Կրկէսը Բացուած Է…

Աչ­քը լո՜յս ա­մե­րի­կա­ցի քուէար­կող­նե­րուն, նաեւ՝ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք կը հա­ճո­յա­նան ա­մե­րի­կեան քա­ղա­քա­կան կեան­քի… խեղ­կա­տա­կու­թիւն­նե­րով։ Նա­խա­գա­հա­կան յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րա­պայ­քա­րի կրկէ­սը բա­ցուա՜ծ է եւ կը խոս­տա­նայ ա­ւե­լի քան տա­րի մը հա­ճե­լի ժա­ման­ցի դրուագ­ներ ներ­կա­յաց­նել զան­գուած­նե­րուն, զա­նոնք զբա­ղեց­նել դա­տար­կա­բա­նու­թեան նո­րա­գոյն հնարք­նե­րով, ա­մե­նէն ու­ժեղ մրցա­կի­ցը դառ­նա­լով պատ­կե­րաս­փիւ­ռի սնա­մէջ կա­տա­կեր­գու­թիւն­նե­րուն…

Իս­կա­կա՜ն կրկէս՝ քա­ղա­քա­կան զգա­յա­ցունց զուար­ճա­լիք­նե­րու խոս­տու­մով։

Հե­րոս­նե­րը վագ­րեր, ձիեր, կա­պիկ­ներ, փի­ղեր, շու­ներ եւ սո­ղուն­ներ չեն, այլ՝ մար­դա­կերպ ա­րա­րած­ներ, ո­րոնք կրնան բա­րի ու հե­տաքր­քիր հան­դի­սա­կան­նե­րը հա­մո­զել, թէ ճիշդ է այն վար­կա­ծը, ըստ ո­րուն, կեն­դա­նի­ներն ալ կրնան յետ մա­հու կեան­քի վե­րա­դառ­նալ մարդ­կա­յին կեր­պա­րան­քով, պա­հե­լով հան­դերձ կեն­դա­նա­կան յատ­կա­նիշ­ներ (Աս­տուած հո­գին լու­սա­ւո­րէ Հըր­պըրթ Ճորճ Ուել­զին, ա­ւե­լի ծա­նօթ՝ H. G. Wells ա­նու­նով, ո­րուն «Բժիշկ Մո­րո­յի կղզին» վէ­պը իր այժ­մէա­կա­նու­թիւ­նը չի կորսնց­ներ այս կրկէ­սին մէջ…)։ Այս կրկէ­սին մէջ յար­գե­լի դե­րա­կա­տար­ներ կը մնան բա­ցա­ռու­թեանց ցան­կին վրայ։

Կրկէ­սին բա­ցու­մը կա­տա­րե­ցին տաս­նեակ մը հան­րա­պե­տա­կան թեկ­նա­ծու­ներ, ո­րոնք զի­րար հըր-մըշտկե­լով՝ գրա­ւե­ցին պատ­կե­րաս­փիւ­ռի մը պաս­տա­ռը, դուրս ձգե­լով շարք մը այլ թեկ­նա­ծու կամ թեկ­նա­ծու­թեան պատ­րաս­տուող կու­սա­կից­ներ. սա ար­դէն ա­ռա­ջին փո­թո­րի­կը պայ­թե­ցուց եւ բե­ւե­ռա­ցուց պար­զա­միտ հան­դի­սա­կան­նե­րուն ուշ­քը, միա­ժա­մա­նակ ա­ռատ նիւթ հայ­թայ­թեց ա­ռօ­րեայ խօ­սակ­ցու­թեանց։ Կրկէ­սը յա­ռա­ջի­կայ ա­միս­նե­րուն պի­տի տե­ղա­փո­խուի քա­ղա­քէ քա­ղաք, նա­հան­գէ նա­հանգ, սա­կայն պատ­կե­րաս­փիւ­ռի պա­տու­հան­նե­րուն ճամ­բով մի՛շտ պի­տի այ­ցե­լէ զան­գուած­նե­րու բնա­կա­րան­նե­րը (կեց­ցե՛ն ար­հես­տա­գի­տու­թեան բա­րիք­նե­րը), Հոկ­տեմ­բե­րէն սկսեալ պի­տի ներգ­րա­ւէ դե­մոկ­րատ հտպիտ­ներ, շու­քի մէջ ձգե­լով NBA-ի նման ժո­ղովր­դա­կան մրցա­շար­քերն ան­գամ։ Շո­գե­կառ­քը ի վեր­ջոյ  գլխա­ւոր թեկ­նա­ծու­նե­րը պի­տի հասց­նէ վերջ­նա­կան ճա­կա­տում­նե­րու հանգ­րուան, միշտ պաս­տառ­նե­րու տե­սա­նե­լի դաշ­տէն եւ լու­սար­ձակ­նե­րէն հե­ռու պա­հե­լով հտպիտ­նե­րը խաղց­նող իս­կա­կան բե­մա­վար­նե­րը…

