ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՂԶԻՆ…

Euronews-ի կայ­քէ­ջը անդ­րա­դար­ձաւ Եւ­րո­պա­յէ ներս հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թեան՝ ու­շադ­րու­թիւն սե­ւե­ռե­լով Վե­նե­տի­կի Սուրբ Ղա­զար կղզիին վրայ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Եւ­րո­պա­յի հե­ղի­նա­կա­ւոր այս լրա­տուա­մի­ջո­ցը կը մատ­նան­շէ, որ ցա­մա­քա­մա­սէն ներս հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը ձգուած է Լոն­տո­նէն մին­չեւ Լար­նա­քա, Լիզ­պո­նէն մին­չեւ Լը­վով։ Այս ժա­ռան­գու­թեան ա­մե­նաազ­դե­ցիկ օ­րի­նակ­նե­րէն մին է Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Վե­նե­տի­կի կեդ­րո­նա­կան վան­քը, որ խարս­խուած է Սուրբ Ղա­զար կղզիէն ներս։ Euronews կը շեշ­տէ, որ Եւ­րո­պա­յի ա­մե­նա­հին քա­ղաք­նե­րէն մէ­կուն՝ Վե­նե­տի­կի մէջ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թիւ­նը ու­նի 300-ա­մեայ ներ­կա­յու­թիւն մը։ «Վե­նե­տի­կի հայ­կա­կան կղզին» խո­րագ­րեալ յօ­դուա­ծին մէջ նշուած է նաեւ, որ յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րին կը նա­խա­տե­սուին շարք մը ձեռ­նարկ­ներ՝ պատ­շաճ շու­քով նշե­լու հա­մար 300-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։

Ներ­կա­յաց­նե­լով Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան պատ­մու­թիւ­նը՝ լրա­տուա­մի­ջո­ցը կը նշէ, որ միա­բա­նու­թեան հայ­րե­րը առ­հա­սա­րակ Եւ­րո­պա­յի, իսկ մաս­նա­ւո­րա­պէս նաեւ հայ­կա­կան աշ­խար­հի մէջ մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած են հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու, կրթու­թեան եւ տպագ­րու­թեան գոր­ծին մէջ։ Ցայ­սօր մխի­թա­րեան­նե­րու հիմ­նած վա­նա­կան հա­մա­լի­րը աշ­խար­հի եր­կու քա­ղաք­նե­րէն մին է, որ կրնայ հպար­տա­նալ ար­դէն 300-է ա­ւե­լի տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին տա­րին առնուազն մէկ հա­յե­րէն գիրք հրա­տա­րա­կած ըլ­լա­լու բե­րու­մով։ Այս վա­նա­կան­նե­րուն ջան­քե­րով նշա­նա­ւոր եւ­րո­պա­կան գոր­ծեր թարգ­մա­նուած են, հնա­գոյն ձե­ռագ­րեր տպագ­րուած են ա­ռա­ջին ան­գամ կամ այլ ճա­նա­պարհ­նե­րով հայ­կա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը ցոյց տրուած է Եւ­րո­պա­յին եւ փո­խա­դար­ձա­բար ա­նոնց գոր­ծու­նէու­թեան շնոր­հիւ՝ Եւ­րո­պան հա­սա­նե­լի դար­ձած է հա­յոց։

Հայր Սե­րոբ Չա­մուր­լեան Euronews-ին յայտ­նած է, որ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թիւ­նը մշտա­պէս ծա­ռա­յած է որ­պէս կա­մուրջ՝ կա­պե­լով հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը եւ­րո­պա­կան աշ­խար­հին հետ՝ գի­տու­թեան եւ հո­գե­ւոր ո­լոր­տի մէջ, ինչ­պէս նաեւ կամր­ջած է հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րը։ Ան ա­րեւ­մուտ­քի մէջ ա­րե­ւել­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչն է եւ ա­րեւմ­տեան գա­ղա­փար­նե­րը ա­րե­ւե­լեա­նի վե­րա­ծո­ղը։

«Սուրբ Ղա­զա­րի հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը այն­քան մեծ էր, որ նոյ­նիսկ Նա­փո­լէոն Պո­նա­փարթ այդ վա­նա­կան հա­մա­լի­րի գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար յա­տուկ թոյլ­տուու­թիւն տրա­մադ­րեց՝ այն պա­րա­գա­յին, երբ 1810 թուա­կա­նին Վե­նե­տի­կի մէջ ան փա­կած էր միւս կրօ­նա­կան կա­ռոյց­նե­րը։ Քա­նի մը տա­րի վերջ կղզիի ա­մե­նա­յայտ­նի հիւ­րը՝ Լորտ Պայ­րըն 1816-1817 թուա­կան­նե­րուն քա­նի մը ա­միս ան­ցուց հա­յե­րէ­նի ու­սում­նա­սիր­ման վրայ», տե­ղե­կա­ցու­ցած է Euronews։

­Թէեւ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թիւ­նը այն­քան աշ­խոյժ չէ ան­ցեա­լի նման, ա­ւե­լի քիչ ան­դամ­ներ ու­նի եւ աշ­խար­հիկ կլո­պալ մի­ջա­վայ­րի մէջ ա­ճող մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն կը դի­մադ­րէ, սա­կայն ա­նոր ջան­քե­րով կը գոր­ծէ չորս վար­ժա­րան՝ Պէյ­րու­թի, Լոս Ան­ճե­լը­սի, Պուէ­նոս Այ­րէ­սի եւ Իս­թան­պու­լի մէջ։ Լրա­տուա­մի­ջո­ցը մատ­նան­շած է, որ կրթա­հա­մա­լիր մըն ալ կը գոր­ծէ Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2017