիքը:
Էլիզ Պօղոսեան ասեղնաբուժութեան մասնագէտ է: Ասեղնաբուժութեամբ 2002 թուականին զբաղած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: 2013 թուականին այցելած է Յորդանանի եւ Սուրիոյ սահմանը, ուր կը գտնուի Մերձաւոր Արեւելքի ամենէն մեծ գաղթակայանը եւ օգնած է հազարաւոր վիրաւորներու: Այսօր Էլիզ Պօղոսեան նոյն այդ գործը կը կատարէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Հազարաւոր մարդիկ կարգի կը սպասեն շարժական բժշկական խցիկի առջեւ, որու միջոցաւ Էլիզ Պօղոսեան կը տեղաշարժուի Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ եւ անվճար կ՚օգնէ պատերազմի սարսափը տեսած մարդոց:
Խցիկի մէջ կան 10 հազար ասեղներով ժամանակակից առողջապահական միջոցներ, զորս ան կը գործածէ թէ՛ որպէս առաջին բոյժ-օգնութիւն եւ նաեւ՝ հետագային ստացուած վէրքերը ասեղներով դարմանելու համար: Ֆրանսահայ բժշկուհին չինական ժողովրդական բժշկութիւն սորված է Չինաստանի Նանքինի համալսարանին մէջ, իսկ այնուհետեւ մասնագիտացած է Վիեթնամ՝ Հանոյի Ասեղնաբուժութեան ազգային հիմնարկի ղեկավար, Փրոֆ. Նկույէն Թայ Թհուի քով:
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, գործելով ռումբերու եւ կրակոցներու տարափի ներքոյ, Էլիզ Պօղոսեան նաեւ տեղացի մասնագէտներու խումբեր պատրաստած է, որոնք առաջին բոյժ-օգնութիւնը ցոյց կու տան պատերազմէն տուժածներուն: Որոշ վայրերու մէջ հայ բժշկուհին կը շրջի այլ բժիշկներու հետ, որովհետեւ հնարաւոր չէ միայնակ հասնիլ բոլոր այն կարիքաւորներուն, որոնք երիտասարդ այս կնոջ կարիքն ունին: Իր հարցազրոյցներուն մէջ Էլիզ Պօղոսեան կ՚ըսէ, որ ասեղնաբուժութեամբ հնարաւոր է թէ՛ ցաւազրկում կատարել եւ թէ բուժել բազմաթիւ հիւանդութիւններ՝ նեարդային համակարգէն մինչեւ շարժողական:
Էլիզ Պօղոսեան յայտնած է, որ երջանիկ է, քանի որ գտած է իր կեանքին իմաստը:
Իրենց երիտասարդ տարիները երախտագիտութեան գաղափարին նուիրած երկու հայերուն անդրադառնալու առիթը մօտ օրերուն Երեւանի մէջ սպասուող միջազգային մէկ իրադարձութիւնն է՝ «Աւրորա» մրցանակաբաշխութիւնը, որու ժամանակ մրցանակներ կը տրուին աշխարհի տարածքին իրենց կեանքով ու գործունէութեամբ նուիրաբերում եւ զոհողութիւն փաստած մարդոց: Մրցանակը ստեղծած են հայերը, սակայն ան պիտի տրուի ի երախտագիտութիւն անոնց, որոնք փրկութեան ձեռք մեկնած են հայ ժողովուրդին:
Հայ որբուհի Աւրորա Մարտիկանեանի անունը կրող «Աւրորա» մրցանակի ընտրող յանձնախումբը արդէն յայտարարած է մրցանակի դափնեկիրի չորս յաւակնորդներու անունները. Մարգարիտ Բարանկիցէ՝ Պուրունտիէն, Տքթ. Թոմ Քաթինա՝ Սուտանէն, Սայիտա Ղուլամ Ֆաթիմա՝ Փաքիստանէն եւ Հայր Պեռնարտ Կինվի՝ Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութենէն:
ՅՈՎԻԿ ԷԹԵԷՄԷԶԵԱՆ
Սուրիական պատերազմը իր հետ բերած է մարդկային բազում ճակատագրերուն առընչուող յուզիչ պատմութիւններ: Փախստականներու, պատերազմի վիրաւորներու, զոհուածներու ընտանիքներու խնամքը իրենց վրայ վերցուցած են միջազգային բարեսիրական կազմակերպութիւններ, մեծ երկիրներու կառավարութիւններ, որոնք աւելի քան չորս տարիէ ի վեր իրենց ուշադրութեան ներքոյ առած են սուրիական պատերազմէն տուժած մարդոց, մանաւանդ՝ երախաներն ու ծերերը: Կան եւրոպական բազում կազմակերպութիւններ, որոնք մարդասիրական առաքելութիւններ կ՚իրականացնեն եւ սնունդ, ապաստարան եւ բժշկական օգնութիւն կը տրամադրեն հակամարտութիւններէն տուժածներուն եւ պատերազմի փախստականներուն: Այդ կազմակերպութիւններուն մէջ նշանաւորներէն է ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը (UNHCR): Ան հիմնադրուած է տակաւին 1951 թուականին՝ Երկրորդ աշխարհամարտի հետեւանքով անօթեւան մնացած աւելի քան մէկ միլիոն մարդոց օգնելու նպատակով: Գրասենեակը երկարատեւ լուծումներ կ՚առաջարկէ փախստականներուն՝ կամաւոր հայրենադարձութեան, ապաստան երկիրներու մէջ յարմարուելու կամ երրորդ երկիրներու մէջ վերահաստատուելու համար: Զուիցերիա՝ Ժընեւ տեղակայուած գրասենեակը, 1950 թուականէն սկսեալ, օգնած է տասնեակ միլիոնաւոր մարդոց՝ աղէտներէն եւ հակամարտութիւններէն ետք նորովի սկսելու իրենց կեանքին:
Աշխարհի մէջ չդադրող հակամարտութիւններուն զուգահեռ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի աշխատանքը նոյնպէս երբեք չէ դադրած: Սուրիական պատերազմէն ետք գրասենեակը զանազան երկիրներու մէջ ստեղծած է փախստականական ճամբարներ, որոնցմէ ամենէն մեծը կը նկատուի Յորդանանի մէջ գտնուող «Ալ Զաաթար»ի գաղթակայանը: Այսօր այդ գաղթակայանին մէջ հանգրուանած են աւելի քան 90 հազար սուրիացի փախստականներ, որոնք փախստականի կեանքով կ՚ապրին վրաններու տակ, ժամանակաւոր կացարաններու մէջ: Ճամբարին անդրադառնալու առիթը անոր հայազգի ղեկավարն է՝ լիբանանեան ծագումով երիտասարդ հայորդին՝ Յովիկ Էթեէմէզեանը, որուն քաջածանօթ են ճամբար այցելող գործիչները, հիմնադրամներու ղեկավարները, քաղաքական այրերը: Մինչ Յորդանանի այս գաղթակայանին մէջ աշխատիլը, Յովիկ Էթեէմէզեան մարդասիրական առաքելութիւններ ստանձնած է նաեւ ափրիկեան երկիրներու մէջ՝ Թունուզ եւ այլուր: Մամուլը մէկ անգամ չէ, որ անդրադարձած է հայազգի Յովիկ Էթեէմէզեանի գործունէութեան, նշելով, որ ինքն ալ սերած է գաղթականի ընտանիքէ եւ մեծհօր ու մեծմօր պատմութիւնները իր մէջ սէր ու ձգտում յառաջացուցած են օգնել գաղթականներուն, սատարել անոնց եւ կանգնիլ կարիքաւորու կողքին: Յովիկ Էթեէմէզեան ամէն օր հսկայական աշխատանք կը կատարէ 90 հազարէ բաղկացած գաղթակայանին մէջ, կը ղեկավարէ գրասենեակները, անձամբ կ՚այցելէ փախստականներուն, կը կարգաւորէ անոնց առօրեայ հոգերը, կ՚ընդունի հիւրեր, որոնց կ՚ուղեկցի հսկայական գաղթակայանի զանազան տարածքներու վրայ տեղակայուած վրաններ, պահեստներ, կը ծանօթացնէ սուրիական պատերազմի փախստականական երեսակին հետ: Հազարաւոր երախաներ, ծերեր, կիներ, յղի կիներ, հիւանդներ ու յուսահատ մարդիկ Յորդանանի կիզիչ արեւուն տակ, անորոշութեան քօղին ներքեւ կը սպասեն պատերազմի աւարտին: Անոնց ճակատագիրը տնօրինողներու գործը դիւրին չէ. պարտաւոր են ոչ միայն սնունդ եւ ապաստարան տրամադրել, այլ նաեւ յոյս ներառկել տունն ու աշխատանքը կորսնցուցած հազարաւոր մարդոց: Ամէն օր յոյսի բազում պաշարով Յովիկ Էթեէմէզեան կ՚ուղղուի արդէն ծանօթ սուրիացի փախստականներուն վրանները... Երախտագիտութեան զգացում է թերեւս, որ երիտասարդը կը փոխանցէ տարիներ անց, այն բանէն ետք, երբ օտարներ նոյն կերպով սատարած են հայ գաղթականներուն՝ օտար երկիրներու մէջ...
«ԱՈՒՐՈՐԱ» ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ
«Աուրորա» մարդասիրական համաշխարհային մրցանակը ամէն տարի Ապրիլին պիտի շնորհուի մէկ հոգիի եւ ընտրուած թեկնածուն կը ստանայ 100 հազար ամերիկեան տոլարի պարգեւ եւ նուիրատուութեան շղթան շարունակելու հնարաւորութիւն՝ 1 միլիառ ամերիկեան տոլարի դրամաշնորհի ներկայացնելով իրեն ոգեշնչած մարդասիրական կազմակերպութիւններուն:
«Աուրորա» մրցանակը հիմնած են 100 LIVES (Հարիւր կեանք) նախաձեռնութեան հիմնադիրները՝ յայտնի գործարարներ եւ բարերարներ Ռուբէն Վարդանեանն ու Նուպար Աֆէյեանը եւ Նիւ Եորքի «Քարնեկի» հիմնադրամի նախագահ Վարդան Գրիգորեանը: Ամէնամեայ այս մրցանակը ստեղծուած է մարդկութեան ուշադրութիւնը անգամ մը եւս ուղղելու աշխարհի մէջ այսօր տեղի ունեցող աղէտներուն եւ ոճրագործութիւններուն եւ խրախուսելու ջանքերը այն հերոսներուն, որոնք մարդկային կեանքեր կը փրկեն: 100 LIVES նախաձեռնութեան հիմնադրած «Աուրորա» (Aurora) մրցանակի արձանիկի գծագրական պատկերը պիտի ստեղծեն Հայաստանի «Թումօ» ստեղծարար արուեստագիտութեան կեդրոնի սաները:
Յաղթող կարգախօսն ու գունապնակը պիտի յայտարարուին 100 LIVES-ի պաշտօնակատար անձերուն կողմէ՝ Ապրիլի 23-ին, Դիլիջանի մէջ:
Մարգարիտ Փարանկիցէ կը գործէ ափրիկեան Պուրունտի պզտիկ պետութեան Խաղաղութեան տուն (Maison Shalom) խնամքի տան եւ REMA հիւանդանոցին մէջ: Ան Պուրունտիի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն հազարաւոր կեանքեր փրկած է՝ խնամելով որբերն ու փախստականները։ Ազգութեամբ թութսի Փարանկիցէ պատերազմի սկզբնական շրջանին հետապնդումէ փրկելու նպատակով փորձած է թաքցնել ազգութեամբ հուլու 72 ամենէն մօտ դրացիները, սակայն երբ զանոնք գտած են, անմիջապէս սպաննած են այդ ահասարսուռ դէպքի ականատեսը դարձնելով նաեւ Բարանկիցէն։ Այս դաժան միջադէպէն ետք Մարգարիտ Փարանկիցէ իր կեանքը նուիրած է փախստականները եւ երախաները խնամելու գործին։ Ան փրկած է ընդհանուր առմամբ երեսուն հազար երախայ եւ 2008 թուականին հիմնած է հիւանդանոց, ուր մինչ օրս բժշկական օգնութիւն ստացած է ութսուն հազար հոգի։
Մրցանակի միւս թեկնածուն՝ Տքթ. Թոմ Քաթինա Սուտանի Նուպա լեռներու «Գթութեան մայր» հիւանդանոցի միակ բժիշկն է: Ամերիկացի մասնագէտը Հարաւային Սուտանի հետ սահմանամերձ այս գօտիի վրայ անձամբ պատասխանատու է տարածքաշրջանի հինգ հարիւր հազար բնակչի բոյժ-սպասարկման համար։ Հակառակ Սուտանի կառավարութեան կողմէ տարածքի բազմակի ռմբակոծումներուն, Տքթ. Թոմ Քաթինա մարդկանց օր ու գիշեր հասանելի ըլլալու համար մշտապէս ապրած է հիւանդանոցի տարածքին։ Անոր անձնուէր գործունէութիւնը լուսաբանուած է բազմաթիւ լրատուամիջոցներու եւ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրող կազմակերպութիւններու կողմէ: TIME պարբերականը 2015 թուականին զինք հռչակած է ամենէն ազդեցիկ անհատներէն մին:
100 LIVES խումբի հայերու կողմէ ուշադրութեան արժանացած միւս թեկնածուն, որ կրնայ ըլլալ ստանայ «Աուրորա» համաշխարհային բարեսիրական մրցանակը, Սայիտա Ղուլամ Ֆաթիման է, որ իր կեանքը նուիրած է պարտքի դիմաց ֆիզիքական շահագործման ենթարկուողները փրկելու՝ փորձելով վերացնել մերօրեայ ստրկութեան վերջին ձեւերէն մին: Ֆաթիմա Փաքիստանի «Կախեալ շահագործուողներու ազատագրութեան ճակատ»ի (BLLF) գլխաւոր քարտուղարն է։ Կազմակերպութեան ջանքերով փրկուած են աղիւսի թրծման գործարաններու մէջ պարտքի դիմաց բռնութեամբ աշխատող հազարաւոր մարդիկ, այդ կարգին՝ 21 հազար երախայ։ Անոնց պարտքի տոկոսները այնքան բարձր են, որ այդ մարդիկ ամբողջ կեանքը, ըստ էութեան, հարկադրուած են աշխատիլ ծայր աստիճան աղքատութեան եւ յաճախ նաեւ՝ դաժան պայմաններու մէջ։ Ֆաթիմայի դէմ անցեալին բազմաթիւ մահափորձեր իրականացուած են։ Գործունէութեան ընթացքին ան բազմիցս ենթարկուած է ֆիզիքական բռնութեան։
Եւ վերջապէս Հայր Պեռնար Կինվին է վերջին թեկնածուն, որ հոգեւորական դարձած է տասնինն տարեկանին, երբ երկարատեւ բռնութիւններու ու հիւանդութեան հետեւանքով կորսնցուցած է հայրն ու չորս քոյրերը։ Հեռանալով հայրենի Տոքոյի Լոմէ քաղաքէն՝ Հայր Կինվին տեղափոխուած է Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութիւն: Սահմանամերձ փոքրիկ Պոսսեմտելէ քաղաքին մէջ ան գլխաւորած է տեղւոյն կաթողիկէ դպրոցը, եկեղեցին եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի անունը կրող հիւանդանոցը։ Սակայն 2012 թուականին Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան մէջ մահմետական Սելեկա դաշինքի ապստամբներու եւ Հակապալաքաներու քրիստոնեայ աշխարհազօրի միջեւ (Anti-balaka) քաղաքացիական պատերազմ կը ստեղծուի։ Տեղի ունեցող բռնութիւններու ընթացքին Հայր Կինվիի առաքելութիւնը ապաստարան ու բժշկական օգնութիւն տրամադրած է հակամարտութեան երկու կողմերու տուժածներուն՝ հետապնդումէ ու մահէ փրկելով հարիւրաւոր մարդիկ։
«Աուրորա» մրցանակը դափնեկրին կը շնորհէ Ընտրող յանձնախումբի համանախագահ, Not On Our Watch բարեգործական հիմնադրամի համահիմնադիր աշխարհահռչակ դերասան Ճորճ Քլունին՝ Երեւանի մէջ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