ՇԱՀԵԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԸ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ՑԱՒԵՐԸ ԾՈՎՈՒՆ ԲՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵԼԻ Է ՄՈՌՆԱԼ ԳԱՒԱԹ ՄԸ ՀԵՂՈՒԿՈՎ
“ծովը բիրտ է”
“ծովնէ որ մեզի կեանք կուտայ”
“Մենք անոր զաւակներն ենք”
“Աստուծոյ օրհնութիւնը մենք ծովէն կը սպասենք”
“Հէյ անամ, վար մը պիզէ եան պաքան...”:
Մեր ապրած աշխարհէն բոլորովին տարբեր աշխարհ մըն է այս թաղը: Անկիւնի ծովեզերեայ ըմպելարանին մէջ օղի եւ հրճուանք կայ, իսկ մօտակայ փողոցներուն ցածլիկ տուներուն մէջ՝ յաճախ կսկիծ ու ցաւ:
Կէս գիշերէն վերջ, երբ ծով կը բացուին, տուներուն մէջ Աստուածամօր նկարին առջեւ ծնրադրած աղօթող կիներ կան:
“Աստուածամայր, կ՚աղաչեմ ամուսինս, տղաս օրուան հացին հետ ետ բեր...”
Բոլոր տուներուն առաջին յարկերը գրեթէ հողին տակ են: Դրան կից պատուհանը հողին հաւասար կը բացուի: Այս յարկին ետեւի մասը կը գտնուի խոհանոցը, որ իրիկունէ իրիկուն երբ տան տղամարդը որսէն վերադառնայ, կը գործածուի նաեւ իբրեւ ճաշարան: Գետինները տեղ տեղ ճաթած մարմարի կտորներ դրուած են իբրեւ սալայատակ, իսկ մնացեալ մասը հող է բոլորովին: Երկրորդ յարկը սենեակ մը, իսկ քիչ մը հարուստ տուներու մէջ երկու սենեակ կայ միայն: Պատուհանին առջեւ “սէտիր” մը, ոտքը կոտրած հին հանդերձադարան մը եւ անկողին մը կը կազմեն այս սենեակներուն կահաւորումը: Պատերը ծածկուած են մութ գոյն գորգերով: Այդ գորգերուն վրայ ինչ՜եր չկան: Կապոյտ ուլունքներ, “մուսխա”ներ, հօճային գրած “տուայի թէզքէրէ”ն, դրան վրայ՝ փշոտ ճիւղեր, պայտ մը... ինչե՜ր ու ինչե՜ր:
Միշտ խորհած էի թէ այս տուներուն մէկ անկիւնը նստող շատախօս պառաւ մը կը գտնուէր անպայման:
Տարիներու ընթացքին երեւակայութեանս մէջ ծնունդ առած այս պառաւին ես հանդիպեցայ Զաւէն րէիսին տունը:
Բայց այս պառաւը շատախօս չէր իմ երեւակայածիս չափ:
Լուռ էր, ամառ գիշերներուն ծովեզերքը անշարժ կեցող կայմերուն չափ լուռ...
Այդ տան պատերուն վրայ բոլոր միւսներուն նման մութ գոյն գորգեր կապուած էին:
Այս սենեակի գորգին անկիւնը կէս մութին մէջ փայլուն մէկ քանի թելեր նշմարեցի: Հարցուցի պառաւին թէ ինչ էին գորգին վրայի այս փայլուն թելերը:
Մութին մէջ զգացի թէ պլպլուն զոյգ մը աչքեր կը ջանային զիս դիտել: Քիչ վերջ մարած ձայն մը ըսաւ.
-Օղուլ, թոռանս տուվախն է: Մարը հարսնութեան օրը քանի մը թել բերաւ եւ հոդ իլիշտիրմիշ ըրաւ: Ատ օրէն պէրի իշտէ հոդ կը կենայ: Ինքը գնաց, տեղը էրկու փայլուն թել ձգեց մեզի...”
Ձայնը մարած, աչքերը լեցած էին, բայց ես շարունակեցի.
