«ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆ ԵՒ ՉԱՐԵՆՑ»

Երեւանի «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգ մը, որ ձօնուած էր հայ երաժշտութեան կենդանի առասպել մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեանի 80-ամեայ յոբելեանին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս համերգը կազմակերպուած էր «Մանսուրեանը Չարենցի հետ» խորագրով։

Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբը այս առթիւ հանդէս եկաւ՝ գեղարուեստական ղեկավար ու խմբավար Ռոպերթ Մլքէեանի մականին ներքեւ։ Համերգին ներկայ էր նաեւ յոբելեարը՝ Տիգրան Մանսուրեան։

Հարկ է նշել, որ Տիգրան Մանսուրեանի յոբելեանին ձօնուած երեկոյթ մը եւս նախատեսուած է յառաջիկայ երեքշաբթի՝ մարտի 26-ին։ Այդ համերգն ալ տեղի պիտի ունենայ «Տիգրան Մանսուրեանը Իսահակեանի հետ» խորագրին ներքեւ։

Ուրբաթ, Մարտ 22, 2019