ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԿԻՐՔԵՐ, ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ, ՊՐԿՈՒԱԾ ՋԻՂԵՐ…

Աշխարհը կրկին մտաւ ֆութպոլային անողոք կիրքերուն յորձանուտը: Ֆութպոլը, այո՛, անողոք աշխարհ մըն է զայն սիրողներուն, որոնք իրենց սէրն ու կիրքը վայելելու համար ոչինչ կը խնայեն: Միլիառաւոր ֆութպոլասէրներ անհամբերութեամբ կը սպասէին ֆութպոլի աշխարհի 22-րդ առաջնութեան, որ այս տարի կը թուի ըլլալ աննախադէպ: Աննախադէպ նախ անով, որ աշխարհի առաջին բաժակն է, որ տեղի պիտի ունենայ արաբական աշխարհին մէջ եւ առաջին անգամ մահմետական մեծամասնութեամբ երկրի մը մէջ: Առաջին առաջնութիւնը պիտի ըլլայ, որ ամրան տեղի պիտի ունենայ: Քաթարի մէջ, նոյեմբեր-դեկտեմբերի օրերուն, երբ տեղի կ՚ունենան խաղերը, օդին ջերմաստիճանը շուրջ 30 աստիճանի կրնայ հասնիլ: Մարզադաշտերը, ուր պիտի կայանան հաւաքականներուն հանդիպումները, ապահովուած են աննախադէպ չափերու հասնող օդափոխիչներով եւ օդամղիչներով, որոնք պիտի աշխատցուին նորագոյն միջոցներով՝ մաքրելով դահլիճներուն, խաղադաշտերուն, հանդերձարաններուն եւ բոլոր օժանդակ վայրերուն օդը, թարմ օդ մղելով եւ պաղեցնելով զանոնք: Արդէն յայտարարուած է, որ վիթխարի քանակով ելեկտրականութիւնը ստացուած է տանիքներուն դրուած արեւային կայաններու միջոցով եւ այդ ձեւով բնապահպանական մեծ հարց մը լուծուած է:

Քաթարի մայրաքաղաքը՝ Տոհայի Էլ Հաուր շրջանին «Էլ Պայթ» մարզադաշտին մէջ, Քաթար-Էքուատոր խաղէն առաջ, տեղի ունեցած շքեղ բացումը տակաւին երկար ժամանակ կը յիշեն մարզասէրները եւ բոլոր անոնք, որոնք հետեւեցան բացումին զուտ որպէս մշակութային ձեռնարկ: Տանտէրներու մասնակցութեամբ աշխարհի առաջնութեան մեկնարկը նորութիւն չէ, այդ մէկը ՖԻՖԱ-ի աւանդական մօտեցումներէն է: Աշխարհի առաջնութեան պիտի մասնակցի 32 երկրի ազգային հաւաքական։ Ռուսաստանը, ինչպէս ծանօթ է, նկատուած է որպէս զաւթիչ ու նախայարձակ երկիր եւ զրկուած է այս առաջնութեան ուղեգիր ստանալու իրաւունքէն…

Շատեր, անշուշտ, աշխարհի այս առաջնութեան բացումը դիտած են՝ անգամ մը եւս զարմանալով գումարի այն հսկայական չափին, որ ծախսուած է այսպիսի փառաւոր բացում մը կազմակերպելու համար: Մարզադաշտերը, ուր տեղի պիտի ունենան խաղերը, նոյնպէս պակաս նիւթական միջոցներ չեն խլած կազմակերպիչներէն: Ընդամէնը երկու տարի առաջ Քաթարի մէջ հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ «Ադամանդ անապատին մէջ» անուանումը ստացած մարզադաշտը, որ նախատեսուած է 40 հազար հանդիսականի համար: Անիկա մէկն է ութ մարզադաշտերէն, որոնք պիտի գործածուին Ֆութպոլի համաշխարհային 2022-ի առաջնութեան ժամանակ:

Ժամանակակից այս մարզադաշտը կը ներկայանայ եռանկիւն ձեւաւորումով՝ բարդ, ադամանդանման նախշերով: Այնպէս շինուած է, որ երբ արեւին շողերը իյնան կառոյցին վրայ, ճակատամասին գոյները պիտի փոխուին: Եթէ նկատի առնենք, որ Քաթարի մէջ արեւի պակաս չկայ, ուրեմն մարզադաշտի ճակատամասին գոյները անվերջ պիտի փոխուին՝ շլացնելով Քաթար ժամանած հարիւր հազարաւոր հիւերը: Այս մարզադաշտը Քաթարի մէջ առաջինն է, որ արժանացած է «հինգ աստղ» նշանին, միւս բոլոր մարզադաշտերը չորս աստղ ունին: «Ադամանդ անապատին մէջ» մարզադաշտին կառուցման համար օգտագործուած նիւթերուն 25 տոկոսը վերամշակուած է, որով ան նուաճած է որակի այլ չափանիշներ եւս:

Այս մրցաշարին համար կառուցուած միւս մարզադաշտերն են «Խալիֆա միջազգային մարզադաշտ»ը ու «Ալ Ճանուպ»ը:

Քաթարի կառավարութիւնը նոր մարզադաշտեր ունենալու աշխատանքներուն սկսած է տակաւին 12 տարի առաջ՝ 2010 թուականին, երբ վաստկած է առաջնութիւնը իր երկրին մէջ ըլլալուն իրաւունքը: Արեւմտեան մամուլը, մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւնները եւ բնապահպանական եւրոպական կառոյցները ուշի ուշով հետեւած են բոլոր աշխատանքներուն՝ յայտնաբերելու խախտումներ եւ առիթը որսալով՝ քննադատելու Քաթարը, որ բոլոր այդ կազմակերպութիւններուն դիտարկմամբ, ասիական երկիր մըն է, ուր կ՚ոտնահարուին մարդու իրաւունքները, մարդիկ կը ճնշուին իրենց քաղաքական հայեացքներուն համար, կը շահագործուի աժան աշխատուժը եւ կը խախտուին բնապահպանական կանոնները՝ սպառելով շատ ելեկտրականութիւն՝ տուներու եւ գրասենեակներու զովացման համար: Եւրոպական մամուլը, օրինակ, գրած է, թէ մինչեւ 2021-ի սկզիբը այդ մարզադաշտերուն եւ կից ենթակառոյցներուն շինարարութեան ժամանակ մահացած են շուրջ 6 հազար 500 ներգաղթեալ գործաւորներ՝ ասիական աղքատ եւ յետամնաց երկիրներէ, որոնք Քաթար գացած են իբրեւ աժան աշխատուժ եւ ներգրաւուած են մեծածաւալ շինարարութեան մէջ: Իբրեւ անոնց մահուան հիմնական պատճառներ կը նշուին աշխատանքի եւ ապրելակերպի ցած պայմաններ, հիւանդութիւններ եւ անվտանգութեան կանոններու անտեսում: Այդ մարդոց մահուան հանգամանքները մինչեւ հիմա կը քննեն միջազգային համապատասխան կառոյցները, բայց Քաթարի իշխանութիւնները բաւարար տեղեկութիւններ չեն տրամադրեր այդ կազմակերպութիւններուն, աւելին՝ չեն ընդունիր բոլոր նշուած մեղադրանքները եւ կը նշեն, որ որեւէ ընդարձակ գործ զերծ չէ թերութիւններէ, իսկ ատոնք ուղղման ենթակայ են:

Ատկէ զատ Քաթարի հասցէին չարաշահումի մեղադրանքներ հնչեցին այս առաջնութեան իրաւունքը ձեռք բերելու համար: ՖԻՖԱ-ն պաշտօնապէս մերժած է այս մեղադրանքները: 2015 թուականին Զուիցերիոյ իրաւապահները քրէական գործ յարուցած են 2018 եւ 2022 թուականներու աշխարհի առաջնութեան դիմումներու հաստատման գործընթացին շուրջ:

2018 թուականին ՖԻՖԱ-ի նախկին նախագահ Սեփ Պլաթեր խոստովանած է, որ Քաթարը օգտագործած է «սեւ խողովակները»՝ ազդելու կոմիտէին որոշումներուն վրայ: Սակայն, միւս կողմէ կը յայտարարուի, որ Քաթարը առանձնապէս եկամուտներ չի սպասեր այս առաջնութենէն, իսկ ստացուած եկամուտը չնչին պիտի ըլլայ այն ծախսուածին համետատ, որ երկիրը տասներկու տարիէ ի վեր շռայլօրէն կը ծախսէ այս օրուան հասնելու համար:

Ֆութպոլի աշխարհի այս առաջնութենէն ակնկալուող եկամուտը 5.5 միլիառ տոլարէն պակաս է, որ ոմանք ծիծաղելի կը նկատեն երկրի մը համար, որ այս միջոցառման կազմակերպման համար ծախսած է առնուազն 220 միլիառ տոլար:

Ակնյայտ է, որ այս մրցաշարը ընդունիլը այլ նշանակութիւն ունի Քաթարի համար. ան աւելի շատ երկրին վարկանիշը բարձրացնելու ջանք կը գործադրէ, քան՝ եկամուտ ունենալու: Ըլլալով առաջին արաբական երկիրը, ուր տեղի կ՚ունենայ ֆութպոլի աշխարհի առաջնութիւնը, արդէն իսկ պատմական նուաճում է եւ հարուստ երկրի մը համար աւելին է, քան՝ «քարիւղային» մսխուած տոլարները: Փորձագէտները համեմատած են Համաշխարհային ֆութպոլի առաջնութեան վրայ նախորդ հիւրընկալած երկրին ծախսած գումարները եւ յայտնած, որ 2018 թուականի առաջնութեան համար Ռուսաստանը ծախսած է 11 միլիառ 600 միլիոն տոլար: Ռուսաստանի մէջ նոյնպէս նոր կառոյցներ շինուած են առաջնութեան համար, բայց Քաթարին մէջ կառուցուած մարզադաշտերը, առեւտուրի եւ ժամանցի կեդրոնները, ճանապարհները, հիւանդանոցները, պանդոկները, նոյնիսկ նոր օդակայանն ու մեթրոն անհամեմատելի են իրենց չափերով եւ նոր տեսքով:

Մօտաւորապէս 1 միլիոն 200 հազար զբօսաշրջիկներ ամրագրած են իրենց տեղերը՝ պանդոկներու եւ մարզադաշտերու մէջ, իսկ մրցաշարի տոմսերը սպառած են: 5 միլիառ մարդ ալ, ըստ դիտարկումներու, առաջնութեան կը հետեւի հեռատեսիլով:

Խաղերը նախատեսուած են հինգ քաղաքներու ութ մարզադաշտերուն մէջ: Երկրին օդակայանները կ՚աշխատին գերծանրաբեռնուած, բայց կանոնաւոր եւ կազմակերպուած ձեւով, երկրին մէջ վերջին սթափութեան բերուած է անվտանգութիւնը:

Հակառակ այս ամէն ինչին՝ ճիշդ տասներկու տարի է, որ արեւմտեան աշխարհը չի դադրիր քննադատելէ ՖԻՖԱ-ն՝ Համաշխարհային առաջնութիւնը Քաթարին վստահելու համար, նոյնիսկ որոշ հաւաքականներ ու անոնց երկրպագուները որոշած էին պոյքոթել առաջնութիւնը, սակայն երկիրներուն կառավարութիւնները աւելի զուսպ գտնուելով, յայտարարած են, թէ դէմ են նման պայքարի եւ խզումի միջոցներուն:

Ֆութպոլի աշխարհի գործող ախոյաններուն պետութեան ղեկավարը՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, օրեր առաջ յայտարարեց, որ ինք նոյնպէս դէմ է պոյքոթին եւ որ բնապահպանական հարցերուն, մարդու իրաւունքներուն առընչուող խնդիրները պէտք է նախօրօք դիտարկուին եւ երբ արդէն սկսած է առաջնութիւնը, բողոքի գործողութիւնները անիմաստ են: Ընդհակառակը, կոչեր կը հնչեն, որ եկէ՛ք այս առաջնութեամբ խաղաղեցնեք փոթորկած աշխարհը, հարթեցնենք գերտէրութիւններուն լարուած յարաբերութիւնները:

Այս առաջնութիւնը իսկապէս աշխարհի համար ցաւալի ժամանակաշրջանի մը ընթացքին կ՚իրականանայ. Եւրոպայի մէջ պատերազմ է, լարումներ կան նաեւ աշխարհի այլ անկիւններուն մէջ: Ահաբեկչութիւնը, մարդածին վտանգները անպակաս են ժամանակակից աշխարհէն եւ ՖԻՖԱ-ի ղեկավար Ճաննի Ինֆանթինոյի համոզմամբ, թերեւս նոյնինքն՝ ֆութպոլը կրնայ միաւորել մարդիկը՝ խաղաղութեան, ապահով ներկայի եւ ապագայի շուրջ: Ինֆանթինօ դիմած է գերտէրութիւններու ղեկավարներուն եւ աշխարհը կառավարող ուժերուն՝ մտածելու Համաշխարհային ֆութպոլի առաջնութեան օրերուն կնքել զինադադար եւ մտածել ոչ թէ սպանութիւններու, աւերումներու, այլ՝ կեանքի, ուրախութեան եւ արարումներու մասին:

ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԵՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ

Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութիւնը ամենէն վարկանիշային ֆութպոլի մրցաշարքն է աշխարհի մէջ, ամենէն շատ դիտուող մարզական մրցոյթն է, որ դիտումներու քանակով առաջ անցած է նոյնիսկ Ողիմպիական խաղերէն:

Ինչպէս ծանօթ է՝ Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութիւնը՝ Մոնտիալը, առաջին անգամ տեղի ունեցած է 1930 թուականին։ 1942 եւ 1946 թուականներուն՝ Երկրորդ աշխարհամարտին պատճառով, այս մրցաշարքը չէ իրականացուած։

Այդ նոյն ընթացքին, երբ Եւրոպայի մէջ կը մոլեգնէր պատերազմը, Արժանթինի ու Պրազիլի մէջ ֆութպոլը մեծ զարգացում կ՚ապրէր:

Պատերազմի աւարտէն ետք, երբ կրկին որոշուած է ախոյենութիւններ կազմակերպել, Պրազիլը միակ երկիրը եղած է, որ կարող էր հիւրընկալել: Այդ ժամանակ ալ՝ 1946 թուականի Աշխարհի բաժակը վերակոչուած է Աշխարհի ախոյենութիւն, իսկ յաղթող հաւաքականին տրուող մրցանակը կոչուած է Ժիւլ Ռիմէի՝ ՖԻՖԱ-ի նախագահի պատուին, որ 1930 թուականին առաջին անգամ կազմակերպած է Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութիւնը:

Բաժակը նախ զուիցերական դրամատան իտալական բաժանմունքին մէջ պահուած է: Իսկ երբ պատերազմը սկսած է, Իտալիոյ ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Օտորինօ Պարասի, ձեւով մը կրցած է բաժակը իր հսկողութեան տակ առնել: Գերմանացի ու իտալացի ֆաշականները անոր տունը բազմիցս խուզարկած են, սակայն ոչինչ գտած են: Բաժակը պատերազմի ամբողջ ընթացքին Պարասիի մահճակալին տակ պահուած է հին իրերուն հետ:

1966 թուականին աշխարհի առաջնութեան բաժակը Անգլիոյ մէջ Մոնտիալի մեկնարկէն առաջ Ուէսթմինսթըրեան ամրոցին մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսին ժամանակ գողցած են, սակայն առաջնութեան մեկնարկէն քանի մը օր վերջ զայն գտած է Փիքըլզ անունով շունը, որ իր տիրոջ հետ զբօսայգիին մէջ զբօսնելու ժամանակ գտած է ֆութպոլի այս հեղինակաւոր մրցանակը: Բաժակը Լոնտոնի այգիներէն մէկուն մէջ պահուած է թուփերուն տակ: Փիքըլզ մեծ ճանաչում ձեռք բերած է Անգլիոյ մէջ. կենդանիներուն համար սնունդ արտադրող ընկերութիւններէն մէկը անոր համար ամէն օր անվճար ուտելիք տրամադրած է, իսկ Փիքըլզին տիրոջ թոյլատրուած է իր շունին հետ անվճար ներկայ գտնուիլ ֆութպոլի բոլոր հանդիպումներուն:

Անկէ ետք ՖԻՖԱ-ն խստացուցած է բաժակը պահելու կանոնները: Յաղթող երկիրը պէտք է դրամատան աւանդ ներդնէր անոր արժողութեամբ, որմէ ետք միայն կը թոյլատրուէր մինչեւ յաջորդ ախոյենութիւնը զայն իր մօտ պահել:

1970 թուականին, երբ Պրազիլ երրորդ անգամ նուաճած է աշխարհի ախոյեանի կոչումը՝ բաժակը անվերադարձ յանձնած են անոնց: 1983 թուականին բաժակը կրկին գողցած են եւ հակառակ որոնողական աշխատանքներուն՝ չեն յաջողած գտնել: Այժմ Պրազիլի մէջ կը պահուի բաժակին կրկնօրինակը, որ գրեթէ ոչինչով կը տարբերի բնօրինակէն:

1974 թուականէն սկսեալ Համաշխարհային ախոյենութեան յաղթողը կը ստանայ նոր բաժակ, որ կը կոչուի ՖԻՖԱ-ի Աշխարհի բաժակ: Անիկա ձոյլ ոսկի է, զայն պատրաստած է իտալացի ձեւագէտ-ոսկերիչ Սիլվիօ Կազանիկա: Բաժակը կը կշռէ 4 քկ. 970 կրամ եւ ունի 35 սմ. երկարութիւն: ՖԻՖԱ-ն աշխարհի բաժակը ապահովագրած է 230 հազար տոլարով: Բաժակը նորով չի փոխարինուիր, մինչեւ որ յաղթող հաւաքականներու անուններուն գրառումներով չգոցուի, իսկ այդ մէկը չի կրնար տեղի ունենալ մինչեւ 2038 թուականը։

Հնդկաստանի ազգային հաւաքականը հրաժարած է մասնակցիլ 1950-ի աշխարհի ախոյենութեան, քանի չեն արտօնուած խաղալ առանց խաղակօշիկներու:

Ըստ վերլուծողներուն, աշխարհի ախոյենութիւններուն ամենէն «կոշտ» հանդիպումը տեղի ունեցած է Փորթուգալի եւ Հոլանտայի միջեւ: 2006 թուականի ախոյենութեան հանդիպման ընթացքին ռուս մրցավար Վալենթին Իվանով 16 դեղին քարտ ցոյց տուած է, չորս ֆութպոլիստ հեռացուած է խաղադաշտէն:

Գերմանիոյ ազգային հաւաքականի նախկին դարպասապահ Օլիվէր Քան իր ձախ աչքին հետ խնդիրներ ունի՝ վատ կը տեսնէ, սակայն այդ մէկը չի խանգարեր զայն՝ դառնալ աշխարհի լաւագոյն դարպասապահներէն մին:

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութեան ժամանակ արձանագրուած առաջին կոլը եղած է ինքնակոլ:

Աշխարհի ախոյենութիւններուն ժամանակ ամենաքիչ հանդիսատեսը եղած է 1930 թուականին Ուրուկուայի մէջ կայացած ախոյենութեան խաղերէն մէկուն ժամանակ՝ ընդամէնը 300 ֆութպոլասէր:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2022