«ՕՐՔԵՍԹՐԱ՚ՍԻՈՆ» ՄՐՑՈՅԹԸ

«Նոթրը տամ տը Սիոն» ֆրանսական լիսէի նախաձեռնութեամբ վերջին օրերուն քաղաքիս մէջ կազմակերպուեցաւ դաշնամուրի միջազգային մրցոյթ մը։ «Օրքեսթրա՚Սիոն» կոչուած այս մրցոյթը երրորդն է իր տեսակին մէջ։ Նոյն առթիւ Իսթանպուլ այցելեց Հայաստանի Ազգային սենեկային նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար Վահան Մարտիրոսեան, որ դատակազմի նախագահն էր։

«Նոթրը տամ տը Սիոն» ֆրանսական լիսէն, որ հիմնուած է 1856 թուականին, ունի հարուստ աւանդութիւններ։ Թուրքիոյ մէջ օտար լեզուով ուսուցում կատարող ամենայայտնի հաստատութիւններէն մին է այս մէկը, որ վաղուց առաջնահերթօրէն հետամուտ է նաեւ արուեստի եւ մշակոյթի տարածման։ Վարժարանը այս բնագաւառներուն մէջ կը ծաւալէ լուրջ գործունէութիւն։ Ի շարունակութիւն այս բոլորին, վերջին տարիներուն վարժարանը սկսած է կազմակերպել դաշնամուրի միջազգային մրցոյթ մը։ 2008 թուականին դպրոցէն ներս ստեղծուեցաւ «Օրքեսթրա՚Սիոն» նուագախումբը՝ երիտասարդ դաշնակահար ու խմբավար Օրչուն Օրչունսելի մականին ներքեւ։ 2013 թուականին վարժարանին նախաձեռնութեամբ հաստատուեցաւ դաշնամուրի միջազգային մրցոյթ մը՝ «Իսթանպուլ Օրքեսթրա՚Սիոն» անուան ներքեւ։ Այս մրցոյթին առաջինը տեղի ունեցաւ 2013-ին, իսկ երկրորդը՝ 2015-ին։ Այս տարի ալ երրորդ անգամ տեղի ունեցաւ «Իսթանպուլ Օրքեսթրա՚Սիոն» մրցոյթը, որու դատակազմը երկրորդ անգամ գլխաւորուեցաւ Վահան Մարտիրոսեանի կողմէ։ Դատակազմի միւս անդամներն էին՝ Կիւլսին Օնայ, Փիէռ Ռէաք, Թամայօ Իքետա, Էմրէ Շէն, Ժան-Իվ Քլեման. բոլորն ալ համաշխարհային համբաւով դաշնակահարներ։

Աշխարհի 17 երկիրներէն 100 դաշնակահարներ մասնակցեցան մրցոյթին։ Անցեալ Յունիսին դատակազմը առաջին հերթին արժեւորեց թեկնածուները եւ կատարեց զտում մը։ Այդ հիման վրայ 40 դաշնակահարներ իրաւունք շահեցան մասնակցելու բուն մրցոյթին։

«Նոթրը տամ տը Սիոն» ֆրանսական վարժարանին մէջ, 13-19 Նոյեմբեր թուականներուն տեղի ունեցաւ երրորդ մրցոյթը, որու բոլոր փուլերը բաց էին երաժշտասէրներու ունկնդրութեան։ Հիւրընկալ վարժարանի համերգասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցան քառորդ աւարտականի, կէս աւարտականի եւ աւարտականի փուլերը։ Բացի դատակազմին կողմէ նախատեսուած առաջին երեք մրցանակներէն եւ յատուկ մրցանակէն, մրցոյթին շրջագծով նախատեսուած էր նաեւ «Նոթրը տամ տը Սիոն» երիտասարդական երաժշտական պարգեւը։ Բոլոր փուլերու աւարտին, եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ։

«Նոթրը տամ տը Սիոն» երիտասարդական երաժշտական պարգեւը հաստատուած էր 2015-ին։ Լիսէական աշակերտներէ բաղկացեալ դատակազմ մը որոշեց այս պարգեւին դափնեկիրը։ Դատակազմին միացած էին նաեւ մրցոյթի խորհրդական՝ դաշնակահար Ֆրանք Սիուփ եւ դպրոցի երաժշտութեան ուսուցչուհի Աժտա Ահու Կիրայ։ Աշակերտները իրենց ստացած երաժշտական տարրական ուսման զուգահեռ արժեւորեցին թեկնածուները։ Արդիւնքին այս տարուան դափնեկիրը հանդիսացաւ վրացահայ դաշնակահար Մամիկոն Նահապետով։

Իսկ բուն մրցոյթի պարագային առաջին հանդիսացաւ Շոն Շօ (Սինկափուր)։ Իսթանպուլի մէջ նուաճած մրցանակին հետ այս արուեստագէտը ընդհանուրին մէջ միջազգային մրցոյթներէ ներս ապահոված եղաւ իր ութերորդ առաջնութիւնը։ Երկրորդ հանդիսացաւ Կէորկի Վոյլոշնիքով (Ռուսաստան)։ Երրորդ հանդիսացաւ Մամիկոն Նահապետով, որ իր մրցանակը ստացաւ ձեռամբ յայտնի անունի մը՝ Թամայօ Իքետայի։ Դատակազմի մասնաւոր պարգեւն ալ յանձնուեցաւ Էմրէ Եավուզին։

Պարգեւաբաշխման հանդիսութեան ընթացքին բոլոր դափնեկիրները դաշնամուրի կատարումներով հանդէս եկան «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահի երդիքին տակ։ Մրցանակաշխման արարողութեան ներկայ էին Անգարայի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Շարլ Ֆրի, «Նոթրը տամ տը Սիոն» լիսէի տնօրէն Եան տը Լանսալիւ, որ միեւնոյն ժամանակ մրցոյթի նախագահն է։ Ձեռնարկի աջակիցներու շարքին էին Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութիւնը, TRT-ն եւ «Տօրէմի» երաժշտական տան ղեկավար Ահմէտ Փեսէն։ Ծափահարութիւններու ներքեւ յանձնուեցան դափնեկիրներու պատկերները եւ աջակիցներու յուշանուէրները։ Այդ բոլորը յանձնեցին Եան տը Լանսալիւ եւ դպրոցի փոխ-տնօրէնուհի Սիւզան Սեւկի։ Դատակազմի անդամներուն համար ալ նախատեսուած էին յուշանուէրներ։ Վահան Մարտիրոսեան եւ Թամայօ Իքետա յուշանուէները ստացան Եան տը Լանսալիւի ձեռամբ։ Դեսպան Շարլ Ֆրին ալ յանձնեց դատակազմի միւս անդամներուն յուշանուէրները։

Մրցանակաբաշխման արարողութեան աւարտին բոլորը զիրար շնորհաւորեցին, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին կազմակերպիչներուն։ «Իսթանպուլ Օրքեսթրա՚Սիոն» երրորդ միջազգային մրցոյթը աւարտին հասաւ՝ պսակուած ըլլալով փայլուն յաջողութեամբ։ Այս նախաձեռնութեան նշանակութիւնը կ՚արժեւորուի նաեւ՝ երիտասարդ սերունդը երաժշտութեան եւ ընդհանրապէս գեղարուեստի հետ հաղորդ պահելու տեսանկիւնէն։

Դատակազմի ղեկավար Վահան Մարտիրոսեան այս առթիւ շեշտեց, որ սոյն ծրագրի պարագային համագործակցութիւն կը ծաւալուի Միջազգային երաժշտական փառատօներու համաշխարհային դաշնակցութեան հետ, ինչ որ շատ կարեւոր հանգամանք մըն է։ Այս տարուան դրութեամբ մշակուած այդ շփումին շնորհիւ այս մրցոյթը լայնօրէն ծանօթացուած է միջազգային համալսարանական շրջանակներէ ներս։ Բաց աստի, 2013 թուականէն ի վեր «Իսթանպուլ Օրքեսթրա՚Սիոն» փառատօնը կ՚անդամակցի Alink-Algerich հիմնարկին։ Շնորհիւ այս անդամակցութիւններուն մրցոյթը ունի իր կայքէջը, որ կարեւոր դեր կ՚ունենայ ծրագրի ծանօթացման առումով։

ՎԱՀԱՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ԻՆ

Հայկական երաժշտական աշխարհի արդի շատ կարեւոր ու հեղինակաւոր դէմքերէն մին է Վահան Մարտիրոսեան, որ լուրջ համբաւ ունի միջազգային գետնի վրայ։ Եօթ տարեկանին ան սկսած է երաժշտական ուսում ստանալ Երեւանի մէջ։ Յաճախած է «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցը։ Միջոց մը վերջ Հայաստանէն տեղափոխուած է Ֆրանսա՝ ուսումը շարունակելու համար Փարիզի մէջ։ 1992 թուականին մուտք գործած է Փարիզի երաժշտանոցը, ուր իր ուսուցիչը եղած է յայտնի անուն մը՝ Ժաք Ռուվիէ։ 1996 թուականին ստացած է իր առաջին պարգեւը։ 1998 թուականին աւարտած է երաժշտանոցը ու երաժշտական ասպարէզէ ներս մուտք գործած՝ որպէս դաշնակահար։ 2005 թուականէն ի վեր միեւնոյն ժամանակ խմբավար է։

Արտասահմանի մէջ գործելով հանդերձ Վահան Մարտիրոսեան կը պահէ իր կապը Հայաստանի հետ։ Ան խմբավարն ու գեղարուեստական ղեկավարն է Հայաստանի Ազգային սենեկային նուագախումբին։ Ամէն ամիս առնուազն շաբաթ մը կ՚անցընէ Հայաստանի մէջ՝ մարզելու համար իր նուագախումբը։ Ցայսօր զանազան առիթներով հիւրախաղերու ալ մեկնած են դէպի Ֆրանսա, Զուիցերիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ այլն։ Յառաջիկայ շրջանին իր ղեկավարած նուագախումբը համերգով մը հանդէս գալ կը նախատեսէ Իտալիոյ մէջ։

Իսթանպուլի կեցութեան օրերուն առիթն ունեցանք զրուցելու Վահան Մարտիրոսեանի հետ, որ յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։ Իր խօսքերով՝ թէեւ ոչ մասնաւորապէս հայկական երաժշտութիւնը, սակայն ընդհանուր առմամբ երաժշտութիւնը ազդեցութիւն գործած, ուղղակիօրէն պայմանաւորած է իր գեղարուեստական գործունէութիւնը։ «Դժբախտաբար հայկական դասական երաժշտութիւնը համաչափ զարգացած չէ աւանդական դասական երաժշտութեան։ Մէկուկէս դարուան հայկական դասական երաժշտութեան մը մասին կրնանք խօսիլ եւ ամենայայտնի երգահանն է Արամ Խաչատուրեանը։ Դաշնամուրի համար քիչ յօրինած է։ Բնականաբար ամբողջ հայկական երաժշտութիւնը անգիր չեմ գիտեր։ Թէկուզ այսօր տարբեր տեսանկիւնէ մը կրնամ դիտարկել համաշխարհային երաժշտութիւնը, սակայն յամենայնդէպս, ռուսի մը կողմէ ռուսական երաժշտութեան ընկալումէն շատ ալ չի տարբերիր պարագան։

«Հայկական երաժշտութիւնը արդէն պիտի զարգանայ։ 19-րդ դարու կէսերէն սկիզբ կ՚առնէ հայկական դասական երաժշտութիւնը ու կը շարունակուի ցայսօր։ Ես կը յուսամ, թէ յառաջիկայ դարերուն ա՛լ աւելի զարգանալով պիտի շարունակուի։ Բայց եւ այնպէս, մենք շատ քիչ երգահաններ ունինք Մոցարթի, Պեթհովէնի եւ Պախի նման։ Անոնք՝ եւրոպացիները կու գան 17-րդ դարէն։ Միջնադարէն եկած շատ հարուստ երաժշտական աւանդութիւն մը ունինք մենք՝ հայերս։ Պէտք է յիշենք Նարեկացին եւ նման անձնաւորութիւնները։ Կայ նաեւ ուրիշ պարագայ մը. հայոց մօտ երաժշտութիւնը ոչ թէ գրաւոր, այլ բանաւոր ըլլալով կը փոխանցուէր։ Գրաւոր երաժշտութիւնը կ՚անցնէր եկեղեցիէն։ Այսօր չենք կրնար կարդալ խազերը։ Չենք գիտեր, թէ ինչպէս կը կարդացուին անոնք։ Թէեւ կան խազերէ բաղկացեալ մեծ գրադարաններ, սակայն ի վիճակի չենք զանոնք ընթերցելու։ Կոմիտասը փորձեց այդ բոլորը բացայայտել, սակայն դժբախտաբար կեանքին տեւողութեան կորսնցուց իր լեզուն եւ իր համրութիւնը արգելք հանդիսացաւ, որպէսզի անոնց գաղտնիքները մեզի փոխանցէր։ Մինչեւ այսօր տակաւին կան հայ երաժշտաբաններ, որոնց գրածները չեն բացայայտուած, սակայն այդ բացայայտման գործը տակաւին վերջնականօրէն յաջողութեան չէ հասած», ըսաւ Վահան Մարտիրոսեան մեզի հետ զրուցելու ընթացքին։

Հարցազրոյցի տեւողութեան ան մատնանշեց, որ հայերը ունին կորստեան մատնուած երաժշտական աւանդութիւն մը։ «Կորստեալ երաժշտութիւն մը ունինք։ Այն ինչ, որ ունինք այսօր՝ այն երաժշտութիւնն է, որ սերունդէ սերունդ փոխանցուած է բանաւոր ձեւով», աւելցուց ան։

Թէ ինչո՞ւ մոցարթներ կամ պեթհովէններ չունեցան հայերը։ Ի պատասխան՝ ան բացատրեց, որ տուեալ ժամանակաշրջաններուն, տուեալ աշխարհագրութենէն ներս, երաժշտութիւնը չունէր այն նոյն ազդեցութիւնը, զոր ունէր Եւրոպայի մէջ։ «Եւրոպայի մէջ ամբողջութեամբ զարգացաւ, մինչդեռ մեր ակնարկած աշխարհագրութենէն ներս երաժշտութիւնը մնաց կրօնական եւ ժողովրդական հարթութեան վրայ։ Գիտական առումով չունեցանք երաժշտութիւն մը։ Չունեցանք գիտական երաժշտութեան վերնախաւ մը։ Մենք ունեցանք աշուղական աւանդութիւն, ունեցանք ժողովրդական երգիչներ։ Լաւագոյն օրինակը Սայաթ Նովան է։ Գրաւոր մշակոյթ չունեցանք։ Սայաթ Նովան չէր գրեր, այլ կը փոխանցէր բանաւոր ձեւով։ Պախի արձանագրածին նման երաժշտութիւն մը չունեցանք։ Ամէն ինչ կը փոխանցուէր բանաւոր ձեւով։ Այսինքն, գրաւոր փոխանցումը ապահովեց որոշ պաշարի մը գոյանալը եւ այդ պաշարը ապահովեց, որ Եւրոպայի մէջ երաժշտութիւնը զարգանայ։ Բայց կը կրկնեմ, մենք ալ ունէինք խազերը, սակայն այսօր չենք գիտեր զանոնք ընթերցել։ Գուցէ եթէ յաջողինք թափանցել հին խազերուն, ապա հայկական երաժշտութեան պարագային կրնանք բացայայտել մեծ հարստութիւն մը։ Պէտք է ի վերջոյ յաջողինք այդ խազերը ընթերցել։ Մենք ունինք խազերով լի գրադարաններ, սակայն անտեղեակ ենք, թէ այդ բոլորը ինչ բանի կը համապատասխանեն», ըսաւ Վահան Մարտիրոսեան։

Մեր զրոյցի այս բաժնի վերջաւորութեան ան յիշեցուց, որ խազերը կը գտնուին Հայաստանի եւ Հայաստանէ դուրս զանազան գրադարաններու մէջ, ուր կը գտնուին հայկական աղբիւրներ։ Այդ բոլորը այնպիսի գրադարաններ են, ուր ի պահ դրուած են մասնաւորապէս կրօնական աղբիւրները։

Աւելի վերջ հետաքրքրուեցանք, թէ Վահան Մարտիրոսեան ինչպէ՞ս ստանձնած էր Իսթանպուլի այս մրցոյթի դատակազմի նախագահի պարտականութիւնը։ Այսպէս, «Նոթրը տամ տը Սիոն» վարժարանը կապ հաստատած է իր հետ ու տնօրէն Եան տը Լանսալիւ համապատասխան առաջարկը ներկայացուցած է իրեն։ Տնօրէնը այդ առաջարկը փոխանցած է հաշուի առնելով վարժարան այցելած զանազան երաժիշտներու առաջարկները։ «Նախ ծանօթացայ իր ներկայացուցած ծրագրին եւ Իսթանպուլի մէջ երկու օր անցընելէ ու իրեն հետ ծանօթանալէ վերջ ընդունեցի գլխաւորել դատակազմը», ըսաւ Վահան Մարտիրոսեան եւ աւելցուց, թէ առաջին անգամ այս մրցոյթին առիթով այցելած է Թուրքիա եւ Թուրքիոյ մէջ ալ միայն տեսած է Իսթանպուլը։ Անդրադառնալով այս մրցոյթի նշանակութեան՝ Վահան Մարտիրոսեան նշեց, որ թէ՛ այս մէկը եւ թէ ընդհանրապէս բոլոր մրցոյթները իրականութեան մէջ կը հետապնդեն երիտասարդ տաղանդները բացայայտելու նպատակը։ Մրցոյթի արդիւնքին դափնեկիրներուն կը տրուի դրամական պարգեւ մը, որով անոնք թէ՛ կրնան գոյատեւել եւ թէ կրնան սկաւառակներ թողարկել։ Բաց աստի, ըստ իրենց ապահոված արդիւնքին՝ մրցոյթի մասնակիցները հնարաւորութիւն կ՚ունենան միջազգային բեմերու վրայ հանդէս գալու եւ ինքզինքնին ծանօթացնելու։ «Բնակաբար, մնացեալը իրենց վրայ է։ Մենք կ՚ընձեռենք հնարաւորութիւնները։ Շատ լաւ համերգով մը հանդէս գալն ու վերստին հրաւիրուիլը այլեւս կախում ունի իրենցմէ։ Երբեմն մրցոյթի մը մասնակցելով պարգեւի կ՚արժանանան, սակայն աւելի վերջ երբ որ հրաւէր մը ստանան՝ տուեալ մրցոյթին նման լաւ պատրաստուած չեն ըլլար», յայտնեց Մարտիրոսեան եւ աւելցուց, որ «Իսթանպուլ Օրքեսթրա՚Սիոն» մրցոյթին գծով ցարդ դափնեկիր դարձած անունները աւելի վերջ երաժշտական բնագաւառէ ներս արձանագրած են նաեւ այլ յաջողութիւններ։

Անդրադառնալով դատակազմին՝ Վահան Մարտիրոսեան նշեց, որ խումբին մէջ ներգրաւուած են կարեւոր արհեստավարժներ։ Որպէս նախագահ՝ դատակազմը ձեւաւորուած է իր կողմէ։ «Երաժշտութեան ու բեմին մօտէն ծանօթ խորաթափանց անձնաւորութիւններ են, որոնք կրնան մրցոյթի մասնակիցը շատ լաւ արժեւորել իր հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ։ Անոնք այնպիսի անձեր են, որոնք կրնան իսկական արուեստագէտը զանազանել զբօսաշրջիկէն։ Դատակազմը ձեւաւորելէ վերջ անունները կը ներկայացնեմ Եան տը Լանսալիւին։ Ցայսօր իմ կողմէ առաջարկուած բոլոր անունները արժանացան հաւանութեան։ Սա ամբողջ աշխարհին բաց մրցոյթ մըն է եւ այս պատճառով ալ մասնակիցներու մակարդակը բաւական բարձր է», դիտել տուաւ Վահան Մարտիրոսեան։

Եզրակացնելով իր յայտարարութիւնները՝ Վահան Մարտիրոսեան դիտել տուաւ, որ Թուրքիոյ մէջ այս մակարդակով ուրիշ դաշնամուրի միջազգային մրցոյթ մը ծանօթ չէ իրեն, հետեւաբար սոյն նախաձեռնութիւնը երկրի պարագային կը լրացնէ լուրջ պարապութիւն մը։ Ան արտասովոր կը համարէ նաեւ, որ մրցոյթը ունի աշակերտներու դատակազմ մը։ Անկախ այս մրցոյթէն, համաշխարհային համբաւով երաժիշտներ համերգներ կը սարքեն «Նոթրը տամ տը Սիոն» լիսէին մէջ։ Դպրոցին վայելած համբաւին վրայ եկած է աւելնալ նաեւ այս մրցոյթին ապահոված լայն դրական արձագանգը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2017