-Հարսը ո՞ւր գնաց:
-Օղո՛ւլ, զուրցել մի տար ինծի, հազըր մոռցեր իքէն սիրտս վեր մի առներ:
-Տէրտլի ես, չըսես:
-Պէ օղուլ, չըսուիր ամա զուրցեմ քեզի: Սէվտալըին փախաւ: Հարը իլլէ քի չեմ տար ըսաւ ամա, էկուր աստին, չեղաւ իշտէ: Հար է, մար է, սիրտդ եուֆխայ կ՚ըլլայ: Հարսնութեան օրը մարը լալէն հըչխըրըխ եղաւ:
Պահ մը կեցաւ յետոյ շարունակեց.
-Ամա ամէն բան պօշ է եղեր:
Պառաւը սեւ թաշկինակ մը հանեց եւ արցունքները սրբեց:
-Ի՞նչ եղաւ որ, ըսի:
-Քեզի օրեր, ըսաւ, կէօնլիւն ուզածին գնաց ամա, չկրցաւ վայելել քի եավրուճախը: Մէկէրսէմ հիւանդ է եղեր: Հարսնութեան լուսը վրան տարի մը չքշեց, սեւ հողերը առաւ տէ պառկեցաւ, ես...
Խեղճ պառաւը յուզած էի: Կը փափաքէի որ ան դարձեալ իմ երեւակայական պառաւիս պէս շատախօս ըլլար: Բայց ան լուռ էր: Երբ տախտակէ սանդուխներէն կ՚իջնէի, տեսայ որ պատուհանին առջեւ էր եւ իրիկնամուտի կիսամութին մէջ կը հեծկլտար:
Այրերը օրն ի բուն ծովուն վրայ էին: Այս մարդիկը իրենց իբրեւ օրօրոց կը ճանչնային ծովը, որ հաճելի էր իրենց մանկութեան օրերուն միայն: Երբ սակայն օր մը սկսան ապրուստ սպասել անկէ, փոխուեցաւ:
Պայքար մըն է ծովուն կեանքը: Բանաստեղծ մը սապէս նկարագրեր է ծովէն հաց սպասողներուն վիճակը:
Հայրը ըսաւ - “Այսօր դարձեալ անօթի ենք”: Երիտասարդը պահ մը անոր նայեցաւ եւ պատասխանեց.
“Կը յուսամ որ իրիկուան դէմ ծովը կը հանդարտի, այն ատեն կարելի է քանի մը ղրուշ կը տեսնենք”:
Երկու ակնոցով կարելի է դիտել ծովէն հաց սպասող այս մարդոց կեանքը:
Առաջին ակնոցը սեւ է, եւ տառապագին: Հոն կ՚երեւին իրենց բազուկներուն ուժովը ապրելու համար թիավարողներ, առաւօտեան մշուշապատ խոնաւութեան մէջ:
Իսկ երկրորդն է այն կեանքը, որ բոլորովին տարբեր է առաջինէն եւ շատ աւելի խանդավառ:
“Ձուկը ո՛չ ուռկանով, ո՛չ ալ կարթով՝ այլ օղիով է որ կ՚որսացուի”: Այս երկրորդ ակնոցէն դիտուածն է որ կը ծառայէ միայն մոռցնելու առաջինը: Նոյն մարդիկն են որ կը դիտուին երկու տարբեր ակնոցներէ, եւ առաջինին տառապանքն է որ պիտի սրբէ օղին եւ ցամաքի մէկ քանի ժամուայ կեանքը:
* * *
Վարպետը աշկերտին պոռաց.
-Ծօ՛ բիչ, Մարկոս աղբարը ժամ մըն է օղի կ՚ուզէ:
-Հիմա՛, վարպետ:
-Բե՛ր տեսնեմ:
-Ծօ՛ մէզէն չմոռնաս: Դուք ալ եկէք պէ տղաք: Աստուծոյ տուածին չափ մենք ալ հաճոյք առնենք սա կեանքէն...
Երբ ծովեզերքի բացօթեայ ճաշարանը երթաք, ասոնք կրնաք լսել: Սակայն մենք հոդ պիտի թողունք Բագոսի խնկարկուները եւ ճաշարանէն ելլելով աջ կողմի երեք թիւ տունէն ներս պիտի մտնենք: Հոն Գէորգ րէիսին “եալը”ն է: Առաջին նայուածքով մութ եւ խառնիճաղանճ տեղ մը: Սակայն քիչ վերջ աչքը կը վարժուի: Կրնանք տեսնել թէ ինչեր կան մեր շուրջը: Տախտակամածը խորտուբորտ է եւ բոլոր շէնքը փայտաշէն: Ճիշդ դէմը երկկողմանի լայն դուռ մը կիսաբաց մնացած է:
Մեր աջին սանդուխ մը, առանց բազրիքի եւ չափազանց հին: Ձեր քովէն մէկը կ՚անցնի այդ պահուն եւ ինքնաբերաբար կը հարցնէ՛ք.
-Վարպե՛տ, այս վերը ի՞նչ է:
Ան պահ մը ձեզի կը նայի: Կը մտածէ թէ օտարական մըն էք, սակայն վեհոգի մէկն է, առնականութեան չի կերցներ ձեր հարցումը անպատասխանի թողուլ եւ կ՚ըսէ.
-Ուռկաններ կան հոն: Պահեստի բաները հոն կը դնենք:
-Ի՞նչ է քու անունդ:
-Համբարձում:
-Ասո՞նց հետ կ՚աշխատիս:
-Այո՛, ես րէիսին եղբայրն եմ:
-Րէիսը ո՞ւր է:
-Անոնք քիչ առաջ եկան, շատ յոգնած էին, պառկելու գնաց:
-Այս գիշեր ձուկի պիտի ելլէ՞ք:
-Չհասկցայ:
-Ձուկի, կ՚ըսեմ, պիտի ելլէ՞ք այս գիշեր:
-Ելան արդէն:
-Դուք ե՞րբ պիտի ելլէք:
-Վաղը ժամը երեքին:
-Կէսօրէ՞ն վերջ:
-Ո՛չ, գիշերը ժամը երեքին:
Այս խօսակցութենէն վերջ է որ հասկցայ թէ իրենց համար գիշերը ժամը 20-էն մինչեւ կէս գիշերուան երկուքն է, իսկ ցերեկը կէս գիշերուան երեքէն սկսեալ ամբողջ օրն է: Առաջինը կ՚անուանեն “գիշերուան որս” իսկ երկրորդը “առաւօտեան որս”: Հեռուն երկու մեծ նաւակներ կէս մը ցամաք քաշուած էին: Քսանի մօտ մարդիկ անոնց մէջ նստած ուռկանները իրարու կը փոխանցէին:
Արեւը շատոնց կորսուած էր, սակայն օրուան պայծառութիւնը տակաւին ի զօրու էր տեսարանին վրայ:
Հեռուէն կը լսուէին ծովուն բացերը երթեւեկող մօթօռներու աղմուկները, որոնց կ՚ընկերակցէր նաեւ նաւակին մէջ լաթերը փաթթող ձկնորսներուն փսփսուքի նման երգը: Այս երգը ամբողջ օրուան մը յոգնութիւնն էր որ կը տարածուէր կիսապայծառ ամպերուն տակ:
-Ի՞նչ կ՚ընեն մարդիկը, ըսի:
-Ուռկանները լուացին եւ հիմա ալ կը ժողվեն վաղուան որսին պատրաստ ըլլալու համար:
Երբ մենք ձկնորս Համբարձումին հետ դէպի անկիւնի սրճարանը կ՚երթայինք, հեռուէն՝ ճաշարանին կողմէ կը լսուէին օղիով արբշիռ մարդոց աղաղակները:
Նստանք: Ծովու մասին ծանօթութիւն ուզեցի իրմէ: Պահ մը կեցաւ, յետոյ ժպտուն երեւոյթ մը առաւ, սակայն “թող ատանկ ըլլայ, կարեւորութիւն չունի” ըսելու պէս երեսս նայեցաւ եւ խօսքի սկսաւ.
