ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ ՍԵՐՄԵՐ
Աշխարհի վրայ իւրաքանչիւր գանձ իր գինը ունի, բացի արժէքներէն: Կան արժէքներ, որոնք անգին են եւ կարելի չէ դրամով ձեռք բերել: Առհասարակ զգացումները, արժէքները խանութներու մէջ չեն վաճառուիր:
Օր մը աշակերտներուս հարցուցի, թէ արդեօք կողմնորոշուած են իրենց մասնագիտութիւններու մէջ: Քանի մը հոգի տուաւ նոյն պատասխանը. «Նախապէս կ՚ուզեմ մարդ դառնալ, լաւ մարդ ըլլալ»: Այս հետաքրքրական պատասխանը տեղի տուաւ ինծի խորհելու, թէ ամէն բան չենք կորսնցուցած: Ներկայ սերունդը ողջամիտ է եւ կ՚ուզէ հասնիլ կատարելութեան: Իսկ այս մէկը ողջունելի է:
Այսօր՝ աշխարհին ու մարդկութեան կը պակսի սէրը, բարութիւնը: Իւրաքանչիւրիս փափաքն է՝ սէր տալ, սէր առնել, ըլլալ բարի եւ գտնել բարիք: Յաճախ այդ ճանապարհէն մենք կը շեղինք:
Բոլոր բարձր զգացումները, վեհագոյն արժէքները աստուածատուր են: Դէպի բարձր արժէքներ տանող ուղին յստակ է եւ անամպ: Պարզապէս պէտք չէ գայթակղիլ: Անհրաժեշտ է մեր ուղեղը մշտապէս պահել արթուն ու զգօն: Այն ժամանակ պիտի կարենանք խուսափիլ ամէն տեսակ որոգայթներէ:
Քանի մը խորհուրդ, որոնք կ՚օգնեն մեզ մնալ սթափութեան մէջ.
«Մի՛ բանար քու միտքերը տգէտի մը դիմաց եւ քու կամքդ՝ անխոհեմի», (Սբ. Ապպա Եսայի):
«Մի՛ ապրիր չար մարդոց հետ եւ մի՛ խորհրդակցիր անոնց հետ: Որպէսզի արատը չախտահարէ քու անարատութիւնը: Որպէսզի նենգութիւնը չյաղթահարէ քու բարութիւնը եւ նախանձը իշխանութիւն չունենայ քու անկրքութեան վրայ:
Աւելի դիւրին է փոխառել արատներ, քան տալ առաքինութիւններ: Այնպէս, ինչպէս աւելի շուտ կրնաս վարակուիլ հիւանդութեամբ, քան մէկու մը հաղորդել քու առողջութիւնդ», (Ս. Գրիգոր Աստուածաբան):
«Եթէ մէկը սկսի քեզի հետ խօսիլ անօգուտ բաներու մասին, դուն ջանայ մտիկ չընել վերջինս, որպէսզի չվնասես հոգիդ: Ինքզինքդ վատ չզգաս, եթէ ան վիրաւորէ:
Մի՛ ձգեր, որ ան շարունակէ իր խօսքը: Ըսէ անոր. «Անձն իմ անկարող է տանելու քու խօսքերդ: Վերջացուր այդ մասին խօսիլ՝ կ՚աղաչեմ քեզի: Ես հին մարդոցմէ առաւել ամուր չեմ, զոր Աստուած Իր ձեռքերով ստեղծեց, սակայն ան խաբուեցաւ չար զրոյցով մը»: Խուսափէ՛, փախչէ՛ հոգեվնաս զրոյցներէ: Մի՛ ցանկար ունկնդրել զանոնք:
Տե՛ս, եթէ կը փախչիս մարմնապէս, ապա գաղտնապէս ալ մի՛ ցանկար գիտնալ, թէ ինչ կ՚ուզէր ըսել: Փախչէ այնպէս, որ իսկոյն մոռնաս այն ամէնը, ինչ որ հասցուցիր մտիկ ընել: Եթէ ունկնդրածներէդ գէթ բանի մը ձգես, որպէսզի մնայ քու յիշողութեանդ մէջ, այն ժամ դեւերը պիտի չկորսնցնեն իրենց ընձեռած հնարաւորութիւնը եւ պիտի խոցեն քեզ», (Սուրբ Ապպա Եսայի):
«Մի՛ ապրիր յիշողութիւններով, քանզի անոնք կ՚ոչնչացնեն քու ապագադ: Մի՛ ապրիր երազանքներով, քանզի անոնք կ՚ոչնչացնեն քու ներկան: Կեանքը ո՛չ երէկն է, ո՛չ ալ վաղը, այլ՝ այս պահը, ներկան», (Սիմէոն Աթոսացի վանական):
Այսօրուան սիւնակիս վերջակէտը կ՚ուզեմ դնել բարութիւն սփռող եւ ագահութիւնը զսպող ուսուցողական առակով մը, որու իմասը կը փափաքէի մեր ականջներուն օղ ընէինք.
Անգամ մը, վաճառական մը հրաշալի տրամադրութեամբ կը վերադառնար տօնավաճառէն: Եւ ճանապարհին կը հանդիպի երկու գիւղացիի: Վաճառականը կը կենայ եւ կը հարցնէ, թէ ո՞ւր կ՚երթան: Գիւղացիները կը պատասխանեն, թէ կ՚երթան տօնավաճառի՝ տղոց համար քաղցրաբլիթ գնելու: Եւ քանի որ վաճառականը ունէր բարձր տրամադրութիւն, իւրաքանչիւրին ռուբլի մը տուաւ:
Անոնցմէ մին շատ ուրախացաւ եւ սկսաւ ջերմօրէն շնորհակալութիւն յայտնել վաճառականին: Անոր դէմքը կը փայլէր երջանկութենէն: Ան ըսաւ, որ այժմ ոչ միայն երեխաներուն համար քաղցրաբլիթ, այլեւ իր տիկնոջ համար նուէր մը պիտի կարենայ գնել:
Իսկ երկրորդ գիւղացին չշտապեց շնորհակալութիւն յայտնել վաճառականին: Վերջինիս դէմքի արտայայտութիւնը կ՚ըսէր ոչինչ: Վաճառականը շուարեցաւ: Հարցուց, թէ ան ինչու ուրախ չէ: Մարդը պատասխանեց, թէ ի՞նչ պիտի կարենայ գնել ռուբլիով մը: Կով չես կրնար գնել, այծի համար ալ չի բաւեր: Այդ իսկ պատճառաւ ուրախանալու առիթ չկայ...
Վաճառականը բարկացաւ: Ետ վերցուց իր գումարը եւ տուաւ անոր, որու շնորհակալութենէն ինքը գոհացած էր: Եւ կրկին նուէր ստացողը խոնարհեցաւ իր բարերարին եւ մեծ ուրախութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր: Իսկ իր ընկերն ալ մխիթարեց՝ ըսելով, որ այժմ անոր ընտանիքին համար ալ պիտի գնէ նուէր, քանի որ գումարը կը բաւէ բոլորին:
Այս լսելով վաճառականը այնքան ազդուեցաւ, որ իր գումարով լի քսակը տուաւ անոր:
Ըսածս ի՞նչ է՝ բարին ցանենք, որպէսզի բարիք հնձենք:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան