ՅՈՎՍԷՓ ՓՈՒՇՄԱՆ (1877-1966)

Յովսէփ Փուշման, նշանաւոր հայ գեղանկարիչ: Ծնած է 9 մայիս 1877-ին, Սիլվան, Տիգրանակերտ: 1896-ականներու դէպքերուն հետեւանքով, ընտանիքով հեռացած են հայրենի հողէն ու ապաստան գտած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Փուշմանեաներու ընտանիքը մասնագիտացած է հայկական գորգերու վաճառքին մէջ: Իրողութիւն մը, որ փոքր տարիքէն Յովսէփի մօտ արուսետի, յատկապէս նկարիչ դառնալու հանգամանքին վրայ խոր եւ դրական ազդեցութիւն գործած է:

Յովսէփը իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Գեղարուեստից կայսերական դպրոցէն ներս:

Ամերիկա ապաստան գտնելէ ետք, Շիքակոյի մէջ նուիրուած է չինական մշակոյթի ուսումնասիրութեան:

1905-ին գացած է Չինաստան, ուր իր կեցութեան շրջանին, Յովսէփ զբաղած է արեւելեան գեղանկարչութեան եւ փիլիսոփայութեան ուսումնասիրութեամբ:

Եղած է նաեւ Փարիզ, ուր «Ժիւլիէն»ի անուան ակադեմիայէն ներս, շարունակած է իր ուսումը:

1914 եւ 1921 թուականներուն Փարիզի Ֆրանսացի արուեստագէտներու սալոնի (Salon des Artistes Français) կազմակերպած ցուցահանդէսներուն երկու մրցանակի տիրացած է:

1920-ին, Նիւ Եորքի «Քարնեկի հոլ»ի մէջ իր արուեստանոցը հիմնած է:

1926-ին, ազդեցիկ դերակատարութիւն ունեցած է Փարիզի մէջ «Անի» հայ արուեստագէտներու ընկերակցութեան ստեղծման մէջ:

1928-ին, Յովսէփ Փուշման Հայաստանի Նկարիչներու միութեան պատուաւոր անդամ ընտրուած է:

1929-ին, ամերիկեան «Կրանտ սենթրըլ արթ կալերիս» կազմակերպութեան ցուցահանդէսին ընթացքին, որուն մասնակցած են աւելի քան 250 նկարիչ, լաւագոյն ճանչցուած եւ առաջին մրցանակի արժանացած է Յովսփ Փուշմանի «Երբ երեկոն կ՚իջնէ» նկարը:

1930-1950-ական թուակններուն Յովսէփ Փուշման Ամերիկայի արուեստի նշանաւոր անուններէն մէկը եղած է:

1940-1950-ական թուականներուն Յովսէփ Փուշմանի եւ «The New York Graphic Society»ին միջեւ դատական հարց մը կը ծագի, որովհետեւ վերջինս Փուշմանի գործերէն նմոյշներ վերատպած է, առանց Յովսէփի արտօնութեան: Դատավարութիւնը աւարտած է Յովսէփի յաղթանակով:

«Յովսէփ Փուշման գեղանկարչութեան աշխարհի մէջ ծանօթ է իր մանրազնին, որոշակի մտորումներու մղող իրանկարներով (still life), որոնց յօրինուածքներուն համար հիմք ծառայած են հայկական ձեռագիրներ, թալիսմաններ, խնկամաններ, հնագոյն զարդեր, կանացի նուրբ, զգայական եւ զգացմունքային դիմանկարներով, որոնց հերոսուհիները կը կրեն արտասովոր, գունագեղ զգեստներ։ Փուշմանի արուեստի բնութագրական յատկանիշը Արեւելքի պաշտամունքն է, որ կ՚արտայայտուի որոշակի խորհրդանիշներու միջոցով։ Հոգեւոր նկարագիր ունեցող այս աշխատանքներուն կցուած են գրառումներ, որոնք աւելի դիւրին կը դարձնեն դիտողին մեկնաբանական գործը» (https://shorturl.at/N2yh2)։

Յովսէփ Փուշման մահացած է 13 փետրուար 1966-ին, Ամերիկայի մէջ:

Փուշմանի ստեղծագործութիւնները տարածուած են Ամերիկայի եւ Հայաստանի հանրային եւ անհատական հաւաքածոներու մէջ: Այսպէս, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն, Տիթրոյթի Արուեստի կաճառէն, Հիւսթընի Գեղարուեստի թանգարանէն, Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» արուեստի թանգարանէն, Մինիափոլիսի Արուեստի թանգարանէն, Նիւ Ճըրզիի, Պոսթընի Արուեստի թանգարաններէն, Ամերիկեան արուեստի Նոր Բրիտանական թանգարանէն, Թուլսայի, Օքլահոմայի Արուեստի կեդրոններէն, Սիթլի (Ուաշինկթըն) արուեստի թանգարանէն ներս (https://shorturl.at/tcxUQ):

Յովսէփ Փուշմանի ստեղծագործութիւններէն են՝

«Հայաստանի աղջիկը», «Խաղաղութեան պատգամները», «Անպարտելի Չինաստանը», «Անցեալի ստուերը», «Յաւիտենական լռութիւն», «Կեանքի գիրքը», «Մահամերձ վարդի խոստովանութիւնը», «Մեծարանք Օմար Խայեամին», եւ այլն:

***

Այժմ, մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Արշակ Չօպանեանի մէկ գրութիւնը, որ ծնունդ առած է Յովսէփ Փուշմանի տուած մէկ ցուցահանդէսէն ետք Փարիզի մէջ, 1926-ին: Գրութիւնը լոյս տեսած է Չօպանեանի «Դէմքեր» հատորին մէջ, որ լոյս տեսած է Փարիզի մէջ, 1929-ին:

Այսպէս, Չօպանեան կը գրէ.

* Փուշմանի ցուցահանդէսը որ տեղի ունեցաւ վերջերս Փարիզի մէջ, գեղարուեստական դէպք մը եղաւ: Առաջին ցուցադրութիւնը որ ան սարքած էր երկու տարի առաջ, արդէն իսկ ունեցած էր աղուոր յաջողութիւն մը եւ փարիզեան մեծագոյն թերթերու քննադատները հայ նկարչին ինքնատիպ տաղանդը դրուատած ու անոր գործին արեւելաթոյր հրապոյրն ի վեր հանած էին. այս անգամ Փուշման ցոյց կու տար փարիզեան հասարակութեան, աւելի մեծ սրահի մը մէջ, հաւաքածու մը աւելի այլազան գործերու, որոնց մէջ անոր տաղանդը կը յայտնուէր աւելի լիալիր ու տիրական ձեւով մը եւ ուր անոր արուեստը, ինչ ինչ էջերու մէջ, իր ամենէն խոր ու ամենէն կատարեալ արտայայտութեան հասած կ՚երեւար: Այս ցուցահանդէսը եղաւ յաղթանակ մը մեր հայրենակցին համար եւ ամենէն շքեղ ապացուցումներէն մին մեր ցեղին գեղարուեստական ստեղծագործ հանճարին:

Յովսէփ Փուշման, ինչպէս արդէն գրած եմ՝ իր առաջին փարիզեան ցուցահանդէսին նուիրուած յօդուածիս մէջ զոր Եգիպտոսի Արեւը հրատարակեց, հարազատ ու թանկագին արտայայտիչ մըն է Ասիոյ հնագոյն ցեղերու ֆիզիքական ու բարոյական դիմագծութեան, նկարչական երգիչ մը անոնց իմաստասիրական գեղեցկագիտական ներքնաշխարհին: Եւրոպացի մեծ նկարիչներ փորձած են Արեւելքը թարգմանել, Ասիոյ բնութեան ու մարդկութեան խորհուրդները, մոգութիւնները, հինաւուրց խոկումը արտայայտել. բաց ի Ռամպրանտէն ու Տըլաքրուայէն, որոնց ներքնատես հանճարը, ինչ ինչ էջերու մէջ, կրցած է թափանցել Արեւելքի ոգիին եւ զայն արտայայտել զօրեղ ու կենդանի գոյներով, զրեթէ ամէնքը աւելի կամ նուազ եւրոպական աչքերով ու ճաշակով Ասիա մը պատկերացուցած են: Փուշման, զաւակ հայ ցեղին, որ ինք Արեւելցի ըլլալէ զատ, դարերէ ի վեր Ասիոյ գլխաւոր ցեղերուն հետ շփման մէջ գտնուելով՝ անոնց արուեստն ու աշխարհայեացքը խորապէս ըմբռնած եւ Ասիոյ շատ մը կէտերուն վրայ արուեստներու զարգացման կարեւոր մասնակցութիւն ունեցած է, իր արեան մէջ ունենալով ասիական ոգիին բնազդաբար թափանցելու կարողութիւնը, արտադրած է գործ մը, ուր ինչ որ Ասիոյ քաղաքակրթութիւններն ունին ամենէն աւելի նուրբ, ինքնայատուկ ու ազնուական՝ կը համադրուի իր ճիշդ գոյներով, իր կենդանի բուրումներով, իր իրական հոգեբանութեամբ: Եւրոպական արուեստի հմտութիւնը զոր ան ստացած է Փարիզի մէջ, իրեն ծառայած է իր նկարչական գործիքը կազմելու, իր արտայայտութեան միջոցները պատրաստելու, ինչպէս եւ՝ Արեւմուտքի գեղեցկագիտութեան լաւագոյն աւանդութեանց ազդեցութեան տակ՝ իր մէջ վերլուծման, դասաւորման, ամփոփման յատկութիւնները, չափի ու ներդաշնակութեան զգացումը զարգացնելու: Իր գործին խորքը ասիական է համակ, իր ստեղծագործութիւնները ներքին կապ մը ունին, թէպէտ Եւրոպայի կամ Ամերիկայի մէջ արտադրուած՝ շատոնց ի վեր այդ կողմերն ապրող արուեստագէտի մը ձեռքով, ձեւերու եւ գոյներու այն հին հմայիչ երաժիշտներուն հետ որ Թիպէթի, Հնդկաստանի, Չինաստանի կամ Հայաստանի դիցաբանական արձանիկները, մանրանկարները, գորգերը, անօթները, զարդարանքները յօրինած են. Ասիոյ այդ վաղնջուց կախարդներուն մէկ պանդխտացած շառաւիղն է ինքը, որ կու գայ Արեւմուտքի մարդոց աչքին փողփողեցնել արեւելեան երկիրներու բնիկ դիւթանքներէն քաղուած արուեսոի ծաղիկներու պարտէզ մը ամբողջ:

Դիտել ու ըմբռնել գիտցող այցելու մը որ կը մտնէր Պերնհայմ Ժէօնի սրահը՝ ուր ցուցադրուած էին Փուշմանի նկարները, ինքզինքն իսկոյն փոխադրուած կը զգար Փարիզէն փարսախներով հեռու, ուրիշ աշխարհ մը, հնագոյն քաղաքակրթութեանց աշխարհը, խորհրդաւոր Ասիոյ ծոցը: Հնդկաստանը, Չինաստանը, Պարսկաստանը կը տիրեն հոն. անկիւն մը կը ժպտի հայ կանացի դէմքին վճիտ շնորհը. ուրիշ տեղ մը՝ մանկոլ աղջկան մը մետաղէ նայուածքը կը շողայ. անդին քիւրտ լեռնականուհիի մը առոյգ խնդուքը կը պայթի. Արաբիան, Եգիպտոսը, Ալճերիան ունին հոն իրենց էջը, ինչպէս եւ Բիւզանդիոնն ալ, որ Եւրոպայի Արեւելքը եղաւ:

Փուշմանի արուեստը, մեծ մասամբ փոքրածաւալ նկարներու մէջ արտայայտուած, եւ ուր շատ քիչ բանով կազմուած է իւրաքանչիւր նկար, իր առերեւոյթ պարզութեան ու ժուժկալութեան մէջ՝ շատ բարդ արուեստ մըն է, եւ զայն ամբողջապէս ըմբռնելու եւ ճաշակելու կարող պիտի ըլլան այն իրազեկ, հմուտ, նրբաճաշակ գեղասէրները միայն, որ հարկ եղած ճիգը պիտի ընեն նկարչին բազմապատիկ դիտաւորութեանց թափանցելու: Պատկերներուն յատակագծին յղացման, առարկաներուն դասաւորման, գոյներու զուգադրութեան մէջ ան միշտ ցոյց կու տայ նուրբ զգայնութիւն մը՝ վերլուծող, հաշուող, իր արտագրելիք «ներդաշնակութիւնները» գիտակցաբար յօրինող մտքի մը միացած: Իր կենդանագիրները անհատական դէմքերու վերարտադրութիւնը չեն սոսկ. իր կարծեցեալ նաթիւր-մօրթները հեռու են անշունչ իրերու, կրօնական առարկաներու կամ զարդարուեստական գեղօրներու պարզ օրինակութիւն ըլլալէ։ Պուտտայի արձանիկ մը, Գիշերուան Ոգիին կամ քանդող Հովուն ոգիին արձանիկները, իր ստեղծած պատկերներուն մէջ՝ իբր գաղափարներու մարմնացումներ՝ կ՚ապրին, կը շարժին, կը գործեն, իր յղացած տեսարաններուն մէջ էական դեր մը կը կատարեն, ու դիմանկարներն ալ, միշտ բնորոշ, ինքնադրոշմ տիպարներու մէջէն մասնաւորապէս ընտրուած, իրենց մորթի երանգով, շրթունքներու, աչքերու, փայլով կամ մթութեամբ, իրենց կեցուածքներով, հագուստի, զարդերու եւ մարմնոյ ներդաշնակ զուգադրութեամբ, երփնաթոյր ու թանկագին գեղարուեստական առարկաներու տպաւորութիւն մը կը ձգեն, ըլլալով հանդերձ որոշ ցեղի մը եւ որոշ անհատի մը ճշգրիտ ու կենդանի պատկերացումը: Ի փոխարէն, ոչ միայն արձանիկները հոն կեանք առած են ու կը մտածեն, կ՚երազեն, կ՚աղօթեն կամ կը շարժին, կը հակին, կը քալեն, այլ եւ անօթները, մանեակները, համրիչները, հին նկարազարդ ձեռագրի էջերը, ծաղկազարդ յախճապակիի պնակները «մեռած նիւթ (նաթիւր-մօրթ) ըլլալէ կը դադրին, իրենց մէջ հոգիի մը գոյութիւնը տեսանելի կ՚ընեն, իրենց կեանքն ու մտածումները, իրենց ժպիտը կամ խոկումը ունեցող խորհրդաւոր էակներ կը դառնան: Ամէն ինչ ոգի է Փուշմանի գործին մէջ, եւ ատոր համար է որ տարօրինապէս նուրբ բանաստեղծութիւն մը կ՚արտաշնչուի այդ գործէն:

Հաճոյք մը պիտի ըլլար այդ նկարներէն ամէն մէկուն իմաստը բացատրել, անոնց հրապոյրին հոգեկան ֆիզիքական գաղտնիքը ջանալ պարզել. այս յօդուածին սահմանները զայդ թոյլ չեն տար. պիտի շատանամ այդ ցուցահանդէսին մէկ քանի գլխաւոր էջերը հակիրճ վերլուծումի մը ենթարկելով:

Ահա՛ Բուրվառ տիտղոսուած նկարը, մանկամարդ հնդկուհի մըն է, որուն թրծուած հողի գոյն երեսին վրայ սեւ սաթի թանձր փայլուն սեւով լայն աչքերը կը լճանան ու կը շողայ թարմ, մանր ու յոյր բերանը, կիսաբաց, տամուկ՝ ինչպէս նորափթիթ ծաղիկ մը ցօղաթուրմ. ձեռքն ունի բաց գոյն կակաչ մը զոր սիրուն շարժումով մը կը բռնէ ուղիղ՝ ինչպէս կերոն մը. հագած է զգեստներ մութ կանաչ ու մանիշակագոյն, որ՝ աչքերուն սեւին հետ՝ Հնդկաց երեք սիրական գոյները կը ներկայացնեն (Փուշման՝ ցեղերու հոգին պատկերացնող իր գործերուն մէջ անոնցմէ իւրաքանչիւրին աւանդաբար նախընտրած գոյները տիրական ցոյց կու տայ). քովը, կը տեսնուի խնկաման մը, նրբաձեւ փափկարուեստ անօթ մը, աղօթքի ու պաշտումի գործիք. բայց արուեստագէտին յղացման մէջ բուն խնկամանը ինքն իսկ այդ վրդովիչ աղջիկն է, որուն թարմ գեղեցկութիւնը, ձեռքը բռնած կակաչին հետ որ դէպի երկինք կը ցցէ իր տժգոյն բոցի պէս վեր սլացող գլուխը, կը բարձրանայ ու կը բուրէ, իբր կենդանի աղօթք մը եւ օրհնութիւն մը անուշահոտ, դէպի բոլոր գեղեցկութեանց ստեղծիչ Ուժը գերագոյն:

Ահա՛ Հայաստանի ծաղիկը: Արծաթ խորքի վրայ, պաշտելի ձուաձեւով փոքրիկ լուսաւոր դէմք մըն է հայ աղջնակի. սեփ-սեւ խիտ փայլուն մազերուն վրայէն, Տիգրանակերտի դեղին խայտաբղէտ շալը կը պաշարէ գլուխը, կը ծածկէ իրանն ամբողջ, բաց ձգելով միայն վիզը, ուր արծաթ վզնոց մը կը շողայ եւ ձախ թեւը որ դեղին զգեստով մը սքօղուած է. քիթը, մանր ու նրբառունգն, ազնուական ու անմեղ փափկութեան նիշ մը կը դնէ դէմքին վրայ. բերանը ճոխ է եւ ուժեղ, խաղաղօրէն փակ, անարատ ու ամօթխած: Ինչ որ կը տիրէ դէմքին մէջ եւ ամբողջ նկարին մէջ, աչքերն են, անհուն աչքեր, մեծ կամարաձեւ յօնքերով, յորդ թարթիչներու սեւ ճաճանչներով պճնուած լայն կոպերու տակ խոշոր սեւ թաւիշէ բիբերով, որոնք հայ գեղուհիին անզուգական նայուածքն ունին, քաղցրութեան անյատակ խորութեամբ մը, իր արտայայտութեան մէջ ցաւագին թուելու չափ գորովայեղց: Հայ ցեղի սրտին ծաղիկն է ատիկա արդարեւ, պատկերացումը անոր էութեան ազնուագոյն տարրին, մարմնացած տեսիլ մը քնքուշ անձնուիրութեան եւ մաքուր շնորհի:

Բայց գանք այն նկարներուն որ նաթիւր-մօրթ կը թուին, մինչ քերթուածներ են խորհուրդի, մեղեդիներ ներքին կեանքի:

Ահա Խաղաղութեան պատգամաբերը եւ Անպարտելի Չինաստանը, երկու կարեւոր էջեր, ուր Չինաստանի հոգին կը խտանայ: Առաջնոյն մէջ Պուտտա մը թագակիր, ոսկեզօծ, նստած է հանդարտ ու վեհափառ. ետեւը ութ կանաչ տերեւներով ծառ մը իր նուրբ ոստերը ճաճանչաձեւ կը սփռէ. քովը՝ կամուրջ մը, որուն վրայէն խաղաղութեան դրօշները կրող պատգամաւորները կ՚երթան՝ Պուտտային պայծառ ներդաշնակ հոգին տարածել ալեկոծ մարդկութեան մէջ. խորքը սեւ է, չինական լաքային հոծ սեւը, կարծես մութ գիշերուան մէջ փռուած սեւ լիճ մը, որուն վրայ սակայն լուսնի ցոլքեր կը խաղան: Միւսը կը ներկայացնէ չինացի սաղաւարտակիր զրահապատ հուժկու պատերազմիկներ, որ իրենց ձիերուն վրայ հեծած, մին կարմիր, միւսը ճերմակ դրօշ ձեռքերնին բռնած, կը սուրան՝ աներեւոյթ թշնամիին դէմ, իրենց հինաւուրց հայրենիքը պաշտպանելու համար, խորքը սեւ է, ու նկարին առաջին գծին վրայ, կը կանգնի չինական ազգը պատկերացնող արձանիկ մը, սեւահեր կին մը, կանաչազգեստ, թեւերը կուրծքին վրայ ծալլած՝ հանդարտ ինքնավստահ շարժումով մը, իր ներկայացուցած ցեղին զանգուածեղ զօրութեան զգացումով՝ անշարժ ու անվրդով, ոտքերը դեղին պատուանդանի մը վրայ ամուր հաստատուած:

Ահա՛ Ապրելու հրճուանքը. մեծղի պարարտ մարմնով չինական արձանիկ մըն է, որ անհոգ մշտածիծաղ վայելամոլը կը պատկերացնէ. արձանիկը հոս բոլորովին միս ու արիւն զգեցած է, կ՚ապրի. իր լայն դէմքը, գմբէթարդ ուռած փորը, կարմիր մսեղ ծիծերը, իւղոտ կոպերուն տակէն չարաճճի նայուածք մը սահեցնող մանր աչքերը, լայնաբաց ահագին բերանը, իր ամբողջ անձը, պոռթկացող զուարթութիւն մը եւ անհոգութիւն մը կ՚աղաղակեն:

Կան վերջապէս որ հոյակապ քերթուածներ են մտածումով ու նկարչական արտայայտութեամբ: Ատոնցմէ են Քանդիչ հովուն գալուստը եւ Քանդիչ հովուն յաղթանակը: Քանդիչ հովը ներկայացնող ոգին սեւ դէմքով, սեւ հաստ ու կարճ մարմնով խոժոռ անձ մըն է, թուխ կարմիր վերարկուով, չինական աւանդական արձանիկ, որ հոս բոլորովին կենդանի էակ մը դարձած է, դէմքն մարմինը շարժման մէջ են: Առաջին պատկերին մէջ, երբ նոր կը հասնի, իր առջեւ ունի ծիածանափայլ անօթ մը՝ լեցուն տերեւազարդ վարդերով որ արդէն տժգոյն են բայց դեռ ոչ մեռած. երկրորդ պատկերին մէջ, սեւ փոքրիկ անօթ մը միայն կայ այլ եւս իր ոտքին տակ, ու գետինը՝ թափթփած՝ գունատ մանիշակաթոյր ծաղկի թոռմած թերթեր. խորքը սեփ-սեւ է:

Ահա՛ Նուէրն առ խաղաղութիւն. Թիպէթի ոսկեզօծ թագակիր Պուտտան նստած է գահուն վրայ, անդորր ու վեհաշուք արտայայտութեամբ (խաղաղութեան ոգին իսկ է ան). իր ոտքին տակ մութ գոյն վարդ մը կայ փռուած, իր կենսալից ուժեղ գեղեցկութիւնը բերելով անոր իբր ընծայ. խորքը՝ կարմիր մետաքսէ լայն սրահակով մը ծածկուած է, որուն վրայ ոսկի գեղագիծ տառեր աղօթքի խօսք մը կը շողացնեն:

Ահա՛ Վարդի մը վերջին ժպիտը: Մահամերձ վարդ մըն է, որ հին ոսկեցոլ անօթի մը մէջէն ղուրս կը կախէ իր ուժասպառ գլուխը, թուլցած, ճմրթկած, բայց դեռ սիրուն, դեռ կենդանի՝ շնորհի վերջին նշոյլով մը. խորքը գորշ-վարդագոյն է, կարծես իրմէ անջատուող հոգին արդէն հոն, այդ իր հուսկ բուրմունքն ու հուսկ ժպիտն ընդունող միջոցին մէջ, քաղցրածաւալ կը ծածանի: Հրաշալիք մը գոյներու երաժշտութեան, վարդի մը հոգեվարքին իրապէս արժանի, եւ թարմ ու շնորհալի եղերերգ մը փափկօրէն մելամաղձիկ երանգներու:

Պիտի յիշատակեմ վերջապէս երկու զմայլելի նկարներն ի պատիւ Խայեամի եւ որ Պարսկաստան անունին մէջ պարփակուած ամբողջ բանաստեղծութիւնը կը խտացնեն կարծես: Մին կը կոչուի Օմար Խայեամի գիրքը: Բանաստեղծին տաղերուն ձեռագիր գրքոյկը, բացուած, կանգուն կ՚երեւայ հոն, իբր կեդրոնական տիրական առարկան: Մէկ էջին վրայ բնագիրը կը տեսնուի ընդ աղօտ, միւս էջը կը պարունակէ պարսկական մանրանկարի աւելի տպաւորութիւնը կամ համադրութիւնը քան օրինակութիւն մը: Մէկ քովը, կը կանգնի անօթ մը, որուն մէջէն կը բարձրանայ վարդ մը, թարմ: Փուշմանի նկարներուն մԷջ սակաւաթիւ են թարմ վարդերը, բայց այս վարդը իր թարմութեան մէջ այնքան հմայիչ է վառ ու փափուկ գեղեցկութեամբ որքան միւս նկարներու օրհասական վարդերուն մելամաղձիկ շնորհը յուզիչ է ու թելադրական: Այս վարդը իր երիտասարդ գունագեղ գլուխը թեթեւ մը կը ծռէ դէպի գիրքը, ոչ վերահաս մահուան ծանրութեան տակ կքելով, այլ մեծարանքի շարժմամբ մը խոնարհելու համար հանճարեղ բանաստեղծին մտաւոր բուրաստանին առջեւ, ուր անթառամ փայլով ծաղիկներ ընդ միշտ կը շողան: Ձեռագրին միւս կողմը նստած կ՚երեւայ մօրուեղ լրջադէմ մարդու մը արձանիկը (բանաստեղծին պատկերացումը թերեւս): Խորքը՝ հալած ոսկիի անփայլ դեղնութեամբ լիճ մըն է կարծես, ուր մանուշակագոյն կղզի մը կը լողայ, ու ձեռագրին վառ ոսկին՝ այդ խորքի տժգոյն ոսկիին վրայ՝ դժուար ստացուելիք տպաւորութիւն մը յառաջ կը բերէ, երանգներու գերանուրբ ներդաշնակութեամբ գործ մը դարձնելով այդ նկարը: Միւս պատկերը, Մեծարանք Օմար Խայեամին, զրեթէ միեւնոյն նիւթը կը կրկնէ՝ քիչ մը տարբեր ձեւով: Հոս ալ ձեռագիրը կը գահէ՝ իբր նկարին էական առարկան: Անոր ետեւ կը բարձրանայ բարակ ոստերով կանաչ թուփ մը որուն նուրբ տերեւները կը կախուին մէկ էջին վերեւ: Միւս կողմը կանաչ անօթ մը, որ դարերու ընթացքին հողուն մէջ ոսկեզօծուեր ծիածանի երանգներ է ստացեր, կը պարունակէ թարմ կարմիր վարդ մը կանաչ տերեւներով պաշարուած: Ձեռագրին մէկ էջը՝ ուր բնագիրը տարտամօրէն կը զգացուի, ողողուած է արեւով որուն լոյսը կարծես տառերը հալեցուցած է եւ մագաղաթը թափանցիկ ու շողուն դարձուցած: Միւս էջին վրայ՝ կարմիրով ու ոսկիով շինուած մանրանկարի ուրուական մը կը ծածանի, եւ դէպի այդ էջն է որ սիրուն շարժումով մը կը հակի վարդը որ անօթէն դուրս կը բարձրանայ եւ որուն ստուերը այդ էջին վերի անկիւնը, ճերմակ արեւափայլ մագաղաթին վրայ կը ձեւացնէ պաշտելի արատ մը, թեթեւ գորշ երանգով մը, ուր վարդի ու կանաչի ցոլքեր կը խառնուին: Խորքը՝ նորէն նոյն ոսկի լիճն է՝ մանուշակաթոյր կղզիով. ու նոյն մօրուեղ անձնաւորութիւնը կ՚երեւայ հոս ալ, ձեռագրին առջեւ նստած։ Խայեամի մտածման դառն գեղեցկութիւնը չէ որ Փուշման ուզած է պատկերացնել այս երկու նկարներուն մէջ, այլ պարսկական հոգւոյն տիրական գիծն եղող ազնուական շնորհին հայեցողական տեսլապաշտ վերացումներուն, պարսկական երկրի վարդախիտ արեւաճոխ դրախտներուն, պարսիկ արուեստն ու քերթութիւնը բնորոշող փափկութեան, նրբութեան ու քաղցրութեան համադրութիւն մ՚ընել, ի պատիւ այդ հատընտիր ազգին մեծագոյն բանաստեղծներէն մէկուն. եւ չէ՞ որ նոյն իսկ այդ հմայաթափ ու խռովեալ մտածումով քերթողը որուն դառնութիւնն արդէն աշխարհի անարդարութիւններէն խոցուած վեհ սրտի մը թաղծութիւնն է, ունի քառեակներ ուր իր խոհերն արտայայտած է ամենէն հմայիչ քաղցրութեամբ լեցուն ոճով մը:

***

Փուշմանի յաջողութիւնը շատ մեծ եղաւ: Իր ցուցահանդէսի յայտագրին յառաջաբանը գրած էր Թանի գեղարուեստական քննադատը Թիէպօ-Սիսոն, որ Փարիզի մեծագոյն քննադատներէն մին է: «...Իր ընդարձակ հմտութենէն, կ՚ըսէ հոն, որ միացած է փափուկ զգայնութեան մը, ծնած է այդ խտացեալ եւ հմայիչ, ոգեկոչող ու նրբօրէն երաժշտական արուեստը որ իրն է: Ան բարակ ներդաշնակութիւններով կ՚արտայայտէ ամէն մէկ ժողովրդի նկարագիրն ու մասնայատկութիւնները, եւ Արեւելքի ամբողջ բանաստեղծութիւնը անոնց մէջ պարփակուած է: ...Տեսէք իր նաթիւր-մօրթները, չկայ անոնց մէջ հատ մը որ ցեղագրական, կրօնական կամ միստիքական արժէք մը չունենայ, չկայ հատ մը որ անակնկալ լոյս մը չարձակէ ցեղի մը սրտին կամ ուղեղին վրայ, ...նաթիւր-մօրթներուն կը միանան ուսումնասիրութիւններ կանացի դէմքերու, որոնց մասնաւոր յատկանիշները կ՚ընղգծեն հարուստին մանրամասնութիւնները, մազերու շտկուածքին պարզութիւնը կամ բարդութիւնը... Այդ տիպարներու ուսումնասիրութիւնները ամէնքն ալ կը պարփակուին վառ թոյրերով մետաքսային դաշնակութեանց մէջ, որ պատկերացուած անձին կամ անոր մորթի գոյնին համեմատ կը տարբերին: Եւ այս ամէնուն մէջ կայ ազնուութիւն մը, զոր աւելի կը շեշտէ նրբախուզութիւնը յօրինուածքին, որուն մանր, ստորակէտուած վրձնի հարուածները մթնոլորտը թրթռուն կը դարձնեն ամբողջութիւններուն կեանքի ներուժ տպաւորութիւն մը կու տան...: Այս արուեստագէտը համակ անակնկալ եւ համակ նրբախուզութիւն է: Ամէն ինչ իրն է»: Ներբողալից տողեր նուիրուեցան այդ ցուցահանդէսին՝ Քոմետիայի, Թանի, Ֆիկարօի, Նիւ Եորք Հերըլտի եւ այլ լրագիրներու մէջ, եւ փարիզեան պատկերազարդ շաբաթաթերթերու մեծագոյնը, Լ՚Իլլիւսթրասիօն իր յունիս 5-ի թիւին մէջ հրատարակեց Ֆրետերիք Մաքլերէ ընդարձակ յօդուած մը՝ Փուշմանի երկու նկարներու գունատիպ վերարտադրութեամբ: Փարիզի քաղաքապետութիւնը գնեց Խայեամէն էջ մը նկարը՝ Փըթի Փալէի թանգարանին համար: Ուրախառիթ է հաստատել որ այս անգամ, օտարներու հետ՝ գտնուեցան նաեւ հայ ունեւոր գեղասէրներ, որ գիտցան գնահատել այս մեծ արուեստագէտին արժէքը եւ ուզեցին ղարդարել իրենց տունը անոր մէկ հատընտիր գործով. Տիկին Գափամաճեան գնեց Վարդի մը վերջին ժպիտը, Տիկին Մարի Կիւլպէնկեան՝ Աշունին փառքը, Պ. Խ. Սվաճեան՝ Դիքը որ մահամերձ վարդի մը վերջին բուրմունքը կը հաւաքէ, եւ Պ. Կ. Գալըպճեան՝ Օրհասական վարդի մը խոստովանութիւնը:

Երանի՜ թէ գտնուէր նաեւ օր մը մեկենաս մը որ Փուշմանի մէկ գեղեցիկ գործը գնէր ու Հայաստանի Ազգային մուսէոնին նուիրէր:

Փարիզ, 1926

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

15 յունիս 2024, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունիս 22, 2024