ԱՅՍՕՐ՝ ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԳՐՈՂ ՎԻՔԹՈՐ ՀԻՒԿՈՅԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 135-ԱՄԵԱԿՆ Է
Ֆրանսացի աշխարհահռչակ գրող, բանաստեղծ, թատերագիր, քաղաքական գործիչ, ֆրանսական ռամկավարական վիպասանութեան առաջնորդ ու տեսաբան Վիքթոր Հիւկօ ծնած է 1802 թուականի փետրուարի 26-ին Պեզանսոն ու մահացած է 22 մայիս 1885 թուականին:
Վիքթոր Հիւկօ Ժոզէֆ Լէօպոլտ Սիկիսպըր Հիւկօ եւ Սոֆի Թղէպյուշէն ամոլի երեք զաւակներուն կրտսերն էր։ Գրողին հայրը Նափոլէոնի բանակի հրամանատարն էր, իսկ մայրը՝ դաշնակահարուհի։
Հիւկոյի մանկութիւնը անցած է Մարսէյլի, Քորսիքայի, Իտալիոյ (1807) եւ Մատրիտի (1811) մէջ, ուր ընտանիքը կը տեղափոխուէր հօրը աշխատանքին բերումով եւ կրկին կը վերադառնար Փարիզ: Ճանապարհորդութիւնները գրողին հոգիին վրայ թողած են խոր տպաւորութիւններ, որոնք կ՚արտայայտուին իր ստեղծագործութիւններուն մէջ:
1813-ին, Հիւկոյի մայրը՝ Սոֆի Թղէպյուշէն, սիրային կապ ունենալով հրամանատար Լակորիի հետ, կ՚ամուսնալուծուի եւ զաւկին հետ կը հաստատուի Փարիզ:
1814-1818 թուականներուն Հիւկօ կ՚ուսանի Լիւտովիկոս Մեծ վարժարանին մէջ։ 14 տարեկանին ան կը սկսի իր գրական գործունէութեան: Կը գրէ իր չտպագրուած ողբերգութիւնները՝ «Athelie ou les scandinaves» եւ մօրը նուիրուած «Yrtatine» ողբերգութիւնները եւ «Louis de Castro» թատերախաղը: 15 տարեկանին Ակադեմիոյ մրցոյթին կ՚արժանանայ պատուաւոր մեկնաբանութեան «Les avantages des études» բանաստեղծութեան համար, իսկ 1819-ին «Jeux Floraux» մրցոյթին «Vierges de Verdun» եւ «Rétablissement de la Statue de Henri III» բանաստեղծութիւններուն համար կը ստանայ երկու մրցանակ:
1822 թուականի հոկտեմբերին Հիւկօ կ՚ամուսնանայ Ատել Ֆուսէի հետ (1803- 1868): Անոնք կ՚ունենան հինգ զաւակ՝ Լէոփոլտ (1823-1823), Լէոփոլտինա (1824-1843), Շարլ (1826-1871), Ֆրանսուա-Վիքթոր (1828-1873), Ատել (1830-1915)։
1823-ին կը տպագրուի «Իզլանտացի խանը» (Han d՚Islande) վէպը: Շայլ Նոտիէի հիմնաւորուած քննադատութիւնները հիմք հանդիսացան Հիւկոյի եւ Նոտիէի յետագայ ընկերութեան համար, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 1827-1830 թուականները: Այս ժամանակահատուածին Հիւկօ կը վերսկսի իր յարաբերութիւնները հօրը հետ եւ կը գրէ «Գովք հօրս» (Odes à Mon Père, 1823), «Երկու կղզի» (1825) եւ «Պայքարէն ետք» (Après la Bataille) բանաստեղծութիւնները: Հիւկոյի հայրը կը մահանայ 1828-ին:
Հիւկոյի «Քրոմուէլ» (Cromwell) կտորը, որ գրուած է Ֆրանսական յեղափոխութեան հռչակաւոր դերասան Ֆրանսուա-ժոզէֆ Տալմայի համար, տպագրուած է 1827-ին: Սակայն ստեղծագործութիւնը մեծ վէճեր կը յառաջացնէ: Թատերախաղին նախերգանքին մէջ հեղինակը կը հերքէ դասականութեան պայմանականութիւնները՝ յատկապէս տեղի եւ ժամանակի միասնութիւնը՝ ներմուծելով վիպական թատերախաղի նշոյլներ:
1829-ին լոյս կը տեսնեն «Մահուան դատապարտուածի վերջին օրը» (Dernier Jour d՚un Condamné), իսկ 1834-ին «Քլոտ Կէօ» (Claude Gueux) ստեղծագործութիւնները: Այս երկու կարճ վէպերուն մէջ Հիւկօ կը ներկայացնէ իր բացասական վերաբերմունքը մահապատիժի նկատմամբ:
«Փարիզի Աստուածամօր տաճարը» (Notre-Dame de Paris) վէպը տպագրուած է 1831-ին, իսկ «Թշուառները» (Les Misérables) վէպը՝ 1862 թուականին եւ թարգ-մանուած են բազմաթիւ մը լեզուներու։
1830-1843 թուականներուն Վիքթոր Հիւկօ կ՚աշխատի գրեթէ միայն թատրոնի համար, այնուամենայնիւ ան կը տպագրէ քանի մը բանաստեղծական ժողավածոներ՝ «Աշնանային տերեւները» (Les Feuilles d՚Automne, 1831), «Մթնշաղի երգերը» (Les Chants du Crépuscule, 1835), «Ներքին ձայներ» (Les Voix İntérieures, 1837), «Շողեր եւ ստուերներ» (Les Rayons et les Ombres, 1840):
Արդէն 1828 թուականին ան կը բեմադրէ իր առաջին թատերախաղերէն մէկը՝ «Էմի Ռոպսար» (Amy Robsart): 1829-ին կը ստեղծուի «Էրնանի» (Hernani) թատերախաղը (առաջին բեմադրութիւնը 1830-ին), որ հին եւ նոր արուեստի ներկայացուցիչերուն միջեւ գրական վէճերու առիթ կը դառնայ: Նոր արուեստի հաւատարիմ պաշտպանը կը դառնայ Թէոֆիլ Կոթիէն, որ ներշնչուած՝ ընդունած էր այս ստեղծագործութիւնը: Այս վէճերը գրականութեան պատմութեան մէջ յայտնի են «ճակատամարտ «Էրնանիի» համար» անուան տակ:
1841-ին, Հիւկօ կ՚ընդունուի Ֆրանսական ակադեմիա, իսկ 1845-ին կը ստանայ աւագ իշխանի պաշտօն (Pair de France): 1848-ին ընտրուած է Ազգային ժողովին մէջ։ Հիւկօ 1851-ին պետական յեղաշրջման հակառակորդ էր։ Երբ Նափոլէոն Գ. իշխանութեան գլուխը կ՚անցնի, Հիւկօ կ՚արտաքսուի: 1870-ին կը վերադառնայ Ֆրանսա, իսկ 1876-ին կ՚ընտրուի ծերակուտական:
Հիւկօ բազմաթիւ բանաստեղծութիւններու հեղինակ է: Իր կեանքին ընթացքին հրատարակուած են անոր չափածոյ ստեղծագործութիւնները քսանմէկ ժողովածոյ, իսկ յետմահու՝ ութը գործ:
Վիքթոր Հիւկօ մահացած է թոքերու բորբոքումէ՝ 22 մայիս 1885 թուականին, 83 տարեկանին: Թաղման արարողութիւնը տեւած է տասն օր: Մասնակցած է շուրջ մէկ միլիոն մարդ: Թաղուած է Փանթէոնի մէջ: