ՑԻՐՈՒՑԱՆ ՄԻՏՔԵՐ

Ցաւալի է, երբ քովինդ կոյր է ու խուլ: Խօսքը հոգիի ու սրտի կուրութեան ու խուլութեան մասին է: Կը թուի, թէ քեզ կը ճանչնայ լաւագոյնս, այլեւս բացայայտած է քու տեսակդ: Սակայն եկուր ու տես, որ չարաչար կը սխալիս: Քեզ դիտելով ան ակամայ կը տեսնէ իր ստուերը, ինչպէս կենդանին ջուրի կամ հայելիի մը մէջ առաջին անգամ ինքզինք տեսնելով կը վախնայ: Քեզ դիտելով ան կը սարսափի, կը զարհուրի, պատկերացում անգամ չունենալով, որ ինքզինք կը տեսնէ: Եւ բոլոր հիասթափութիւններու, քննադատութիւններու հասցէատէրը ինքն է:

Կան սահմանափակ մտածելակերպով մարդիկ, որոնք իւրաքանչիւր հասարակութեան մէջ կը կազմեն զգալի թիւ: Այս տեսակը իւրաքանչիւրի մէջ կը տեսնէ իր ստուերը, սակայն չի գիտակցիր: Այսինքն՝ դիմացինը կը չափէ իր կշիռով: Որքան ալ դուն օժտուած ըլլաս լաւ յատկութիւններով, բնարաւորութեան օրինակելի գիծերով, միեւնոյնն է, ան քեզ պիտի տեսնէ այնպիսին, ինչպիսին ինքն է: Այսինքն՝ քու մէջ պիտի տեսնէ ինքզինքը ու անտարակոյս պիտի չհաւնի:

Աւա՜ղ, այս տեսակին իմ կեանքի հոլովոյթին աւելի շատ հանդիպած եմ: Եւ միայն վերջերս բացայայտած եմ անոնց հոգիի խորութիւնը: Միշտ կը սրդողէի: Կը փորձէի հակառակը ապացուցել:

Սխալ է:

Ծուռ աճած ծառը անկարելի է շտկել: Դուն ալ քու կողմէ մարդիկը հանգիստ պիտի ձգես: Պէտք չէ ո՛չ նեղանալ, ո՛չ նեղացնել: Առհասարակ պէտք չէ ջանալ արժանանալու մարդու կողմէ ուշադրութեան, փառքի, գնահատանքի: Դրուատանք փնտռէ միմիայն Աստուծոյ կողմէ: Իսկ մարդիկը ձգէ հանգիստ: Այն ատեն դուն ալ պիտի հանգչիս, խաղաղիս:

Ըսելը դիւրին է, կիրարկելը դժուար: Լեզուն ոսկոր չունի: Մտքիդ եկածը անարգելք կրնաս արտայայտել: Խորհուրդ տալը դիւրին է, ականջալուր ըլլալը ոչ այնքան: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս դիւրին է տեսնել դիմացինի յանցանքը, սխալը, սակայն քու թերութիւնները՝ խրթին:

Բոլորը ուսուցիչներ են: Պէտք է ըլլալ պատրաստակամ սորվելու: Միայն դպրոցը կամ համալսարանը չէ, որ մեզի սորվեցնելու բան ունին: Մեր մեծագոյն ուսուցիչը կեանքն է, որմէ ամէն օր ու ժամ սորվելիք ունինք:

Կեանքը՝ ամէն օր մեզի հանդիպած մարդիկ, իրերն ու առարկաները, կենդանիները, բնութիւնը: Տգէտէն, խելապակասէն անգամ սորվելիք ունինք: Իսկ ամենաբարի ու ազնիւ ուսուցիչները՝ երեխաներն են, մանուկները, որոնց մենք անդադար կը ջանանք սորվեցնել ինչ-որ բաներ:

Որքան հարուածը ցաւոտ ըլլայ, այնքան մեր սորվելիքները շատ կ՚ըլլան. զոր օրինակ՝ պատերազմները, պատուհասները, փորձանքներն ու փորձութիւնները: Ասոնք ամէնը կեանքի մեծ դասեր են, որոնք լաւ սերտելու համար անհրաժեշտ են ուշիմ աշակերտներ:

Կեանքը լի է հրաշքներով,

Սակայն հրաշքներ չկան կեանքին մէջ:       

Երկար տարիներ մտորած եմ այս միտքի շուրջ եւ միայն վերջերս բացայայտած՝ իմաստը: Յիրաւի հրաշք է ամէն օր արթննալը, տեսնելը, զգալը, ֆիզիքապէս առողջ ըլլալը: Միեւնոյն ժամանակ եթէ խորհինք նաեւ մեր հոգիի առողջութեան մասին եւ ջանանք հոգիով ու սրտով տեսնել, այն ժամ ամէնօրեայ հրաշքներու չափաբաժինին պիտի աւելնայ նաեւ երջանկութեան, ուրախութեան, ներքին ներդաշնակութեան ու խաղաղութեան զգացումը: Աւա՜ղ, մեր հաւատքի տկարութեան պատճառաւ յաճախ ի զօրու չենք ըլլար հասնելու այդքան բաղձալի հանգստութեան:

Մեծագոյն հրաշք է կեանք պարգեւելը: Աստուծոյ կամօք կրկնակի մայրացած եմ, կրկնակի կեանք պարգեւած: Սա հոլովոյթին ալ սորված եմ ի սրտէ շնորհապարտ ըլլալ նախ Տիրոջը, այնուհետեւ զիս շրջապատող սրտացաւ, հոգատար, անկեղծ ու բարի մարդոց:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2021