ԻՆՔՆԱՏԻՊ ՏՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԿԱԶՄԱԿԻՑՆԵՐ

Հայաստանի Ազգային գրադարանը յաճախ կը համալրուի հնատիպ ու հազուագիւտ հայերէն գիրքերով, որոնք ցրուած են աշխարհի չորս կողմը եւ զանոնք գտնելու համար Հայաստանի ազգային գրադարանը ջանք չի խնայեր: Գրադարանի հաւաքածոները համալրող այդ հնատիպ գիրքերը յաճախ իրենց օրինակները չեն ունենար հայ գիրքի ամենամեծ պահոցին՝ Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ, անոնք արժէքաւոր կը մնան ոչ միայն իրենց հնատպութեամբ, այլ գրադարանին մէջ միակը ըլալլու հանգամանքով: Հայ տպագրութեան մարգարիտներն են, որ դիմացած են երկրէ երկիր, ձեռքէ ձեռք անցած ըլլալու փորձութիւններուն եւ ի վերջոյ հանգրուանած Հայաստանի մէջ:

Վերջերս հայ տպագիր ժառանգութեան ամենամեծ պահոցը համալրուած է նմանատիպ կարգ մը գիրքերով, որոնց մէջ մեր ուշադրութիւնը գրաւեցին մանաւանդ երեքը, որոնք գրադարանային եզրաբանութեամբ կը կոչուին «ալիկատներ»՝ կազմակից գիրքեր: Անոնք մէկ կողքի տակ քանի մը գիրք պարունակող հրատարակութիւններ են, բոլորն ալ անջատ հրատարակուած, բայց գրատիրոջ կողմէ, կարգ մը հանգամանքներէ ելլելով, մէկ կազմի մէջ ամփոփուած են:

*

Հայաստանի Ազգային գրադարանի Մատենագիտութեան եւ գրադարանագիտութեան բաժնի գրադարանագիտութեան եւ տեղեկատու մատենագիտութեան ենթաբաժնի վարիչ, պատմաբան եւ տեղեկատուական գիտութիւններու մասնագէտ  Մհեր Ղազինեան ԺԱՄԱՆԱԿ-ին սիրով  ցոյց տուաւ նոր ստացուած կազմակից գիրքերը եւ հարցազրոյց մը տալով մանրամասնութիւններ ներկայացուց այդ ինքնատիպ հրատարակութիւններուն մասին եւ զուգահեռաբար արժեւորեց Հայաստանի ազգային գրադարանին դերը, իբրեւ հայ գրականութեան աշխարհի ամենամեծ պահոցը:

-Մհեր, կը խնդրեմ, որ պատմէք կազմակիցներուն մասին:

-Գրատպութեան մէջ հետաքրքրական իրողութիւններ են կազմակից գիրքերը, որոնք կը կոչուին նաեւ համակազմ: Ասկէ զատ կան նաեւ տպակից գիրքեր: Եթէ կազմակից գիրքերը զատ հրատարակուած, բայց գրատիրոջ կողմէ մէկ կազմի մէջ միացուած գիրքերն են, ապա տպակից գիրքերը տպարանատիրո՛ջ կողմէ մէկ կազմի մէջ հաւաքուած գիրքերն են: Այս վերջինները տպարանէն այդպէ՛ս դուրս կու գան: Թէ՛ կազմակիցի եւ թէ՛ տպակիցի պարագային այդպէս քանի մը գիրք միասնական տպելու համար կարեւոր շարժառիթ եղած է թերեւս նիւթական հարցը: Քանի որ կազմերը առանձին ծախսեր են, յաճախ՝ ծախսալից, ապա գիրք հրատարակողները այս պարագային այս ձեւը որդեգրած են՝ մէկ կազմի տակ քանի մը գիրք ներգրաւելով եւ այդպիսով կրճատելով տպագրական ծախսը: Ուրիշ պատճառ մը եւս կար՝ երբեմն մէկ գիրքի մէջ ամփոփուած են նոյն գիրքին քանի մը հատորները կամ քանի մը մասերը: Բայց պայման չէր, որ կազմակիցները իրարու հետ կապ ունենային եւ յաճախ կապ չէին ունենար, անոնք բովանդակութեամբ շատ տարբեր եւ տարբեր երկիրներու մէջ տպուած գիրքեր են, որ ընդհանուր են միայն իրենց միասնական կողքով:

Կազմակիցներուն մշակոյթը բաւական հետաքրքրական եղած է. նայելով գրատպութեան զարգացման անցած ճանապարհին, կը տեսնենք, որ այդպիսի գիրքերը հիմնականօրէն նախորդ դարերուն տպուած են եւ այսօր տարածում չունին:

-Ձեռք բերուած կազմակիցներուն մէջ կը նկատենք Պոլսոյ մէջ տպագրուած գիրքեր: Ի՞նչ արժէք ունին այդ գիրքերը:

-Բնականաբար արժէքաւոր գիրքեր են, որոնք համալրած են գրադարանի հաւաքածոն եւ որոնց մէկ մասէն ընդհանրապէս օրինակներ չկային Ազգային գրադարանին մէջ: Առհասարակ, պոլսահայ տպագրութիւնը շատ մեծ հետք ձգած է մեր գրատպութեան պատմութեան մէջ: Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ, աշխատութիւններ կան միայն Պոլսոյ տպագրութեան մասին, որ իր կարեւոր ազդեցութիւնը ունեցած է նաեւ Կ.Պոլսոյ մէջ բնակող այլ ժողովուրդներու տպագրութեան զարգացման վրայ:

Կ.Պոլսոյ մէջ հայկական առաջին տպարանը հիմնադրած է Աբգար Թոխատեցին, 1567 թուականին եւ տպագրած «Փոքր քերականութիւն կամ Այբբենարան» գիրքը: Աւելի երկար գործած է Գրիգոր Մարզուանեցիի տպարանը: 18-րդ դարու սկիզբէն մինչեւ 70-ական թուականները Կ.Պոլսոյ մէջ գործած են աւելի քան տասն հայկական տպարաններ՝ Սարգիս Դպիրի, Պետրոս Լատինացիի, Մարտիրոս Սարգսեանի, Բարսեղ եւ Յակոբ Սեբաստացիներու, Աբրահամ Դպիրի, Գաբրիէլ Բարսեղեանի եւ այլոց տպարանները: Նշանաւոր էր Ապուչեխցի Աստուածատուրի որդի Յովհաննէսի հիմնադրած տպարանը:

19-րդ դարուն եւ 20-րդ դարու սկիզբը հոն գործած են շուրջ 130 հայկական տպարաններ՝ Մատթէոս Դպիրի, Մայր եկեղեցւոյ, Աբրահամ Թերզեանի, Յովհաննէս Միւհենտիսեանի եւ այլոց տպարանները: Իրենց մեծութեամբ եւ տպագիր արտադրանքի քանակով (տարեկան՝ 200-300 անուն գիրք) յառաջատար էին Յովհաննէս Միւհենտիսեանի (որ նաեւ ամենակատարելագործուածն էր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ), Ռ. Քիւրքճեանի, Յ. Գաւաֆեանի, Ճ. Արամեանի, Յ. Պոյաճեանի, Ն. Պէրպէրեանի, Յ. Մատթէոսեանի տպարանները:

Կ.Պոլսոյ մէջ տպագրուած են արեւմտահայ գրողներու գրեթէ բոլոր ստեղծագործութիւնները, բազմաթիւ դասագիրքեր, հասարակական, քաղաքական, գիտական, կրօնական գիրքեր, երաժշտական նիւթեր, քարտէսներ, հայերէնի թարգմանուած է համաշխարհային գրականութիւնը, որուն զգալի մէկ մասը հայ իրականութեան մէջ առաջին անգամ հայերէնի թարգմանուած եւ լոյս տեսած է դարձեալ Կ.Պոլսոյ մէջ:   

Յատկանշական է այն հանգամանքը, որ Կ.Պոլսոյ մէջ տպագրուած են նաեւ բազմաթիւ հայատառ թրքերէն գիրքեր, պարբերականներ, եւ գրադարանին ձեռք ձգած վերջին կազմակիցներէն մէկը հայատառ թրքերէն է: Նոյնքան բազմազան եղած է Պոլսոյ մէջ տպագրուած մամուլը: 1832-1918-ին Կ.Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած է շուրջ 250 անուն պարբերական, իսկ 1918-էն ցայսօր՝ տպագրուած է շուրջ 150 անուն պարբերական, որոնցմէ միայն ԺԱՄԱՆԱԿ-ը հասած է մեր օրեր եւ տակաւին լոյս կը տեսնէ ամէն օր:

Մեր ձեռք բերած վերջին կազմակիցներէն մէկը Պոլսոյ կեանքին մէջ մեծ դեր ունեցած պետական, հասարակական գործիչ, բարերար Յարութիւն ամիրա Պէզճեանի մասին է: Ըսեմ նաեւ, որ թէ՛ Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած հայերէն գիրքերն ու մամուլը եւ թէ՛ ուրիշ երկիրներու մէջ տպագրուած հայկական ժառանգութիւնը այսօր հասանելի է Հայաստանի Ազգային գրադարանի թուային շտեմարաններուն մէջ, մեր ունեցած հսկայ ժառանգութիւնը կը շարունակուի թուայնացուիլ եւ հասու դառնալ աշխարհի որեւէ ծայրը ապրող ընթերցողին:

Թուայնացումը անշուշտ շատ կարեւոր հարցեր կը լուծէ, բայց տպագիր գիրքը, տպագիր ժառանգութիւնը կը մնան առյաւէտ: Հայկական տպագրական քաղաքակրթութեան արժէքներու հանրահռչակման ազգանուէր գործին մէջ յոյժ կարեւոր է Հայաստանի Ազգային գրադարանի առաքելութիւնը, որպէս հայկական գրատպութեան մեծագոյն պահոց եւ գրադարանագիտական, տեղեկատուական կեդրոն: Այսօր գրադարանը կը ստեղծէ բոլոր պայմանները՝ տեղեկատուութեան հաւաքագրման, մշակման եւ անիկա ընթերցողներուն հնարաւոր բոլոր տարբերակներով հասանելի դարձնելու համար:

Գրադարանի հարուստ հաւաքածոներուն մէջ նշանակալից են հայերէն առաջին տպագիր գիրքը՝ «Ուրբաթագիրքը» (1512թ., Վենետիկ), հայերէն առաջին տպագիր պարբերականը՝ «Ազդարարը» (1794թ., Մատրաս), հայերէն առաջին տպագիր քարտէսը՝ «Համատարած աշխարհացոյցը» (1695թ, Ամսթերտամ) եւ այլն:

-Գրադարանին մէջ իր ուրոյն դերը ունի մատենագէտը: Ինչպէ՞ս ընտրած էք մատենագէտի մասնագիտութիւնը եւ ի՞նչ առաձնայատկութիւններ ունի:

-Առաջին մասնագիտութեամբ պատմաբան եմ: 2012 թուականի օգոստոսին մաս կազմած եմ Հայաստանի Ազգային գրադարանի աշխատակազմին: Իբրեւ պատմաբան գրադարանին մէջ շատ ժամանակ անցընելով, ինչպէս նաեւ պզտիկ տարիքէս գիրքին հանդէպ սէր ունենալով, ցանկութիւն ունեցած եմ աշխատիլ Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ, ուր ընդառաջած են փափաքիս: Սկիզբը աշխատած եմ այժմեայ անձեռնմխելի գրականութեան բաժնին մէջ, եղած եմ գրադարանավար, յետոյ ենթաբաժինի վարիչ, իսկ յետոյ կամքովս փոխադրուած եմ մատենագիտութեան եւ գրադարանագիտութեան բաժին՝ ստանալով նաեւ մագիստրոսական կրթութիւն այդ ասպարէզին մէջ: Մատենագէտի կամ գրադարանագէտի աշխատանքը սերտօրէն կ՚առընչուի պատմաբանի մասնագիտութեան եւ զանազան մասնագիտութիւններու եւ գիտութիւններու: Մատենագէտը, պրպտելով զանազան աղբիւրներ, դուրս կը բերէ արժէքաւոր տեղեկութիւններ, կը կազմէ բազաթիւ տեղեկանքներ, համապատասխան գրականութեան ցանկեր եւ այլն:

Մատենագէտը, ըստ էութեան, նաեւ հանրագիտակ է, որովհետեւ իր գիտելիքներն ու մտահորիզոնը միայն գրադարանային ոլորտով չեն սահմանափակուիր, ան պէտք է յարակից գիտութիւններէ գաղափար ունենայ: Մեր բաժնի աշխատանքը նաեւ գիտահետազօտական է, տարաբնոյթ գիտաժողովներու կը մասնակցինք, հրատարակութիւններ կը պատրաստենք եւ շատ մը ուրիշ աշխատանքներու լծուած ենք:

-Տղամարդ աշխատողները մեր գրադարաններուն մէջ քիչ են, ինչո՞ւ այդպէս է:

-Երիտասարդ աշխատողները առհասարակ, շատցած են, որ ողջունելի երեւոյթ է, բայց այս երիտասարդներուն մէջ, այո, կը պակսին տղաքը, որոնց քիչ ըլլալը գրադարանային աշխատանքին մէջ, չեմ կրնար ըսել, թէ ինչո՞վ պայմանաւորուած է: Նորէն ալ Ազգային գրադարանին մէջ, քիչ թէ շատ, կան տղամարդիկ, բայց Հայաստանի մէջ կան գրադարաններ, որոնց կարգին՝ քաղաքային գրադարաններ, ուր ընդհանրապէս տղամարդ չ՚աշխատիր:  Քիչ մըն ալ կարծրատիպ է, որ գրադարանին մէջ աղջիկներ եւ կիներ միայն պիտի աշխատին, բայց անշուշտ, այդպէս չէ:

Մաշտոցեան Մատենադարանն ալ իր գործառոյթով տեղ մը նաեւ գրադարան է, բայց հոն մեծ թիւով տղամարդիկ կան: Ըսեմ նաեւ, որ նախկինին՝ խորհրդային տարիներուն, շատ եղած են, գրադարանի աշխատակազմը շատ  մեծ եղած է եւ անոնց մէջ նաեւ բաւական մեծ թիւով՝ տղամարդ: Մինչդեռ բնական սերնդափոխութիւն պէտք է ըլլար նաեւ այս առումով: Աւագ սերունդի տղամարդոց պիտի փոխարինէին նոր սերունդի տղամարդիկը:

Նիւթականի հանգամանքը նաեւ իր դերը ունեցած է, որ տղաքը քիչ-քիչ դուրս մնացած են այս ոլորտէն: Ես վստահ եմ, որ գրադարանը նուիրեալներու վայր է: Անձամբ ես  շատ կը սիրեմ աշխատանքս, առտու շատ կանուխ կու գամ եւ երեկոյեան ուշ կ՚երթամ: Հայաստանի Ազգային գրադարանը իմ ինքնութեանս մէկ մասը դարձած է: Այս գրադարանի առաքելութիւնը բացառիկ նշանակալից է ազգային արժեհամակարգի ու ինքնութեան ձեւաւորման եւ պահպանման, ինչպէս նաեւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ հասարակական կեանքի այլեւայլ բնագաւառներու զարգացման գործին մէջ:

ՉՈՐՍ ԿԱԶՄԱԿԻՑՈՎ ԳԻՐՔ

Միւս հրատարակութիւնը, որ համալրած է Ազգային գրադարանի հնատիպ գիրքերուն կարգը, չորս կազմակից պարունակող գիրքն է. մէկ կազմին տակ կապուած չորս գիրքերը տպագրուած են զանազան տարիներ, զանազան երկիրներու եւ զանազան տպարաններու մէջ: Հրատարակութեան մէջ տեղ գտած գիրքերն են.

«Թանգարան ժողովրդեան առաջին տարի, թիւ 4-7. Կենսագրութիւն Յարութիւն ամիրայի Պէզճեան»։ Կ.Պոլիս, տպ. Մէճմուայը հավատիս լրագրոյ, 1884 թուական: 

Կազմակից նկատուող միւս գիրքը «Մանր ուսմունք քրիստոնէական հաւատոյ» գիրքն է, երրորդը՝ «Հրահանգ սիրոյ աւանդեալի ձեւ հարցման եւ պատասխանւոյ ի պետս դպրոցական մանկաց»։ Յերուսաղէմ, տպ. Առաքելական աթոռոյ Ս. Յակովբեանց, 1870: Իսկ կազմակից միւս գիրքը «Բարի Ֆռիտօլենը եւ չար Թիթեռին», Ա-ԺԵ գլուխները, Կ. Պոլիս, 1854:

Չորս կազմակից պարունակող այս հրատարակութեան մէջ ամփոփուած գիրքերէն Ազգային գրադարանին մէջ կան միայն անջատ կազմերով։

Այս հնատիպ կազմակիցները իրենց արժանի տեղը գտան Հայաստանի Ազգային գրադարանի անձեռնմխելի գրականութեան բաժնի հնատիպ գրականութեան հաւաքածոյին մէջ:

ՓԱԿԱՆՆԵՐՈՎ ԳԻՐՔ

Ստացուած հրատարակութիւններէն մէկը փոքրիկ, կաշեկազմ, կաշուէ փականներով գիրք մըն է, որ իր մէջ կը պարունակէ երկու գիրք. մէկը՝ 1734 թուականին Պոլսոյ մէջ Մարտիրոս Սարգսեանի կողմէ տպագրուած «Տաղարան»ը, միւսը՝ Պաղտասար Դպիրի «Փոքրիկ տաղարան»ը, տպագրուած կրկին 1734 թուականին, Պոլիս, Աստուածատուր Կոստանդնուպոլսեցիի կողմէ: Գիրքը ունի 280 էջ եւ ընդամէնը 10 սմ. է։

Ձեռք բերուած գիրքէն Ազգային գրադարանին մէջ ուրիշ օրինակներ չկան՝ ո՛չ ամբողջական կազմով, ո՛չ զատ գիրքերով։

ՀԱՅԱՏԱՌ ԹՐՔԵՐԷՆ

Գրադարանի միւս ձեռքբերումը հայատառ թրքերէն արժէքաւոր աղօթագիրք մըն է, տպագրուած 1786 թուականին, հետեւեալ խորագրով՝ «Մտածական տուալէր մանուկ Յիսուսուն… Խաչ եօլունու զիարեթ իտէճէք թարիք տիր»: Այս գիրքէն նոյնպէս Հայաստանի Ազգային գրադարանը օրինակներ չէ ունեցած։ Գիրքը ունի 178 զարդափակ էջ:

Գիրքին մէջ ներգրաւուած հատորները ունին առանձին խորագրեր, այսպէս՝ «Մտածական տուալէր մանուկ Յնուն իզզէթինէ տօքուզ կիւն օլաճաք» (առաջին գիրքն է, 1-138 էջ) եւ «Խաչ եօլունու զիարեթ իտէճէք թարիք» (երկրորդ գիրքն է, 139-178 էջ)։ Տիտղոսաթերթին վրայ, տպարանին վերաբերող հատուածին մէջ նշուած է՝ «Թրեստ-Մխիթեարեանլարըն քէրհանասընտաե»։ Խօսքը իտալական Թրիէսթէ քաղաքին մասին է, ուր հայկական տպարան մը կը բացուի 1775 թուականին, երբ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մէկ հատուածը 1772 թուականին, հեռանալով Սուրբ Ղազարէն, կը հաստատուի Թրիէսթէ քաղաքին մէջ եւ հոս կառավարութիւնը  Մխիթարեաններուն կ՚արտօնէ ունենալ իրենց եկեղեցին ու եկեղեցիին կից հիմնել տպարան: 1775 թուականին հիմնուած տպարանին մէջ մինչեւ 1810 թուականը (երբ Թրիէսթէի Մխիթարեանները կը փոխադրուին Վիեննա) կը տպագրուին աւելի քան երեսուն ինքնուրոյն եւ թարգմանական հրատարակութիւններ՝ հայերէն եւ հայատառ թրքերէն:

Այս հնատիպ ու եզակի հայատառ թրքերէն հրատարակութիւնը իր տեղը գտաւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի հայատառ թրքերէն գիրքերուն շարքին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 22, 2021