ՔԱՂՑԿԵՂՈՎ ՀԻՒԱՆԴՆԵՐ
Սինեզիոս աբեղայի վկայութիւնը.
«Քանի մը տարի առաջ Փիրէի Ս. Բարսեղ եկեղեցիի ծխական քահանան էի: Օր մը զիս հրաւիրեցին հիւանդանոց՝ Քսենոփոն անունով 42-ամեայ տղամարդու մը խոստովանութեան: Երբ տեղ հասայ, գիտցայ, որ անոր օրերը համրուած են: Անոր ուղեղը հասած էին քաղցկեղի «մեթասթազ»ները: Անոր սենեակի միւս մահճակալը դատարկ էր, ուստի մենք մինակ էինք իրեն հետ: Ահա թէ ինչ պատմեց ան՝ դէպի հաւատ տանող իր ուղիի մասին, թէպէտ նախապէս եղած էր «կարծրացած անհաւատ մը».
«Երկու մահճակալ ունեցող այս սենեակ եկայ գրեթէ 35 օր առաջ: Իմ կողքին ութսուն տարեկանին մօտ հիւանդ մը կը պառկէր: Ան նոյնպէս կը տառապէր քաղցկեղով՝ ոսկորներու քաղցկեղով, սակայն, չնայած անտանելի ցաւերուն, անդադար կը կրկնէր. «Փա՜ռք Աստուծոյ: Փա՜ռք Տիրոջը ամէն բանի համար»:
Ան նաեւ կ՚ըսէր աղօթքներ, որոնք իմ կեանքի մէջ առաջին անգամ կ՚իմանայի: Քանզի ես անհաւատ էի, երբեք չէի հատած եկեղեցիի շեմը:
Այդ աղօթքները կը թեթեւացնէին անոր տառապանքները: Ան երկու-երեք ժամ մը կը քնանար, այնուհետեւ կ՚արթննար տանջալից ցաւերէն ու նորէն կը սկսէր. «Տէ՜ր, շնորհակա՛լ եմ Քեզի: Փառք Քու անունին: Փառք Աստուծոյ: Փառք Աստուծոյ ամէն բանի համար»:
Ես ցաւէն կը տնքայի, իսկ ան կը փառաբանէր զԱստուած: Ես կը հայհոյէի Քրիստոսին ու Աստուածածնին, իսկ ան կը փառաբանէր զանոնք:
Այդ ինծի կը հանէր հունէն: Ոչ միայն անոր համար, որ ես կը տանջուէի ցաւէն, այլ նաեւ անոր անվերջ փառաբանութեան պատճառաւ:
Ան ամէն օր կը ստանար հաղորդութիւն, իսկ ես կը քանէի այդ տեսարանէն: Ըսի.
-Կը խնդրեմ՝ կտրէ՛ք ձեր ձայնը: Լռէք ու դադրէք ըսել. «Փառք Աստուծոյ ամէն բանի համար»: Չէ՞ք տեսներ, որ այդ Աստուած, որուն այդքան շատ կը սիրէք, անխնայ կը տանջէ մեզ: Առհասարակ, Ան ի՞նչ տեսակ Աստուած մըն է: Աստուած չկայ, այդ ակնյայտ է:
Իսկ ան խոնարհաբար պատասխանեց.
-Ան կայ, բարեկամս, եւ Ան ամենասիրող Հայրն է, քանզի այս հիւանդութեան միջոցաւ Ան կը մաքրէ զիս իմ բազում մեղքերէն: Եթէ դուք կը կատարէք ինչ-որ աշխատանք, ու ձեր հագուստն ու մարմինը կ՚ըլլան գարշահոտ, ապա մաքրուելու համար ձեզմէ կոշտ խոզանակ մը չի՞ պահանջուիր: Նոյնկերպ Աստուած կը գործածէ այս հիւանդութիւնը՝ որպէս թանկարժէք բալասան մը իմ հոգիի համար, որպէսզի պատրաստէ զայն երկինքի արքայութեան:
Անոր պատասխանները ա՛լ աւելի կը սղոցէին իմ նեարդները: Ու ես կը շարունակէի հայհոյել Աստուծոյ ու դեւերուն: Իմ բոլոր արձագանգները ծայրայեղ բացասական էին: Ես կը շարունակէի բղաւել.
-Աստուած չկայ: Արքայութիւն չկայ: Ես ոչ մէկ բանի կը հաւատամ:
Աղէկ կը յիշեմ անոր վերջին խօսքերը.
-Սպասէ՛ եւ քու աչքերով պիտի տեսնես, թէ ինչպէս հաւատացեալ քրիստոնեայի մը հոգին կը բաժնուի իր մարմինէն: Ես մեղաւոր եմ, սակայն ողորմութիւնը կը փրկէ զիս: Պարզապէս սպասէ. ե՛ւ կը տեսնես, ե՛ւ կը հաւատաս:
Եւ այդ օրը եկաւ: Բոյժքոյրերը կ՚ուզէին գոցել զայն ծածկով մը, քանզի կանոնները կը պահանջէին այդ: Սակայն ես բողոքեցի եւ ըսի.
-Ո՛չ, մի՛ ընէք: Ես կ՚ուզեմ տեսնել, թէ ինչպէս կը մահանայ այդ ծերուկը:
Ես կը հետեւէի անոր, մինչդեռ ան կը շարունակէր փառաբանել զԱստուած՝ անընդմէջ խաչակնքուելով:
Այնուհետեւ ան բարձրացուց իւր ձեռքերը եւ ըսաւ. «Ողջոյն իմ հրեշտակ: Շնորհակալ եմ, որ եկար իմ քովը՝ իմ հոգին վերցնելու համար: Շնորհակալութիւն, շնորհակալութիւն...»:
Ան նորէն բարձրացուց իր ձեռքերը, խաչակնքուեցաւ, ձեռքերը խաչեց կուրծքին ու ննջեց:
Յանկարծ հիւանդասենեակը լուսաւորուեցաւ այնպիսի լոյսով մը, կարծես տասն արեգակ էր լուսաւորած զայն: Միեւնոյն ժամանակ այնպիսի ուժգնութեամբ դրախտային բուրմունք մը տարածուեցաւ, որ սփռուեցաւ մեր բաժանմունքէն դուրս:
Այն մարդիկ, որոնք քնած չէին, դուրս եկան միջանցքէն՝ տեսնելու այդ հրաշալի անուշահոտութեան աղբիւրը:
Այսպիսով, տէր հայր, ես՝ անառակ անհաւատս ու հայհոյողս, հաւատացի Տիրոջը եւ կանչեցի ձեզ, որպէսզի խոստովանուիմ...»:
Քսենոփոն հաստատակամ էր ու վճռակամ իր «հին անձը» անխնայ շտկելու համար: Եւ Տիրոջ ողորմութիւնը անոր հանդէպ մեծ էր, իսկապէս մեծ: Ան քանի մը անգամ հաղորդութիւն ընդունեց ու հեռացաւ այս աշխարհէն՝ խոր ապաշխարութեան զգացումով եւ Տիրոջ փառաբանութիւնը շուրթերուն»:
ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՎՐԴ. ԱՆԱՔՆՈՍՏՈՓՈՒԼՈՍ
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան