ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
Սերկէյ Առաքելեանի՝ նոր հրատարակուած «Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի ազգային ակադեմական թատրոն» գիրքը կ՚ամբողջացնէ թատրոնի 85-ամեայ պատմութիւնը:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ գրքին շնորհանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան։ Ան իր խօսքին մէջ գովասանքով արտայայտուեցաւ հատորին մասին։ «Մեծ ուրախութեամբ շնորհակալութիւն կ՚ուզեմ յայտնել գրքի հեղինակին, Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին եւ բոլոր անոնց, որոնք աշխատած են գրքի ստեղծման համար: Սերկէյ Առաքելեանի այս հատորեակը մեր մշակոյթի ամենակարեւոր, ամենածանրակշիռ վերլուծութիւններէն մին է: Գիրքը նաեւ առիթ մըն է, որպէսզի մենք աւելի ոգեւորուինք եւ կարողանանք ապահովել այս պատմութեան շարունակականութիւնը: Ես վստահ եմ, որ տարիներ անց կը գրուի յաջորդ հատորեակը», ըսաւ Արմէն Ամիրեան:
Նախարար Արմէն Ամիրեան առաջարկեց, որ առիթ ստեղծուի գիրքը հրատարակել նաեւ օտար լեզուներով՝ մեր պատմութիւնը եւ մշակոյթը այլ ազգերուն եւս ներկայացնելու համար:
Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի տնօրէն եւ գեղարուեստական ղեկավար Կոնստանդին Օրբէլեանի կարծիքով՝ գիրքը տեղեկատուութեան մեծ աղբիւր է: «Սա մեր թատրոնի 85-րդ յոբելանական թատերաշրջանի լաւագոյն նուէրն է: Մենք պարտաւոր ենք յիշել եւ փառաբանել Հայաստանի մէջ օփերայի եւ պալէի արուեստները տասնամեակներ շարունակ զարգացուցած բոլոր անձերը: Եւ այս գիրքը ամբողջապէս այդ նպատակին պէտք է ծառայէ» ըսաւ ան:
«Նշանաբան ունենալով ոչինչ աւելցնելու եւ ոչինչ պակսեցնելու սկզբունքը՝ ջանացած ենք արձանագրուած փաստերու եւ ականատեսի վկայութեամբ հնարաւորինս ճշգրտօրէն ներկայացնել թատրոնի հարուստ պատմութիւնը: Աշխատած ենք միայն փաստերու, անձնական արխիւներէ քաղուած նիւթերու վրայ պատկերել թատրոնի պատմութիւնը», ըսաւ Հայստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, գիրքի հեղինակ Սերկէյ Առաքելեան:
Անոր կարծիքով՝ թատրոնի այս հարուստ պատմութիւնը պէտք է գրուէր: Եւ ինք բախտաւոր է, որ այդ բախտը միայն իրեն վիճակուած է: «Թատրոնի հետ հասակակիցներ ենք մենք: Իմ անձնական արխիւին մէջ բազմաթիւ նիւթեր ունիմ թատրոնի մեծ երախտաւորներու կողմէ» նշեց Առաքելեան:
Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական կատակերգական պետական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Երուանդ Ղազանչեանի խօսքով՝ Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենան տարեկան 40-50 նոր ներկայացում: Եւ այդ մասին շատ քիչ տեղեր կը գրուին կամ բացարձակ չեն գրուիր: Սերկէյ Առաքելեանի գործը նաեւ այս առումով կարեւոր է: «Ան թատրոնի մասին տեղեկութիւն կը թողնէ սերունդներուն: Կը կարծեմ այս գիրքը նոր լիցքեր կը հաղորդէ գեղարուեստական ղեկավարին», եզրափակեց ան:
Գրքին մէջ ներկայացուած է թատրոնի հիմնադրման նախապատմութիւնը, հիմնադիրներու եւ դերասաններու կենսագրութիւնը: Աշխատութիւնը կ՚առանձնանայ նաեւ թատրոնի հարուստ պատմութիւնը ներկայացնող լուսանկարներով: