ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՕՐԵՐ

Գեր­մա­նիոյ  մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի օ­րեր: Մի­ջո­ցա­ռում­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­ուին Օ­գոս­տո­ս 19-Նո­յեմ­բե­րի 6 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ: Գեր­մա­նիոյ մէջ Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի օ­րե­րուն շուրջ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թե­նէն Ան­ժե­լա Համ­բար­ձու­մեան զրու­ցեց Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ար­տա­քին կա­պե­րու վար­չու­թեան պետ Սվետ­լա­նա Սա­հա­կեա­նի հետ։

-Օ­գոս­տո­ս 19-Նո­յեմ­բե­րի 6 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ  Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի օ­րեր տե­ղի կ՚ու­նե­նան Գեր­մա­նիո­յ մէջ: Կը բա­ցատ­րէ՞ք նա­խա­տես­ուած միջ­ցա­ռում­նե­րու մա­սին:

-Փո­խա­դարձ մշա­կոյ­թի օ­րե­րու ձե­ւա­չա­փով վա­ղուց կը հա­մա­գոր­ծակ­ցինք Գեր­մա­նիո­յ հետ: Ա­ռա­ջին երկ­րա­մա­սը Սաք­սո­նիա-Ան­հալթն էր: Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ընդ­լայ­նած ենք սահ­ման­նե­րը՝ ընդգր­կե­լով Պրան­տեն­պուր­կը, Պա­տեն-Վիւր­տեմ­պեր­կը եւ այլ երկ­րա­մա­սեր: 2016 թուա­կա­նի ծրա­գի­րը քննարկ­ուած է Սաք­սո­նիա-Ան­հալթ երկ­րա­մա­սի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան հետ: Բո­վան­դա­կա­յին ա­ռու­մով բազ­մա­զան է ծրա­գի­րը եւ բազ­մա­թիւ ո­լորտ­ներ կ՚ընդգր­կէ՝ ցու­ցա­հան­դէս­ներ, ե­րաժշ­տու­թիւն, քննար­կում­ներ եւ այլն: Մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն յա­տուկ շունչ կը հա­ղոր­դեն Հա­յաս­տա­նի փոք­րիկ եր­գիչ­նե­րու խում­բը: Բաց­մա­ն տե­ղի ու­նե­ցաւ հայ­կա­կան էթ­նօ-ճազ ե­րաժշ­տու­թիւն: Ա­մէն շա­բաթ կը ներ­կա­յաց­նենք ամ­բողջ հայ մշա­կոյ­թը իր հին եւ նոր դրսե­ւո­րում­նե­րով, ներ­կայ զար­գա­ցում­նե­րով:

-Մեր մշա­կոյ­թի նկատ­մամբ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը մե՞ծ է:

-Միան­շա­նակ մեծ է: Մեր  խում­բե­րը տար­բեր քա­ղաք­նե­րու հա­մեր­գաս­րահ­նե­րու մէջ ե­լոյթ ու­նե­նա­լու հրա­ւէր­ներ ստա­ցած են: Կը հա­մա­գոր­ծակ­ցինք նաեւ Վիեն­նա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին հետ: Գեր­մա­նիո­յ մէջ Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի օ­րե­րու ա­ւար­տին զու­գըն­թաց Հա­յա­սա­տա­նի մէջ հան­դէս կու գան եր­կու մեծ նուա­գա­խում­բեր՝ Տրեզ­տե­նի ֆիլ­հար­մո­նիկ եւ Վիեն­նա­յի նուա­գա­խում­բե­րը: Այս փաս­տը կը վկա­յէ այն մա­սին, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ալ գեր­մա­նա­կան մշա­կոյ­թի նկատ­մամբ հե­տաքրք­րու­թիւն կայ: Այդ հա­մերգ­նե­րը կը հարս­տաց­նեն մեր մշա­կու­թա­յին գու­նապ­նա­կը:

-Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­մերգ­նե­րով հան­դէս գա­լու ա­ռա­ջար­կը մեր երկ­րի՞ կող­մէ ե­ղած է։

-Ա­ռա­ջար­կը քննարկ­ուած է նա­խորդ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան եւ Գեր­մա­նիո­յ պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու կող­մէ: Մենք կը փոր­ձենք խրա­խու­սել հե­ղի­նա­կա­ւոր, մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չում ու­նե­ցող նուա­գա­խում­բե­րու հա­յաս­տան­եան հիւ­րա­խա­ղե­րը: Տրեզ­տե­նի ֆիլ­հար­մո­նիկ նուա­գա­խում­բը «Ա­ղէտ» կոչ­ուող ծրագ­րով հան­դէս ե­կած է ամ­բողջ Եվ­րո­պա­յի տա­րած­քին: «Ա­ղէտ»ը ե­ղեռ­նի մա­սին է: Մեր երկ­րին մէջ այդ ծրագ­րով հան­դէս պի­տի գան:

-Գեր­մա­նիոյ մէջ 2004 եւ 2014 թուա­կան­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած են Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի օ­րեր: Ի՞նչ ձեռք­բե­րում­ներ ու­նե­ցած ենք:

-Մեր ե­րաժշ­տա­կան խում­բե­րը աշ­խոյժ ու գոր­ծօն գոր­ծու­նէու­թիւն սկսան ծա­ւա­լել Գեր­մա­նիո­յ մէջ, ճա­նաչ­ում ու­նե­ցան լայն հա­տուած­նե­րու կող­մէ: Ճա­նա­չե­լի դար­ձաւ նաեւ հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը, շօ­շա­փե­լի դար­ձան գրող­նե­րու միու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն­նե­րը, ի­րա­կա­նաց­ուե­ցան գրա­կան թարգ­մա­նու­թիւն­ներ: Գեր­մա­նա­ցի մշա­կու­թա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ու­շադ­րու­թիւն սկսաւ դարձ­նել մեր թան­գա­րա­նա­յին ժա­ռան­գու­թեա­ն: Գեր­մա­նիան սի­րով կը ներ­կա­յաց­նէ մեր թան­գա­րա­նա­յին նմոյշ­նե­րը ի­րենց հե­ղի­նա­կա­ւոր ցու­ցաս­րահ­նե­րուն մէջ:

-Կը նա­խա­տե­սէ՞ք այլ եր­կիր­նե­րու հետ մշա­կու­թա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նել:

-Հա­յաս­տա­նի Մ­­շա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը հա­մա­գոր­ծակ­ցի գրե­թէ բո­լոր եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու հետ: Վեր­ջին  եր­կու տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լած ենք Ի­տա­լիո­յ մէջ: Կը նա­խա­տե­սենք տար­բեր նա­խագ­ծեր ի­րա­կա­նաց­նել նաեւ Պուլ­կա­րիո­յ, Լե­հաս­տա­նի, Ռու­մա­նիո­յ, Չե­խիո­յ մէջ: Չենք մո­ռա­նար նաեւ Ար­ե­ւել­քը: Հիմ­նա­կա­նօ­րէն կը հա­մա­գոր­ծակ­ինք այն եր­կիր­նե­րու հետ, ո­րոնց հետ ընդ­հա­նուր մշա­կու­թա­յին խաչ­մե­րուկ ու­նինք: Կը փա­փա­քիմ, որ  հայ մշա­կու­թա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը հետ­ե­ւի մշա­կու­թա­յին կեան­քին, հպար­տա­նայ մեր հա­րուստ մշա­կոյ­թով եւ փոր­ձէ պահ­պա­նել զայն:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2016