«ՅՈՅՍԻ ՄԵՂԵԴԻՆԵՐ»

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Նիւ Եոր­քի յա­տուկ ձեռ­նարկ­նե­րու յանձ­նա­խում­բը վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պեց իր ու­թե­րորդ տա­րե­կան հա­մեր­գը, ո­րով հան­գա­նա­կուած 50 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լա­րը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի յատ­կա­ցուի ի նպաստ կա­տա­րո­ղա­կան ա­րուեստ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու։ 2015-ի տա­րե­լի­ցին շրջագ­ծով «Քար­նե­կի հոլ»ին մէջ ի­րա­կա­նա­ցուած, «Յոյ­սի մե­ղե­դի­ներ» խո­րագ­րեալ փայ­լուն ձեռ­նար­կը ար­ձա­նագ­րեց գե­րա­զանց յա­ջո­ղու­թիւն՝ ստեղ­ծե­լով լայն ար­ձա­գանգ։ Ի­նն ա­րուես­տա­գէտ­ներ եւ հա­րիւ­րա­ւոր հան­դի­սա­կան­ներ հա­ւա­քուած էին «Քար­նե­կի հո­լ­»ի «Ո­ւէյլ ռի­սայ­թըլ հո­լ­»ին մէջ, մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Նիւ Եոր­քի Յա­տուկ ձեռ­նարկ­նե­րու յանձ­նա­խում­բի նա­խա­ձեռ­նած կա­տա­րո­ղա­կան ա­րուեստ­նե­րու հա­մեր­գին: Ե­րաժշ­տա­կան ե­րե­կոն, որ խո­րագ­րուած էր «Յոյ­սի մե­ղե­դի­նե­ր», կը յի­շա­տա­կէր Ե­ղեռ­նի 100-ա­մեա­կը: Ձեռ­նար­կին իբր ար­դիւնք գո­յա­ցաւ 50 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի գու­մար մը, ի նպաստ աշ­խար­հի տա­րած­քին կա­տա­րո­ղա­կան ա­րուեստ­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեանց:

Ե­րեր­կո­յի յայ­տագ­րին կը մաս­նակ­ցէին ա­րուես­տա­գէտ­ներ Հա­յաս­տա­նէն, Աւստ­րիա­յէն, Գա­նա­տա­յէն, Չի­նաս­տա­նէն, Մա­կե­դո­նիա­յէն, Փոր­թու­գա­լէն եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն: Բո­լո­րին պա­րա­գա­յին ալ ա­սի­կա ի­րենց ա­ռա­ջին մաս­նակ­ցու­թիւնն էր՝ կա­տա­րո­ղա­կան ա­րուեստ­նե­րու հա­մերգ­նե­րու այս շար­քին: Ա­նոնք Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ­) Կա­տա­րո­ղա­կան ա­րուեստ­նե­րու կրթա­կան մրցա­նակ­ներ ստա­ցած էին, ինչ որ օգ­նած էր ի­րենց ու­սու­մը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու եւ տա­ղանդ­նե­րը մշա­կե­լու ե­րաժշ­տա­կան ա­նուա­նի հա­սա­տու­թիւն­նե­րէ ներս, ինչ­պէս Cologne High Institute of Music, Mannes School of Music, Monash University of Melbourne, Manhattan School of Music եւ Shanghai Music Conservatory։­

Այս տա­րուան ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին խում­բին մաս կը կազ­մէին՝ Ար­փի­նէ Ա­զա­տեան (ջու­թակ), Սօ­նա Բար­սե­ղեան (դաշ­նակ), Վաս­քօ Տու­քովս­քի (տու­տուկ եւ քլա­րի­նէթ), Լուք Րետք­լիֆ Խա­չա­տու­րեան (դաշ­նակ), Ար­թիւր Մու­րա­տեան (ջու­թակ եւ վիո­լա), Թա­լին Նալ­պան­տեան (մեց­ցօ սոփ­րա­նօ), Աստ­ղիկ Պօ­ղո­սեան (ջու­թակ), Թա­մա­րա Սե­ւունց (դե­րա­սան եւ բա­նաս­տեղ­ծու­հի) եւ Էյ­մի Չէօփ­ճեան (թաւ­ջու­թակ): Հա­մեր­գի ա­ւար­տին, Սե­ւունց շեշ­տեց ե­րի­տա­սարդ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը ի մի բե­րող այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: «Ին­ծի հա­մար դժուար է ի­րա­պէս ար­տա­յայ­տել, թէ ինչ­պի­սի հո­յա­կապ զգա­ցում մըն է նման ա­նուա­նի բե­մի մը վրայ հա­մա­խումբ գտնուի­լը ա­րուես­տի նոյն կիր­քը բաժ­նող ան­հատ­նե­րու հետ, ո­րոնք կու գան աշ­խար­հի բո­լոր կող­մե­րէն: Ա­ւե­լի քան ե­րախ­տա­պարտ կը զգամ այս ա­ռի­թին հա­մար, խան­դա­վառ նաեւ աս­կէ բխող կա­րե­լիու­թիւն­նե­րով: Հա­մո­զուած եմ, որ հա­մայն­քը եւ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը խո­րա­պէս կ­­՚ըմբռ­նեն, թէ բարձ­րո­րակ ա­րուես­տը եւ այն բուռն սէ­րը, ո­րով մենք զմեզ նուի­րած ենք ա­նոր, ան­պայ­ման ճամ­բայ պի­տի հար­թեն հայ հա­մայնք­նե­րու կեն­սու­նա­կու­թեա­ն», ը­սաւ ան:

Ե­րե­կո­յի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վարն էր Աստ­ղիկ Պօ­ղո­սեան, որ յայ­տագ­րի բա­ցու­մը կա­տա­րեց, բա­ցատ­րե­լով ա­նոր յատ­կան­շա­կան բնոյ­թը: «Այս տա­րուան հա­մեր­գը մաս­նա­ւո­րա­բար յա­տուկ բնոյթ ու­նի, ո­րով­հե­րեւ ան կը նշէ Հա­յոց ե­ղեռ­նի հա­րիւ­րա­մեա­կը: Մինչ այս յատ­կան­շա­կան տա­րին կը մօ­տե­նայ իր ա­ւար­տին, մենք այս­տեղ ենք նշե­լու հա­րիւ­րա­մեա­կը, ե­րաժշ­տու­թեամբ, դրա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով եւ մեր էու­թիւ­նը կազ­մող եւ մեզ միա­ւո­րող լա­ւա­տե­սու­թեան ո­գիով: Այ­սօր դուք պի­տի ունկնդ­րէք մե­ղե­դի­ներ նուի­րուած խա­ղա­ղու­թեան, որ մեր բո­լո­րիս բաղ­ձանքն է, մե­ղե­դի­ներ հպար­տու­թեան, որ մեր հա­րուստ ժա­ռան­գին գի­տակ­ցու­թեամբ մենք մեր հետ կը պտըտց­նենք ա­մէ­նուր, նաեւ մե­ղե­դի­ներ յոյ­սի՝ որ մեզ պի­տի ա­ռաջ­նոր­դէ դէ­պի փայ­լուն ա­պա­գա­յ», նշեց ան:

Հա­մեր­գի ընտ­րա­նի յայ­տա­գի­րը կազ­մուած էր ա­րեւմ­տեան դա­սա­կան եւ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան նմոյշ­նե­րով՝ Շա­րա­ֆեան, Շոս­թա­քո­վիչ, Ռախ­մա­նի­նով, Սա­րեան եւ Պե­թհո­վէն: «Քար­նե­կի հո­լ­»ի մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով նաեւ հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ «Սա­յաթ Նո­վա» ե­րաժշ­տա­կան մի­ջազ­գա­յին մրցու­մին շա­հող յօ­րի­նու­մը՝ «­Գող­գո­թա­յի ծա­ղիկ­նե­ր», ո­րուն հե­ղի­նակն էր՝ Յո­վիկ Սար­տա­րեան: Յայ­տագ­րին մաս կը կազ­մէր նաեւ աս­մուն­քա­յին կա­տա­րո­ղու­թիւն՝ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի եւ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րէն: Ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ Կո­մի­տա­սի ժո­ղովր­դա­յին եր­գը՝ «Ծի­ծեռ­նա­կ­»ը, իւ­րա­յա­տուկ կեր­պով մշա­կուած Շանկ­հա­յի ե­րաժշ­տա­նո­ցի ու­սա­նող Եէնկ Եի­յի կող­մէ, որ­պէս նուէր եւ յար­գա­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն՝ ի պա­տիւ Հա­յոց ե­ղեռ­նի յի­շա­տա­կին:

ՀԲԸՄ­-ի Կա­տա­րո­ղա­կան ա­րուեստ­նե­րու բաժ­նի տնօ­րէն Տքթ. Հայկ Ար­սէ­նեան խօ­սե­լով այս տա­րուան հա­մեր­գի յա­տուկ խո­րագ­րին մա­սին՝ ը­սաւ. «Այս տա­րի ու­զե­ցինք հան­դի­սա­կան­նե­րը հա­ղոր­դա­կից դարձ­նել մեր ժո­ղո­վուր­դի հի­նէն ե­կող  ե­րաժշ­տա­կան ա­ւան­դին, միջ­նա­դա­րէն մին­չեւ ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուես­տի գոր­ծե­րով, ցոյց տա­լու հա­մար մեր մշա­կոյ­թի կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը, նաեւ քա­ջա­լե­րե­լու աշ­խար­հի տա­րած­քին մեր ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը, մղե­լով զի­րենք նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու»:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2015