ԽԻԶԱԽՈՒԹԵԱՆ ՇՔԱՆՇԱՆ

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած հան­դի­սա­ւոր հա­ւա­քոյ­թի մը ըն­թաց­քին պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ «Մի­ջազ­գա­յին վար­կա­նի­շա­ւոր­ման կեդ­րոն» ըն­կե­րու­թեան կող­մէ։ Պա­տուոյ եւ խի­զա­խու­թեան շքան­շան մը յանձ­նը-ւե­ցաւ այս ըն­կե­րակ­ցու­թեան կող­մէ Յաս­միկ Պօ­ղո­սեա­նին։ Շքան­շա­նը յանձ­նեց ըն­կե­րու­թեան ղե­կա­վար Ա­լեք­սանտր Ռա­պի­նո­վիչ։

«Մի­ջազ­գա­յին վար­կա­նի­շա­ւոր­ման կեդ­րոն» ըն­կե­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւն, ուր Յաս­միկ Պօ­ղո­սեա­նին յանձ­նուե­ցաւ յի­շեալ պար­գե­ւը։ Ա­լեք­սանտր Ռա­պի­նո­վիչ ընդգ­ծեց ի­գա­կան սե­ռի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը պար­գե­ւատ­րե­լու մե­ծա­գոյն պա­տի­ւը։ Ան յի­շե­ցուց, որ սոյն շքան­շա­նով ցարդ պար­գե­ւատ­րուած են աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէն քա­ղա­քա­կան դէմ­քեր, մշա­կոյ­թի գոր­ծիչ­ներ եւ ու­ժա­յին կա­ռոյց­նե­րու մօտ աշ­խա­տող մար­դիկ։

Պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ե­րես­փո­խան­նե­րէն Հայկ Պա­պու­խա­նեան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2016