ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (16)

Ոլորանէ ոլորան, ձորէ ձոր, եւ սարէ սար անցաւ բեռնակառքը Ֆարզատ քեռիին, մինչեւ իջաւ դաշտ Արարատեան։

Ձախին, յանկարծ, անսպասելիօրէն պարզեց ինքզինք խոշոր լեռ մը, զոյգ գագաթով. ձիւնածածկ այդ աշխարհի մէջ ցցուած, մինչեւ երկինք հասնող սպիտակի կոյտ մը, որուն նմանը երբեք չէր տեսած Զանան։

Արարատեան դաշտն ալ կտրեցին, հասան Երեւան. աւետեց քեռին։ Երկու օր տեւած ճամբորդութիւնը վերջապէս հասեր էր աւարտին։ Զանան հասեր էր հոն, ուր պիտի կարենար - յոյս ունէր - նորովի՛ ըլլալ։ Գտնել ինքզինք, թերեւս...

Երեւան։

Ձիւնածածկ քաղաք մը այդ օրերուն, մաշկագոյն ու յաճախ հնամենի շէնքերով։ Համեստ, ժուժկալ, շնչառատ։ Այսպիսին էր առաջին տպաւորութիւնը Զանային։ Համեստ՝ իր կենսապատկերով։ Ժուժկալ՝ իր պարզ քարերով, պարզ ծառերով։ Շնչառատ՝ թաքուն, բայց Զանայի համար յստակօրէն զգալի կենսունակութեամբ մը, իրական կեանքով, որ կը տեսնէր, կ՚երեւակայէր Զանան տուֆէ պատերու ետին։

Հասան վերին Չարբախ։ Ֆարզատ քեռին գիտեր ուր կ՚երթար։

Տեղ մը, գործարանի մը առջեւ կանգ առին։ Մարդ մը դուրս ելաւ դարպասէն, ձեռք ըրաւ քեռիին, ցոյց տուաւ կանգնելու տեղը։ Քեռին վերջին անգամ մը յոգնած  կառքին շարժիլ համոզեց, տարաւ զայն այն պատին տակ, ուր պէտք էր։ Զանային ըսաւ, որ քիչ մը սպասէ. ինք իջաւ, երկու բառ խօսեցան մարդուն հետ, բաներ մը, հաւանաբար գումար առաւ անկէ, ու գնաց դէպի ետեւ, բեռնակառքի սնտուկը բանալու։ Ապա վերադարձաւ Զանայի մօտ, կանչեց զինք դուրս։

Քեռի քեռորդի սկսան քալել ձիւնոտ, ցեխոտ ճամբուն վրայէն։

-Երթանք մեթրօ, քեզ տեղ մը պէտք է տանիմ... ես երեկոյեան դարձեալ հոս պէտք է գամ, որ ճամբայ ելլեմ դէպի Թեհրան... դու՞ն... դուն գիտես...

Զանան ինք գիտէր իրապէս։ Ու մտափոխուողը չէր։ Ո՛չ պատասխանեց, ոչ ալ նայեցաւ քեռիին։ Շարունակեց քալել անոր կողքին, մինչեւ հասան կայարան։ Առաջին անգամն էր, որ մեթրօ պիտի մտնէր Զանան։ Քեռին առաւ երկու տոմս, մէկը պահեց մօտը, միւսը տուաւ Զանային։ Անցարգելները հատեցին, քիչ մը քալեցին, հասան մատոյցին։ Խոնաւ քամի մը կը փչէր, կու գար կ՚օրօրէր մազերը Զանային։

Յանկարծ, վերը ձախին, Զանան շարժում մը նկատեց։

Աստիճաններէն վեր, պատշգամին կանգնած զոյգ մը կար. երիտասարդ աղջիկ մը եւ տղայ մը։ Հեռուէն սկսաւ մեթրոյի աղմուկը մօտենալ։ Տղան ձեռքերուն մէջ առաջ դէմքը աղջկան։ Զանան ուշադիր կապեց աչքերը իրարու մօտեցող գլուխներուն։ Մեթրոյի աղմուկը բարձրացաւ, քամին սաստկացաւ։ Զանայի հմայուած աչքերուն առջեւ՝ միաձուլուեցան դէմքերը զոյգին...

-Զանա՛... Զանա՛...

հասեր էր մեթրոն։

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020