ԽԻՍՏ ՊԱՅԹՈՒՑԻԿ ԿԵԱՆՔԸ ՄԵՐ
Նորէն սուգի եւ վիշտի թանձր քօղը պատեց քաղաքամայր Երեւանը: «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնի պայթուցիկ նիւթերու ամբարին մէջ տեղի ունեցած հզօր պայթումը մինչեւ հիմա լարուած կը պահէ մարդիկը: Քննարկումները, տխրութիւնն ու ափսոսանքը տակաւին կախուած են օդին մէջ: Ուրիշ վայրի մը մէջ կրնա՞յ կրկնուիլ աղէտը. այս հարցումը շատերու մէջ թաքնուած կը բնակի եւ հանգիստ չի տար: Առեւտուրի կեդրոններու, մարդաշատ տեղերու, հանրային վայրերու մէջ անտեսանելի տագնապ մը կայ կախուած: Այդ տագնապը աւելիով կ՚ահագնանայ, երբ դուրսը կ՚ըլլաս եւ յանկարծ հաղորդագրութիւն կու գայ, որ այս կամ այն տեղը ռումբ դրուած ըլլալու մասին ահազանգ կայ: Հիմնականը մեթրոյի կայարաններն են, որ կ՚արժանանան նման ահազանգերու, որոնք, կեղծ կ՚ըլլան: Անցեալ օր Կիւմրիի մէջ նոյնպէս նման ահազանգ տարածուած էր. երկաթուղային կայարանի մէջ ռումբ ըլլալու մասին յայտարարութիւն կատարուած էր, եւ կիւմրեցիները նոյնպէս ապրեցան ահուվախով լի ժամեր, մինչեւ համապատասխան կառոյցները ստուգեցին եւ հերքեցին: Եւ նման պարագաներու մինչեւ մարդիկը կը տարհանուին, տարածքը կը ստուգուի, լուրը կը հերքուի, օրուան կէսը անմիաստ սպասումներու մէջ կ՚անցնի՝ գործերն ու հանդիպումները յետաձգուած, օրը՝ ձախողած: Այս վիճակը քիչ է ըսել թէ անտրամադիր կը դարձնէ Հայաստանի, մասնաւորապէս, Երեւանի բնակիչը: «Սուրմալու»ի պայթումը արդէն տեղ չձգեց անտրամադիր ըլլալու, լարումի, վախի, ողբի եւ կսկիծի… Անչափ ցաւալի է մտածել երիտասարդ յղի կնոջ, իր երիտասարդ քրոջ եւ իր չորս տարեկան զաւկին անիմաստ մահուան մասին, որոնք ուրախ-ուրախ գնումներ կը կատարէին լոյս աշխարհ գալիք նոր երեխային համար: Անիմաստ էին ընդհանրապէս բոլոր մահերը: Փլատակներու տակ մնաց մարդոց տարիներու աշխատանքը, մարդկային անվերադարձ կորուստներուն հետ նիւթական ահռելի փճացում պատճառեց այս փորձանքը: Գաղտնիք չէ, որ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ աշխատողները մեծահարուստներ չէին, անոնք օրուան հացը մեծածախ առեւտուրի ճանապարհով հազիւ վաստկող մանր վերավաճառողներ էին, որոնք անմարդկային պայմաններու տակ երկար տարիներով վարձած էին զանազան տաղաւարներ, որոնք չունէին աշխատելու տարրական պայմաններ իսկ: Տօթ եղանակին անհնար էր մտնել գոմի նմանող այդ տարածքը, բայց տնտեսական այս պայմաններուն խնայողութեան ձգտող ամէն մարդ ալ կը նախընտրէր այդ անհաճոյ առեւտրավայրէն կատարել իր գնումները, մանաւանդ երբ գիտէր, որ քանի մը բան մէկ անգամէն առնելու եւ սակարկելու առիթ կայ: Տօնական օրերէն առաջ «Սուրմալու»ն բոլորովին այլ պատկեր կը ստանար՝ մարդկային հոսքը՝ բոլոր մարզերէն, ապրանքներու իրար անցած վիճակը, գոռում-գոչիւնը պարզապէս սրտխառնոց կ՚առաջացնէին: Նոյնիսկ իր կանգուն վիճակին մէջ «Սուրմալու»ն դժոխքը կը յիշեցնէր՝ աղմուկ-աղաղակով, ինքնաշարժներու, սայլակներու անօրէն անցուդարձով, փոշիով, խառնիճաղանճ տաղաւարներով, անխնամ պահակներով, ծխախոտի ծուխէն խեղդուած մուտքերով, որոնց առջեւ, հին տապակներով լեցուն սեւցած ձէթի մէջ կը տապկուէին ամենավնասակար մսագնդերը՝ հացերուն մէջ դրուելու եւ առեւտրականներուն, այցելուներուն ծախելու համար: Իսկ այսօր «Սուրմալու»ն արդէն դժոխքի վերածուած է… Ագռաւները գիշերները կը ճռնչան աւերակներու վրայ, եւ սեւցած տարածքին ձուլուելով՝ կ՚անհետանան լուսադէմին… Անոնց ճռինչներուն փոխարինելու կու գան փլատակները մաքրող ինքնաշարժներուն ձայները, եւ մռայլ այս պատկերը կը թեւածէ օգոստոսեան Երեւանի գլխուն, եւ եթէ նոյնիսկ այդ տարածքին չես բնակիր, պատկերը կը տեսնես բոլոր կողմերէն:
Ահա այսպէս, մէկ աղէտով եւս տխուր դարձաւ մեր կեանքը: Խիստ պայթուցիկ կեանքը մեր…
Ո՞վ էր արդեօք յանցաւոր այս դառն աղէտի համար: Վստահաբար՝ թէ՛ առեւտրավայրին պատասխանատուները, թէ՛ անոնց աշխատանքը հսկելու կոչուած նախարարութեան եւ համայնքապետարանի աշխատողները: Ոմանք նաեւ այնտեղ աշխատող մարդիիկը կը մեղադրեն, որ համաձայնած են անվտանգութեան բոլոր կանոններէ զուրկ այդ տարածքին առեւտուր ընել եւ ոչ մէկ օր պայքարի դուրս եկած են՝ անվտանգութիւնը ստուգելու եւ ապահովութիւնը ամրացնելու պահանջով: «Սուրմալու»ի վաճառականները, այո՛, ցոյցերու եւ բողոքներու դուրս կու գային, բայց ոչ՝ անվտանգութեան հարցեր լսելի դարձնելու, այլ՝ տաղաւարներու ամսավճարներուն դէմ էր իրենց ընդվզումը: Այդ ամսավճարները ամէն տարի կը բարձրանային եւ առեւտուր ընողները ինքզինքնին կեղեքուած կը զգային։ Անոնց բողոքի դէմ դուրս կու գար սեփականատէրը եւ խոստումներ տալով, խաբելով, համոզելով՝ մարդիկը նորէն գործի կը մղէր: Անասնական այս պատկերին ականատես եղած ենք հեռատեսիլէն, կարծես բողոքողները կենդանիներ էին, որոնց կը հանդարտեցնէին եւ ետ կը քշէին իրենց ախոռները: Մարդիկ այլ ելք չունենալով՝ կը համակերպէին: Անվտանգութեան կանոնները անոնց ամենաքիչը կը յուզէր, այդ մարդիկը օրուայ սեւ շատ աժան գինին ետեւէն էին: Առհասարակ, մեր կեանքին մէջ անվտանգութիւնը ամենաետին տեղ մղուած է այսօր: Ոչ մէկ տեղ կարելի է ապահով զգալ, երբ կը համոզուինք, որ ամենանուազ պայմանները իսկ չեն պահպանուած: Ամբողջ քաղաքը շինարարութեան հրապարակի վերածուած է, մայթերէն կը քալես եւ մայթերուն վրայ կը թափուի նոր կառուցող շէնքի մը աւազը, փոշին, հապա եթէ քար մը իյնա՞յ: Քանիցս ականատես եղած եմ, թէ ինչպէս այդ շինարարութիւնները կատարող բանուորները հանած են իրենց պաշտպանիչ գլխարկները՝ այդ մէկը աւելորդութիւն նկատելով եւ բաց գլուխով քար կը շարեն կամ շինարարութեան տակ կեցած՝ ուրիշ գործ կը կատարեն, մէկ ձեռքին՝ ծխախոտ, միւս ձեռքին՝ գործիքը: Եւ հակառակ որ հսկող մը կ՚ըլլայ այդ վայրերուն մէջ, բայց անտարբեր է ծխախոտի վառուած վտանգաւոր կրակին հանդէպ ալ, բաց գլուխով աշխատող մարդոց կեանքն ալ իրեն չի հետաքրքրեր, ան աւելի շատ շինարարութեան որակը կը հսկէ եւ պահակ է շինանիւթին, որ թափուած է ամէն կողմ: Ծանօթներէն մէկը իր տունը կը նորոգէր, բանուորները կու գային քաուչուէ հողաթափով, այս ու այն կողմ թափուած գամերուն վրայ ազատօրէն կը շրջէին, մինչեւ որ մէկու մը ոտքը ժանգոտ գամ մտաւ, հազիւ փրկուեցաւ վարակէ: Կը յիշեմ, որ հողաթափի տակէն ոտքը գամ մտած ատենը նոյնիսկ փորձ ըրաւ մուրճով ներս հրելու, իբր թէ անվախ է եւ կատակասէր: Ահաւասիկ, այսպիսի անհատական մակարդակէն կը սկսի մեր երկրի անվտանգութիւնը: Երբ որ մարդը պատկերացում մը չունի անվտանգային պարզ կանոններու մասին, պետական համակարգը նոյնպէս թքած ունի: Իսկ մասնաւոր հատուածին մասին խօսիլը աւելորդ է: Ոչ մէկ մասնաւոր սեփականատէր աւելի գումար կը ծախսէ՝ հակահրդեհային համակարգ ներդնելու, շէնքին մէջ ապաստարաններ կառուցելու, ճգնաժամային մուտքեր բանալու եւ նման հարցերու վրայ: Ինչպէս տեսանք՝ «Սուրմալու»ի մէջ նոյնպէս նման աւելորդութիւններ չկային, կար միայն պարզ հաշուարկ՝ առեւտուր եւ ամէն ամիս սեփականատիրոջը մուծուող խոշոր, կլորիկ գումար մը: Ցաւալին այն է, որ մինչեւ հիմա ոչ մէկ ձերբակալուած կայ այս աղէտի հարցով, եւ մենք այդպէս ալ չենք գիտնար, թէ իրականութեան մէջ ի՞նչ եղած է, ո՞վ հրահրած է պզտիկ կայծը, որ հսկայ հրդեհի վերածուած է: Նման հարցերը երբեք չեն բացայայտուիր եւ մութ կը մնան սովորական քաղաքացիներուս համար: Մարդիկ կը տանջուին «ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, ո՞վ» հարցումներու ներքոյ, բայց այդպէս ալ ոչինչ կը գիտնան: Քանի մը հոգի թերեւս ձերբակալուին, դատավարութիւն կ՚ըլլայ, ձեւական քաշքշուկ կը կատարուի, բայց իրականութիւնը մինչեւ վերջ երեւան չ՚ելլեր:
Եւ կրկին կը հնչէ նոյն հարցումը. ինչպիսի՞ նման պայթունակ վայրեր կան մեր շուրջը, եւ ինչպիսի՞ քնացած աղէտներ տակաւին կը սպասեն իրենց կարգին:
Տեսա՞ծ էք Երեւանի մայթերուն վրայ կառուցուած քարիւղի եւ կազի լցակայանները՝ շէնքերուն եւ խանութներուն շատ մօտ: Իսկ տեսա՞ծ էք անոնց աշխատակիցը՝ ծխախոտը բերնին, կազի խողովակը ձեռքին կազ կամ կազաջուր կը լեցնէ ինքնաշարժին մէջ: Երբեմն կը թուի, թէ անոնք իրենց կեանքերէն յոգնած մարդիկ են, եւ առտու տունէն դուրս կ՚ելլեն՝ «ինչ կ՚ուզէ թող ըլլայ» սկզբունքով: Սարսափի տարբեր տեսակներ են քաղաքի մէջ գործող այդ կայանները, ու վստահ ես, որ ինչ-որ մարդիկ դրամ աշխատած են՝ ինչ-որ մարդոց ատոնք քաղաքին մէջ կառուցելու համար անօրինական արտօնութիւն տալու համար: Եւ կրկին մարդկային կեանքը մղուած է ետ, այնպէս ինչպէս չորս թոն պայթուցիկ նիւթը քաղաքի կեդրոնը՝ «Սուրմալու»ի մէջ պահելու պարագային: Իսկ ի՞նչ տարբերութիւն քարիւղի եւ պայթուցիկ նիւթին միջեւ, երբ երկուքն ալ քաղաքին մէջ են՝ անփութօրէն շահագործուող:
Վերջին տարիներուն Երեւանի մէջ աներեւակայելի թիւով շինարարութեան արտօնութիւններ տրուած են ձեռներէցներու, որոնք բնակելի շէնքեր կը շինեն: Երեւանի բոլոր թաղամասերուն մէջ այսօր խիտ, իրարու շատ մօտ շէնքեր կը բարձրանան, որոնց բակեր մտնելու համար ոչ մէկ ճանապարհ վերապահուած է հրշէջ ինքնաշարժներու համար: Եւ եթէ, Աստուած մի արասցէ, քիչ մը ուժգին երկրաշարժներ ըլլան, բազմայարկ այդ շէնքերը դժուար թէ դիմանան ցնցումին: Ծանօթ երկրաշարժաբան մը ունիմ, որ կը պատմէ, թէ շէնքի սեփականատէրուն մեծ մասը կայուն շինարարութեան բոլոր փաստաթուղթերը կեղծ միջոցներով ձեռք ձգած են՝ շէնքը կը յանձնեն շահագործման, սակայն հոն երկրակեղեւի ցնցումներուն վերաբերող ոչ մէկ միջոցառում կը կատարուի: Մինչդեռ յատուկ սարքեր կան, որոնց միջոցով կարելի էր ստուգել շէնքին ամրութիւնը եւ նոր միայն բնակեցնել բնակիչները: Մասնագէտը կը բացատրէ, որ շատ քիչ սեփականատէրեր կը դիմեն իրենց՝ այդ սարքերը տանելու եւ շէնքին շարժական վիճակը ստուգելու համար:
Տուն ծախողները հաւանաբար կը մտածեն, որ Հայաստանի մէջ արդէն մէկ անգամ ուժգին երկրաշարժ մը եղած է, եւ դժուար թէ նորէն ըլլայ, եւ այսպէս, ապաւինելով Աստուծոյ, ենթադրութիւններուն՝ դրամ կը շահին՝ վաճառելով այդ տուները: Ասիկա խիստ պայթուցիկ մեր կեանքի ամենատեսանելի երեսն է, որ ամէն օր մեր աչքին առջեւն է: Այո՛, մեր դպրոցներու մէջ երկրաշարժներէն եւ աղէտներէն պաշտպանելու դասընթացքներ կը տրուին, բայց ատոնք ուղղակի ձեւական դասընթացքներ են եւ աշակերտները ձեւական կերպով մասնակից կ՚ըլլան ատոնց: Միւս կողմէն ալ աղէտի ժամանակ շատ քիչ մարդ կը յիշէ պաշտպանուելու կանոնները, ամէն ինչ կը կատարէ բնազդով եւ խուճապով, ամենաճիշդը աղէտը թոյլ չտալն է, եւ եթէ բնական աղէտներուն առջեւ մարդը անզօր է, ապա մարդածին աղէտները կրնայ կանխարգիլել: Իսկ «Սուրմալու»ն մարդածին աղէտ էր, որ եկաւ գումարուելու մարդածին մեր միւս աղէտին՝ պատերազմին, որու հետեւանքները տակաւին կը կսկծան: Նոյն պատերազմէն ետք միլիոն անգամ խօսուեցաւ այն մասին, որ մենք չունինք ռմբապաստարաններ եւ հարկ է շատ արագ կառուցել ատոնք, շէնքերուն նկուղները մաքրել եւ ատոնք վերածել պատսպարաններու: Պատերազմէն երկու տարի անցած է, սակայն ոչ մէկ շէնքի նկուղ մաքրուած է տարիներու աղբէն եւ ոչ մէկ ռմբապաստարան կառուցուած է, նոյնիսկ Արցախի մէջ, որ աւելի խոցելի է այս պահուն: Պատերազմի պատրաստ չըլլալը եւ գլուխով-ոտքով պատերազմի մէջ մտնալն ալ պակաս աղէտ չէ, ինչպէս եղաւ 2020 թուականին: Մենք այսօր կ՚ապրինք շատ ծանր ժամանակաշրջան մը. Հայաստանի ծանր վիճակը մէկ կողմէն, աշխարհի արագընթաց փոփոխութիւնները միւս կողմէն խիստ զգայուն դարձուցած են մեր երկիրը: Մօտակայ տարիները կարծես նոյնպէս պրկուող լարուածութիւններու տարիներ պիտի ըլլան: Ինչ պէտք է ընել՝ տարածաշրջանի, աշխարհի այս փոփոխութիւններուն դէմ յանդիման: Ի հարկէ՝ կրթուիլ, կրթուիլ եւ անվերջ կրթուիլ: Եւ անշուշտ, խնամել հոգին, անվերջ խնամել, չձգել, որ մարդկային հոգին զոհ երթայ այս ամենակուլ աշխարհին…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024