ԿՐԿՆԱԳԻՐ ԳՐՉՈՒԹԻՒՆ

Աւստրիոյ Կրացի համալսարանէն ներս շատ հետաքրքրական ձեռագիր մը կը պահուի: Այդ համալսարանի գրադարանին արեւելեան ծագում ունեցող սակաւաթիւ ձեռագրերուն մէջ վրացերէն ձեռագիր մատեան մը կայ, որ ի սկզբանէ հայերէն եղած է:

Ինչպէ՞ս հայերէն մագաղաթը վերածուած է վրացերէնի: Հին ժամանակ այս միջոցը՝ կրկնագիր գրչութիւնը շատ մեծ կիրարկում ունեցած է. գրուած ձեռագիրը լուացուած կամ քերուած է եւ անոր վրայ նոր ձեռագիր մը ստեղծուած է: Գրչութեան կեդրոններուն մէջ այս միջոցին դիմած են մագաղաթին սղութեան պատճառով:

Մագաղաթը, որուն վրայ ստեղծուած են մեր ձեռագրաց մատեաններուն մեծ մասը, կը ստանային մատղաշ անասուններու՝ հորթի, պախրայի, գառան, ուլի կաշիէն՝ յատուկ ձեւով մշակելով ու յղկելով զայն եւ միշտ չէ, որ հասանելի եղած է գրիչներուն: Յաճախ մէկ ձեռագիր ստեղծելու համար մեծ թիւով անասուններ կը պահանջուէին: Կան մեծ ձեռագրեր, որոնց մէկ էջը մէկ հորթի կաշի է: Ծախսատար գործ էր նաեւ թանաք եւ այլ նիւթեր գտնելը: Ժամանակատար էր նաեւ մագաղաթեայ գիրքին պատրաստութիւնը:

Հայերէն ամենամեծ մագաղաթեայ ձեռագիրը, օրինակ՝ «Մշոյ Ճառընտիր»ը, որ կը կշռէ 28 քիլօկրամ, ունի 601 թերթ։ Իւրաքանչիւր թերթը կազմուած է մէկ հորթի մորթով։ Բացուած վիճակին մէջ «Մշոյ Ճառընտիր»ը դժուար է տեղաւորել սովորական գրասեղանի վրայ:

Խնայելու համար ներկը, ժամանակն ու մագաղաթը, երբեմն սրբած են նախկին գիրը եւ կազմուած գիրքին վրայ ստեղծած են նորը: Գիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը յայտնուած այն ձեռագրերը, որոնք կրկնագիր են, գիտնականները շատ դիւրութեամբ կը զանազանեն, սակայն անցեալ դարերուն միշտ չէ, որ դիւրին եղած է հասկնալ, թէ նախապէս ի՛նչ գիր եղած է սրբուած մագաղաթին վրայ:

Կրկնագիր ձեռագրերուն վրայ նոյնպէս հետազօտողներ կ՚աշխատէին՝ բացայայտելու մագաղաթին սկզբնական գիրը: Այդպէս եղած է նաեւ Կրացի համալսարանի վրացերէն կրկնագիր ձեռագրի պարագային, ի վերջոյ բացայայտուած է, որ անիկա Յովհաննէսի Աւետարան է:

Կրկնագիր բազմաթիւ ձեռագիր մատեաններ կան աշխարհի զանազան մատենադարաններուն, գիտական կեդրոններուն, գրադարաններուն եւ թանգարաններուն մէջ: Կրկնագրերուն նկատմամբ գիտական հետաքրքրութիւնը յառաջացած է 19-րդ դարու սկիզբները, երբ Վատիկանի գրադարանի տնօրէն, կարտինալ Անճելօ Մայէ կրցաւ քիմիական նիւթերու գործածմամբ, ընթեռնելի դարձնել եւ հրատարակել հին հռոմէական քաղաքական գործիչ եւ փիլիսոփայ, նշանաւոր հռետոր Կիկերոնի «Հանրապետութիւն» երկը, որուն ջնջուած էջերուն վրայ ընդօրինակուած է Օգոստինոսի ատենախօսութիւններէն մէկը։

Ինչպէս մեր օրերը հասած հնագոյն ձեռագրերը անփոխարինելի պատմական աղբիւրներ են, այնպէս ալ կրկնագրերը արժէքաւոր պատմական սկզնաղբիւրներ են եւ ատոնց միջոցով մէկ անգամ չէ, որ անյուսալի կորսուած նկատուած, պատմական եւ գրական երկեր յայտնաբերուած են: Կրկնագիր ձեռագրերուն միջոցով մասնագէտները կը յանգին նաեւ յայտնի գրութիւններու աւելի հին, այսինքն սկզբնական բնագրին աւելի մօտիկ տարբերակներու բացայայտման:

Եթէ անցնող դարերուն կրկնագրերը կը վերծանուէին շատ դժուարութեամբ, յետոյ ի յայտ եկան քիմիական նիւթերը, ապա հիմա այդ մէկը հարց չէ. այսօր կրկնագիր ձեռագրերը կ՚ընթերցուին ժամանակակից սարքերու միջոցով՝ անդրմանիշակագոյն լուսանկարահանումը, լուսացրումը եւ համակարգչային շերտագրումը հնարաւորութիւն կու տան մասնագէտներուն՝ ընթերցել ջնջուած ձեռագիրը եւ նոր ուսումնասիրութիւններ կատարել կրկնագիր գրչութեան միջոցով:

Այդպիսի սարք կայ նաեւ Հայաստանի Մաշտոցեան մատենադարանին մէջ եւ հայկական ձեռագրերուն ամենամեծ գիտահետազօտական կեդրոնը նոյնպէս իր ունեցած կրկնագիր ձեռագրերը ուսումնասիրելու գործառոյթ որդեգրած է:

Մաշտոցեան մատենադարանը կը թուայնացնէ թէ՛ ձեռագրերը, թէ՛ կրկնագիր մատեանները, որոնց վերծանման համար լաւագոյն մասնագէտներ կ՚աշխատին, անշուշտ, մշտապէս կապի մէջ մնալով աշխարհի այդպիսի մասնագէտներու հետ: Վերջերս, Մաշտոցեան մատենադարանի մասնագէտները մասնակցեցան կրկնագիր ձեռագրերուն նուիրուած գիտաժողովի մը՝ Համպուրկէն առցանց կազմակերպուած, որուն աշխարհի այլ երկիրներէ կրկնագիր ձեռագրերու ուսումնասիրման տասներկու անուանի այլ մասնագէտներ մասնակցեցան:

Հայաստանը նոյնպէս ձեռքբերումներ ունի կրկնագիր ձեռագրերու վերծանման, զանոնք թուայնացնելու եւ անոնց միջոցով հայագիտութեան ու համաշխարհային գիտութեան նոր աղբիւրներ եւ տուեալներ առաջարկելու առումով:

Աշխարհի մէջ հնագոյն կրկնագիրերէն ամենէն ծանօթը այսպէս կոչուած «Եփրեմեան գիր»ն է, որ կը վերագրուի Ե. դարուն: «Եփրեմեան գիր»ի հին՝ սրբուած շերտը կը պարունակէ հատուածներ Հին եւ Նոր կտակարանի քանի մը գիրքերէ: Դարեր ետք՝ 12-րդ դարուն անոնց վրայ գրուած են նշանաւոր ասորի քրիստոնեայ գրող, աստուածաբան, եկեղեցւոյ հայր, ընդհանրական եկեղեցւոյ՝ ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Սուրբ Եփրեմ Ասորիին ճառերը՝ անոր երեսունութ քարոզներուն յունարէն թարգմանութիւնը։

Զանազան կարծիքներ կան այն մասին, թէ ո՛ւր ստեղծուած է «Եփրեմեան գիր»ը. հիմնական վարկածը այն է, որ անիկա գրի առնուած է Եգիպտոս։ Եփրեմեան ձեռագիրը գիտնականները կը նկատեն յունարէն Աստուածաշունչի յունական գիրի գեղագիր տարբերակով գրուած չորս կարեւոր ձեռագրերէն մէկը։

Այս պատմական կրկնագիրը կը պահուի Ֆրանսայի Ազգային գրադարանէն ներս:

1926 թուականին ի յայտ եկած է այսպէս կոչուած «Լէյտէնի կրկնագիրը», որ կը պարունակէ Սոփոկլէսի ողբերգութիւններուն թեքստերը: «Լէյտէնի կրկնագիր»ի Սոփոկլէսի երկերուն՝ մինչեւ այժմ յայտնի ամենահին ամբողջական ձեռագիրը։

Իրաւունքի բնագաւառի գրութիւն պարունակող ամենայայտնի կրկնագիրը յայտնաբերուած է պատմաբան Պարթհոլտ Ժորժ Նիպուրի կողմէ 1816 թուականին՝ Վերոնայի տաճարի գրադարանին մէջ: Հիէրոնիմոսի նամակներու ձեռագրին տակ պահպանուած է հռոմէացի իրաւաբան Կայոսի «Institutiones» նշանաւոր աշխատութիւնը:

Կրկնագրերը հիմնականօրէն ստեղծուած են մագաղաթի վրայ, բայց կան նաեւ քիչ թիւով սրբուած պապիրոսներ՝ պրտաթուղթեր, որոնց վրայ նոյնպէս նոր գրութիւններ գրուած են: Սակայն պապիրոսը սրբելը շատ աւելի տանջալի է եւ յատուկ հմտութիւն կը պահանջէ, քանի որ կրնայ վնասուիլ բուսաթուղթը: Պապիրոսին համեմատ մագաղաթին առաւելութիւնները ակնյայտ են եւ մագաղաթը աւելի լայն կիրարկութիւն գտած է, քան պապիրոս բոյսին միջուկէն ստացուած պապիրոս թղթանման նիւթը: Մագաղաթի երկու երեսին կարելի եղած է գրել եւ առաւելութիւններէն մէկն ալ, ինչպէս ըսինք, լուալու եւ կրկին գրելու առաւելութիւնն է: Թերեւս այդ մէկը դարեր առաջ անպատեհութիւն կը նկատուէր, քանի որ ուսումնասիրողները կը ջանային կարդալ սրբուած շերտերը եւ միշտ չէ, որ կը տեսնէին, սակայն ժամանակակից սարքերը եւ մասնագիտացած լոյսերը կու տան անոր հնարաւորութիւնը:

Մագաղաթին յաջորդ առաւելութիւնը՝ բուսաթուղթին նկատմամբ, այն է, որ մագաղաթէն կարելի է գիրքեր կազմել, կարել էջերը եւ զայն ամրացնել ամուր կողքով:

Անշուշտ, այսօր բնապահպանները հաշտ աչքով չեն նայիր մորթուած կենդանիներու կաշիով ստեղծուած գիրքերուն, մանաւանդ երբ յայտնի կը դառնայ, որ կենդանիները յաճախ մորթած են ոչ թէ միսը գործածելու, այլ կաշին մշակելու համար: Ամենաթանկարժէք մագաղաթները պատրաստուած են տակաւին լոյս աշխարհ չեկած կենդանիներու կաշիներով: Արցախի, Աղձնիքի եւ այլ վայրերու մէջ մագաղաթ պատրաստած են նաեւ աւանակի կաշիով, որ դժուար մշակելի է:

Նմանապէս պատմութեան մէջ նաեւ ատեն-ատեն շարժում կը սկսի անտառներ հատելու, փայտէն թուղթ ստանալու եւ անոր վրայ գիրքեր տպագրելու դէմ, բայց միւս կողմէն ալ ակնյայտ է, որ հնագոյն դարերէն մեզի հասած են անփոխարինելի տեղեկութիւններ, որոնք միայն մագաղաթներու եւ տպագիր գիրքերու միջոցով պահպանուած են: Մարդկութեան պատմութեան ծանօթ են այն զոհողութիւնները, որոնց գնով գրիչները, յետագային տպագրիչները մագաղաթ եւ թուղթ ստեղծած են, իսկ յետոյ ալ անոնք կամ ուրիշներ միջոցներ ներդրած են զանոնք փրկելու, պահպանելու համար:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ նոյնպէս այդպիսի դրուագներ պահպանուած են: 1668 թուականին, օրինակ Մարգարիտ անունով հայուհի մը երկու եզ, երկու ձի եւ մէկ կով տալով գնած է «Արթիկի Աւետարանը», որ այսօր կը պահուի Մաշտոցեան մատենադարանին մէջ: Իսկ այդ ընտանի անասունները գիւղացիին եկամուտի միակ աղբիւներն էին, ուստի կարելի է ըսել, որ ան տուած է իր ունեցուածքը:

Ծանօթ են նաեւ գաղթի ճամբաներէն քալած ձեռագիր հայերէն մատեաններ, հուրի եւ սուրի բերնէն ազատած մատեաններ, զորս հայութեան վերադարձնելու համար հսկայական գումարներ ծախսուած են: Անոնց մէկ մասին փրկութիւնը յաճախ հրաշքի նմանած է եւ այդ պատմութիւնները նոյն հայատառ մագաղաթեայ ձեռագրերուն հետ կը պահուին Մաշտոցեան մատենադարանը, Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբեանց վանքը, Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութիւններու ձեռագրատուներուն մէջ, Նոր Ջուղայի Ամենափրկիչ վանքէն ներս, Լոնտոնի Բրիտանական թանգարանը, Փարիզի Ազգային գրադարանը, Օքսֆորտի Պոտլերեան գրադարանը, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը, Ռուսաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ արեւելագիտութեան կաճառի Սեն Փեթերսպուրկի բաժանմունքին մէջ եւ այլ տեղեր:

Մագաղթաշինութեան ասպարէզին մէջ հայերը մեծ փորձ ունէին: Նշանաւոր գրչատուներուն մէջ գիր ստեղծելու զուգահեռ կը մասնագիտանային նաեւ կաշին մշակելու, զայն յղկելու, բնական աղերու մէջ պահելու եւ գրութեան համար պատրաստելու գործով: Այդպիսի նշանաւոր կեդրոններ էին Անին, Սիսը, Երզնկան, Կարինը, Դուինը: Հայերը նաեւ մագաղաթ կը վաճառէին այլ ազգերու վաճառականներուն:

Մագաղաթին հետ կապուած հայոց հնագոյն աւանդոյթներէն մէկն ալ այն է, որ հայերը իրենց աղջիկները կոչած են «Մագաղաթ», անձնանուններու մէջ հազուագիւտ այս անունով աղջիկներ եղած են անցեալին: Այդ մէկը, հաւանաբար թէ՛ որպէս նրբութիւն եւ թէ՛ որպէս կատարելութիւն կ՚ընկալուի, այնպէս ինչպէս մեր ձեռագիր մատեաններն են՝ դարերու փորձութիւններուն դիմացած եւ այսօր լաւագոյն սրահներուն մէջ բազմած:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2021