ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՏՕՆԴ ՄԱՅՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Այն ինչ-որ պիտի շարադրեմ ստորեւ, ո՛չ իմ վառ երեւակայութեան արդիւնքն է, ո՛չ ալ յօրինուածք կամ հեքիաթ մը, այլ իրականութիւն, որ ծանօթ չէ շատերուն:

Իրականութիւնը մեր ականջներուն կը հասնի շատ հեռուէն եւ երբ կը մօտենայ, այլեւս կը դառնայ անընկալելի. կ՚իմանանք լոկ պարզ բառերու շարան մը, սակայն մեր խլացած հոգին ու միտքը անկարող կը գտնուի ընկալելու: Ասոր փայլուն օրինակներէն մին՝ Աստուածաշունչն է, Աստուծոյ շունչով, Տիրոջ թելադրած, գրի առած գիրքը:

Աշխարհի քրիստոնեաները անգիր գիտեն Սուրբ Գիրքէն որոշ հատուածներ: Զոր օրինակ՝ այն, որ Աստուած վեց օրուայ մէջ ստեղծեց երկինքն ու երկիրը, մարդը, իսկ եօթներորդ օրը հանգչեցաւ: Որ Տէրը իր նմանութեամբ ստեղծած է մարդը: Որ առաջին մարդը, համայն մարդկութեան նախահայրը եղած է Ադամ: Այնուհետեւ Աստուած, քնացած ատեն, Ադամի կողոսկրէն ստեղծած է առաջին կինը՝ Եւան:

Մանուկներն անգամ գիտեն, որ Աստուածային կերպարանքով ստեղծուած մարդկային արարածները կը բնակէին Տիրոջ կողմէ երկրի վրայ ստեղծուած դրախտին մէջ, ուր անոնք առաջին անգամ մեղանչեցին՝ ճաշակելով արգիլուած խնձորենիի պտուղը եւ վտարուեցան դրախտէն:

Իսկ ո՞ւր կը գտնուէր դրախտը...

Դրախտը կը գտնուէր պատմական Հայաստանի տարածքին մէջ: Այսինքն աշխարհի, մարդկութեան պատմութեան առաջին փուլը սկիզբ առած է Հայկական լեռնաշխարհէն: Հազարամեակներու ընթացքին մարդկութիւնը այնքան մեղանչեց, որ Աստուած իր կերպարանքով ստեղծած արարածները պատժեց ջրհեղեղով: Փրկուեցաւ միայն Նոյը, հանդերձ իր ընտանեօք: Նոյան տապանն ալ կանգ առաւ Արարատ լերան գագաթին։ Նախապէս իջան նախ իջեւան՝ Նախիջեւան, այնուհետեւ տարածուեցան աշխարհով մէկ: Այսինքն մարդկութեան պատմութեան երկրորդ փուլը կրկին սկիզբ առած է պատմական Հայաստանի տարածքէն: Ինչպէս կը վկայեն սուրբ հայրերը, երրորդ փուլը, որ պիտի ըլլայ Յիսուս Քրիստոսի երկրորդ գալստեամբ, նորէն սկիզբ պիտի առնէ նոյն տարածքէն: Եւ Աստուած այդ հողը նուիրեց իր սիրելի ազգերէն մէկուն՝ հայուն, այն կոչուեցաւ Հայաստան:

Ինչպէս որ Սուրբ Երրորդութիւնն է մէկ միասնութիւն, այնպէս ալ՝ Աստուած, հայրենիք ու ընտանիք: Տէրը որպէս իրեն ժողովուրդ ընտրեց հրեաները: Հայ ժողովուրդի նկատմամբ նոյնպէս անտարբեր չգտնուեցաւ: Այս երկու ժողովուրդները Տիրոջ սիրելին ու նախընտրելին են: Եւ Տէրը բաւական առատաձեռն գտնուեցաւ երկու ազգերու նկատմամբ: Անոր միակ պահանջը ասոնցմէ՝ իրեն հաւատարիմ մնալ՝ ճանչնալ, սիրել, փառաբանել ու երկիւղելն էր, ինչպէս նաեւ Տասն պատուիրանները պահելը:

Երկու ժողովուրդներն ալ ապիկար ու անհնազանդ գտնուեցան. յաճախ դաւաճանեցին իրենց Տիրոջ: Այժմ մէկ կողմ ձգենք հրեաները, եւ անդրադառնանք մենք մեզի, փորձենք նայիլ մեր հոգիի, սրտի մէջ: Աստուած մեր ազգը այնքան շատ սիրեց, որ նուիրեց, ժառանգեց ադամական դրախտը:

Հայաստան՝ երկիր դրախտավայր, դրախտավայր Արցախ... բազմիցս լսած ենք այս բառերը առանց ընկալելու, որ ասոնք լոկ խօսքեր չեն, այլ իրականութիւն:

Մեր երկիր դրախտավայրը իր տարածքով նախապէս կը նմանէր հաշտ ու համերաշխ գերդաստանի մը խոշոր գորգի, որու տէրերը բաւական անշնորհակալ դուրս եկան: Մենք չգնահատեցինք, չպահեցինք մեր ունեցածը: Ընդհակառակը՝ մկրատը մեր ձեռքերուն, ամէն անգամ մեր դուռը ծեծողին, կոտրողին՝ բաժին մը նուիրեցինք, կամ թոյլ տուինք, որ ինքն իր ձեռքով կտրէ: Մեր մկրատը միշտ ներկած ենք արիւնով, քանզի նուիրատուութիւնները կը կատարուէին արիւն թափելէ վերջ: Քանի՜ անգամ վիրաւորած ենք զԱստուած եւ անփոյթ գտնուած Անոր կողմէ մեզի ի պահ տրուած ժառանգութեան նկատմամբ, Քանի՜, քանի...

Մարդկութեան պատմութեան ընթացքին ամենէն շատ պատերազմ տեսած է մեր ժողովուրդը. Ադամական դրախտի մէջ տեղի ունեցած է աւելի քան երկու հազար պատերազմ: Տէրը մեր նկատմամբ թէ՛ շռայլ գտնուած է եւ թէ մեզի ընձեռած է իւրօրինակութիւն ու ինքնատիպութիւն: Սակայն մեր ազգը շատ կը սիրէ ընդօրինակել, նմանիլ ուրիշին: Ուր որ աչք շոյող բան մը կը տեսնենք, անմիջապէս կը փորձենք ընդօրինակել. Եւրոպան, Ամերիկան, Ռուսաստանը այսպէս կ՚ընէ, այնպէս ըրաւ, մենք ալ ընենք: Եւ ամէն անգամ, երբ կը փորձենք շեղիլ մեր ինքնատիպութենէն, Աստուած հուժկու ապտակ մը կը հասցէ: Մինչեւ ցաւի անցնիլը կարծես խելքերնիս կը հաւաքենք մեր գլուխը, սակայն ցաւը անցնելուն պէս, նորէն կը սկսինք տառապիլ հաւու յիշողութեամբ: Եւ այսպէս մինչեւ այսօր:

Այսօր նահապետական գերդաստանի լայն ու երկար գորգէն մնացած է պատառիկ մը: Պզտիկ կտոր մը, որու վրայ անշարժ վիճակի մէջ գտնուելով, երեք հոգինոց ընտանիք մը անգամ չի կրնար տեղաւորուիլ: Մեր պատառոտած գորգը գործելու փոխարէն, կը շարունակենք մեր ձեռքին պահել մկրատը: Տարի մը առաջ, արեան ծովու մէջ, կտոր մըն ալ նուիրեցին. հերիք չէ, քովերէն կը շարունակեն պզտիկցնել: Ներէ մեզի Տէր Աստուած, Յիսուս Քրիստոս:

Իմ այս գորգը ոչ թէ աւելի է, այլ ծուատած, պատառոտած՝ չորս կողմը արիւնոտ: Այն ոչ թէ պիտի պակսի, այլ լրացուի, դառնայ ամբողջական, որու վրայ կարելի կը դառնայ հանգիստ երկննալ, քայլել, պարել, ուրախանալ, սեղան ու աթոռ տեղաւորել, երեխաները շալապատիկ նստեցնել: Անոնց համար գիրք կարդալ կամ խաղալ խաղալիկներով, ինչպէս որ հարկն է:

Շնորհաւոր տօնդ մայր Հայաստան: Անարժան զաւակներդ քեզ երբեք յաւուր պատշաճի գնահատել ու սիրել չսորվեցան: Ներէ մեզի: Մենք կը հաւատանք քու պայծառ օրերուն:

Էլի գարուն կու գայ, կը բացուի վարդը,
Սերեկանը էլի յարին կը մնայ:
Կը փոխուին տարիքը, կը փոխուի մարդը,
Բլբուլի երգն էլի սարին կը մնայ...

(Եղիշէ Չարենց) 

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2021