ԼՐԱՃԱՐԱԿ

Ընթացիկ տարուան սկիզբը, երբ աշխարհի մէջ տարածուելու սկսաւ նոր քորոնաժահրը եւ աշխարհի բոլոր երկիները յայտնուեցան տեղեկատուական մեծ հեղեղի տակ, համաճարակին զուգահեռ յայտարարուեցաւ նաեւ այլ երեւոյթի մը մասին, որ կը կոչուի լրաճարակ:

Փետրուարին սկիզբը լրաճարակ երեւոյթը պաշտօնապէս ամրագրուեցաւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ եւ այդ բառով բնորոշուեցաւ համավարակին մասին ողջ տեղեկատուական հոսքը, ուր ճիշդը, ստոյգը, ստուգուածն ու հաստատուածը, կեղծը, չստուգուածը, հերքուածը, անտրամաբանականը միախառնուած է: Կեղծ եւ չստուգուած տեղեկութիւնները ակնթարթի մէջ ապակողմնորոշող ազդեցութիւն կը ձգեն որոշ խաւերու վրայ եւ խուճապ կը յառաջացնեն: Այսօրուայ հասարակութիւնը ընդունուած է անուանել տեղեկատուական հասարակութիւն, սակայն տեղեկատուական հասարակութիւնը, մանաւանդ լրահոսի հանդէպ ճիշդ մօտեցում ունեցող եւ կեղծ ու ստոյգ լուրերը իրարմէ տարբերող հասարակութիւնն է, որմէ շատ հեռու է այսօրուայ աշխարհը: Այսօր բոլորը տեղեկատուութեան սպառող են, բայց ոչ բոլորն են, որ կարող են գրագէտ կերպով մօտենալ մատուցուող տեղեկատուութեան. ահա թէ ինչո՛ւ կ՚ըսուի, որ այսօր հասարակութիւնը պէտք է լրագրագիտութեան մեծ ճանապարհ անցնի: 

Լրաճարակի (ինֆոթմասիոն) հասկացութիւնն ալ ի զուր մէջտեղ չեկաւ. ընդգրկուն իրադարձութիւններու ժամանակ տեղեկատուութեան ահռելի հոսքը, որ կը սրէ իրավիճակը եւ խուճապահար ու սրուած տրամադրութիւններ կը ստեղծէ հասարակութեան մէջ, դիտուեցաւ նոյնքան վտանգաւոր, որքան նոյնինքն համաճարակը:

Մեր օրերուն իրապէս դիւրին չէ գտնել վստահելի աղբիւրներ, երբեմն նոյնիսկ վստահելի աղբիւրները հերքումներ կը կատարեն. նախկինին յուսալի թուացող հարթակ մը, եթէ մէկ անգամ սխալի, կասկած կը յառաջացնէ նոյնիսկ գրագէտ լրասպառողին քով… Այդ է պատճառը, որ լրաճարակի ալիքին տակ կը յայտնուին գրագէտ եւ ոչ-գրագէտ սպառողները: Եթէ պետական կառավարման մարմինները, առողջապահութեան ոլորտի աշխատողները, բժիշկները կը պայքարին համաճարակին դէմ, ապա լրաճարակին դէմ պայքարողները տակաւին պաշտօնապէս սահմանուած չեն: Այս երեւոյթին դէմ պայքարի ելած են ողջախոհ մարդիկ, որոնք ամէն օր վստահելի աղբիւներու ուղղորդումներ կը կատարեն, կը սորվեցնեն քանի մը տեղէ ստուգել լուրերը, լուսանկարները, տեսանիւթերը վերլուծել նիւթը, կասկածի տակ առնել, յետոյ միայն՝ տարածել:

Հիմա, երբ Հայաստանի մէջ պատերազմ է, կրկին յայտնուած ենք լրաճարակի ալիքին տակ: Օրական տասնեակ լուրեր շրջանառութեան մէջ կը դրուին, ապա կը հերքուին. բազմազան կերպով կը քննարկուին քաղաքական, ռազմական կարեւորագոյն հարցերը, որոնցմէ կը ծնին մեկնաբանութիւններ, լուրեր եւ կը տարածուին ընկերային ցանցերով եւ կապի միջոցներով: Պզտիկ լուր մը կը մեծցուի, ամէն մարդ իր հասկցածին պէս կը մեկնաբանէ եւ «լուն ուղտ դարձած» կը պտտի երկրին մէջ եւ դուրս: Ցաւօք, կեղծ ու ցնցող լուրերը աւելի արագ կը տարածուին, քան՝ հաւասարակշիռ, ստուգուած տեղեկութիւնները: Մեր հասարակութիւնը կարծես դարձած է լրատուական աղբի սպասող եւ այդ «աղբը ծամող» հասարակութիւն մը:

Հայրենի երիտասարդ եւ ճանչցուած բժիշկ Վրէժ Շահրամանեան լրաճարակին մասին կ՚ըսէ, որ ճնշում եւ լարում յառաջացնող լրատուահեղեղը խիստ վտանգաւոր է մանաւանդ սրտային, նեարդային, հոգեբանական, հոգեկան, սեռական, ներքնահոս գեղձային խանգարումներ ունեցող մարդոց համար։ Ըստ բժիշկին, այս օրերը սովորական օրեր չեն եւ այսօր շատ կարեւոր է սթրեսակայունութիւնը, հոգեկան լարումի հանդէպ մարդուն ախտամերժութիւնը: Ինչպէս ֆիզիքական առողջութեան համար կը սահմանափակենք աւելորդ ու անպիտան ուտելիքները, սովորութիւնները, այնպէս ալ հոգական կայունութեան համար պէտք է բացառենք կամ սահմանափակենք աւելորդ ու պարապ լուրերը, համացանցային անյայտ ծագում ունեցող կայքէջեր մուտք գործելը, գրգռուածութիւն, զայրոյթ, անտեղի զուարճանք յառաջացնող նիւթերուն եւ խօսքերուն հետեւիլը:

Համաճարակին, պատերազմին եւ ուրիշ աննախադէպ օրերուն, կը թուի, թէ լրատուամիջոցներն էին, որ պէտք է օգնէին մարդոց՝ պաշտպանուելու թէ՛ վարակէն եւ թէ պատերազմին յաջորդող հոգեկան խռովքէն: Բայց, ցաւօք, պատերազմ ու աղէտ է նաեւ լրատուադաշտին ու ընկերային ցանցերուն մէջ: Հայաստանի լրատուական դաշտի ծանրակշիռ մասը ամէն օր կը խօսի այս մասին:

Շահեկանութեան համար, արեւմտահայերէնի վերածելով, կու տանք Հայաստանի լրատուամիջոցներուն եւ լրագրողներուն բարոյագիտական սկզբունքներու կանոնագիրը: Այս կանոնագրին միացած է հայրենի լրատուամիջոցներուն մեծ մասը, սակայն, ըստ դիտորդներուն, յաճախ իրենք՝ կանոնագիրը ստորագրողները, կը խախտեն անոր սկզբունքները.

ԿԱՆՈՆԱԳԻՐ

Մենք՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներս, կարեւորելով հանրութեան տեղեկացուած ըլլալու իրաւունքը եւ ընդգծելով լրատուամիջոցներուն տեղեկացնելու պարտականութիւնը, գիտակցելով մասնագիտական եւ բարոյական կարելի եղածին չափ բարձր չափանիշներուն հետեւելու եւ անոնց շուրջ համախմբուելու անհրաժեշտութիւնը, միաժամանակ՝ չբացառելով լրագրողներուն բարոյական ընտրութեան իրաւունքը, ընդգծելով խմբագրական անկախութեան պաշտպանութեան եւ հանրային շահին հակասող որեւէ շահով լրագրողները չկաշկանդելու անհրաժեշտութիւնը, ընդունելով, որ լրատուամիջոցներն ու լրագրողները հաշուետու են իրենց լսարանին եւ իրարու առջեւ, արձանագրելով, որ կարելի չէ բոլոր պարագաներուն համար սահմանել միասնական կանոններ, սակայն կարելի է պահպանել արհեստավարժ լրագրութեան համընդհանուր չափանիշները, կ՚ընդունինք հետեւեալ սկզբունքներն ու անոնցմէ բխող պարտաւորութիւնները:

1. Ճշգրութիւն եւ անկողմնակալութիւն

Այս սկզբունքին պահպանումը կը նշանակէ, որ խմբագրութիւնն ու լրագրողը պարտաւոր են՝

1.1. մինչեւ հրապարակումը ստուգել որեւէ աղբիւրէ ստացուած տեղեկութիւններուն հաւաստիութիւնը, չկոծկել եւ չխեղաթիւրել փաստերը, չհրապարակել ակնյայտ կեղծ տեղեկութիւններ,

1.2. յստակօրէն ու լսարանին հասկնալի ձեւով մատնանշել այն դէպքերը, երբ խմբագրութիւնը, ստանալով հանրային նշանակութեան տեղեկութիւններ, գործածած է բոլոր հնարաւոր ողջամիտ միջոցները, սակայն չէ կրցած ճշդել փաստերը,

1.3. յստակ սահմանազատել փաստերուն եւ տեղեկութիւններուն շարադրանքը՝ կարծիքներէն, վերլուծութիւններէն եւ մեկնաբանութիւններէն,

1.4. վերլուծութիւններ եւ մեկնաբանութիւններ կատարելու ընթացքին հիմնուիլ ստոյգ փաստերու եւ հաւաստի տեղեկութիւններու վրայ,

1.5. ջանալ, որ հաղորդագրութիւնները, լուսանկարային, տեսագրուած ու ձայնագրուած նիւթերը համապատասխանեն իրականութեան, խորագրերը բխին նիւթին բովանդակութենէն, չչարաշահուին հանրային դէմքերու եւ պարզ մարդոց անձնական տուեալներուն համընկնումները, մէջբերումները չգործածուին համաթեքսթէն դուրս,

1.6. չաղաւաղել լուսանկարային կամ տեսագրուած նիւթին բովանդակութիւնը, լուսանկարներուն վրայ եւ տեսանիւթերուն մէջ թեքնիկ հնարքներ կիրառելու եւ միջամտութիւններու պարագային անպայման նշել այդ մասին:

2. Ազնուութիւն տեղեկութիւններու աղբիւրներուն հետ յարաբերութիւններուն մէջ 

Այս սկզբունքին պահպանումը կը նշանակէ, որ խմբագրութիւնն ու լրագրողը պարտաւոր են`

2.1. կարելի եղածին չափ նշել տեղեկութիւններուն աղբիւրները,

2.2. կարելի եղածին չափ խուսափիլ տեղեկատուութեան խորհրդապահական աղբիւրներ գործածելէ, լրատուութեան աղբիւրը գաղտնի պահելու խոստումէն առաջ միշտ պարզել շարժառիթները, սակայն եթէ տեղեկութիւնը այնուամենայնիւ կը տրուի աղբիւրին գաղտնիութեան պայմանով, որեւէ պարագայի չբացայայտել զայն,

2.3. խուսափիլ տեղեկութիւններու ձեռքբերման ծածուկ եւ գաղտնի միջոցներէն, բացառութեամբ այն պարագաներուն, երբ աւանդական բաց միջոցները չեն ապահովեր հասարակական շահերէն բխող տեղեկութիւններուն ստացումը: Այսպիսի միջոցներու կիրառման անհրաժեշութիւնը պէտք է ներկայացուի եւ հիմնաւորուի բուն հրապարակման մէջ,

2.4. յարգել հեղինակային իրաւունքը, բացառել գրագողութիւնը, մէջբերումներ եւ արտատպումներ կատարելու ընթացքին, նշել աղբիւրները,

2.5. չչարաշահել լրագրողներու եւ լրատուամիջոցներու հետ հաղորդակցութեան փորձ չունեցող անձերու դիւրահաւատութիւնը,

2.6. յարգել հարցազրոյց տուողին՝ որպէս հարցազրոյցի թեքսթի նկատմամբ համահեղինակի իրաւունքները:

3. Խմբագրական անկախութիւն

Այս սկզբունքին պահպանումը կը նշանակէ, որ խմբագրութիւնն ու լրագրողը պարտաւոր են՝

3.1. յստակ սահմանազատել լրագրողական նիւթերը գովազդէն. իւրաքանչիւր հրապարակում, որուն դիմաց վճարուած է, պէտք է այդ մասին նշում ունենայ: Նոյն ձեւով պէտք է նշուին նաեւ հանրային կապերու ծառայութիւններէն եւ կազմակերպութիւններէն ստացուած նիւթերը,

3.2. խմբագրական լուսաբանումներուն մէջ գովազդատուներուն ու հովանաւորներուն արտօնութիւններ չտալ,

3.3. դիմակայել իրադարձութիւններու լուսաբանման վրայ ազդելու նպատակով գովազդատուներուն, հովանաւորներուն, լրատուամիջոցներուն եւ սեփականատէրերուն գործադրած ճնշումներուն: Այն պարագային, երբ ճնշումը կը սպառնայ վերածուիլ հանրային-մարտահրաւէրի, իրավիճակը հրապարակային դարձնել, դիմելով լրագրողներու եւ հանրութեան աջակցութեան,

3.4. հրաժարիլ տեղեկութիւններ հրապարակելու կամ չհրապարակելու համար զանազան պարգեւատրումներէ, նուէրներէ, ինչպէս նաեւ ծախսերու փոխհատուցումներէ, անվճար հանգիստէ եւ այլ արտօնութիւններէ, որոնք կախեալ կը դարձնեն լրագրողին գործունէութիւնը, կը վնասեն անոր բարի համբաւը եւ կը յանգեցնեն խմբագրութեան հանդէպ վստահութեան կորուստի,

3.5. սահմանել ընկերային ցանցերուն մէջ խմբագրութեան աշխատակիցներուն վարքի կանոնները եւ հետեւիլ անոնց պահպանման։

4. Յարգանք մարդոց անձնական կեանքի եւ այլ իրաւունքներու հանդէպ

Այս սկզբունքին պահպանումը կը նշանակէ, որ խմբագրութիւնն ու լրագրողը պարտաւոր են՝

4.1. պաշտպանել մարդոց մասնաւոր կեանքի անձեռնմխելիութեան իրաւունքը, ինչպէս նաեւ յարգանք անձնական եւ ընտանեկան կեանքի, բնակարանի, սեփականութեան, առողջութեան եւ նամակագրութեան նկատմամբ: Բացառապէս հասարակական շահի առկայութեամբ կամ պաշտպանութեան անհրաժեշտութեամբ կարող է արդարացուիլ բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու, հասարակական գործիչներու, իշխանութեան կամ հասարակական ուշադրութեան ձգտող մարդոց անձնական կեանքին վերաբերող տեղեկութիւններուն հրապարակումը,

4.2. այն պարագային, երբ խօսքի ազատութիւնը հակասութեան մէջ կը մտնէ մարդուն հիմնարար իրաւունքներուն հետ, լրատուամիջոցը ինքնուրոյն կը վճռէ, թէ ինչի՛ն տալ նախապատուութիւնը եւ իր վճիռին պատասխանատուութիւնը կը կրէ,

4.3. առանձնապէս նրբանկատ ըլլալ, երբ տեղեկատուութեան աղբիւրները կամ հրապարակումներուն հերոսները երեխաներ եւ անչափահասներ են: Զգոյշ ըլլալ դեռահաս մեղադրեալներու, ամբաստանեալներու, դատապարտեալներու, սեռական ոճրագործութիւններու զոհերուն ինքնութիւնը բացայայտելու ընթացքին,

4.4. երեխաներուն վերաբերող կամ անոնց մասնակցութեամբ նիւթերու պատրաստութեան ընթացքին առաջնորդուիլ ԻՒՆԻՍԷՖ-ի տեղեկատուական խումբի մշակած «Երեխաներու մասին նիւթեր պատրաստելու լրագրողական բարոյագիտութիւն» փաստաթուղթով,

4.5. երեխաներուն հետ հարցազրոյցի տեսանկարահանումներուն ընթացքին, լուսանկարը կամ անոր վերաբերող փաստական նիւթեր հրապարակելէ առաջ՝ ստանալ երեխային եւ անոր համար պատասխանատու անձին համաձայնութիւնը, ցանկալի է գրաւոր եւ անպայման՝ երեխային հասկնալի լեզուով: Համաձայնութիւնը պէտք է ըլլայ կամաւոր, եւ բացառուի պարտադրանքի որեւէ մէկ ձեւ: Երեխան եւ անոր համար պատասխանատու անձը պէտք է պարզորոշ հասկնան, որ իրենք կը խօսին լրագրողին հետ, որ մտադիր է տուեալ նիւթը տարածել լրատուամիջոցով: Ջանալ, որ հարցազրոյցին ընթացքին երեխային հոգեկան ցաւ չպատճառուի. չստիպել, որ ան կրկին վերապրի իր կրած տառապանքները, ցաւը, կորուստները եւ իր կեանքի ուրիշ ծանր պահերը: Ըսել կամ ընել բաներ, որոնք կարեւոր են միայն տպաւորիչ պատկեր ստանալու կամ ազդեցիկ տեսանիւթ պատրաստելու համար,

4.6. առողջական լուրջ խնդիրներ ունեցող, ինքնասպանութիւն գործած կամ այդպիսի փորձ կատարած անձերուն, ինչպէս նաեւ ողբերգութիւն կամ վիշտ ապրած մարդոց մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու միջոցին, հարցազրոյց կամ լուսանկար հրապարակելու պահուն, տեսանիւթ կամ ձայնանիւթ հեռարձակելու ընթացքին նրբանկատ ըլլալ անոնց նկատմամբ,

4.7. պահպանել անմեղութեան կանխավարկածը. մինչեւ դատաքննութիւն յանցագործութեան մէջ կասկածեալներուն անունները հրապարակելով քննարկել անոր հասարակական անհրաժեշտութիւնը՝ հաւասարակշռութիւն պահպանելով անմեղութեան կանխավարկածին, յանցագործութեան մէջ կասկածեալներուն, արդար դատաքննութեան իրաւունքին եւ հասարակութեան տեղեկացուած ըլլալու իրաւունքին միջեւ:

5. Յարգանք զանազան խումբերու ներկայացուցիչներուն եւ համամարդկային արժէքներուն նկատմամբ 

Այս սկզբունքին պահպանումը կը նշանակէ, որ խմբագրութիւնն ու լրագրողը պարտաւոր են՝

5.1. խուսափիլ մարդոց հանդէպ նախապաշարուած վերաբերմունքէն՝ անոնց ցեղային, սեռային, տարիքային, կրօնական, ազգային, աշխարհագրական պատկանելիութեան, սեռական կողմնորոշման, ֆիզիքական արատներուն, արտաքինին կամ ընկերային կարգավիճակին պատճառով,

5.2. որեւէ ձեւով չքարոզել ազգային, կրօնական թշնամանք եւ անհանդուրժողականութիւն. քաղաքական, ընկերային, սեռական եւ լեզուական յատկանիշներով խտրականութիւն: Բացառել ատելութեան խօսքը,

5.3. որեւէ ձեւով չքարոզել պոռնկագրութիւն, բռնութիւն, պատերազմ, ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւններու հերքում,

5.4. զգոյշ ըլլալ ահաբեկչական գործողութիւններու վերաբերեալ տեղեկութիւններ տարածելու ընթացքին, բացառել ահաբեկիչներուն հանդէպ համակրանք յառաջացնող բովանդակութիւնները եւ հաղորդագրութիւնները, նրբանկատ ըլլալ իրադարձութիւններու ականատեսներուն՝ որպէս տեղեկատուութեան աղբիւրներու նկատմամբ, խուսափիլ պատանդներու եւ հնարաւոր զոհերու հարազատներուն եւ ընկերներուն բացայայտումէն՝ առանց իրենց համաձայնութեան:

6. Ազնուութիւն հանրութեան հետ յարաբերութիւններուն մէջ 

Այս սկզբունքին պահպանումը կը նշանակէ, որ խմբագրութիւնն ու լրագրողը պարտաւոր են՝

6.1. աջակցիլ կարծիքներու ազատ փոխանակութեան, անկախ անկէ, որ այդ կարծիքները կարող են տարբերիլ խմբագրական տեսակէտերէն,

6.2. պատրաստակամ ըլլալ հանդիպելու այն անձերու կամ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, որոնք զիրենք վիրաւորուած կամ զրպարտուած կը սեպեն մատնանշուած հրապարակմամբ եւ պատասխանի հնարաւորութիւն ընձեռել բոլոր անոնց, որոնց հասցէին քննադատութիւն կամ մեղադրանքներ եղած են հրապարակումներուն մէջ,

6.3. ընդունիլ սեփական սխալները եւ պատրաստակամ ըլլալ՝ զանոնք ուղղելու,

6.4. քաջալերել հանրութիւնը, որ արտայայտեն լրատուամիջոցներու նկատմամբ իրենց քննադատական վերաբերմունքը: Պատրաստ ըլլալ լրագրողական բարոյագիտութեան հարցերուն շուրջ հասարակութեան հետ երկխօսութեան:

7. Ազնուութիւն՝ ընտրութիւնները եւ հանրաքուէները լուսաբանելու ընթացքին

Այս սկզբունքին պահպանումը կը նշանակէ, որ խմբագրութիւնն ու լրագրողը պարտաւոր են՝

7.1. բոլոր կուսակցութիւններու եւ թեկնածուներու նկատմամբ հանդուրժող ըլլալ,

7.2. չվիրաւորել թեկնածուներուն անձը, չծաղրել անոնց հայեացքներն ու տեսակէտերը,

7.3. չհրապարակել թեկնածուներու հասցէին զրպարտութիւն, շանթաժ ու սպառնալիք պարունակող նիւթեր,

7.4. բոլոր թեկնածուներուն իրենց ծրագրերը եւ տեսակէտները ներկայացնելու համար լրատուամիջոցներուն մէջ հաւասար հնարաւորութիւն տալ: Վճարովի տեղ կամ եթերաժամ յատկացնելու ընթացքին՝ լրատուամիջոցին մէջ ապահովել հաւասար սակագնային պայմաններ,

7.5. չհրապարակել քօղարկուած քաղաքական գովազդ պարունակող նիւթեր: Այս կամ այն կուսակցութեան կամ թեկնածուին աջակցող խումբերուն կողմէ հրապարակման ներկայացուած (վճարովի կամ անվճար) կամ անոնց պատուէրով պատրաստուած նիւթերը յստակ զատել ուրիշ նիւթերէ կամ այդ մասին նշում կատարել,

7.6. հեռարձակուող լրատուամիջոցները պէտք է ձեռնպահ մնան որեւէ թեկնածուի կամ կուսակցութեան աջակցելէ, իսկ տպագիր եւ առցանց լրատուամիջոցները, նման մտադրութիւն ունենալու պարագային, այդ մասին նախապէս եւ յստակ յայտարարեն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2020