ՏՕՆ՝ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ՍՈՒՐԲ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ
Այսօր, շաբաթ, 22 հոկտեմբեր 2022-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Եկեղեցւոյ Տասներկու Սուրբ Վարդապետներուն տօնը, որոնք են՝
Ռէթէոս Աթենացի, Դիոնիսիոս Արիսպագացի, Սեղբեստրոս Հայրապետ (Հռոմի), Աթանաս Աղէքսանդրացի Հայրապետ, Կիւրեղ Երուսաղէմացի Հայրապետ, Եփրեմ Խուրի Ասորի, Բարսեղ Կեսարացի Հայրապետ, Գրիգոր Նիւսացի, Գրիգոր Աստուածաբան, Եպիփան Կիպրացի, Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ, Կիւրեղ Աղէքսանդրացի Հայրապետ:
Յիշատակուած տասներկու Սուրբ Վարդապետներուն գրեթէ բոլորին ալ գրութիւններէն բազմաթիւ աշխատութիւններ ու երկասիրութիւններ հայերէնի թարգմանուած են:
Այս գրութեամբ Եկեղեցւոյ այս տասներկու Սուրբ Վարդապետներուն կենագրական գիծերը պիտի ներկայացնենք ընթերցողներուն, ինչպէս նաեւ անոնց գրական ժառանգութենէն հատուածներ:
1. ՍՈՒՐԲ ՌԷԹԷՈՍ ԱԹԵՆԱՑԻ
Սուրբ Ռէթէոս Աթենացիին մասին շատ տեղեկութիւններ չկան: Ան կը յիշատակուի որպէս Սուրբ Դիոնիսիոս Արիսպագացիի ուսուցիչ: Ըստ աւանդութեան, ան եպիսկոպոս ձեռնադրուած է Սուրբ Պօղոս առաքեալին կողմէ: Եկեղեցական Աւանդութեան մէջ ընդհանրապէս կը յիշատակուի Սուրբ Դիոնիսիոս Արիսպագացիին հետ:
Իր մասին եղած տեղեկութիւններուն համաձայն, մինչեւ քրիստոնէութիւն ընդունիլը եղած է Աթէնքի նշանաւոր Արիսպագոսի, այսինքն՝ դատաւորներու բարձրագոյն խորհուրդի անդամներէն մէկը: Քրիստոնեայ դարձած է Սուրբ Պօղոս առաքեալի քարոզութեան շնորհիւ եւ անոր միջոցով:
Ռէթէոս անունը յունարէն է, որ թարգմանաբար Աստուածապարգեւ կը նշանակէ:
Ռէթէոսի մասին մեր ծանօթութեան միակ աղբիւրը իր աշակերտ՝ Սուրբ Դիոնիսիոսի անձնական վկայութիւններէն է, որ իր գրութիւններուն մէջ արձանագրած է:
Ըստ վկայաբանական գրականութեան, Սուրբ Ռէթէոս Աթենացին եպիսկոպոս ձեռնադրուելէ ետք որոշ ժամանակ մը Աթէնքի Աթոռին եպիսկոպոս եղած է, եւ ապա անցած է Սպանիա:
Դիոնիսիոս Արիսպագացիի վկայութեամբ, Ռէթէոս Աթենացին ճառ մը գրած է՝ «Յաղագս տարփման աստուածային սիրոյ» վերնագիրով:
Դարձեալ ըստ աւանդութեան, ան խաղաղ մահով վախճանած է Աթէնքի մէջ, ոմանք ալ կ՚ըսեն՝ Սպանիոյ մէջ:
2. ՍՈՒՐԲ ԴԻՈՆԻՍԻՈՍ ԱՐԻՍՊԱԳԱՑԻ
Սուրբ Դիոնիսիոս Արիսպագացին օղակ մըն է, որ կը կապէ Աւետարանական սուրբերն ու քրիստոնէութեան առաջին դարերուն պատմական սուրբերը: Պօղոս առաքեալի քարոզութեան շնորհիւ քրիստոնէութիւն ընդունած յոյն մըն է, ով յիշատակուած է Գործք Առաքելոցին մէջ. «Այսպիսով Պօղոս թողուց զանոնք եւ գնաց: Բայց քանի մը հոգիներ իրեն յարեցան եւ հաւատացին: Ասոնց մէջ էին Դիոնիսիոս Արիսպագացին, Դամարիա անունով կին մը եւ ասոնց հետ ուրիշներ» (Գրծ 17.33-34):
Բացի Գործք Առաքելոցէն Դիոնիսիոսի մասին մեզի հասած միակ տեղեկութիւնը Եւսեբիոսի «Եկեղեցական պատմութիւն» երկէն կը ստանանք, ուր Եւսեբիոս կը նշէ, թէ ան Աթէնքի առաջին եպիսկոպոսը եղած է՝ Պօղոս առաքեալին ձեռամբ ձեռնադրուած:
Ան հեղինակ է կարգ մը գիրքերու, որոնց շնորհիւ նաեւ իր վայելած մեծ համբաւն ու հեղինակութիւնը եւ որպէս եկեղեցւոյ վարդապետ յորջորջումը: Այդ գիրքերն են. «Երկնային Քահանայապետութեան մասին», որու մէջ յիշատակուած են հրեշտակներուն դասակարգութիւնները: «Երկրային Քահանայապետութեան մասին», ուր յիշատակուած են եկեղեցական նուիրապետութեան մասին: «Աստուածային անուններու մասին»: «Միսթիք Աստուածաբանութիւն»: Յետագային, ուսումանասիրողները այն եզրակացութեան եկած են սակայն, թէ այս գիրքերը առաջին դարուն ապրող Դիոնիսիոս Արիսպագացիին չեն պատկանիր, այլ՝ հինգերորդ դարու վերջաւորութեան եւ վեցերորդ դարու սկզբնաւորութեան ապրած լուրջ մտաւորականի մը:
Արիսպագոս յունարէն բառը կը թարգմանուի որպէս Արէսի բլուր: Այս բլուրը Աթէնքի բլուրներէն մէկը եղած է, ուր հին ժամանակներուն քաղաքին ազնուականներու դասին ժողովը կը հաւաքուէր եւ զանազան հարցերով կը զբաղէր, որոնց մէջ նաեւ կրօնական հարցեր: Արիսպագոս անունը բլուրի անուանումէն անցած է այդտեղ գումարուող ժողովին, որմէ նաեւ այդ ժողովին մասնակիցները սկսած են կոչուիլ Արիսպագոսներ: Ասկէ կը հետեւի, որ Արիսպագացի տիտղոսը ո՛չ թէ անպայմանօրէն այդ բլուրին վրայ ծնած կը նշանակէ, այլ՝ այդ ժողովի անդամ որպէս:
- «Աստուած Բանը, ճշմարիտ հաղորդութեամբ եւ ամէնուն նմանութեան համաձայն (մարդ) եղաւ եւ առաւ մեր մարմինը, իրեն միացուց՝ անշփոթ, անհատանելի (կերպով), ամենակարող ունակութեամբ եւ իրեն համազգակիցներուս՝ մեզի ալ պարգեւեց զայն: Որովհետեւ մէկ է բնութիւնը, պարզութիւնը եւ թագաւորութիւնը, Յիսուս՝ աստուածպետական Բանին, որ մեզի նման մարդեղանալով, մեր տկարութիւնները Իր աստուածային կատարեալ բնութեան միացնելով մէկի վերածեց»:
3. ՍՈՒՐԲ ՍԵՂԲԵՍՏՐՈՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Գահակալած է Կոստանդիանոս կայսրին ժամանակ՝ 314-335 թուականներուն: Նիկիայի Տիեզերական առաջին սուրբ ժողովը իր օրով գումարուած է, սակայն ինք չէ մասնակցած այդ ժողովին, այլ՝ երկու ներկայացուցիչներ ղրկած է:
Սեղբեստրոս Հայրապետի օրով է, որ կառուցուած են այն տաճարները, որոնցմով Հռոմը դարեր շարունակ հռչակուած է: Այդ տաճարներէն են, օրինակ՝ Ս. Պետրոսի տաճարը Վատիկանի մէջ, Լաթերանի Պազելիքան՝ որ Հռոմի Մայր գկեղեցին եղած է Սեղբեստրոս Հայրապետին օրով:
Ան նաեւ եղած է Հռոմէական Եկեղեցւոյ ծիսական, վարչական եւ այլ ոլորտներու կազմակերպիչներէն մէկը:
Վախճանած ու թաղուած է Հռոմի մէջ:
- «Սեղբեստրոս կ՚ըսէ. ուրիշ օրինակ մը տամ եւ դուն մտիկ ըրէ: Ծառը ինքնիրեն կարո՞ղ է արեգակի ճառագայթները ընդունիլ կտրուելու ժամանակ:
Թագաւորը կ՚ըսէ. հնարաւոր է:
Սեղբեստրոս կ՚ըսէ. իսկ կտրուած ատեն չի տեսներ վէրքերը եւ ճառագայթներուն շողերը փայտէն առաջ կ՚ընդունի եւ փայլակը զարնելով անոր չի կրնար կտրել զայն: Սոյնպէս եւ Աստուածութիւնը ո՛չ կարելի է որոնել եւ ո՛չ ալ կտրել ու բաժնել: Արդ այս մի քանի օրինակները ցոյց տուի, սակայն իսկութիւնը անկարելի է բացատրել»:
4. ՍՈՒՐԲ ԱԹԱՆԱՍ ԱՂԷՔՍԱՆԴՐԱՑԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Քրիստոնէական եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն մէկը: Ծնած է Աղէքսանդրիոյ մէջ, 296-ին: Ուսումը ստացած է ծննդավայրին նշանաւոր Աստուածաբանական ճեմարաններէն ներս: Աղէքսանդր Պատրիրարքին ձեռամբ սարկաւագ ձեռնադրուած է եւ որպէս անոր անձնական քարտուղարը մասնակցած է Նիկիայի Տիեզերական Ժողովին: 328-ին յաջորդած է Աղէքսանդր Պատրիարքին դառնալով Աղէքսանդրիոյ Աթոռին գահակալը:
Սուրբ Աթանաս Հայրապետը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին պայքար մղած է Արիոսականութեան դէմ, ինչ բանի հետեւանքով յաճախ աքսորուած է արիոսական կայսրերուն կողմէ: Այս պատճառով զինք յաճախ իր գահէն հեռացուցած են, սակայն դարձեալ գահակալած է: Իր անդրդուելի պայքարը Արիոսականութեան դէմ արդիւնք տուած է իր վախճանումէն ետք, երբ 381 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գումարուեցաւ Տիեզերական Երրորդ Ժողովը, ուր վերջնականապէս մերժուեցաւ Արիոսականութիւնը:
Պայքարած է նաեւ Կ. Պոլլսոյ Մակեդոն Պատրիարքին դէմ, պաշտպանելով Սուրբ Հոգիին Աստուածութիւնը:
Հեղինակ է բազմաթիւ գրական երկասիրութիւններու, որոնք գրեթէ բոլորն ալ Աստուածաբանական, ջատագովական եւ հակաճառական բովանդակութիւն ունին:
- «Եւ արդ՝ Բանին բնութիւնն ու անձնաւորութիւնը մէկ եւ յաւիտենական կը խոստովանինք, որ կատարելապէս մարդացած է եւ ան որ այսպէս չ՚ըսեր՝ Աստուածամարտ է եւ Սուրբ Հայրերուն՝ հակառակ»:
5. ՍՈՒՐԲ ԿԻՒՐԵՂ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԱՑԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Կիւրեղ Հայրապետին մասին քիչ տեղեկութիւններ ունին: Ըստ աւանդութեան, ան ծնած է մօտաւորապէս 315-ին, իսկ 349-ին Երուսաղէմի եպիսկոպոս դարձած է: Այս Հայրապետն ալ Արիոսականութեան դէմ պայքար մղած է, ինչ բանի պատճառով ալ աքոսրուած է յաճախ: Մասնակցած է Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Երրորդ Ժողովին:
Վախճանած է 386-ին:
Հեղինակ է բազմաթիւ աշխատութիւններու, որոնցմէ ամենէն կարեւորը կը համարուի՝ «Կոչումն Ընծայութեան» գիրքը, որ 18 ճառերէ կը բաղկանայ, որոնց մէջ կը սորվեցնէ, թէ անհատի մը համար ինչ անհրաժեշտ է մկրտուելու եւ քրիստոնեայ դառնալու համար: Յայտնի է նաեւ Հայրապետին Կոստանդիանոս կայսրին ուղղած նամակը՝ Սուրբ Խաչի Երեւման տօնին առիթով, որ մեր Եկեղեցիէն ներս կը կարդացուի:
- «Ոչ թէ ինչպէս ոմանք կը կարծեն, թէ չարչարանքներէն ետք փառաւորուեցաւ եւ իբր թէ (Իր) համբերութեան համար Աստուծմէ (իրաւունք) ստացաւ՝ Հօր աջ կողմը նստիլ, այլ՝ սկիզբէն իսկ Հօր աջ կողմը նստելու իրաւունքը Իրն է»: Եւ. «Հաւատա՛, թէ Աստուծոյ Միածին Որդին է, (որ) մեր մեղքերուն պատճառով երկինքէն իջաւ, մարդկութեան հաւասարակից (եղաւ) եւ չարչարանքները յանձն առաւ. Սուրբ Հոգիէն ու Սուրբ Կոյսէն ծնաւ, ո՛չ թէ երեւութապէս, այլ՝ ճշմարտապէս մարմնացաւ»:
6. ՍՈՒՐԲ ԵՓՐԵՄ ԽՈՒՐԻ ԱՍՈՐԻ
Ասորի քոյր եկեղեցւոյ մեծագոյն Սուրբը:
Ծնած է Մծբինի մէջ, 306-ին: Աշակերտած է Սուրբ Յակոբ Մծբնացի Հայրապետին: Կը կարծուի թէ մասնակցած է Նիկիայի Տիեզերական Առաջին Ժողովին: Ըստ աւանդութեան, սարկաւագ ձեռնադրուած է Բարսեղ Կեսարացի Հայրապետին ձեռամբ՝ վերջինիս իրեն այցելութեան ընթացքին:
363-ին Մծբին քաղաքը Բիւզանդական կայսրութեան տիրապետութենէն կ՚անցնի Պարսկական տիրապետութեան տակ, եւ Եփրեմը հեռանալով Մծբինէն կ՚անցնի Եդեսիա, ուր եւ կը վախճանի 373-ին:
Հեղինակ է բազմաթիւ աշխատութիւններու, շարականներու եւ հոգեւոր երգերու, որոնք գրեթէ բոլորը հայերէնի թարգմանուած են:
Սուրբ Եփրեմ Ասորին կոչուած է՝ «Ասորիներու արեգակ», «Սուրբ Հոգիի քնար», «Եկեղեցւոյ սիւն» եւ այլ տիտղոսներով:
1920-ին Լատին Եկեղեցին զինք յայտարարած է որպէս իր եկեղեցւոյ մեծ վարդապետներէն մէկը:
- «Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մարմինը երկինքէն չէ կ՚ըսենք, այլ՝ Սուրբ Կոյս Մարիամէն, եւ Բանը չենք բաժներ Իր մարմինէն, երկու դէմքերու կամ երկու բնութիւններու. մարդը մեզի օրինակ թող ըլլայ, որ գոյացած է երկու բանէ՝ հոգիէ ու մարմինէ, եւ է մէկ դէմ եւ մէկ բնութիւն, միացած եւ անշփոթ մնացած»:
7. ՍՈՒՐԲ ԲԱՐՍԵՂ ԿԵՍԱՐԱՑԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Սուրբ Բարսեղ Հայրապետը ծնած է 330-ին: Ուսում ստացած է Կեսարիոյ եւ Կ. Պոլսոյ մէջ, եւ ապա Աթէնքի մէջ կատարելագործած է իր ուսումը, իրեն դասընկեր ունենալով՝ Յուլիանոսը, ապագայի Ուրացող կայսրը: Սարկաւագ ձեռնադրուած է Անտիոքի Մելիտոս Եպիսկոպոսին ձեռամբ:
Ըստ աւանդութեան, եղբայրն է Սուրբ Գրիգոր Նիւսացիին, որու եւ Սուրբ Գրիգոր Նազիանզացիին հետ միասին ծանօթ են որպէս «Կապադովկեան Հայրեր»:
Բազմաթիւ վայրեր այցելելէ ետք, 358-ին վերջնականապէս հաստատուած է Նիո-Կեսարիոյ Նիքսարի շրջակայքը՝ որպէս միայնակեաց: Բարսեղ Կեսարացին եւս պայքարած է Արիոսականութեան դէմ:
370-ին Կեսարիոյ Աթոռին գահակալը եղած է եւ հսկայ գործունէութիւն ծաւալած է:
Մատենագրական հսկայ ժառանգութիւն մը ձգած է, որոնցմէ ամենէն նշանաւորը իր Սուրբ Պատարագն է, որմէ բազմաթիւ տարրեր ներառուած են մեր Պատարագին մէջ: Իր «Վեցօրէք» աշխատութիւնն ալ նշանաւոր է, որու մէջ կը խօսի ստեղծագործութեան մասին: Բազմաթիւ աղօթքներու հեղինակ է, որոնցմէ կարգ մը մինչեւ այսօր տարբեր եկեղեցիներ իրենց ծիսական եւ արարողական կեանքէն ներս կը գործածեն:
- «Եթէ մարդոց համար անկարելի է՝ Աստուծոյ համար կարելի է ատիկա, ինչպէս (օրինակ) Կոյսէն ծնիլը (հմմտ. Մտ 1.18-25: Ղկ 2.1-7), ծովուն վրայէն քալելը (հմմտ. Մտ 14.25: Մր 6.48: Յհ 6.19), եւ փակ դռներով թանձրական մարմինը ներս մտաւ (հմմտ. Յհ 20.19), ոսկորներէն հաստատուած (Ղկ 24.41-43)»:
8. ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԻՒՍԱՑԻ
Ծնած է 335-ին: Բարսեղ Կեսարացի Հայրապետին փոքր եղբայրն է:
Նիւսացին սկիզբը ամուսնացած է, յետագային սակայն, փոխադարձ համաձայնութեամբ իր կինը կուսանոց մտած է, իսկ ինք իր եղբօր հիմնած վանքերէն մէկուն մէջ հաստատուած է:
Ձեռնադրուած է Նիւսա քաղաքին եպիսկոպոս իր եղբօր կողմէ, 371 թուականին: Պայքարած է Արիոսականութեան դէմ, ինչի պատճառով ինք եւս աքսորուած ու հալածուած է վերջիններուս կողմէ:
379-ին Սեբաստիա քաղաքին մետրոպոլիտ ընտրուած է, սակայն հրաժարած է այդ պաշտօնէն, չուզելով հեռանալ իր թեմէն:
381-ին մասնակցած է Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Երրորդ Ժողովին:
Վախճանած է 395-ին:
Հեղինակ է բազմաթիւ Աստուածաբանական, մեկնողական, ջատագովական գրութիւններու եւ կրօնական ու ճգնողական կեանքին վերաբերող ճառերու ու քարոզներու:
- «Որովհետեւ, այսպիսի մաքուր խօսքեր կը պատշաճի մարդեղութեան, Բանն Աստուածի միաւորութիւնը, որ միաւորուելով հանդերձ՝ մնաց անշփոթ եւ անպարագրելի, ոչ անձին համաձայն. որովհետեւ, կը թուի ախտակից ըլլալ հոգիին եւ մարմինին. իսկ Բանն Աստուածը մարմինի եւ անձի կցորդութենէն բնաւ չայլայլեցաւ, այլ՝ զանոնք Իր Աստուածութեանը հաղորդակից ըրաւ, անոնցմով մէկ եղաւ, մնալով ինչ որ էր նախապէս: Կերպարանքը նոր է, կը խառնուի ու կը մնայ անշփոթ. ախտակից չեղաւ, այլ՝ գործակից միայն»:
9. ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱԶԻԱՆԶԱՑԻ-ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆ
Ծնած է 329-ին: Սուրբ Բարսեղ Կեսարացիի եւ անոր կրտսեր եղբօր՝ Սուրբ Գրիգոր Նիւսացիի դասընկերը եղած է:
Սկզբնական շրջանին ճգնողական կեանք ապրած է,սակայն ետքը իր եպիսկոպոս հայրը զինք եպիսկոպոսութեան հրաւիրած է եւ կուսակրօն ձեռնադրած՝ 362 թուականին, եւ զինք իրեն օգնական նշանակած է:
374-ին, իր հօր վախճանումէն ետք դարձեալ ճգնողական կեանքին նուիրուած է եւ անցած է Կիլիկիա: 379-ին Կ. Պոլիս հրաւիրուած է եւ իր հարուստ եւ խորունկ քարոզներով նպաստած է Նիկիական ոգիին եւ Հանգանակին յաղթանակին:
381-ին Կ. Պոլսոյ պատրիարք ընտրուած է եւ Անտիոքի Մելիտոս Եպիսկոպոսին վախճանումէն ետք նախագահած է Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Երրորդ ժողովին: Մէկ տարի գահակալելէ ետք սակայն, հրաժարած է եւ վերադարձած է իր ծննդավայր՝ Նազիանզա, ուր շարունակած է իր ճգնողական կեանքն ու ստեղծագործական գործունէութիւնը:
Վախճանած է 389-ին:
Հեղինակ է հսկայ գրական ժառանգութեան, ինչ բանի շնորհիւ ալ ստացած է «Աստուածաբան» տիտղոսը:
- «Հրեշտակապետին ողջոյնը Կոյսին՝ Բանն Աստուած Ի՛նքն է. ողջոյնը մտնելով Կոյսին ականջներէն, իսկոյն արգանդին մէջ լուծուեցաւ ապականութիւնը, որ առաջացեր էր անէծքէն, շուտով փոխարկուեցաւ անապականութեան. որովհետեւ հոն ուր Աստուած է, ինչո՞ւ տակաւին ապականութիւն յիշուի, որովհետեւ ապականութիւնը մեղքէն է, եւ (Ան) որ մեղք չի՛ գործեց, ինչպէ՞ս Անոր մօտենար ապականութիւնը»:
10. ՍՈՒՐԲ ԵՊԻՓԱՆ ԿԻՊՐԱՑԻ
Ծնած է 315-ին, Պաղեստինի մէջ: Երկար տարիներ ապրած է Երուսաղէմի մէջ: Վանական շարժումի նշանաւոր գործիչներէն մէկը եղած է: Ըստ աւանդութեան, իր ծննդավայրին մէջ վանք մը հիմնած է:
367-ին ընտրուած է Կիպրոսի եպիսկոպոսական Աթոռին գահակալ:
Պայքարած է Արիոսականութեան դէմ, զօրաւոր ջատագով մը ըլլալով Նիկիական Դաւանանքին:
Հեղինակ է զանազան գրութիւններու, որոնցմէ ամենէն կարեւորն ու նշանաւորը՝ «Հերքումն ամենայն հերետիկոսութեանց» երկն է, որու մէջ Կիպրացին մէկ առ մէկ յիշատակած է այդ ժամանակուան հերետիկոսութիւնները եւ հերքած է զանոնք Ուղղափառ Վարդապետութեամբ: Նաեւ հեղինակ է բազմաթիւ մեկնողական եւ ճառախօսական երկերու:
391-ին Հռոմի մէջ հանդիպած է Հերոնիմոսին եւ միասնաբար մերժած են Որոգինէսի որոշ ուսուցումները, որոնք Ուղղափառութեան ընկալումներուն չէին համապատասխաներ:
Հռոմէն վերադարձին այցելած է Երուսաղէմ եւ ապա Կ. Պոլիս: Կ. Պոլսէն դէպի Կիպրոս՝ իր աթոռ վերադարձի ճամբուն ընթացքին, նաւուն վրայ վախճանած է 403-ին:
- «Սրբացնող Բանն Աստուածը, անապական մարմին զգեցաւ՝ անապական Կոյս Մարիամէն, եւ առնելէ ետք՝ անապական կերպով գործեց»:
11. ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՀԱՆ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Սուրբ Եկեղեցւոյ ամենէն նշանաւոր եւ ճառտասան վարդապետներէն մէկը: Ժողովուրդը իրեն շնորհած է «Ոսկեբերան» տիտղոսը, մեկնելով անոր հոգեգրաւ, սրտագրաւ ու հոգեշահ եւ պերճ քարոզներէն:
Ծնած է 347-ին: Ուսումը ստացած է Անտիոքի մէջ, Լիբանոս անունով մեծ հռետորի մը մօտ օրէնսգիտութիւն եւ հռետորութիւն, իսկ Դիոտոր Տարսոնացիի մօտ ալ Աստուածաբանութիւն:
Մինչեւ իր մօր մահը խնամած է զինք եւ ապա նուիրուած է ճգնակեցութեան՝ հեռանալով դէպի անապատ 373-381 թուականներուն:
381-ին սարկաւագ ձեռնադրուած է եւ Անտիոքի մէջ ծառայած:
386-ին ձեռնադրուած է քահանայ:
398-ին հակառակ իր կամքին, Կ. Պոլսոյ պատրիարք ընտրուած է:
Այդ ժամանակ ապականութիւնը եւ կրօնական անտարբերութիւնը բոյն դրած էին Կ. Պոլսոյ մէջ՝ սկսած արքունիքէն, եկեղեցականներէն եւ մինչեւ քաղաքացիներ: Ան իր սրբակենցաղութեան ու բարեպաշտութեան համարձակութեամբ կը յանդիմանէր ամէն տեսակի սանձարձակութիւն, ինչ բանի պատճառով իր վրայ հրաւիրած էր օրուայ կայսրուհիին՝ Եւտոքսիային բարկութիւնը: Այս իրողութենէն օգտուած է նաեւ Աղէքսանդրիայի Թէոփիլոս Պատրիարքը, որ աչք ունէր Կ. Պոլսոյ Աթոռին: 403-ին այս պատրիարքին գլխաւորութեամբ տեղական եկեղեցական ժողով մը գումարուած է, որով աքսորման հրաման հրապարակուած է Ոսկեբերանին դէմ, սակայն երկրաշարժ ու մեծ հրդեհ պատահած է քաղաքին մէջ Ոսկեբերանի մեկնած օրը, որով կայսրուհին աքսորի հրամանը չեղարկած է: Սակայն որոշ ժամանակ ետք դարձեալ աքսորի հրաման արձակուած է, եւ զինք աքսորած են նախ դէպի Անտիոք, յետոյ Կոկիսոն եւ ապա Պոնտոս: Ան աքսորի ճանապարհին նահատակուեցաւ 407-ին, որովհետեւ վատառողջ վիճակով զինք աքսորեցին դէպի Պոնտոս, ուր ճանապարհին՝ Կոմանոս քաղաքին մէջ իր հոգին աւանդած է: Իր վերջին բառերը եղած են՝ «ամէն ինչի համար փառք Աստուծոյ»:
438-ին անոր մարմինը մեծ շուքով Կ. Պոլիս բերուած է եւ ամփոփուած՝ Ս. Առաքելոց Եկեղեցւոյ մէջ:
Սուրբ Ոսկեբերան Հայրապետը հեղինակ է բազմաթիւ գրութիւններու՝ մեկնողական, քարոզխօսական, դաւանաբանական: Գրած է աղօթքներ, որոնք մինչեւ այսօր եկեղեցիները կը գործածեն իրենց ծիսական եւ արարողական կեանքէն ներս: Իր մատենագրական վաստակին ամենէն կարեւոր աշխատութիւնը իր գրած Սուրբ Պատարագն է:
- «Ո՞ւր են անոնք, որ ջուր կը դնեն Սուրբ Խորհուրդին (մէջ), որովհետեւ որթատունկը գինի կը շինէ եւ ո՛չ թէ ջուր: Քրիստոնեաներէն մէկը եթէ անգիտակցաբար այդ հացէն ճաշակէ, եկեղեցիէն թող հեռացուի, իսկ եթէ գիտութեամբ (ճաշակէ), անոնց նման է, որ (կուռքերու մատուցուած) զոհերէն, կամ դիակներ կը ճաշակեն»:
12. ՍՈՒՐԲ ԿԻՒՐԵՂ ԱՂԷՔՍԱՆԴՐԱՑԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Վերջին համաքրիստոնէական Հայրապետն է, որ տօնելի սուրբերու դասին մէջ ընդգրկուած է:
Ծնած է 380-ին, Աղէքսանդրիոյ մէջ:
412-ին յաջորդած է իր հօրեղբօր՝ Թէոփիլոս Պատրիարքին:
Կատաղի պայքար մղած է Նաւատեաց հերձուածողներուն եւ Աղէքսանդրիայի մէջ ապրող հերաներուն դէմ, որոնք կը խանգարէին ու կը նեղէին քրիստոնեաները:
Նաեւ պայքարած է Նեստորի եւ անոր վարդապետութեան դէմ, որով կը պայքարէր «Աստուածածին» անուան դէմ, պնդելով թէ Աստուածածինը միայն Մարդ-Քրիստոսը ծնած է: Ան 429-ին մատուցած Պատարագի ընթացքին տուած Զատկական պատգամի ընթացքին պաշտպանած է «Աստուածածին» եզրը: Աղէքսանդրիոյ մէջ ժողով գումարած է եւ դատապարտած է Նեստորը. նոյն բանը յորդորած է Հռոմի Կեղեցտինոս Պապին, որ ընդառաջած է անոր առաջարկին. երկու ժողովներուն որոշումները եւ իր կողմէ գրուած տասներկու նզովքներ, նամակով մը ղրկած է Նեստորին, յորդորելով ստորագրել ատոնց տակ, որ բնականօրէն մերժած է եւ թունդ պայքար մղած է Կիւրեղի դէմ:
Նեստորի եւ Կիւրեղի այս հակամարտութիւնը առիթ հանդիսած է, որպէսզի 431-ին Եփեսոսի մէջ գումար-ւի Տիեզերական Երրորդ Ժողովը: Այս ժողովին հանգամանքները բաւական խառն են, այստեղ չենք անդրադառնար այդ մասին, միայն թէ նշենք, որ այդ ժողովի ընթացքին Նեստորը եւ իր յառաջ բերած վարդապետութիւնը կը դատապարտուին եւ ինք հերետիկոս կը հռչակուի:
Բազմաթիւ աշխատութիւններու՝ ճառեր, մեկնութիւններ, քարոզներ, եւ այլնի հեղինակ է: Նշանաւոր է իր յառաջ բերած՝ «մի բնութիւն Բանին մարմնացելոյ» բանաձեւը, որ ի շարս այլ եկեղեցիներու, եղած է նաեւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Քրիստոսի բնութեան վարդապետութեան հիմնաքարը:
Արեւելքի մէջ ան յայտնի եղած է «եկեղեցական հայրերու կնիք» բնութագրմամբ:
Վախճանած է 444-ին:
- «Միաւորութենէն ետք բնութիւնները իրարմէ չենք անջատեր եւ ոչ (ալ) երկու որդիներու կը բաժնենք Անբաժանելին, այլ մէկ (կ՚ըսենք), ինչպէս սուրբ հայրերը ըսին: Տե՛ս, երկաբնակ, պատասխանէս յայտնի է, թէ անոնք որոնք կ՚ըսեն երկու բնութիւն (կայ) Քրիստոսի մէջ, ի հարկէ երկու որդի եւ երկու կամք (ալ) կ՚ըսեն»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
16 հոկտեմբեր 2022, Վաղարշապատ