ԿՈՄԻԱՍՏԻ ՀՄԱՅՔԸ
Կոմիտա՜ս…
Հայ բազմադարեան մշակոյթի անպարագիծ մեծութիւնը։
Կոմիտա՜ս…
Հայ երաժշտութեան ոգեղէն տաճարը եւ հայ հոգիի խորհրդանիշը։
Կոմիտա՜ս…
Հայ ժողովուրդի նուիրականութիւնը եւ հպարտութիւնը։
Հարազատ երկրին սիրահար՝ Կոմիտաս եղաւ լուսաւոր եւ եզական այն դէմքը, որ անիմանալի յայտնատեսութեամբ մը, անոր ընդերքներէն լոյս աշխարհի բերաւ հայ երգը՝ ինքնաստեղծ եւ ինքնատիպ, վեր հանեց անոր անպաճոյճ անապականութիւնը, եւ իր ստեղծագործ հանճարին ուժով զայն բարձրացուց համաշխարհային երաժշտական արուեստի գագաթներուն։
Որպէս հայ դասական երաժշտութեան նոր դպրոցի հիմնադիր՝ մեծ է Կոմիտասի կատարած դերը եւ անփոխարինելի։
Հայ երգի անզուգական պատգամաբերը՝ իր խղճամիտ ձայնագրումներով, երաժշտական-տեսական բանիմաց ուսումնասիրութիւններով, հմտալից դասախօսութիւններով, բարձրարուեստ ստեղծագործական մշակումներով եւ համերգային-կատարողական նուաճումներով, ընդմիշտ լռեցուց այն ընդդիմախօսները, որոնք կը մերժէին հայ ինքնուրոյն երաժշտութեան մը գոյութիւնը եւ միաժամանակ հայուն տուաւ իր սեփական ստեղծագործական կարողութիւներուն գիտակցութիւնը։
Կոմիտաս իր ողջ էութեամբ եւ անբասիր արուեստով մարմնաւորեց հայ ժողովուրդի խոհերուն, յոյզերուն, սրտի թրթիռներուն եւ հայրենասիրական ապրումներուն ամբողջ ստեղնաշարը։
Որպէս հասարակական եռանդուն գործիչ՝ ան նպաստեց նաեւ հայրենի հողէն հեռու ապրող վտարանդի հայուն ազգային գիտակցութեան բացայայտումին եւ անոր հայրենասիրական զգացումներուն հրահրումին։
Շնորհիւ Կոմիտասի՝ հայը կը ճանչնար ինքզինքը, եւ օտարը՝ հայութիւնը։
Եւ պատահական չէ, որ այդ երգերը՝ այսօր, սեփականութիւնը դարձած են ո՛չ միայն իր հարազատ ժողովուրդին, այլեւ առաջաւոր մարդկութեան։
Հայ մշակոյթի անխոնջ նիւրեալը գործեց եւ ստեղծագործեց պատմական այն մռայլ եւ տարապայման ժամանակաշրջանին, երբ հայ ժողովուրդը կը ձգտէր խաղաղ եւ անկաշկանդ կեանքի մը՝ ազատ երկնակամարի մը տակ։
Եւ այսօր, երբ հայ ժողովուրդի բաղձանքները իրականացած են, կոմիտասեան երգը կը հնչէ աւելի հզօր, աւելի շքեղ, որպէս հայ ստեղծագործ հանճարին յաղթերգը պանծալի։
Տարիներու հոլովոյթին մէջ, Կոմիտասի հմայքը կը շարունակէ աւելի եւ աւելի խորանալ ու արմատանալ ամէն հայ սրտէ ներս, քանդելով այլամերժ համոզումներու եւ գաղափարներու բոլոր պատուարները եւ ներդաշնակ լոյսով մը ողողելով բոլոր հոգիները։
Կոմիտաս ապրեցաւ իր ժողովուրդին ցաւերով, աշխատեցաւ անոր համար, եւ իր կեանքն ու հանճարեղ միտքը զոհաբերեց անոր վեհ գաղափարներուն արծարծումին եւ յաղթանակին համար։
Հայ ժողովուրդին նման՝ հայ երգին հետ յաւէտ պիտի ապրի իր անունը։
Փա՜ռք իր յիշատակին եւ Փա՜ռք իր անվախճան գործին։
ԵԴՈՒԱՐԴ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Գահիրէ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024