ԱԹՈՌԱՄՈԼՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ԸՆՉԱՔԱՂՑՈՒԹԻՒՆ
Երկուորեակ անուանումը առհասարակ կը տրուի այն երեխաներուն, որոնք մէկ մօր արգանդէն դուրս եկած են եւ իրարու կապուած են՝ թէ՛ արեամբ եւ թէ նմանութեամբ…։ Մարդուն նկարագրային գիծերուն մէջ ալ երկուորեակ մարդախանձ մոլուցքներ կան, որոնք մարդս իր արժանիքներէն եւ կոչումէն ամբողջապէս կը հեռացնեն ու ցոփապաշտութեամբ կը մոլեգնեն։ Այդ երկուորեակները՝ ընչաքաղցութիւնն ու փառասիրութիւնն են, որոնց արգաւանդ դաշտը աթոռամոլութիւնն է։
Ահա այս մարդատանջ ու «եսակեդրոնացած» ա՛խտն է, որ կ՚ախտահարէ բոլոր մարդիկը անխտիր, սակայն տարբեր աստիճաններով կրնայ անոնց ոգին հիւծել եւ իր ստրուկը դարձնել՝ տառապանք պատճառելով ստրկացած աթոռատենչին մօտիկ երբեմն նոյնիսկ հեռու շրջապատին։ Այս հիւանդութեան նախանշաններէն մէկը կը սկսի հիւանդ-աթոռամոլին՝ «գիտէ՞ք ես ինչպիսի՜ սխրագործութիւններ կատարած եմ այս հաստատութեան կամ միութեան համար» նախերգանքով եւ կը վերջանայ՝ «այս հաստատութիւնը ինծի շա՜տ բան պարտական է» գաղափարի մտաւոր ապա բանաւոր արտայայտութեամբ։
Անողոք մրցակցութեամբ, ընչաքաղցութեամբ, փառասիրութեամբ, շռայլութեամբ ու զեղխութեամբ յատկանշուած նորօրեայ ժամանակներու մէջ է որ կ՚ապրինք, ուր մարդիկ կամայ թէ ակամայ բաժնուած են երկու անհաւասար խումբերու. առաջինը՝ ծայրագոյնս յղփացած բայց անկուշտ, փառատենչ եւ իշխանատենչ ախորժակներ սնանող փոքրամասնութիւն մը։ Իսկ երկրորդը՝ անճարութեան մատնուած, ստրկամտական ամենակուլ հոսանքին անձնատուր եղած, հետեւակ եւ ենթակայ զանգուածներու հսկայ բանակ մը։ Բացարձակ մեծամասնութիւն կազմող այս վերջին խումբը, յանուն փողի եւ պաշտօնի, պատրաստ է ամէն զիջողութեան, անգամ նուաստացման ու վարկազրկման, որպէսզի կարողանայ իր ներկայ դիրքերը պահպանել՝ միանգամայն շարունակելով մեղադրելի իր ընթացքը, տակաւ նորանոր պատուանդաններ նուաճելու, իր գալիքն ու սեփական ընտանիքի գոյերթը ապահովելու եւ «կեանքի քաշքշուքը տեւականացնելու համար»։ Ընչաքաղցութիւն ընչաքաղցութեանց…։
Ընդունուած կարգի համաձայն, իւրաքանչիւր անհատ կամ պաշտօնեայ, երբ ղեկավար դիրքի կը բարձրանայ, շատ չանցած իր ստանձնած հաստատութենէն ներս կը ձեռնարկէ «բարեկարգչական» տնօրինումներու։ Առաջին հերթին աշխատանքի կը հրաւիրէ իր մերձաւորները, բարեկամները եւ հարազատները, որպէսզի իր դիրքն ու աթոռը անխախտ, անձեռնմխելի պահէ։ Ապա կը սկսի իր «բարեգործական» գործունէութեան՝ նիւթական թէ բարոյական վարձատրութիւն