ՄԵՂԱՆՉԱԿԱՆ ԲՆՈՒԹԵԱ՞ՄԲ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԵՆՔ
«Անոնց երեսներուն տեսքը իրենց դէմ կը վկայէ, եւ իրենց մեղքերը Սոդոմի պէս կը յայտնեն, չեն ծածկեր։ Վա՜յ անոնց անձին, վասն զի իրենց վրայ չարիք բերին» (Ես 3.9)։
Աստուածախօսիկ ու մարգարէաշունչ բառեր, որոնք գերազդեցիկ ու անդիմադրելի ուժ մը ունին մարդ արարածի կեանքին մէջ։ Խորիմաստ ու ազդու բառեր, որոնք մեզմէ իւրաքանչիւրին ինքնահայեցողութեան, ինքնաքննութեան, ինքնաճանաչման եւ ինքնասրբագրումի առիթ կ՚ընծայեն։
Արդարեւ, մարդ էակը մարմնական, իմացական եւ հոգեկան երրեակ գոյացութիւններու սքանչելի ամբողջութիւն մըն է, հրաշալի միութեան մը մէջ բռնուած անզատելի ու անքակտելի երրորդութիւն մը։ Բայց իր բնութեան կառոյցին ու շինուածքին մէջ մարդ արարածը ենթակայ է մեղանչումի, այլ բացատրութեամբ՝ հակամէտ է մեղք գործելու թէ՛ թանձրական արարքով, թէ՛ խօսքով եւ թէ պարզ մտածումով։
Մարդը, իրբեւ մարմնական, իմացական եւ հոգեկան գոյացութիւններու ամբողջ եւ ապրող գործօն էակ, անհրաժեշտօրէն պէտք ունի թէ՛ նիւթական կամ մարմնական, թէ՛ իմացական եւ թէ մանաւանդ հոգեկան ամէնօրեայ առողջ սնունդի։ Բայց փոխանակ իմաստուն տնտեսի մը պէս մարմինը, միտքն ու հոգին համապատասխան կերպով սնուցանելու, իւրաքանչիւրին իր արժանի բաժինը տալով, առհասարակ մոռացութեան տուած է հոգեկան սնունդը, մասնաւորապէս հակակրօն եւ նիւթապաշտ ընկերային դրութեանց մէջ, եւ տիւ ու գիշեր ճիգի ու ջանքի մէջ է՝ ի խնդիր մարմնական եւ իմացական սնունդի։ Նուազագոյն յոգնութեամբ առաւելագոյն նիւթական բարիքներ եւ մարմնական վայելքներ ունենալու իր ճիգին մէջ մարդ կամայ թէ ակամայ կը զրկէ, կ՚անիրաւէ, կը յափշտակէ, կը գողնայ, կ՚ամբարոյանայ, կը խարդախէ, կը նենգէ, կը նախանձի, կը ստէ, կը չարախօսէ, կը զրպարտէ, կը բամբասէ, կը հեգնէ, կը նախատէ, կ՚անուանարկէ, չարիք կը հասցնէ, մէկ խօսքով՝ մեղք կը գործէ մեղանչելով Աստուծոյ, իր նմանին եւ ինքն իր անձին դէմ։
Եսայի մարգարէի միջոցաւ փոխանցուած սա աստուածատուր խօսքը այսօր մեզի գլխաւորաբար երեք պատգամներ կը փոխանցէ.
Ա) Աստուծոյ ձեռակերտը՝ մարդս մեղանչեց ու Աստուծմէ հեռացաւ, բայց Աստուած որպէս գթառատ Հայր անոր մօտեցաւ. Մարդը, Աստուծոյ ձեռակերտին պսակը եղաւ ու մնաց միշտ Աստուծոյ սիրոյն եւ հոգածութեան առարկան։ Իր պատկերին համաձայն զայն ստեղծելէ ետք, Աստուած խնամեց զինք։ Անոր տուաւ բացառիկ ուժ մը, տարբեր եւ վեր՝ արարչութեան միւս տարրերուն եւ էակներուն տրուած գոյութեան եւ կեանքի բարիքներէն։ Ազատ կամքի, ընտրութեան կարողութեան ուժն էր այդ։ Աստուած մարդը սիրեց նոյնիսկ եւ մանաւանդ երբ այս վերջինս մոռցաւ իր սէրը Արարիչին հանդէպ։ Աստուած շարունակեց սիրել մարդը նոյնիսկ երբ ան այնքան ամբարտաւանեցաւ, որ անտեսեց ու արհամարհեց իր Արարիչին սահմանած կանոնը իր բարիքին եւ երջանկութեան համար։ Ահա թէ ինչո՛ւ Աստուած մարդանալով՝ կատարեալ մարդու մարմնով մարդուն այցելեց եւ անոր հետ ու անոր պէս ապրեցաւ վերստին բանալով կեանքի իսկատիպ, աստուածագիծ ճամբան «անգիտութենէ դէպի գիտութիւն, ապականութենէ դէպի անապականութիւն», ատելութենէն դէպի սէր, պատերազմէն դէպի խաղաղութիւն, խռովութենէն դէպի հաճութիւն չարութենէն դէպի բարութիւն եւ վերջապէս տառապանքէն դէպի երջանկութիւն առաջնորդելով զայն։
Բ) Մենք մեղանչական բնութեամբ չե՛նք ստեղծուած. Մարդիկ յաճախ կ՚ըսեն. «Ի՛նչ ընենք, մարդ ենք։ Չե՛նք կրնար մեղք չգործել։ Մեղք գործելը մարդկային է։ Աստուած մեզ մեղանչական բնութեամբ ստեղծած է։ Մեղք գործելը բնական երեւոյթ է»։ Այսպիսի անհեթեթ ու անհիմն խօսքերով յաճախ կը մեղադրենք մեր նախածնողները՝ Ադամն ու Եւան, աստուածային պատուիրանին անհնազանդ գտնուելնուն եւ արգիլուած ծառին պտուղէն հրապուրուած ճաշակելնուն համար։ Մինչդեռ մենք ալ, անոնց շառաւիղներս, ամէն ատեն նոյն անհնազանդութեան մեղանչումին մէջն ենք՝ մեր մանկութենէն մինչեւ վաղահաս կամ յամեցող վախճանը մեր կեանքին, եւ մասնաւորապէս դէպի արգիլուածը, դէպի վտանգաւորն ու վնասակարը կը մղուինք՝ կարծէք անոնցմէ մագնիսուած։ Եթէ կարենանք միայն պահ մը անդրադառնալ, թէ ի՜նչ ահաւոր աւերներ կը գործեն ներկայ մարդկութեան, մասնաւորապէս համալսարանական երկսեռ ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան մէջ թմրեցուցիչներուն տեսակները, ոգելիցն ու շուայտութիւնը, խաղամոլութիւնն ու զեղխութիւնը։ Եթէ կարենանք միայն անդրադառնալ, թէ ի՜նչ աւերներ կը գործուին ամէն օր ընտանեկան յարկերէն ներս, ընկերային զանազան հաստատութեանց եւ կազմակերպութեանց մէջ, ժողովուրդներու եւ ազգերու պարզ թէ բարդ կառոյցներու մէջ։
Գ) Մեր բեռը Քրիստոսի յանձնել. Քրիստոս կ՚ըսէ. «Ինծի՛ եկէք դուք բոլորդ. յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ. ե եկէք դուք բոլորդ. յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ. եւ ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի« հանգիստ պիտի տամ ձեզի» (Մտ 11,28): Յիսուս աշխարհ եկաւ. որպէսզի հանգիստ շնորհէ մարդկութեան: Ան կոչ կ՚ուղղէ բոլոր անոնց. որոնք իրենք զիրենք յոգնած ու բեռնաւորուած կը զգան. գալու Իրեն, որպէսզի հանգիստ պարգեւէ իրենց:
Որո՞նք են յոգնածներն ու բեռնաւորուածները: Յոգնածները անոնք են, որոնք կորսնցուցած են իրենց հոգեկան խաղաղութիւնը. եւ անոր փոխարէն խռովութիւնն է որ կը տիրապետէ անոնց հոգիներուն մէջ: Արդարեւ. խաղաղութեան բացակայութիւնը կը յոգնեցնէ մարդ արարածին հոգեկանը: Տակաւին. յոգնածները անոնք են՝ որոնք իրենց կեանքին մէջ մտահոգութիւն մը ունին որ զիրենք կը մտատանջէ: Իսկ բեռնաւորուածները անոնք են՝ որոնք իրենց կեանքին մէջ ունին յատուկ մեղք մը. մոլութիւն մը. յանցանք մը. կամ իրենց կողմէ կատարուած անօրէնութիւն մը կամ անիրաւութիւն մը. որ ծանր բեռան մը նման զիրենք կը ճնշէ ու կը տանջէ: Մեղքը մարդս իր ծանրութեան տակ ճնշող ու ճզմող իրականութիւն մըն է: Քրիստոս աշխարհ եկաւ մեզ ազատելու անկէ. որպէսզի վերագտնենք մեր սրտի թեթեւութիւնն ու անդորրութիւնը։
Սիրելի՛ ընթերցող, մեր գործած որեւէ մէկ մեղքին համար չենք կրնար մեղադրել զԱստուած կամ Ադամն ու Եւան եւ կամ ոեւէ մարդ։ Քանի որ մենք ազատ կամքով ստեղծուածներ ենք, մեր առջեւ երկու տարբեր ճամբաներ դրուած են. «Նայէ՛, ես այսօր կեանքն ու բարիքը, մահն ու չարիքը առջեւդ դրի։ Արդարեւ այսօր քեզի կը պատուիրեմ որ Տէրը՝ քու Աստուածդ սիրես, անոր ճամբաներէն ընթանաս, եւ անոր պատուիրանները, կանոններն ու դատավճիռները պահես, որպէսզի ապրիս ու բազմանաս, ու Տէրը՝ Քու Աստուածդ՝ քեզ օրհնէ» (Բ.Օր 30.15-16)։ Արդ, մեզի ամբողջական ազատութիւն տրուած է ընտրելու մեր առջեւ ուրուագծուած երկու տարբեր ուղիներէն մէկը։ Առ այդ, մեր գործած մեղքերուն համար մեր անձերէն զատ ուրիշ ո՛չ ոք կրնանք մեղադրել կամ այպանել։ Մեղք գործելը ցոյց չի՛ տար որ մարդը մեղանչական բնութեամբ ստեղծուած է, այլ ցոյց կու տայ որ մարդը ազատ կամքով ստեղծուած է։ Եթէ երբեք մեղք գործելը մեր ազատ կամքին հետեւանքն է, աններելի յանդգնութիւն պիտի ըլլար ըսել թէ մեղանչական բնութեամբ ստեղծուած ըլլալու հետեւանք է։ Այլապէս՝ սոյն վերոյիշեալ խօսքը յարիր կը հանդիսանայ մեզի. «Վա՜յ անոնց անձին, վասն զի իրենց վրայ չարիք բերին» (Ես 3.9)։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