ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՆՑԵԱԼ, ՆԵՐԿԱՅ, ԱՊԱԳԱՅ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Փիլիսոփայութեան պատմութեան մէջ նկատելի են գրեթէ բոլոր ժամանակաշրջաններու ընթացքին գրի առնուած յօդուածներ՝ հետեւեալ հարցման մասին. ի՞նչ է մարդը: Այնուամենայնիւ, այս յօդուածներու հիմնական առանցքը միշտ չէ կազմած այդ հարցումը: Երբեմն ուղղակիօրէն կարծիքներ յայտնուած են մարդու էութեան մասին։ Օրինակ՝ Պղատոն հարցուցած է. «ի՞նչ է մարդը», «ի՞նչ է արդարութիւնը»: Արիստոտելն ալ այդ հարցումներուն անդրադարձած է քաղաքական խնդիրներու համատեսքին մէջ։ Այս փիլիսոփաներէն մէկն է նաեւ Իմմանուէլ Քանթը, որ ցոյց տուած է, թէ վերոյիշեալ հարցումը մարդկութիւնը հետազօտելու հիմնարար տարրն է: Այսօր կը շարունակէ փիլիսոփաներու տուեալ հարցման պատասխանելու ջանքերը։ Բայց զանազան փիլիսոփաներու կողմէ տրուած պատասխանները միշտ տարբեր եղած են՝ կապուած ոլորտի, միջավայրի, պայմաններու բնոյթին։

Ըստ գերմանացի գրող ու փիլիսոփայ Հաննա Արենտի՝ մարդը կ՚ապրի անցեալի եւ ապագայի միջեւ։ Անցեալի եւ ապագայի միջեւ ապրող մարդը կրնայ բնակութիւն հաստատել այլ մարդոց մէջ՝ միայն գործողութեան միջոցով: Միայն այս կերպով մարդը կրնայ խոյս տալ ոչ-մարդկային աշխարհէն ու ապրիլ իր իսկ ստեղծած աշխարհէ մը ներս, այսինքն՝ իր տան մէջ։ Այնուամենայնիւ, գործողութիւնը գործունէութիւն է, ինչ որ ժամանակաւոր է եւ կ՚աւարտի անկանխատեսելիօրէն եւ անորոշ ժամանակին: Պատմութիւնն է, որ զայն կը դարձնէ մշտական: Այսպէս կ՚ապահովուի պատմութեան շարունակականութիւնը: Անցեալին ձեւաւորուած աւանդութիւնները կապ կը հաստատեն անցեալի եւ ապագայի միջեւ։

Մենք կ՚անտեսենք մեր կապը ամբողջ գոյութեան եւ նոյնպէս ամբողջ ժամանակի հետ: Մինչ կը գնահատենք իրադարձութիւն մը՝ նկատի ունենալով անոր սկիզբն ու աւարտը, ապա, միեւնոյն ժամանակ, կը փորձենք գնահատել կեանքը՝ անտեսելով անոր սկիզբն ու աւարտը: Մենք չենք կրնար տեսնել ամբողջ կեանքի ընթացքը, սակայն կը գնահատենք մեր կեանքը որոշ ժամանակահատուածի կամ սահմանափակ տեսանկիւնէ: Եթէ ըսենք, որ կը մերժենք մեր անցեալը, ապա սա կը նշանակէ, թէ կը մերժենք նաեւ ապագան:

Ապագան անպայման կու գայ։ Որքան գոյութիւն ունենանք, այդքան պիտի երկարի ապագան: Թէեւ կեանքի սկիզբն ու վերջը չեն փոխուիր, բայց անոնց միջեւ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կը փոխուին: Մենք կրնանք երկար պահել սկիզբը եւ կրնանք յետաձգել աւարտը: Հապա ի՞նչ կ՚ընենք մենք արանքին, երբ կայ անհետացում: Կեանքի ճանապարհին մեր ետին անցեալը, իսկ առջեւը՝ ապագան կայ, զուգահեռաբար գոյութիւն ունի նաեւ մահը՝ անհետացումը։

Ապագան անկախ չէ անցեալէն։ Սա, ի հարկէ, կը հասկնանք, երբ դադրինք արտադրելէ, ինչ որ մեր դարաշրջանի ամենամտահոգիչ խնդիրներէն մին է։ Ըստ բազմաթիւ փիլիսոփաներու, մենք ժամանակը կ՚ընկալենք որպէս սպառող բան մը։ Հետեւաբար, մենք ապագան կը նախագծենք որպէս արտադրանք: Այնուամենայնիւ, պէտք է հասկնանք, թէ անցեալը, ապագան, մարդը եւ ամբողջ կեանքը իրարու կապուած «արտադրանքներ» են: Երբ մենք մտածենք անոնց մասին՝ որպէս ամբողջութիւն, մեր բոլոր մտահոգութիւնները կարելի է վերացնել: Թէեւ անհետացումը անխուսափելի է, բայց այդ ձեւով մենք կը կորսուինք աւելի հանգիստ սրտով։

Այժմ կարելի է չունենալ մեր փափաքած որակաւորումները, դիրքը, բայց խնդիրը սա չէ: Պէտք է ունենալ անոնց հասնելու կամքը։ Պէտք է կառուցել ո՛չ միայն լաւ ապագայ մը, այլեւ պէտք է զարգացնենք մենք մեզ եւ գիտակցինք, թէ ներկան նաեւ ապագան է: Ապագայի մասին անհանգստանալը մեր ներկայ թուլութիւնն է:

Երբ նայինք պատմութեան ընթացքին գրական կարգ մը ստեղծագործութիւններու, ապա կը տեսնենք, որ հեղինակները ապագայի ձեւաւորումը այդքան ալ լաւ չեն մշակած: Թէեւ անցեալը ներկայիս մշակուած ու դասաւորուած է մեծ մասամբ, սակայն ապագայի նախագծումը միայն այսօրուայ մարդիկ կրնան պահպանել։

Ինչո՞ւ կը նախագծուի ապագան այսօր: Նկատի ունենալով մեր դարաշրջանի տնտեսութիւնը եւ սպառելու անհրաժեշտութիւնը՝ ապագան մշակել, նախագծել առաջնահերթ կը դառնայ, քանի որ ներկայիս ժամանակը կը սպառի մեր երեւակայածէն աւելի սրընթաց կերպով:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2024