ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ՆՈՐ ԷՋ՝ ՋԵՐՄՈՒԿԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի զբօսաշրջութեան լաւագոյն եղանակին՝ սեպտեմբերի կէսին, երբ առողջարանները, տեսարժան վայրերը տակաւին լեցուն էին զբօսաշրջիկներով, երբ հազարաւոր հայաստանցիներ եւ օտարներ Երեւանէն դուրս իրենց հանգիստն ու արձակուրդը կը վայելէին, Ատրպէյճանը Հայաստանի սահմանի ամբողջ երկայնքով լայնածաւալ յարձակման ձեռնարկեց: Առաջին անգամ յարձակման թիրախ դարձաւ նաեւ Վայոց ձորի Ջերմուկ քաղաքը՝ Հայաստանի առողջարանային «սիրտ»ը: Ոչ մէկ անգամ լեռնային քաղաքներու «թագուհի» նկատուող այս բնակավայրը ատրպէյճանցիներու հարուածին տակ յայտնուած էր: 

Գտնուելով Արփայի գեղատեսիլ կիրճին մէջ՝ Ջերմուկը շրջապատուած է խիտ անտառներով եւ 2500-3000 մեթր բարձրութեան հասնող լեռնաշղթաներով. ան կը թուի անառիկ ամրոց մը: Ոչ ոք կրնար մտածել, որ Ատրպէյճանի հետ սահման չունեցող քաղաքին ատրպէյճանական զօրքը այդքան կը մօտենար, կը կրակէր ողջ գիշեր՝ խուճապահար ընելով բնակիչներն ու հոն գտնուող զբօսաշրջիկները: Նոյն օրը մարդիկ լքելու սկսած են Ջերմուկը, ինչպէս նաեւ մօտակայ Գնդեվազն ու Կեչուտը, որոնք նոյնպէս շատ մօտ են վտանգաւոր գօտիին: 

Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը նախապէս 11-12 քիլօմերթ հեռաւորութիւն ունէին Ջերմուկ քաղաքէն, այժմ անոնք Ջերմուկէն 4.5 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ են: Ընդհանրապէս այսօր Ատրպէյճան 8.5 քիլօմեթր լայնութեամբ ճակատով, մինչեւ 7.5 քիլօմեթր խորութեամբ մխրճուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք։ Կան հարիւրաւոր զոհեր, վիրաւորներ, գերիներ, անհետ կորսուածներ…

Պատերազմը այս անգամ իր դէմքը ի ցոյց դրաւ բոլորովին անսպասելի եւ բոլորովին ուրիշ ճակատներու վրայ: Տագնապի մէջ են նաեւ Սիւնիքի, Գեղարքունիքի բնակիչները, այս մարզերուն մէջ նոյնպէս ազէրիները յառաջխաղացում ունին եւ հակառակ կարճատեւ պատերազմին, առաջին իսկ օրերուն շատ զոհեր պատճառած եւ մեծ աւերածութիւններ հասցուցած են: 

Աւերածութիւններուն մասին խօսած են օտարերկրեայ դեսպաններ՝ յաջորդող օրերուն այցելելով Ջերմուկ եւ տեղւոյն վրայ ծանօթանալով կատարուածին: Մասնաւորապէս Հայաստանի մօտ Գերմանիոյ դեսպանը սարսափելի որակած է իրավիճակը, նշելով, որ Ջերմուկի մէջ, գնդակոծման պահուն, Գերմանիոյ քաղաքացիներ գտնուած են. ան այս յարձակումը դատապարտած է նաեւ իր երկրին անունով: Հարուածներ հասցուած են Ջերմուկի թէ՛ շրջակայքին, թէ՛ քաղաքամերձ տարածքին. 11 արկ ինկած է միայն քաղաքի ճոպանուղիին վրայ, որ 2007 թուականին բացուած զբօսաշրջային կառոյց մըն էր՝ քաղաքն ու շրջակայ լեռները վերէն ի ցոյց դնող: Հարուածներ կրած են նաեւ Ջերմուկի երեք հիւրատուն, մէկ առողջարան, յարակից կազատար խողովակաշարը, թիրախաւորուած է բուժօգնութիւն տրամադրող կայանն ու շտապ օգնութեան ինքնաշարժը: 

Ատրպէյճանցիները հարուածներ հասցուցած են գիշերը, անսպասելիօրէն, բնակիչները տարհանուած չեն եղած, վտանգի տակ յայտնուած են քաղաքէն դուրս եկող ճանապարհները: Քաղաքի ուղղութեամբ կիրարկուած են նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր: 

Ջերմուկի բնակիչներէն զոհեր չկան, բայց տասնեակ զինուորներ ու աշխարհազօրայիններ զոհուած են Ջերմուկի պաշտպանութեան ժամանակ: Անոնց լուսանկարները մէկիկ-մէկիկ կը յայտնուին ընկերային ցանցերուն վրայ՝ «Զոհուած է Ջերմուկի պաշտպանութեան մարտերու ժամանակ» գրութեամբ: 

Հայ ազատագրական նորօրեայ պայքարին մէջ նոր էջ մը բացուեցաւ՝ Ջերմուկի պաշտպանութիւն: Այլեւս Արցախի, Նոյեմբերեանի, Բերդի, Վարդենիսի, Կապանի, Գորիսի, Երասխի, Իշխանասարի, Սոթքի, Ոսկեպարի եւ միւս սահմանային բնակավայրերուն կողքին կ՚աւելնայ Ջերմուկի պաշտպանութիւնը. քաղաքի մը, որ այս պահուն Ատրպէյճանի հիմնական ռազմական թիրախն է: Ջերմուկը, բնականաբար, պատահական չէ ընտրուած, Սիւնիք տանող ճանապարհին է, ունի ռազմավարական եւ բազում այլ նշանակութիւններ Հայաստանի համար: Ջերմուկի մօտակայքով նաեւ կարճ ճանապարհ մը կայ՝ Նախիջեւանին միանալու եւ անոր աշխարհագրական դիրքը նկատի առնելով, կարելի է եզրակացնել, թէ այս պահուն իբրեւ գլխաւոր թիրախ ընտրելով Ջերմուկը, ի՛նչ նպատակներ կրնայ հետապնդել Ատրպէյճանը: Ոմանք նոյնիսկ կը խօսին, թէ Ջերմուկի գրաւումը հեռու չէ եւ կրնայ հակառակորդին յաջորդ քայլը նաեւ այդ ըլլայ: Սակայն այս մէկը ամենավատ երազի մէջ այցելող մղձաւանջ կ՚ըլլայ, ուստի պէտք է հեռու վանել այդ միտքերը եւ ամբողջութեամբ կեդրոնանալ քաղաքին պաշտպանութեան վրայ, որ բարեյաջող կերպով այս պահուն կ՚ընէ հայոց բանակը: 

ԿԵԱՆՔԻ ԵՒ ՍԻՐՈՅ ՔԱՂԱՔԸ

Ջերմուկը մինչդեռ մարտի, կռուի ու մահուան քաղաք չէ, կեանք պարգեւող, երազներ տուող քաղաք է այն: Հազարաւոր մարդիկ հեռաւոր վայրերէն կ՚երթան Ջերմուկ՝ բուժուելու անոր առողջարաններուն մէջ, խմելու հանքային բնական ջուրը եւ շնչելու լեռնային անապակ օդը: Ջերմուկը սիրոյ, բնութեան մէջ առանձնանալու, խաղաղելու քաղաք է, որու անցեալին եւ ներկային մէջ ոչ մէկ ձեւով կը տեղաւորուի պատերազմի եւ մահուան գաղափարը, իսկ այսօր ան լքուած մարտադաշտի կը նմանի… 

Սարերէն քաղաք կը հասնին խորհրդաւոր շշուկներ եւ հոն մնացող մարդիկ երբեք չեն կրնար գուշակել, թէ աշնանային հովին բերած մեղմիկ սօսափի՞ւնն է, թէ՞ զօրքերու տեղաշարժին ձայները: Ջերմուկը միշտ անուրջներու քաղաք եղած է եւ հոս գտնուող զբօսաշրջային վայրերն ալ նուրբ եւ երեւակայական պատմութիւններ կը կրեն իրենց մէջ: 

Ջերմուկի մէջ կը գտնուի «Երազանքներու կամար»ը, որ բազում զբօսաշրջիկներու նախընտրած վայրերէն մէկն է. 15 մեթր բարձրութեամբ եւ 30 մեթր լայնութեամբ քարէ կամարը Ջերմուկի բնական հրաշալիքներէն է: «Երազանքներու կամար»ին հասնելու համար մարդիկ կ՚իջնեն քաղաքէն դուրս տանող աստիճաններէն, որոնք կ՚անցնին սքանչելի գեղեցկութեամբ օժտուած կիրճէն: Այդ ճանապարհը անցնողները անպայման երազանք կը պահեն, բնութեան լռութեան մէջ կը խորհին իրենց սիրտին ամենանուիրական իղձին մասին եւ աւանդութեան համաձայն՝ կ՚իրականանայ:

Ուրիշ անրջական անուն մը յօրինած է ժողովուրդը Ջերմուկի ջրվէժին մասին:

Շուրջ 70 մեթր բարձրութենէն Արփայի կիրճը գահավիժող բնութեան այս հրաշալիքը, որ կնոջ թափած վարսեր կը յիշեցնէ, ժողովուրդը կոչած է «Ջրահարսի վարսեր» եւ անոր մասին հիւսած է աւանդութիւն մը։

Ժամանակին, այսօրուան ջրվէժին տեղ, անդնդախոր ժայռերու ծերպին կը գտնուէր իշխանի մը ամրոցը, որ ունէր գեղեցկուհի դուստր մը։ Իշխանուհիին ձեռքը խնդրելու կու գային աշխարհի զանազան ծայրերէն, սակայն ան կը մերժէր բոլորը, որովհետեւ իր սիրտը կը պատկանէր հովիւի մը երիտասարդ, քաջարի ու գեղեցիկ որդիին։ Ամէն օր, կէս գիշերէն ետք, ամրոցի իր ննջարանին լուսամուտէն դեռատի իշխանուհին դէպի ձոր կը նետէր երկար պարանի մը ծայրը, որով հովիւին որդին խոր կիրճէն կը բարձրանար սիրեցեալին մօտ։

Իշխանը շուտով կը տեղեկանայ՝ կը զայրանայ եւ կ՚անիծէ դուստրը՝ եթէ անգամ մըն ալ հանդիպի հովիւին որդիին, թող ջրահարս դառնայ ու ջուրէն երբեք դուրս չգայ։ Սակայն երիտասարդ սիրահարներուն ոչինչ արգելք կը հանդիսանայ: Գեղեցկուհին պարանի փոխարէն ժայռին բարձունքէն կը կախէ իր երկար ու գեղեցիկ վարսերը։ Սակայն նոյն ակնթարթին կը կատարուի հօր դաժան անէծքը. գեղեցկուհին կը դառնայ ջրահարս, իսկ կիրճ թափող անոր գեղեցիկ վարսերը կը դառնան հրաշագեղ ջրվէժ մը:

Ջերմուկի մէջ եւ անոր շրջակայքը երազային է ամէն ինչ. գետնին տակէն հոսող տաք եւ բուժիչ ջուրի լիճ մը նոյնիսկ սիրտի տեսք ունի: Տաք ջուրի այս լողաւազանը զբօսաշրջիկները նոյնպէս շատ կը սիրեն. անոնք պարզապէս կ՚ընկղմին պղպջուն տաք ջուրին մէջ եւ հոնկէ դուրս կ՚ելլեն թարմացած եւ կազդուրուած:

Իսկ թէ ինչպէ՞ս յայտնաբերուած է Ջերմուկի ջուրերուն բուժիչ յատկութիւնը, այդ մասին նոյնպէս անիրական թուացող, սակայն իրականին մօտ պատմութիւն մը կայ: 

Ըստ աւանդութեան, անգամ մը այս վայրերուն մէջ որսորդը նետով վիրաւորած է եղնիկ մը: Կենդանին վերջին ուժերը հաւաքելով վազած է դէպի լիճ եւ ինքզինք նետած ջուրը: Երբ որսորդը մօտեցած է լիճին, ապշահար մնացած է. եղնիկը ջուրէն դուրս եկած է ամբողջովին բուժուած, անվնաս եւ իսկոյն անհետացած անտառին խորքը: Ահա այսպէս բացայայտուած է Ջերմուկի բուժիչ ջուրերուն գաղտնիքը, իսկ եղնիկը դարձած է քաղաքին խորհրդանիշը: 

Ջերմուկ այցելողները ժայռին վրայ կը տեսնեն եղնիկին արծաթափայլ արձանը: Եղնիկին նկարը նաեւ քաղաքի շրջակայքէն բխող հանքային ջուրի շիշերուն վրայ է: Արփա գետին մէջ թափող վտակի գետաբերանին քով յառաջացած է քանի մը տասնեակ մեթր բարձրութեամբ հանքային ջրվէժ մը։ Յայտնի է յատկապէս Արփայի աջ եւ ձախ ափերուն վրայ գտնուող՝ թիւով 36 բուժիչ տաք աղբիւրները, որոնք ունին հանքային նիւթերու բաղադրութիւն։ Ջերմուկի կազդուրիչ հանքային ջուրերը դեռ շատ հինէն կ՚օգտագործուէին հասարակ ժողովուրդին եւ Սիւնեաց իշխաններուն կողմէ՝ ամենատարբեր հիւանդութիւններու բուժման նպատակով։ Այդ մասին կը վկայեն միջնադարուն կառուցուած լողաւազանին մնացորդները, որոնք վերակառուցուած եւ վերականգնած են 1860-ական թուականներուն ցարական ներկայացուցիչ Գէորգ Խանագեանի կողմէ: Չնայած պատմական հարուստ անցեալին, այսօրուան նոր քաղաքին հիմքը կը դրուի 1940 թուականին՝ առաջին առողջարանի կառուցման աւարտումով։

Յետագայ տարիներուն Ջերմուկը կառուցուած ու կառուցապատուած է, ստեղծուած են բոլոր հնարաւորութիւնները բնակչութեան եւ հանգստացողներուն աշխոյժ հանգիստին, առողջութեան վերականգնման եւ զբօսաշրջութեան համար։ 

1967 թուականին քաղաքը ձեռք կը բերէ հանրապետական նշանակութեան քաղաքի, իսկ 1970 թուականին՝ համամիութենական նշանակութեան առողջարանի կարգավիճակ։ 

1980-ականներուն քաղաքը ունէր շուրջ 10 հազար բնակիչ, շուրջ 2 հազար մահճակալով առողջարաններու ու գիշերակացներու ցանց, աշխոյժ հանգիստի եւ բուժման համար նախատեսուած բոլոր ենթակառուցուածքներով ու ծառայութիւններով։ Հոս կը գտնուին ըմպելարաններ, ուր մարդիկ ուղղակի գետնին տակէն եկող ջուրը տեղւոյն վրայ կ՚ըմպեն: 

Առողջարանային քաղաքին աշխոյժ կեանքը 1990-ականներէն մեծ տեղատուութիւն ապրեցաւ, որ սկսաւ աշխուժանալ 1990-ական թուականներուն վերջերը։ 

Ջերմուկի մէջ կը բուժուին ստամոքսաղիքային համակարգի (ստամոքսաբորբեր, ստամոքսի եւ 12-մատնեայ աղիքի խոցեր), լեարդի, լեղուղիներու, ենթաստամոքսային գեղձի, յենաշարժական ապարատի, ծայրամասային նեարդային համակարգի, կանացի հիւանդութիւններ եւ նիւթափոխանակութեան խանգարումներ (շաքարախտ, եւ այլն):

Այս քաղաքը ոչ միայն առողջարան է եւ նրբագոյն պատմութիւններու բնաշխարհ, այլ նաեւ հոն ու մերձակայքը սփռուած են բազմաթիւ պատմամշակութային յուշարձաններ ու տեսարժան կառոյցներ: Ջերմուկի մօտակայքը կը գտնուին որսատեղիներ, Կեչուտի ջրամբարը, Գնդեվանքը, Վարդանի քարը, Գլաձորի միջնադարեան համալսարանը, Նորավանքի համալիրը, Սուրբ Գայիանէ եկեղեցին: 

Ամրան Ջերմուկի մէջ դժուար է գտնել ազատ պանդոկի սենեակ մը, որովհետեւ նախօրօք անոնք ամրագրուած կ՚ըլլան արձակուրդը հոն անցընել նախընտրողներուն կողմէ: Գեղեցիկ է նաեւ ջերմուկեան ձիւնառատ, փափուկ եւ արեւոտ ձմեռը։ Արեւոտ ու պայծառ ձմեռնային օրերու քանակով քաղաքը նախկին միութենական առողջարաններուն մէջ կը զբաղեցնէր առաջին տեղերէն մէկը։ Ձմեռնային հանգիստի, բուժման, մարզաձեւերու համար բարենպաստ կլիմայական ու բնական պայմաններու առկայութիւնը միշտ դէպի առողջարանային քաղաք կը մղէ ձմեռնային հանգիստի սիրահարները։ 

Արփայի վերին հոսանքի կիրճին մէջ կը գտնուին պրոնզէ դարէն մնացած քարայրներուն համալիրը, Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին, «Թուխ Մանուկ» եւ Սուրբ Գէորգ մատուռները եւ Սուրբ Գայիանէ եկեղեցին՝ Սուրբ Կոյսին անունը կրող սրբավայրը, ուրկէ հնչող պատարագներու ընդմէջէն մարդիկ կը սպասեն շուտով լսելու խաղաղութեան ձայնը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ 

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2022