***

Կրկէս մուտք գոր­ծող­նե­րը կամ մուտք գոր­ծե­լու պատ­րաս­տուող­նե­րը, ա­նուա­նի, նուազ ա­նուա­նի կամ ա­նա­նուն դէմ­քեր են (յար­գե­լի մար­դիկ ալ կան ան­շուշտ)։ Ա­նոնց մէկ կա­րե­ւոր մա­սը կրնայ ա­ւե­լի յա­ջող խեղ­կա­տակ դառ­նալ, քան նա­խա­գահ։

Կրկէ­սը սար­քող ան­տե­սա­նե­լի­նե­րը իբ­րեւ գոր­ծա­կա­տար ու­նին պատ­կե­րաս­փիւ­ռի եւ զան­գուա­ծա­յին մա­մու­լի մար­դի­կը, ո­րոնք լայն ա­խոր­ժակ­նե­րով ձեռ­նար­կած են այս աշ­խա­տան­քին, ո­րով­հե­տեւ հա­սու­թա­բեր աղ­բիւ­նե­րը կը հո­սեց­նեն դէ­պի ի­րենց գան­ձա­նակ­նե­րը։ Ա­նոնք միակ օգ­տուող­նե­րը չեն, այլ գլխա­ւոր­նե­րը։ Չէ՞ որ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րա­պայ­քա­րը հի­մա բուն սա­կա­րա­նին մէկ ման­րանը-կարն է, թեկ­նա­ծու­նե­րը ա­զատ են ի­րենց ու­զա­ծին չափ դրամ ստա­նա­լու մեծ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րէ, ան­տե­սա­նե­լի­նե­րուն վախ­ճա­նա­կան շա­հե­րուն ի նպաստ ծախ­սե­լու մէջ նոր մրցա­նիշ­ներ հաս­տա­տե­լու…

Թեկ­նա­ծու­նե­րու ա­ռա­ջին գի­ծե­րը կը գրա­ւեն նա­հանգ­նե­րու այժ­մու կամ նախ­կին կա­ռա­վա­րիչ­ներ, քա­ղա­քա­պետ­ներ, ան­ցեա­լին կամ ներ­կա­յիս պե­տա­կան պաշ­տօն­ներ գրա­ւող­ներ, ա­ւե­լի ճիշդ կ՚ըլ­լայ ը­սել՝ պե­տա­կան պաշ­տօն­նե­րու բե­րուած­ներ. հան­րա­պե­տա­կան­նե­րու ցան­կին յա­ռա­ջա­տար դիր­քե­րուն վրայ են Տո­նըլտ Թրամփ եւ Ճէպ Պուշ, ո­րոնք ի­րենց հարս­տու­թիւ­նը ցու­ցադ­րու­թեան հա­նած են։ Դե­մոկ­րատ­ներն ալ կրկէս նե­տած են քա­նի մը հռչա­կա­ւոր դէմ­քեր, ինչ­պէս՝ Հի­լը­րի Քլին­թը­նը, Պեռ­նարտ Պըռ­նի Սեն­տը­զը, իսկ Ալ Կոր ու Ճօ Պայ­տըն նազ-տուզ կ՚ը­նեն՝ հասկցնե­լով, թէ չեն ու­զեր դուրս մնալ սա­կա­րա­նէն։

Ա­ւե­լի քան եր­կու տաս­նեակ հան­րա­պե­տա­կան ու դե­մոկ­րատ թեկ­նա­ծու­նե­րը (պաշ­տօ­նա­պէս յայ­տա­րա­րուած կամ պատ­րաս­տուող) ար­դէն իսկ կը խլեն լու­սար­ձակ­նե­րու մե­ծա­գոյն բա­ժի­նը, փոքր լապ­տեր­նե­րը ձգե­լով այլ կու­սակ­ցու­թեանց կամ ան­կախ թեկ­նա­ծու­նե­րուն։ Լու­սանց­քա­յին ներ­կա­յու­թիւն են «Կա­նաչ­ներ»ու եւ այլ խմբա­ւո­րում­նե­րու թեկ­նա­ծու­ներ, ինչ­պէս նաեւ քա­նի մը ան­կախ­ներ, ո­րոնց շար­քին է ծա­գու­մով հայ մը՝ Տէն Պիլ­զէ­րեան, որ դե­րա­սան է եւ ա­նուն շի­նած՝ բախ­տա­խա­ղի եւ հա­մա­ցան­ցի աշ­խար­հին մէջ։

***

Այս դե­րա­կա­տար­նե­րը ինչ­պի­սի՞ հար­ցե­րով պի­տի զբա­ղեց­նեն հան­դի­սա­կան­նե­րը։ Ի՞նչ դեր վի­ճա­կուած է ա­նոնց։

Դա­րեր ա­ռաջ, ի­մաս­տուն մը ը­սած է. «Ա­րե­ւուն տակ նո­րու­թիւն մի՛ փնտռէք»։ Չէ ա­ւել­ցու­ցած, որ կա­րե­լի է հին բա­նե­րը իբ­րեւ նոր հրամց­նել հա­զար ու մէկ բա­ռա­խա­ղով, ո­րոնք կրնան ափ ի բե­րան ձգել Լաս Վե­կա­սի հնա­րա­միտ աճ­պա­րար­ներն ան­գամ։ Ի վեր­ջոյ, հնա­տիպ ինք­նա­շարժ­ներ նո­րո­գե­լով ու ներ­կե­լով շու­կայ հա­նե­լը բա­ւա­կան հա­սու­թա­բեր գործ է։

Վերց­նենք քա­նի մը օ­րի­նակ։

Բա­նա­վէ­ճե­րը կ՚ընդգր­կեն մի­ջազ­գա­յին ու ներ­քին քա­ղա­քա­կան բե­մե­րը յու­զող հար­ցեր։ Մար­դոց հե­տաքրք­րու­թիւ­նը կը գրգռուի Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ու ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի ա­ճուրդ­նե­րով, կեն­սո­լոր­տի եւ ու­ժա­նիւ­թի հար­ցե­րով, ցե­ղա­յին եւ այլ խտրա­կա­նու­թեան ան­տակ տոպ­րա­կով, ա­ռեւ­տու­րի աշ­խար­հով, կա­ռա­վա­րու­թեան հե­ղի­նա­կու­թեան շուրջ սա­կար­կու­թիւն­նե­րով, գաղ­թա­կա­նա­կան հար­ցե­րով, կա­շա­ռա­կե­րու­թեան ու ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ուղ­ղու­թեան (ա­ւե­լի ճիշդ պի­տի ըլ­լայ «ան­կողմ­նա­ցոյց վի­ճակ» բնո­րո­շու­մը) շուրջ բա­նա­վէ­ճե­րու բե­մադ­րու­թեամբ, ըն­կե­րա­յին գու­նա­ւոր հար­ցե­րով եւ այլն։

Բա­նա­վէ­ճը ա­ռա­ջին իսկ հանգրուա­նէն ի յայտ բե­րաւ, որ «հա­մար­ձա­կա­խօ­սու­թիւ­նը», հե­տե­ւա­բար նաեւ գե­ղա­րուես­տա­կան լու­տանք­նե­րու փո­խա­նա­կու­մը չէ ան­տե­սուած, շու­տով կրնայ հաս­նիլ ցե­խար­ձա­կում­նե­րու եւ, ինչ­պէս սո­վո­րա­բար կ՚ըլ­լայ՝ մրցա­կից­նե­րուն թե­րու­թիւն­նե­րուն եւ ա­նուղ­ղայ գոր­ծու­նէու­թեանց հրա­պա­րակ­ման, այ­սինքն՝ աղ­տոտ լա­թե­րու ցու­ցադ­րու­թեան։ Այս բա­ժի­նը օգ­տա­կար է մա­նա­ւանդ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնց յի­շո­ղու­թեան թե­լե­րը կարճ են. քա­րոզ­չա­կան մե­քե­նա­նե­րը այն­պէս մը լա­րուած են, որ քուէար­կող­նե­րուն ու­ղե­ղա­լուաց­քը կը հասց­նէ մոռ­նա­լու, թէ այ­սօ­րուան թեկ­նա­ծու­նե­րը, դեռ քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ, երբ բարձ­րա­գոյն ու ա­մե­նէն զգա­յուն պաշ­տօն­նե­րը կը վա­րէին, «ի վե­րուստ» թե­լադ­րանք­նե­րով գոր­ծած են այն­պի­սի ա­հա­ւոր սխալ­ներ, ո­րոնք զի­րենք ար­ժա­նի պի­տի ը­նէին դա­տա­կան լուրջ հե­տապն­դում­նե­րու եւ առ­նուազն պատ­մու­թեան աղ­բա­նո­ցը նե­տուե­լու, մինչ­դեռ ա­հա ճա­կա­տա­բաց, ու վստա­հե­լով յի­շեալ կարճ թե­լե­րուն, թեկ­նա­ծու կը ներ­կա­յա­նան երկ­րի ա­մե­նէն պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօ­նին, քա­նիե­րո՛րդ ան­գամ ըլ­լա­լով վար­կա­բե­կե­լով նա­խա­գա­հի հան­գա­ման­քը։

Ե­թէ հան­դի­սա­տե­սը չտա­րուի «հա­ճե­լի աղ­մուկ»ով եւ իր­մէ սպասուած լրջու­թեամբ հե­տե­ւի ամ­բաս­տա­նու­թեանց փո­խա­նա­կում­նե­րուն, կրնայ շու­տով յան­գիլ այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ ի­րա­ւունք ու­նի քուէ չտա­լու ոե­ւէ թեկ­նա­ծուի կամ՝ հար­կադ­րուած պի­տի զգայ քուէ տա­լու նուազ թե­րու­թիւն­ներ ու ձա­խա­ւե­րու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րած թեկ­նա­ծուին։ Իսկ ե­թէ աչ­քի առ­ջեւ ու­նե­նայ Լի­բա­նա­նի վեր­ջին տա­րուան օ­րի­նա­կը, պի­տի տես­նէ, որ եր­կիր մը կրնայ կա­ռա­վա­րուիլ նաեւ… ա­ռանց նա­խա­գա­հի։

Ու­շա­դիր քուէար­կո­ղը պի­տի նկա­տէ, որ թեկ­նա­ծու­նե­րը հա­զիւ թէ պի­տի հպին իր կեան­քին ու ապ­րուս­տի պայ­ման­նե­րուն, զա­ւակ­նե­րու ա­պա­գա­յին հետ ա­ղերս ու­նե­ցող Ի­ՐԱ­ԿԱՆ տագ­նապ­նե­րուն։ Օ­րի­նակ, կա­րե­լի՞ է ե­րե­ւա­կա­յել կամ ակն­կա­լել, որ թեկ­նա­ծու մը խոս­տա­նայ վերջ դնել վա­ռե­լա­նիւ­թի ըն­կե­րու­թեանց կա­մա­յա­կա­նու­թեանց ու անզս­պե­լի չա­րա­շա­հու­թիւն­նե­րուն (վեր­ջին մէկ ամ-սըւան ըն­թաց­քին վա­ռե­լա­նիւ­թե­րուն սա­կե­րը դար­ձեալ վեր-վար ոս­տոս­տե­ցին ան­հիմն պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րով, մինչ­դեռ մի­ջազ­գա­յին սա­կա­րա­նին մէջ քա­րիւ­ղի սա­կը ան­կում­ներ «կը նուա­ճէ»). մար­դիկ ի­րենց ե­րա­զին մէջ ան­գամ չեն հա­մար­ձա­կիր տես­նել, որ թեկ­նա­ծու­ներ սպառ­նան հա­կակ­շի­ռի են­թար­կել դե­ղե­րու եւ ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան ճար­տա­րա­րուես­տի ան­կուշտ որ­կոր­նե­րը, սան­ձել զէն­քի ա­ռեւ­տու­րը (ներ­քին թէ մի­ջազ­գա­յին), վճռել, թէ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ կամ այ­լուր կա­րե­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ծա­յեն մար­դոց կեան­քին, պի­տի աշ­խա­տին քա­ղա­քա­կան ու նիւ­թա­կան շա­հե­րուն զոհ չդարձ­նել մի­լիո­նա­ւոր­նե­րու (այ­սինքն՝ ի­րենց ար­տադ­րու­թիւն­նե­րը բուն սպա­ռող­նե­րուն) կեանքն ու ստա­ց-ւածք­նե­րը, վերջ պի­տի դնեն բազ­մա­մի­լիոն­նե­րու բռնա­գաղ­թին ու ա­նո­րոշ ճա­կա­տա­գի­րի մատ­նուե­լուն (ինչ­պէս է պա­րա­գան Հա­լէ­պի պէս տագ­նա­պա­հար շրջան­նե­րու բնա­կիչ­նե­րուն), պի­տի չվտան­գեն եր­կիր­նե­րու այ­սօրն ու ա­պա­գան, կամ, վեր­ջա­պէս, խոս­տա­նան իս­կա­պէ՛ս բա­րե­կար­գել կրթա­կան հա­մա­կար­գը, ու­սա­նող­նե­րը չմատ­նել մե­ծա­գու­մար պարտ­քե­րով վկա­յա­կան մը ստա­նա­լու եւ յե­տոյ… ան­գոր­ծու­թեան մատ­նուե­լու տա­ժան­քին, հե­տա­մուտ ըլ­լան ա­ռող­ջա­պա­հա­կան եւ այլ ար­դար ու մատ­չե­լի ա­պա­հո­վագ­րու­թեանց, ինչ­պէս կ՚ը­նեն յա­ռա­ջա­ցած կամ նուազ յա­ռա­ջա­ցած եր­կիր­ներ (Լի­բա­նան այս կա­լուա­ծին մէջ ալ կրնայ ար­դար ու­ղե­ցոյց ըլ­լալ)։ Իսկ Կուան­թա­նա­մո­յի բան­տին նման հար­ցեր ար­դէն մա­շած նիւ­թեր են։ Ա­նոնց վրայ խօս­քի դրա­մագ­լուխ գոր­ծա­ծե­լը ժա­մա­նա­կավ­րէպ է։ Չէ՞ որ Քու­պա­յի հետ դի­ւա­նա­գի­տա­կան կա­պե­րու վե­րա­հաս­տա­տու­մը զգա­յա­ցունց նո­րա­ձե­ւու­թիւն է…

***

Կրկէ­սը բա­ցուած է. թեկ­նա­ծու­նե­րը կը ճգնին հան­դի­սա­կան­նե­րը՝ վա­ղուան քուէար­կող­նե­րը, զար­մաց­նել ու հմա­յել այն­պի­սի խոս­տում­նե­րով, զորս պաշ­տօ­նի հաս­նե­լէ ետք պի­տի դրժեն խղճի ա­մե­նայն հան­դար­տու­թեամբ, ա­պա­ւի­նե­լով յի­շո­ղու­թեանց կարճ թե­լե­րուն։ Այժ­մու նա­խա­գա­հին ըն­թաց­քէն ա­ւե­լի թարմ օ­րի­նա՞կ կ՚ու­զէք. մար­դը քա­նի մը շա­բաթ ա­ռաջ աշ­խար­հը զար­մա­ցուց՝ կեն­սո­լոր­տի տագ­նա­պը դար­մա­նե­լու մի­տող «պատ­մա­կան ծրա­գիր» մը հրա­պա­րակ նե­տե­լով, յե­տոյ ար­տօ­նեց, որ Ա­լաս­քա­յի մէջ քա­րիւ­ղի պեղ­ման նոր աշ­խա­տանք­նե­րու սկսին, ա­ռանց հաս­տատ ե­րաշ­խիք ու­նե­նա­լու, որ ա­տի­կա պի­տի չվատ­թա­րաց­նէ կեն­սո­լոր­տի ա­պա­կա­նու­մը։

Կը մնայ զար­մա­նալ, որ ուս­ման բարձր մա­կար­դա­կի եւ տե­ղե­կու­թեանց ա­ռա­տու­թեան այս երկ­րին մէջ ինչ­պէ՞ս կ՚ըլ­լայ, որ նման կրկէս­նե­րու հան­դուր­ժո­ղու­թեամբ եւ մեծ ա­խոր­ժա­կով կը սպա­սուին զան­գուած­նե­րու կող­մէ. կը թուի, որ կրկէ­սի հա­ճոյք­նե­րը վա­յե­լե­լու ման­կա­կան հո­գե­բա­նու­թիւ­նը միշտ տեղ մը ան­խախտ կը մնայ, ան­կախ ներ­կա­յա­ցուող կրկէ­սի բնոյ­թէն։ Նման վի­ճակ ստեղ­ծող­նե­րը վա­ղը կրնան «ճա­կա­տագ­րա­կան» հար­ցի վե­րա­ծել այն, թէ իւ­րա­քան­չիւր կու­սակ­ցու­թեան թեկ­նա­ծու­նե­րէն քա­նի՞ն կին է (հի­մա հան­րա­պե­տա­կան­ներն ու դե­մոկ­րատ­նե­րը ու­նին մէ­կա­կան հատ), քա­նի՞ն սե­ւա­մորթ է (հան­րա­պե­տա­կան­նե­րը ու­նին մէկ հատ, իսկ այժ­մու նա­խա­գա­հին գոյ­նը չա­փա­նիշ չե­ղաւ զինք զա­նա­զա­նե­լու սպի­տա­կա­մորթ նա­խոր­դին ձա­խա­ւե­րու­թիւն­նե­րէն), թեկ­նա­ծու­նե­րէն քա­նի՞ն կը պատ­կա­նին «կա­պոյտ ա­րիւն» ու­նե­ցող գեր­դաս­տան­նե­րու, ի՞նչ կը հա­գուին, ին­չո՞վ կը շպա­րուին, քա­նի՞ տա­րե­կան են, ար­դեօք հար­ճեր ու­նե­ցա՞ծ են (թէեւ Պիլ Քլին­թըն այդ «թա­պուն» խոր­տա­կեց) եւ այլն…

Նման հա­ճե­լի նիւ­թե­րու մա­տու­ցու­մը եւ զգա­յա­ցունց զրոյց­նե­րով զար­գա­ցող ընտ­րա­պայ­քա­րը, նե­րո­ղու­թի՜ւն, կրկէ­սա­յին բե­մադ­րու­թիւ­նը, ու­շադ­րու­թիւն­նե­րը կը վրի­պեց­նէ այն ի­րա­կա­նու­թե­նէն, որ բո­լոր թեկ­նա­ծու­ներն ալ, ա­ռա­ւել կամ նուազ չա­փով, ե­րի­վար­ներն են նոյն կառ­քին, ո­րուն կա­ռա­պան­նե­րը ի­րենք զի­րենք կը պա­հեն ան­տե­սա­նե­լի, ստեղ­ծե­լով ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ա­հա­ւոր խաբ­կանք մը, ո­րուն ա­ռա­ջին ու վեր­ջին զո­հե­րը կը մնան քա­ղա­քա­ցի­նե­րը՝ խա­ղին ա­կա­մայ կամ ան­գի­տա­կից մեղ­սա­կից­նե­րը։

Քուէար­կո­ղը հա­զիւ թէ ա­ռիթ կ՚ու­նե­նայ անդ­րա­դառ­նա­լու, որ ընտ­րե­լիին այս կամ այն կու­սակ­ցու­թեան պատ­կա­նի­լը ոչ մէկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի, ո­րով­հե­տեւ գործ­նա­պէս, Սպի­տակ տուն հաս­նողն ու ա­նոր վա­ղուան գոր­ծա­կից­նե­րը պի­տի կի­րար­կեն այն ծրա­գիր­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց դի­մաց կը դնեն զի­րենք այդ պաշ­տօն­նե­րուն հասց­նող «պար­տա­տէ­րե­րը», ո­րոնք կը գոր­ծեն… օ­րէնք­նե­րու ճամ­բով։ Զան­գուած­նե­րը կ՚ապ­րին այն խաբ­կան­քը, որ նա­խա­գահ, խորհր­դա­րա­նա­կան կամ կա­ռա­վա­րիչ­ներ կ՚ընտ­րուին ի­րենց քուէով, զի­րենք կը ներ­կա­յաց­նեն պե­տա­կան վար­չա­մե­քե­նա­յին մէջ, մինչ­դեռ ըստ էու­թեան ա­նոնք գոր­ծա­կա­տար­ներն են հսկա­յա­կան շա­հե­րու հե­տա­մուտ այն խմբա­ւո­րում­նե­րուն եւ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք կը մարմ­նա­ւո­րուին «Ո­ւոլ Սթրի»չով ու նմա­նակ­նե­րով։ Այս քօ­ղար­կուած ի­րա­կա­նու­թիւ­նը տես­նե­լու հա­մար, կը բա­ւէ մտա­բե­րել Յու­նաս­տա­նի այս տա­րուան ընտ­րու­թիւն­նե­րը, հան­րա­քուէն եւ ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րը։ Այ­լա­պէս, խե­լա­միտ ու իս­կա­պէս ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան վարկ ու­նե­ցող­ներ ի­րա­ւունք իսկ չու­նին ե­րե­ւա­կա­յե­լու, որ կրնան շա­հա­ւոր դուրս գալ մրցա­վազ­քէն, հոգ չէ թէ ընտ­րա­պայ­քա­րի այս կամ այդ հանգ­րուա­նին կրնան վա­յե­լել մեծ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն, կրնան հա­մախմ­բել մե­ծա­թիւ հա­մա­կիր­ներ։

***

Կրկէ­սին այ­սօ­րուան կրա­ւո­րա­կան ու բա­րե­միտ հան­դի­սա­տե­սը ուշ կամ կա­նուխ պի­տի անդ­րա­դառ­նայ, որ զինք պա­տան­դի վե­րա­ծած ընգ­ղան (octopus) միայն ութ շօ­շա­փուկ չու­նի, այլ բազ­մա­պա­տիկ, եւ ի վեր­ջոյ պի­տի գտնէ զայն ան­դա­մա­հա­տե­լու ձե­ւե­րը, պի­տի վե­րա­հաս­տա­տէ այն տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը, որ կրկէսն ու քա­ղա­քա­կան-ըն­կե­րա­յին կեան­քե­րը տար­բեր բա­ներ են, եր­կուքն ալ կրնան ըլ­լալ հա­ճե­լի եւ օգ­տա­կար։

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Շաբաթ, Օգոստոս 22, 2015