«ՍԻՐՈՅ ՆՈՒԱԳԱՐԱՆ»
Երեւանի մէջ աւարտին հասաւ «Արամ Խաչատուրեան երաժշտական փառատօն»ը։ Աշխարհահռչակ երաժիշտի ծննդեան 115-ամեակի յոբելենական շրջանին զուգադիպեցաւ այս տարուան փառատօնը, որու զուգահեռ կազմակերպուեցաւ միջազգային մրցոյթ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս տարուան մրցոյթի դափնեկիրը դարձաւ Դանիայէն 21-ամեայ թաւջութակահար Ճանըթըն Սվենս։ 14-րդ անգամ կազմակերպուած միջազգային մրցոյթը երաժշտական աշխարհի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Մրցոյթի արդիւնքի հրապարակումէն վերջ, Ճանըթըն Սվենս Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ ելոյթ մը ունեցաւ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբին հետ՝ ղեկավարութեամբ Սերկէյ Սմբատեանի։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դափնեկիր թաւջութակահարին ծնողներն ալ եղած են երաժիշտներ։ Անոնք կը նուագէին ջութակ։ «Հայրս նաեւ խմբավար էր։ Իմ մէջ երաժշտութեան նկատմամբ սէրը յառաջացաւ շատ վաղ։ Կարելի է ըսել, որ ես ծնած եմ երաժշտութիւն լսելով», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ թաւջութակ նուագելը եղած է իր ընտրութիւնը։ «Իմ կեանքին մէջ ոչ ոք երբեք իմ փոխարէն որոշում չէ կայացուցած։ Միշտ ես որոշած եմ ինչ ընել, նոյնիսկ երբ երեխայ էի։ Ինծի ոչ ոք ըսաւ՝ թաւջութակ նուագել սորվիլ։ Ես կը սիրեմ այս նուագարանը։ Ան բոլոր նուագարաններէն աւելի լաւ կ՚արտայայտէ մարդկային զգացումները։ Ես շատ կը սիրեմ նուագարանէն հնչող ձայնը։ Ան իւրայատուկ է, շատ խոր։ Ես կը սիրեմ բոլոր նուագարանները, բայց թաւջութակը ինծի համար ամենաիւրայատուկն է», ըսաւ ան։
«Թաւջութակը ինծի համար սիրոյ նուագարան է», յայտնեց Ճանըթըն Սվենս։