ԻՆՏՐԱՅԻ «ՆԵՐԱՇԽԱՐՀ»Ի ԱՆԳԼԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ԽՈՒԹԵՐԸ

Հայ գրականութիւնը չունի ուրիշ գրող մը, որուն ոճը միանգամայն ըլլայ անհարթ, ոչ-դիւրընկալելի, դիւրահաղորդ ու ներգործական, որքան Ինտրայինը՝ պարարտացած քնարա- փիլիսոփայական տարրերով. մէկ խօսքով՝ ճարպոտ, սակայն ոչ-ճապաղ1. տաժանելի, սակայն ոչ-արհեստական2, եւ այս բոլորը՝ «Ներաշխարհ» գլուխ գործոց երկին մէջ, գրուած 1898-1900 թուականներուն, իսկ տպուած վեց տարի ետք՝ 1906-ին, Կ. Պոլիս:

Դժբախտութիւն մըն է, որ մինչեւ օրս չէ ձեռնարկուած այս բացառիկ գործին անգլերէն թարգմանութեան: Անշուշտ անպատեհութիւն է անմեղօրէն հարց տալ՝ ինչո՞ւ. պատասխանը շատ հեռուները չփնտռե՜լ. նախաբանիս մէջ ի զուր չանդրադարձայ Ինտրայի ոճի ընդհանուր նկարագիրին:

Աւելորդ է նշել, որ «Ներաշխարհ»ի անգլերէն թարգմանութիւնը պիտի ըլլայ նոյնքա՜ն բարդ, դժուարընկալելի ու թակարդաւոր, որքան հայերէնը: Ապա թէ ոչ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ պահել ինտրայական խորհրդաւորութիւնը, միստիքականութիւնը, քնարականութիւնն ու վերամբարձութիւնը:

Սա չի նշանակեր, թէ պէտք է բառացիօրէն թարգմանել զայն:

Թարգմանական արուեստը նախ կը պահանջէ իսկոյն որսալ տուեալ գործին լեզուա-ոճական հաւանական որոգայթները, ապա ըստ ամենայնի ներթափանցել անոր անտեսանելի ու գաղտնածածուկ աշխարհը, յետոյ,- եւ ամենակարեւորը,- տալ հեղինակին շունչն ու ոգին:

Թէեւ «Ներաշխարհ»ի պարագային եւս ի զօրու կը մնան վերոբերեալ կէտերը, սակայն ուրիշ որեւէ գործէ աւելի անոր թարգմանութեան յաջողութիւնը պայմանաւորուած է, առաջին հերթին, թարգմանչական որոշ կաշկանդուածութեամբ մը, որովհետեւ սա իրապէս գերեզակի երկ մըն է՝ լեզուա-ոճական տեսակէտէ:

Որո՞նք են, ուրեմն, այն հաւանական խութերը, որոնց դէմ հարկադրուած է մաքառելու «Ներաշխարհ»ի թարգմանիչը.

1) ԲԱՐԴ ՆԱԽԱԴԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԲԱՂԱԴՐԵԱԼ ԲԱՌԵՐՈՒ ՀԵՂԵՂՈՎ

«Ներաշխարհ»ի մէջ ընդհանրապէս բարդ են նախադասութիւնները, ուր ճի՛շդ հեղեղի մը պէս իրարու կը յաջորդէ բաղադրեալ բառերու ամբո՛ղջ հոյլ մը. ահաւասիկ՝

«Եւ սայլը կ՚երթար, անվախճան ճամբուն թուխ տամուկ երիզին վրայէն, որ անտառներուն մառախլային գորշութեան ու Ծովուն կապարագոյն մրրիկին մէջէն տխրօրէն կորագծուած, հեռուներու մէջ աներեւոյթ ամայաբնակութիւններ կը կապէր իրարու, տիեզերապէս մարդկային զգացումներու մելամաղձոտ յօդագիծով մը, որ կ՚երկարաձգուէր դէպ ի մառնը հեռաղօտ անծանօթներու, Ծովուն թեւատարած արշաւին ու ցամաքին անմռունչ արբշռութեան մէջէն, վերջնական վհատութեան մը պէս անձայն, պարզ, հանդարտ, դէպ ի հեռանկարներուն երանաւէտ անստուգութիւնը, ու կարծես ալ աւելի հեռուն, անաշխարհային ամպումներու մէջ.- Ծովուն յաւերժաձայն Գաղափարին ահագնութեանը դատապարտուած շաւիղին յուսահատականութենէն՝ վաչը՝ սարսռուն, գինով, հանճարեղ, խեղճ՝ սարսափահար կը թաւալէր»3 (էջ 34):

Այս ամբողջ պարբերութիւնը ընդամէնը մէկ նախադասութիւն է՝ գրեթէ 10 տող:

Սա, ի հարկէ, միակը չէ: Նման «նախադասութիւններով» ողողուած-խխմած է այս երկը ծայրէ-ծայր, որովհետեւ ի վերջոյ ոճի անուղղակի պարտադրանքն է այդ՝ ներդաշնակութեան ու համաչափութեան նկատառումով:

Թարգմանիչը, որ ինչ-որ չափով վերարտադրական աշխատանք պիտի կատարէ նաեւ, պարտի հաւատարիմ մնալ Ինտրայի շարադրաձեւին. մէկ խօսքով՝ դառնալ ո՛չ աւելի ու ո՛չ պակաս, քան անգլիագիր Ինտրա մը:

Ան ոչ միայն բարդ նախադասութեանց, այլեւ բաղադրեալ բառերու ամբողջ հեղեղի մը դէմ-յանդիման պիտի գտնուի իր ճամբուն վրայ: Եւ անոնցմէ ոմանք, թէկուզ ո՛չ հեղինակային նորակազմութիւն, չունին իրենց անգլերէն համարժէքը, ինչ որ թարգմանիչը ինք պիտի փորձէ գտնել. վերոնշեալ հատուածէն որպէս օրինակ բերենք յաւերժաձայն բարդ բառը:

2) ՀԵՂԻՆԱԿԱՅԻՆ ԴԱՐՁՈՒԱԾՔՆԵՐ

Այնքան շեշտուած է «Ներաշխարհ»ի ոճական ինքնատպութիւնն ու անոր հեղինակին լեզուամտածողութեան զարտուղութիւնը, որ տեւաբար կը հանդիպինք անմեկնելի ու դժուա՜ր թարգմանելի դարձուածքներու:

Օրինակներ

- «Կիպարիսներու քանի մը ոստեր, լեռի պտերներու խառն, ցամաք անօթի մը մէջ գօս, անսարսուռ կը ցցուին, ու որմին վրայ ցրուած իրենց խօլաձեւ ստուերն ա՛լ անհնար հողմածփում մը կը քնարերգէ, լռին» (էջ 21):

- «... հանդարտօրէն պառկէ՜ մեռելութեանդ յաւիտենութիւնը» (էջ 22):

- «... իբրեւ թէ նոճիները որիներ կը հառաչէին» (էջ 52-53):

- «Լոյսերը կը ծփծփան, ալքոլէն բռնկած, ու խժացող ծխալի վայրին մէջ Ինճէ-Սազը յափշտակութեամբ կը տրոփէ իր դափին կշռոյթը, բզզուն ու խորին» (էջ 81):

Եւ, անշուշտ, շարքը դեռ կ՚երկարի:

Հաւանական է, որ նմանօրինակ դարձուածքներ,- որով լեցուն է այս գիրքը,- շա՜տ բան կորսնցնեն իրենց բարդութենէն, այո՛, բարդութենէն, որովհետեւ յատկապէս ա՛յս պարագային ծիծաղելի պիտի հնչէ բառացի թարգմանութիւնը, ինչ որ, իր կարգին, պատճառ պիտի դառնայ ինտրայական բառ ու բանի մասնակի «աղաւաղումին»:

Սակայն սա ալ իրականութիւն մըն է, որ առանց նշեալ «աղաւաղումին» կարելի պիտի չըլլայ ունենալ «Ներաշխարհ»ի անգլերէն թարգմանութիւնը:

Յամենայն դէպս «աղաւաղումի» չափն ու աստիճանը անմիջականօրէն կախուած է լոկ թարգմանիչին վարպետութենէն:

3) ՆՈՐԱԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Կը հասնինք կարեւորագոյն բաժնին՝ նորակազմութեանց:      

Մեր գրականութիւնը ունեցած է հրաշալի բառաստեղծներ, ինչպէս՝ Գ. Նարեկացի, Մ. Պէշիկթաշլեան, Ա. Արփիարեան, Գ. Զոհրապ, Վ. Տէրեան, Մ. Մեծարենց, Յ. Շիրազ, Պ. Սեւակ եւ դեռ բազում-բազում անուններ, որոնց քովիկը պէտք է դնենք նաեւ Ինտրան:

Միմիայն «Ներաշխարհ»ի մէջ ան ունի առնուազն մի քանի հարիւր նորակերտումներ. ահաւասիկ անոնցմէ խումբ մը՝ ագռաւաչ, բիւրեղապալատ, դաշնհիւսք, երազմայլ, զոհրայրք, թափանշոյլ, խնկաթեւ, կուսավճիտ, հեռաղօտ, մահեշտանք եւ այլն:

Խե՜ղճ թարգմանիչը պարտի այս ու նման բազմաթիւ բառերու անգլերէն գէթ մօտաւոր համարժէքները գտնել:

Կան նորակազմութիւններ, որոնք իրենց կառոյցով ուղղակի բռնազբօսիկ են (օրինակ՝ ժանտարերք, զոհրայրք, ծովաժուարդ, քայքայանջատիլ եւ այլն), իսկ ուրիշներ՝ քերականօրէն սխալ (ինչպէս՝ արենորոգում, լուսփիւռ, ժահրապոյր, մտանջ եւ այլն): Անշուշտ չեն պակսիր նաեւ յաջողները (ամպասփիւռ, հիանուաղ, միւռոնացում, նանրանուշ եւ այլն):

Պարզ է, որ կարելի չէ գտնել այս բոլորին անգլերէն համարժէքը: Նման պարագաներու թերեւս թարգմանիչը դիմէ անջատ բացատրութեանց քայլին, ինչ որ, սակայն, ամենեւին սխալ է ու կը վնասէ գործին հարազատութեան, ստուգութեան եւ, ինչու չէ, նաեւ յաջողութեան:

Ուրեմն անճար ու անօգնական թարգմանիչին կը մնայ զանոնք թարգմանել որպէս մէյ մէկ յարադրական բարդութիւններ4 ու գործը ինչ-որ չափով փրկել:

Ըսինք՝ հաւանական խութեր. անշուշտ վերոնշեալները միակը չեն:

Այնքա՜ն բազմաշերտ ու տարողունակ է «Ներաշխարհ»ը, այնքա՜ն խորախորհուրդ ու մոգական, որ անոր մասին կարելի է անդադար գրել:

Սակայն գիտական կամ հետազօտական յօդուած մը չէ այս, այլ ընդամէնը ակնարկ մը ու, ամենակարեւորը, հետեւեալը. դժուար է հլու-հնազանդ համակերպիլ այն իրականութեան հետ, որ, ցաւօք սրտի, մերն է, եւ ուր հանճարեղութիւնն իսկ բաւարար գործօն մը չէ տուեալ հեղինակով զբաղելու, անոր գործը լուրջ ուսումնասիրութեան ենթարկելու, զայն մեր մէջ տարածելու ու սիրցնելու, ինչպէս նաեւ,- եւ էակա՛նը,- օտարի՛ն, օտարի՛ն ծանօթացնելու:

Ինտրա, խօսելով «Ներաշխարհ»ը թարգմանելու խրթնութեան մասին, Մ. Կիւրճեանին ուղղուած 16 Հոկտ. 1900 թուակիր նամակի մը մէջ ինքն իսկ գրած է, որ «թարգմանելը դիւրին պիտի չըլլայ, եւ ասիկա քու ֆրանսերէնէդ անկախաբար, անտարակոյս»:

Սակայն հարիւր տասնհի՜նգ տարի...

Այսքանը բաւարար չեղա՞ւ ըմբռնելու այս գործին բացառիկ արժէքը. չեմ ըսեր՝ ներքին իմաստը, որովհետեւ բոլորին չէ տրուած հասկնալ զայն:

Ընդամէնը կը փորձեմ ըսել, որ «Ներաշխարհ»ը թարգմանել չկարենալու իրողութիւնը ծիծաղելի է, որովհետեւ զայն թարգմանել, այո՛, կարելի է:

Եւ սա փորձո՛վ է, որ կ՚ըսեմ...

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ


1Բանաստեղծ ու արձակագիր Արտաշէս Յարութիւնեան (1873-1915) «մանուածապատ, խրթին, ճոռոմ ու ճապաղ» («Ինտրա եւ իր «Ներաշխարհ»ը, «Բիւզանդիոն», 19 Յուլիս 1906) կը համարէ Ինտրայի ոճը: Եւ ի հարկէ ինք առանձին չէ:

2Հարկ է նշել, որ Ինտրայի լեզուին ու ոճին ուղղուած նմանօրինակ որակումները ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ անձնական տեսակէտներ, որոնց հետ, շատ հաւանաբար, կրնան համաձայն չըլլալ ոմանք:

3Այս ու հետագայ բոլոր մէջբերումներուն համար որպէս աղբիւր օգտագործած ենք «Ներաշխարհ»ի 1955-ի հրատարակութիւնը, Պէյրութ, Տպարան Էտվան:

4Օրինակ՝ դիւաստուածային նորաբանութեան համար առաջարկուած է օգտագործել demono-divine յարադրական բարդութիւնը՝ բանաստեղծուհի, գրաբարագէտ ու ինտրայագէտ Լուսինէ Աւետիսեանի «Տիրան Չրաքեանի (Ինտրա) պոէտիկան» (2005) գիրքին մէջ:

Երկուշաբթի, Մարտ 22, 2021