շնորհելով տկար ու սահմանափակ կարելիութեան տէր շողոմ պաշտօնեաներու, որոնք իր պատասխանատուութիւնը ստանձնելու առաջին իսկ օրէն «հաւատարմութիւն» ցուցաբերած են եւ կեղծաւորութեամբ միշտ գնահատած, գովաբանած են ղեկավարելու իր բացառիկ շնորհքն ու փայլուն գործունէութիւնը։ Հիացումով վեր առած են իր «առաքինութիւն»ներն ու ազնիւ «բարեմասնութիւն»ները, մեծ դրուատիքով արտայայտուած են այն «աննախադէպ» իրագործումներուն եւ յաջողութիւններուն մասին, որոնք արձանագրուած են իրենց սիրելի, եզակի ընդունակութեանց տէր տաղանդաւոր ղեկավարի գլխաւորութեամբ։ Նմանատիպ սնոտիապաշտ մարդոց շնորհիւ ընչաքաղցութեամբ եւ փառամոլութեամբ գերեվարուող ղեկավարը մէկ աստիճան եւս կը բարձրանայ՝ ինքզինք յայտնաբերելով աթոռամոլութեան «անբեկանելի» մոլութեան մէջ։
Արտասովոր մեծարանքի եւ բացառիկ պատիւներու արժանացած ղեկավարը, մտաբերելով հանդերձ իր առաջատար դիրքի բարձրացման բոլոր հանգամանքներն ու նկատառումները, խորամուխ ըլլալով հանդերձ խնդրի իսկական էութեան, նամանաւանդ՝ ճանչնալով մէկտեղ «հաւատարմութիւն» ցուցաբերող կեղծ երկրպագուներու ճշմարիտ ինքնութիւնը, իր հասցէին շռայլուած մեծարանքէն պահ մը գինովցած՝ անձնատուր կը դառնայ սեփական փառատենչութեան ու կը սկսի հաւատալ, թէ ինք իսկապէս արտակարգ կարողութիւններով օժտուած անկրկնելի անձնաւորութիւն մըն է։ Եթէ կ՚ուզես օրինակելի եւ պարկեշտ ղեկավար-առաջնորդ մը ըլլալ, նախեւառաջ հրաժարէ բացարձակ յանձնապաստանութենէդ եւ սեփական կարողութիւնդ գնահատելէ։ Մի՛ հաւատար կեղծաւոր եւ երկերեսանի շրջապատողներու կողմէ անձիդ շուրջ հիւսուած անթերիութեան, անսխալականութեան եւ անգերազանցելիութեան առասպելին, որովհետեւ անոնց խօսքերը հիմք ու կորիզ չունին։
Ձեռնհաս եւ յաջողակ ղեկավարութեան համար նախապայման է ձերբազատուիլ շողոքորթներէ, քծնողներէ, պատիր ծափահարողներէ, որոնք անպարկեշտութեամբ ամէն ինչ յաջող եւ անթերի տեսքով կը ներկայացնեն՝ ապակողմնորոշիչ, անճիշդ գնահատումներով «վստահութիւն» ներշնչելով իրենց ղեկավարին։ Եթէ իսկապէս արժանի ես այդ ղեկավարի աթոռին եւ կամ քու անձիդ շահերը հետապնդողը չես, այդ ժամանակ աթոռիդ համար ոգի ի բռին պէտք չէ պայքարիս, այլ քեզի վստահուած այդ նուիրական հաստատութիւնը աւելի եւս պէտք է բարգաւաճելի դարձնես եւ անոր հիմերը ամրակայես օժտեալ, հմուտ, բանիմաց, փորձառութեան եւ բարձր ընդունակութեան տէր պարկեշտ ու կարողունակ տարրերով, որոնք սիրով ու նախանձախնդրութեամբ փարած են իրենց աշխատանքին՝ հաստատութեան ընդհանրական շահերը ամէն նկատառումէ եւ հաշուարկէ գերիվեր դասելով։ Նման ողջմիտ բանաւոր արարածները թոյլ տրուած սխալները բացայայտ կերպով կը մատնանշեն, արձանագրուած թերութիւններու մասին կը բարձրաձայնեն, անընդունելի մօտեցումներ ու վտանգաւոր շեղումներ ուշադրութեանդ կը յանձնեն՝ հաստատութեանդ անբարենպաստ երեւոյթները ուղղելով եւ ապառողջ կացութիւնը կարգի բերելով։
Միշտ մտաբերէ, որ քեզ քննադատողներն ու ուղղութիւն տուողները ճշմարիտ բարեկամներդ են, որոնք ոչ թէ աթոռիդ շուրջ կը շրջագային եւ «դուն ես, դուն ես» յանկերգով, լորձնաշուրթն գովաբանութիւններով քեզ «կը պանծացնեն ու կը փառաբանեն», այլ կը փորձեն ղեկավարած կազմակերպութիւնդ յարատեւականանցնել ու վերելք արձանագրել։ Համոզուէ՛, որ կուրօրէն կողքիդ չկեցողները, տեսակէտներդ չբաժնեկցողները եւ չկրկնողները հակառակորդներդ կամ չարիքդ կամեցողներ չեն։ Ընդհակառակը, երբեմն անառարկելիօրէն ճիշդ կարծածդ կրնայ սխալ ըլլալ, իսկ յաճախ ալ բոլորովին թերի եւ անօգտակար դասածդ՝ պիտանի ու նպատակայարմար։ Երբ կ՚աշխատիս՝ բնականաբար պիտի սխալիս։ Աւելի մտահոգիչը չսխալիլն է, որովհետեւ այդ պարագային կա՛մ աշխատանքը բացակայ է եւ կամ կատարուածի բնութագրումը անհարազատ ու կողմնակալ կերպով հրամցուած է քեզի։ Քաջ գիտցիր, որ չսխալողները չաշխատողներն են միայն, որոնք աթոռիդ հովանիին տակ ապաստանած են եւ երկա՜ր տարիներէ ի վեր ինքնակոչ արձակուրդի մէջ են։
Քաղաքականութեան մէջ ալ իշխանական աթոռամոլ սակաւապետութիւն (oligarchy) կայ. ուր իրաւունքներ. առաւելութիւններ եւ մենաշնորհներ կը բաժնուին՝ ընտանիքի անդամներու. կողմնակիցներու եւ մրցակից բարեկամներու միջեւ: Իշխանութիւնները ժողովրդավարական պիտակ կրեն թէ չկրեն. դրութիւնը այնպէս է. վերնախաւը գիտէ պաշտօններ եւ օդէն եկած «հանգիստ» վարձատրութիւններ իւրացնել: Ընտրութեան մը նախօրեակին կամ վաղորդայնին. քննադատութիւնները մշտապէս կը շարունակուին. նախաձեռնութիւնները կը խոչընդոտուին. վերնախաւը կ՚իշխէ. ժողովրդավարութեան պատուանդան ժողովուրդը կը տուժէ. կը վճարէ անհասկացողութեանց, մրցակցութեանց հաշուեցոյցը, իսկ անաշխատ առաւելութիւնները յարաճուն կերպով կը բազմապատկուին: Խեղճուկրակ ժողովուրդը ի՞նչ կ՚ընէ։ Որքան ալ փորձէ աստ եւ անդ իր ձայնը բարձրացնել ու դժգոհութիւնը յայտնել. սակաւապետները կը շարունակեն մնալ իրենց բեմին ու աթոռին վրայ: Նուազ կարեւոր յանցանքներու համար համեստները կը դատապարտուին, սակայն սակաւապետութեան շրջանակին մէջ գտնուողները կը շրջանցեն օրէնքները եւ անմեղ գառնուկի կերպարանքով դէսուդէն կ՚երթեւեկեն:
Ամերիկայի մեծ նախագահներէն Թոմաս Ճեֆըրսըն ժողովրդավարութեան մասին կ՚ըսէ. «Ժողովրդավարութիւնը այն արուեստն է. որ կը հաւատացնէ ժողովուրդին. որ ինք կը կառավարէ»։ Ժամանակակից ժողովրդավարութիւնները, իշխանութիւնները, ընտրութիւնները եւ արդիւնքները եթէ առարկայական ձեւով լուսարձակի տակ առնենք, պիտի տեսնենք, որ սա կամ նա բնոյթի սակաւապետութիւններ իշխանութեան տէր կ՚ըլլան, նոյնիսկ անոնք, որոնք ժողովուրդի եւ հաւասարութեան կարգախօսով կը գործեն: Իշխանութիւնը դժբախտաբար մենաշնորհն է փակ եւ նեղ շրջանակի մը. երբեմն ժառանգական. յաճախ՝ նիւթական հզօրութեան պարտադրանքով: Հրապարակախօս Յ. Պալեան ժողովրդավարութեան ախտանիշը ցոյց կու տայ՝ ըսելով. «Ժողովրդավարութիւնը իշխանութեան-կառավարման կեդրոն ստեղծելու եղանակ մըն է, պարզ այն պատճառով, որ մարդիկ, հաւաքականութիւնները, ժողովուրդները (ազգեր եւ պետութիւններ) ցարդ անկարող եղած ինքնակառավարում յառաջացնելու, ապրելու առանց իրենց գլխուն վերեւ եւ իրենց համար որոշող իշխանութիւն (կամ իշխան) ունենալու: Թագաւոր-միապետի իշխանութիւնը փոխարինուած է հաւաքական միապետութեամբ, որ կ՚որոշէ, թէ ի՛նչ բան լաւ է իւրաքանչիւրին համար, ինչ բան լաւ չէ: Այսինքն քաղաքակրթութիւնները եւ գաղափարներու հոլովոյթը ցարդ չեն հասած հոն, ուր մարդիկ դադրին հպատակ ըլլալէ՝ թագաւորի մը կամ համակարգի մը»:
Հայկական իրականութեան մէջն անգամ ընչաքաղց-աթոռամոլները այնքա՜ն ստուարացած են, որոնք փոխանակ իրենց աշխատանքով ու կեցուածքով հեղինակութիւն վայելելու, իրենց աթոռո՛վ հեղինակութիւն կը բանեցնեն եւ յարգանք կը պարտադրեն։ Աթոռամոլ ղեկավարները «ցկեանս» բառի նշանակութիւնը «անգիտակցաբար» փոխած են եւ իրենց շրջապատին մէջ սկսած են այդ բառը կիրարկել որպէս տիտղոս, պաշտօն եւ դատավճիռ։ «Ցկեանս» կայսրի պատմուճանը հագած այսօրեայ աթոռամոլ-փառամոլ ղեկավարը ինքզինք «կայսր» ձեռնադրելով, կը սեփականացնէ իր նախնեաց վիթխարի աշխատանքը. կը մասնատէ միութեան հաւատարիմ ու անխոնջ անդամները, կ՚այլանդակէ իրեն յանձնուած միութեան ազգային դիմագիծը եւ առանց խիպի կը շարունակէ յաւակնիլ ու դիմագիծ կերտող հանդիսանալ իր միութենական կեանքէն ներս։ Եթէ աթոռամոլ ղեկավարը անյագուրդ է եւ կ՚ուզէ աւելի կեղծ ժպիտներով շրջապատուիլ, պահ մը թող յիշէ, որ իր գործունէութեան, աշխատանքին. «անգին» զոհողութեան եւ «անսակարկ» նուիրումին համապատասխան փոխհատուցում վաղո՜ւց արդէն ստացած է։ Այդ կրնայ ըլլալ հոգեւոր փոխհատուցմամբ՝ ազգին ու հայրենիքին ծառայելու պարտականութիւնը կատարած ըլլալու ինքնագոհունակութեամբ, կամ՝ շողշողուն փոխհատուցումներով, սեփական բաճկոնին օձիքէն կախուելիք շքանշաններով, կամ գրպանը ծանրացնող փայլուն մետաղներու օրինակով, եւ կամ՝ վաստակած ու վայելած շրջապատի ջերմ հիացմունքի ժպիտներով, փառաբանման նախադասութիւններով եւ քաղցր կենացներով։
Այսօր, հայաստանեան թէ սփիւռքեան հանրային-հասարակական կեա՛նքն է, որ կը քայքայուի մեր աչքերուն առջեւ, իսկ մենք անտարբերութեամբ կը դիտենք համազգային նուիրականութեանց խախտումն ու փլուզումը: Եթէ ժողովուրդի մը կեանքին մէջ օրէնք. հանրային կարծիք եւ հաւաքական հակակաշիռ կը պակսին ու մարդիկ ուս թօթուելով կ՚անցնին. կասկածէ դուրս է, որ կամապաշտ օրինական խախտումները կը բազմանան ու կը դառնան հանապազօրեայ հաւաքական կեանքի այլանդակութիւն: Ժողովուրդը պէտք չէ լռէ ի տես ապաբարոյ այս ընթացքին։ Լռութիւնը ոսկի չէ այս պարագային. այլ՝ մեղսակցութիւն: Երբ դիրքի. աթոռի չարաշահում կայ. անհրաժեշտ է խօսիլ այդ մասին եւ հանգամանօրէն հաշիւ պահաջել, եթէ անշուշտ կը փափաքինք ազգաշէն գործ մը կատարել։ Եթէ առօրեայ մեր կեանքէն բխող հրատապ հարցերուն անյապաղ լուծումը չկանխենք, ապա քանի մը կեղեքիչներու պատճառաւ այդ հարցերը կը մնան անլոյծ եւ մեր ազգը կը տկարացնեն ու կը սպառեն թէ՛ հոգեպէս եւ թէ ֆիզիքապէս:
Դպրեվանքեան ուսանողութեանս տարիներն էին, երբ վաստակաշատ եւ մեծ ուսուծիչ հանգուցեալ Պարոն Գէորգ Գանտահարեանը իր ժպտադէմ դէմքով դասարան մուտք գործեց։ «Ալե՛քս,- յանկարծ ըսաւ,- ելիր գրատախտակին վրայ բահ բառը փ-ով գրէ»։ Շշմած էի։ Նման բառ գոյութիւն ունի՞։ Աննման ուսուցչիս խօսքը լսելով՝ գրատախտակին վրայ «ՓԱՀ» գրեցի։ Պարոն Գանտահարեանը մեզի 45 վայրկեան տուաւ, որպէսզի բոլոր բառարանները լաւապէս պրպտենք եւ այս «ՓԱՀ» բառին նշանակութիւնը գտնենք։ «Մալխասեանց» բառարանէն սկսեալ՝ հասանք մինչեւ «Հայկազեան» բառարան, այդ նորաստեղծ բառը փնտռեցինք աւելի քան 10 մեծղի բառարաններու մէջ, բայց անոր հետքն անգամ չգտանք։ Դասապահի ժամը երբ իր աւարտին հասաւ, Պրն. Գանտահարեանը ժպտալու սկսաւ եւ ըսաւ. «Տղաքս, այս բառը մոլուցքային երեք բառերու սկզբնատառերն են. ՓԱՌՔ, ԱԹՈՌ եւ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ։ Այս երեք բառերու պատճառով աշխարհը իր գոյութեան իմաստէն ամբողջապէս հեռացած ու դատարկուած է։ Պատերազմներ ծնունդ կ՚առնեն աթոռի պատճառով։ Եղբայրներ զիրար կը սպաննեն ունեցուածքի, հարստութեան եւ ժառանգութեան համար։ Մարդիկ կուրօրէն գնայուն փառքին ետեւէն կ՚երթան, առանց իմանալու թէ այդ ճանապարհը զիրենք ո՞ւր կ՚առաջնորդէ»։ Արդէն տասը տարիներ անցած են այս կենսախօս պատմութենէն, բայց այսօր ամէն անգամ որ կը վերյիշեմ այդ խօսուն երկտողը՝ մարմինս իսկոյն կը փշաքաղի։ «ՓԱՀ»՝ մարդուս հոգին քայքայող, բարոյականութենէ հեռացնող, մարդկայնութենէ պարպող «բառ» մը…։
Քրիստոս նոյնպէս տարբեր առիթներով խօսեցաւ աշխարհիկ հրապոյրներէ հեռու մնալու՝ զգուշացնելով. «Ի՞նչ օգուտ, եթէ մարդ ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ, որովհետեւ ի՞նչ փրկագին պիտի տայ իր կեանքը ետ առնելու համար» (Մտ 16.26): Ազդարարեց դատարկ «արժէքներէն» վեր մնալու եւ կառչելու անժամանցելի գանձերուն. «Անմիտ մարդ. այս գիշեր իսկ հոգիդ քեզմէ պիտի առնեն. որո՞ւն պիտի մնայ պատրաստածդ» (Ղկ 12.20): Իսկ Իր կեանքով հանդիսացաւ գերագոյն խոնարհութեան ապացոյցը եւ կոչ ուղղեց մեր կեանքը հեզութեամբ ապրելու. «Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (Ղկ 18.14)։
Սիրելի՛ ընթերցող, փառասիրութիւնը մարդկային կեանքին մէջ բնական երեւոյթ մըն է: Իւրաքանչիւր անձ անտարակոյս կ՚ուզէ նոր իրագործումներ կատարել. նոր յաջողութիւններ ձեռք ձգել. իր շրջապատէն յարգուիլ ու գնահատուիլ: Սակայն երբ փառամոլութիւնը սին խաբկանքներով կը յաղթանակէ եւ անհիմն գովերգութեամբ կը տոգորէ ողջ հոգեկերտուածքդ ու միտքդ, այն ատեն անզգալաբար կը սկսիս կառչիլ մակերեսին՝ ո՛չ խորքին. կեղեւին՝ ո՛չ իրաւին. գնայունին՝ ո՛չ մնայունին:
Հոն ուր փառամոլութիւն կայ, հոն նաեւ մակարդակի անկում, արժէքի նուազում եւ որակի նահանջ գոյութիւն ունի: Եթէ ղեկավարի դիրքին հասած ես, մէկդի թող անհիմն խանդավառութեամբ քեզի վստահուած աշխատանքին մէջ միայն առերեւոյթ դրականը հրապարակելու սովորոյթդ, վանէ քու մէջէդ համեստ, աննշան քայլն անգամ շպարուած վարդագոյն պատկերով եւ չափազանց ուռճացուած տարողութեամբ ներկայացնելու անիրատես մօտեցումդ։ Գիտակից եւ սկզբունքատէր ղեկավարը կը գործէ թափանցիկութեամբ, հեռատեսութեամբ եւ խորագիտութեամբ։ Մարդիկ քեզ աթոռիդ համար պէտք չէ յարգեն, այլ՝ զոհաբերուող, գլխագիր ՄԱ՛ՐԴ-ՂԵԿԱՎԱՐ ըլլալուդ համար։ Յարգուիլը ինքնաբուխ է եւ ոչ պարտադրուող եղանակ։ Դուն աթոռով չկաս, այլ կոչուած ես աթոռդ արժեւորելու եւ ծառայացնելու որակեալ, հեռանկարային ու արդիւնարար աշխատանքի համար։ Աթոռը սեփականութիւնդ չէ, այլ դո՛ւն ես անոր գերին։ Շտկուէ՛…
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024