-Ծուկ ըսածդ փորձանք է: Փորձանքը կը պտտի ծովուն տակը, դուն կը պտտիս ծովուն վրայ: Գիշերները ֆօսֆօրի նման կը փայլի:
Երկար խօսեցանք իրեն հետ տուրքերու ու իրենց շահաբաժիններուն մասին:
-Առաջ ստիպուած էինք մեր որսացածը պալըխանէ տանելու, ըսաւ: Սէօզտէ հիմա մալիյէին վէրկին վերցած է: Հիմա մեզի պէլէտիյէն կը խառնուի, ամա տահա գէշ: Առաջ հարիւրին 18-ը կը կտրէին, հիմա պէլէտիյէն հարիւրին 32 կը կտրէ կոր:
-Աղէկ բայց, եթէ ուզէք ձեր բերած ձուկերէն կրնաք ձեր հաշուոյն ծախել: Ատիկա ուրկէ՞ կրնան ճշդել:
-Այո, եթէ պալըխանէ չտանիս վէրկի չես տար... Ամա մեր բռնածը հարուրներով քիլօ է, որո՞ւ կրնաս ծախել ատչափը, հէմէն կը հոտի: Առաջ ատոր ալ պէլան կար, եթէ պռնէր, եղածին պէս միւսատէրէ կ՚ընէր: Կեցի տէ քեզի բացատրեմ...
Աթոռը առջեւ քաշելով պատմել սկսաւ:
-Հիմա ըսենք քի մօթօռ մը ծուկ կայ: Որո՞ւ կրնաս ծախել պէ մօթօռ մը ծուկը: Ատոր համար մէճպուր ես պալըխանէ տանելու: Ամա ինչ ուզես նէ ըսէ, կէնէ րուսում ըլլար նէ աղէկ կ՚ըլլար: Նայէ օղլում, առաջ ով քի պալըխճը էր պէլլի էր: Հէօքիւմէթը տարիի մը համար թըբխը շէօֆէրներունին պէս թէզքէրէ կուտար մեզի: Ասանկով մենք մեզի կիտենք: Ճէզան մէզան վըզ կուգար այն ատեն։ Ճէզան տասերկու ոսկի էր: Թէզքէրէն ցուցուցիր մի՝ թամամ: Հիմա ճէզա ալ չկայ: Առջիդ եկողը պալըխճը եղած է:
Արդի ձկնորսութեան մասին հարցումներ ուղղեցի: Ռատարով ձուկ որսալը բոլորովին օտար չէ իրենց համար, սակայն գործածական չեն գտներ:
Այս մասին Գէորգ րէիսին եղբայրը Համբարձում սապէս ըսաւ.
-Հա, ատանկ բան մը կայ, պազը կը գործածեն: Ամա պանի եարար չէ: Ալէթը մարդը շիներ է եւ ղրկեր է, ամա հոս ատկէ հասկցողը ո՞ւր է քի...:
Մէյ մը աւրուեցաւ, շինել տալու ղրկեցինք, տահա պէթէր ըրին...: Ամա գործածուած ատեն ալ հիչ տէ գարլը չէ: Իւստէլիխ տրուած փարան ալ հավային գնաց: Ամա չիկա՞յ մը եա, ֆալանճային մօթօռը ռատար կայ, ֆիյախան է սատէ:
Սրճեփը սուրճերը բերաւ:
Մեր մօտը սրճագոյն հագուած քասքէթով ծեր մը նստած էր: Իր ձեռքի թէյը ումպով մը կուլ տալէ վերջ մեզի մօտեցաւ եւ ըսաւ.
-Օղլում, քանի քի ղազէթաճի էս, էկուր տէ էս քեզի զուրցեմ պաներ մը: Աս գործին սէֆահաթը հինէն էր: Հիմա...
Տեսքէն եւ խօսքին շեշտէն կարելի էր հասկնալ թէ ժամանակին րէիսներէն էր:
Խօսքը կտրելով հարցուցի.
-Անունդ ի՞նչ է վարպետ: Անդիէն մէկը նետուեցաւ եւ ըսաւ.
-Ուստա Զարեհն է անիկա... Զարեհ րէիսը...
Իմ հարցումիս պատասխանը ինք արդէն տալու պատրաստ էր:
Պահ մը միջամտողներուն նայեցաւ, յետոյ ինծի դառնալով ըսաւ.
-Զարեհ Պուրկուճուեան է իմ քիւթիւկի անունս: Հիմա աղ կը կարեմ մինակ, ամա, ես քեզի մէյ մը զուրցեմ տէ տէսիր: Մենք Տաճատ րէիս մը ունինք...