ԽԱՉԱՏՐԵԱՆԻ 5-ՐԴ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ՝ ԱՅՎԱԶՈՎՍԿԻԻ 200-ԱՄԵԱԿԻՆ
Խաչատրեանի անուան միջազգային 5-րդ փառատօնը, որ այս տարի նուիրուած է Յովհաննէս Այվազովսկիի 200-ամեայ յոբելեանին, կը սկսի Հոկտեմբերի 11-ին։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցին Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբէն՝ աւելցնելով. «Ուղիղ երկու ամիս՝ մինչեւ Դեկտեմբերի 11-ը, դասական երաժշտութեան սիրահարները Խաչատրեանի միջազգային փառատօնի շրջանակներէն ներս կ՚ունկնդրեն բազմաթիւ սիմֆոնիկ եւ քամերային համերգներու, որոնց ընթացքին կը հնչեն նաեւ առաջնաունկնդրութիւններ։ Կը ներկայացուին Սերժ Թանկեանի «Օրկա» սիմֆոնիան, հանդիսատեսի կողմէ սիրուած ու սպասուած «Խաչատրեանը եւ ճազը» համերգային նախագիծը, հետաքրքրական այլ ծրագրեր։ Հանդէս կու գան յայտնի արուեստագէտներ՝ դաշնակահարներ Կլորիա Քամփաներ, Հայկ Մելիքեան, Լեւոն Կարապետեան, ջութակահարներ Տէյվիտ Նեպել, Մարք Պուշքով, մեներգիչ Վլատիմիր Պայքոը (պաս) եւ այլք։
Խաչատրեանական փառատօնի շրջանակներուն մէջ, ինչպէս միշտ, համերգներ կ՚ըլլան արտերկրի մէջ. Քաունասի ֆիլհարմոնիկ համերգասրահին մէջ ելոյթ կ՚ունենան Արամ Խաչատրեանի միջազգային մրցոյթի այս տարուան դափնեկիրները՝ Ճուլիեթա Ալեքսանեան (սոփրանօ), Ազամատ Ժելտիրկուզով (պարիթոն), Գագիկ Վարդանեան (պարիթոն)։
Փառատօնը կը համախմբէ նաեւ հայաստանեան եւ արտերկրէ յատուկ փառատօնի համար ժամանած խումբերը։ Երաժշտական այս տօնի շրջանակներուն մէջ հանդէս կու գան «Հովեր» պետական քամերային երգչախումբը, Mediterranean եռեակը, Հայաստանի Պետական ճազ նուագախումբը, Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբի անսամպլները եւ այլն։
Ինչպէս ամէն տարի՝ Խաչատրեանի փառատօնի համերգներուն կարելի է հետեւիլ առցանց khachaturianfestival.com կայքի միջոցով։
Խաչատրեանի միջազգային փառատօնը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հովանաւորութեամբ։ Երաժշտական այս տօնը կեանքի կը կոչեն Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբը (գլխաւոր գործընկեր՝ «ՎիվաՍելլ-ՄՏՍ»)՝ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան, «Խաչատրեան» եւ Մշակոյթի աջակցութեան եւրոպական հիմնադրամներու աջակցութեամբ։
Խաչատրեանի փառատոնի մասին այլ մանրամասներ կրնաք գտնել փառատօնի khachaturianfestival.com պաշտօնական կայքին մէջ։
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024