ՇՆՉՈՂ ԲԵ­ԿՈՐ­ՆԵՐ

Վեր­ջերս հա­մա­ցան­ցի լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը ո­ղո­ղուած են Գա­նա­տա ժա­մա­նող սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րու լու­րե­րով, լու­սան­կար­նե­րով և տե­սա­նիւ­թե­րով: Պա­տե­րազ­մա­կան ար­հա­ւիրք­նե­րու, ան­մարդ­կա­յին ո­ճիր­նե­րու ոչ միայն ա­կա­նա­տես­ներն են ա­նոնք, այլ իւ­րա­քան­չիւր Գա­նա­տա կամ այ­լուր հաս­նող սու­րիա­ցի ըն­տա­նիք կամ ան­հատ, բա­ցի նիւ­թա­կան կո­րուստ­նե­րէն հո­գե­կան անջն­ջե­լի խոր դրոշմ­ներ կը կրէ, ո­րոնք յա­ռա­ջա­ցած են ան­մո­ռա­նա­լի հո­գե­կան կո­րուստ­նե­րէ, նոյ­նինքն ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րու կամ ալ ըն­տա­նի­քին մօտ պա­րա­գա­նե­րէն ո­մանց:

Ա­հա­ւա­սիկ լու­սան­կար մը, որ կը պատ­կե­րէ եր­կու մի­ջին տա­րի­քի տղա­մար­դոց գիր­կըն­խառ­նու­մը: Հա­լէ­պէն Գա­նա­տա հա­սած տղա­մարդն ու ու­թա­մեայ դուստ­րը դի­մա­ւո­րած է զի­րենք ե­րաշ­խա­ւո­րող գա­նա­տա­հայ ծա­նօ­թը: Լու­սան­կա­րին տակ ար­ձա­նագ­րուած են տուեալ ան­ձե­րուն ա­նուն­նե­րը, ինչ­պէս նաև տե­ղե­կա­ցուած է հա­լէ­պա­հա­յուն կնոջ և քե­նիին հրթի­ռար­ձակ­ման զո­հեր ըլ­լա­լուն մա­սին:

 * * *

Սէր­լի, խա­ղա­վայր եր­թա՞նք,- կ՚ա­ռա­ջար­կեմ վե­ցա­մեայ եր­բեմ­նի ճլվլուն, բայց ինք­նամ­փոփ ման­կի­կին, զինք հե­ռաց­նե­լու սևազ­գեստ կի­նե­րու, հի­ւան­դա­գին, տժգոյն դէմ­քե­րու և մա­նա­ւանդ գթոտ նա­յուածք­նե­րու ճնշող մթնո­լոր­տէն:

Սէր­լին կը նա­յի իմ ալ տժգոյն դէմ­քիս ու սևա­ծածկ ար­տա­քի­նիս, բայց ժպի­տիս և մա՛­նա­ւանդ խա­ղա­վայր տա­նե­լու ա­ռա­ջար­կիս ըն­դա­ռա­ջե­լով կը ժպտի ու.

Ի­րա՞ւ, զիս խա­ղա­վայր պի­տի տա­նի՞ս,- կը հարց­նէ և գլ­խով ա­յոս նկա­տե­լով,- եր­թա՛նք ու­րեմն,- ցատկռ­տե­լով կը պա­տաս­խա­նէ ման­կի­կը:

Սէր­լին փնտռտու­քի մէջ է, չի գի­տեր ի՛նչ կը պա­տա­հի չորս դին, բո­լո­րը ին­չո՞ւ յան­կարծ իր­մով կը հե­տաքրք­րուին, ո­րո՞նք են այս մար­դի­կը, այս սևազ­գեստ կա­նայք, ին­չո՞ւ զինք տուն չեն տա­նիր...: Սէր­լիին հար­ցում­նե­րը ան­պա­տաս­խան կը մնան կամ ալ ձա­գու­կին ու­շադ­րու­թիւ­նը ու­րիշ բա­նի վրայ կը կեդ­րո­նաց­նեն, մի քա­նի վայր­կեան տրա­մադ­րու­թիւ­նը բարձ­րաց­նել ջա­նա­լով և միշտ ալ ա­ռիթ չտա­լով, որ այդ ա­մե­նաէա­կան հար­ցը ար­տա­սա­նէ, քա­նի ոչ մէ­կը քա­ջու­թիւնն ու­նի այդ հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նե­լու կամ ալ յու­զու­մը զսպե­լով ձևով մը ի­րա­կա­նու­թիւ­նը հա­ղոր­դե­լու: Դա­ժան ի­րա­կա­նու­թիւն մը, ո­րուն տա­կա­ւին յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ներ­կայ գտնուող­նե­րէն ոչ մէ­կը կը հա­ւա­տայ կամ կը հա­մո­զուի, բո­լորն ալ հա­րուա­ծէն չեն սթա­փած տա­կա­ւին: Ծաղ­կա­հա­սակ, գե­ղա­նի հար­սը քրոջ հետ գա­ցած էր կող­քի թա­ղի նպա­րա­վա­ճա­ռին, գնում ը­նե­լու. ի՞նչ գիտ­նան, որ հրթի­ռի զոհ պի­տի դառ­նան, որ նոյն նպա­րա­վա­ճա­ռին խա­նու­թը պի­տի մտնէ նաև հրթի­ռը: Հրթիռ­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս կը սու­րան բարձր դիր­քե­րու վրայ, այդ պատ­ճա­ռով ալ հար­սը ըն­տա­նեօք փո­խադ­րուած էր քրո­ջը բնա­կա­րա­նը վեր­ջին յարկ չըլ­լա­լուն հա­մար, քա­նի իր բնա­կա­րա­նը կը գտնուէր շէն­քի վեր­ջին յար­կը:

Սէր­լին ա­ռանց մօր տեղ չէր եր­թար, ա­ռանց մօր ե­ղա­նա­կա­ւոր հնչիւն­նե­րով հե­քիա­թը  մտիկ ը­նե­լու և ձեռ­քը բռնե­լու՝ չէր քնա­նար: Ոչ ոք կը հա­մար­ձա­կէր զինք ման­կա­պար­տէզ տա­նիլ և հոն­կէ տուն վե­րա­դարձ­նել. միայն ու միայն մայ­րը: Այս­պէս ե­ղած էր ան մա­նա­ւանդ վեր­ջերս ա­հագ­նա­ցած կրա­կոց­նե­րու և հր­թի­ռար­ձակ­ման ձայ­նե­րու սոս­կու­մէն: Մայրն ալ իր մէկ հա­տի­կը ոչ ո­քին կը վստա­հէր: Իսկ Սէր­լիին հայ­րը աշ­խա­տան­քի ո­րո­նու­մով կը ճամ­բոր­դէր աջ ու ձախ, որ­պէս­զի ըն­տա­նի­քը կա­րե­նար փրկել վեր­ջը ան­յայտ այս պա­տե­րազ­մէն և փո­խադ­րել զա­նոնք խա­ղաղ եր­կիր մը: Ան նոր ե­կած էր Լի­բա­նա­նէն, կա­րո­ղա­նա­լով ա­պա­հո­վել աշ­խա­տանք մը և կինն ու դստրի­կը առ­նե­լով ետ պի­տի վե­րա­դառ­նար: Վե­րա­դար­ձաւ ան, բայց...:

Մէկ օր ա­ռաջ, յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցած էր ա­ղէ­տը: Հա­լէ­պա­հայ նպաս­տըն­կալ ըն­տա­նիք­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թիւն կը բաժ­նուէր Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ ներք­նաս­րա­հը, երբ ե­րի­տա­սարդ տղաք ե­կան և տե­ղե­կա­ցու­ցին գոյ­ժը: Ա­նոնք մօ­տա­կայ թա­ղե­րէ լսած էին հրթի­ռին սու­լոցն ու պայ­թիւ­նը և փու­թա­ցած՝ ա­ղէ­տին վայ­րը հո­գի մը, շունչ մը փրկե­լու: Դժբախ­տա­բար այս ան­գամ չէին կրցած փրկել, միայն օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րած էին շտապ օգ­նու­թեան մե­քե­նա­յին մէջ տե­ղա­ւո­րե­լու եր­կու բե­կո­րա­պատ, ա­րիւն­լուայ, ան­ճա­նա­չե­լի ի­գա­կան ան­շունչ մար­մին: Ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն դէմ­քե­րը դեղ­նած էին ու ա­նոնց տա­րազ­նե­րուն վրայ նշմա­րե­լի էին ա­րեան հետ­քեր: Քիչ ետք հա­սան սպի­տակ սա­ւան­նե­րով պա­տուած եր­կու դիեր և տե­ղա­ւո­րուե­ցան ա­պա­կեայ դա­գաղ­նե­րու մէջ: Հե­տաքրք­րու­թիւ­նը պա­տեց մթնո­լոր­տը, փսփսու­քի պէտք չկար, սո­վո­րա­կան դար­ձած էր այս ա­հա­ւոր եր­ևոյ­թը: Շա­բաթ չէր անց­ներ, որ նա­հա­տա­կի մը դին այս ձևով չբե­րուէր: Անզ­գա­յա­ցած էր ժո­ղո­վուր­դը, սա­ռած...:

Սէր­լին գի­շե­րը չէր քնա­ցած, ան մօ­րեղ­բօ­րը տու­նը մնա­ցած էր և մօ­րեղ­բօր զա­ւակ­նե­րուն հետ զուար­ճա­ցած, ո­րոնք հետ­ևե­լով ի­րենց ծնո­ղաց պա­տուէ­րին, ի­րա­կա­նու­թեան մա­սին չէին ար­տա­յայ­տուած:

Ձեռքս ա­մուր բռնած Սէր­լին ժպտե­լով կը քա­լէ: Կ’ուղ­ղուինք մօ­տա­կայ  խա­ղա­վայ­րը, որ այս շրջա­նի միակ գոր­ծող խա­ղա­վայրն է: Խա­ղա­վայ­րէն ներս Սէր­լին չ’ու­զեր ձեռքս ձգել, կար­ծես կը սոս­կայ կո­րուս­տէն, խա­ղա­ցող քա­նի մը մա­նուկ­նե­րը տես­նե­լով կը ժպտի, կը ծա­նօ­թաց­նեմ խա­ղե­րու տե­սակ­նե­րը, փու­չի­կով տնա­կը կը գրա­ւէ ման­կան ու­շադ­րու­թիւ­նը, բայց գի­տէ նաև որ հոն մտնե­լու հա­մար ձեռքս ձգե­լով պի­տի հե­ռա­նայ, կը զգամ ու կը ցրեմ ու­շադ­րու­թիւ­նը.

Ե­կո՛ւր հոս նստեց­նեմ քեզ,- ցոյց տա­լով սի­սօն, կը տա­նիմ զինք:
Բայց ձեռքս պի­տի չձգես,- կը հա­մա­ձայ­նի ձա­գու­կը:
Ո՞ւր ձգեմ այս հա­մո­վիկ ձեռ­քը,- թա­թի­կը համ­բու­րե­լով կը հանգս­տաց­նեմ զինք:

Կը թռչկո­տի Սէր­լին սի­սո­յի ել­ևէջ­նե­րով, ման­կան ժպի­տը կա­մաց-կա­մաց խնդու­քի կը վե­րա­ծուի, ձեռ­քիս ո­լո­րուած բռուն­քին ամ­րու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ կը նուա­զի և կ­’ան­հե­տա­նայ, ա­զատ են մեր ձեռ­քե­րը և.

Ի՞նչ լաւ կ’ըլ­լար, ե­թէ մա­մաս հի­մա հոս ըլ­լար,- կ’ար­տա­յայ­տուի,- կու գա՞յ,- կը հարց­նէ:
Հար­կաւ կու­գայ...

Ման­կի­կին մտա­ծում­նե­րուն ուղ­ղու­թիւ­նը շե­ղեց­նե­լու հա­մար.

Ե­կուր քիչ մը փու­չի­կով տնա­կին մէջ ցատ­կէ, կ’ու­զե՞ս,- կ’ա­ռա­ջար­կեմ և կը տե­ղա­փո­խեմ զինք:

Այլ մա­նուկ­նե­րու հետ լա­ւա­պէս կը զուար­ճա­նայ, գլու­խը դուրս կը ցցէ տնա­կէն, զիս կը փնտռէ, տես­նե­լով խոր շունչ մը կը քա­շէ ու ա­հա ու­շադ­րու­թիւ­նը կը գրա­ւէ գծագ­րու­թեան ան­կիւ­նը, ուր տե­ղադ­րուած են գծագ­րու­թեան տետ­րեր, սև ու սպի­տակ ման­կա­կան գծա­պատ­կեր­ներ և գոյնզ­գոյն ներ­կեր: Հրճուան­քով կ’ու­զէ հոն տե­ղա­փո­խուիլ, շատ կը սի­րէ գծել ու ներ­կել:

Մա­նուկ­նե­րուն հա­րա­զատ հե­քիա­թա­յին հե­րոս­նե­րու գծա­պատ­կեր­ներ, պար­պի­ներ, մի­քի­ներ և այլ ման­կա­կան հե­րոս­նե­րու գծա­պատ­կեր­նե­րու մէջ Սէր­լին կը շուա­րի, կը փնտռէ ի­րեն հա­մար ա­մե­նա­գե­ղե­ցի­կը: Հե­ռուէն կը զննեմ իր շար­ժում­նե­րը: Ծա­ղիկ­նե­րով  շրջա­պա­տուած մի­քիին գծա­պատ­կե­րը մէկ ձեռ­քով բռնած, միւս ձեռ­քով կը շա­րու­նա­կէ ո­րո­նել ա­ւե­լի գե­ղե­ցի­կը, ա­ւե­լի հա­րա­զա­տը, ա­ւե­լի սի­րե­լին... ա­հա մատ­նե­րուն մէ­ջէն կը սա­հի ծա­ղիկ­նե­րով շրջա­պա­տուած մի­քիին գծա­պատ­կե­րը. վեր­ջա­պէս գտած է փնտռուած գծա­պատ­կե­րը, որ կ’ար­տա­ցո­լաց­նէ իր նե­րաշ­խար­հը: Գծա­պատ­կե­րին մէջ մա­նուկ պար­պին է մօր գիր­կը բազ­մած...:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

 

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2015